Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Ընկերային հարցեր. Մեր զաւակները

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Հայ ծնողքը, ընդհանրապէս, միշտ հետամուտ եղած է իր զաւակներուն բարօր կեանքի ապահովութեան: Ազգային ասացուածք դարձած են այս խօսքերը. «Մեր զաւակները թող չտեսնեն մեր քաշածը», «Թող հանգիստ կեանք ունենան», «Թող հացի կարօտ չմնան» եւ այլ համանման մաղթանքներ, որոնք չենք գիտեր ե՞րբ ծագում առած են: Կը տատամսիմ ըսելու թէ՝ արդեօ՞ք Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք սկսած են:

Եթէ այդպէս է պարագան, կրնանք առանց առարկութեան ընդունիլ, նկատի ունենալով հայ ժողովուրդին կրած տառապանքը, մանաւանդ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն եւ անկէ ետք:

Սակայն համարեա չորս սերունդ արդէն անցած է այդ ճանապարհէն, երբ կը դիտենք մեր թոռները, իրենց ապրելակերպը, սովորութիւնները, վարուելակերպերը եւ մասմաբ նորին:

Մի քանի տարի առաջ, Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրերուն, խումբ մը երիտասարդ հայորդիներ փորձեցին վերապրիլ իրենց նախահայրերուն աքսորի պահերը, քայլարշաւով մը, Քալիֆորնիոյ քաղաքներէն մէկէն սկսեալ մինչեւ Լոս Անճելըս: Խումբին քայլարշաւին ընթացքին, ճամբուն եզրին, իրենց հետ կը քալէին անմիջական օգնութեան, սնունդի եւ ջուրի մատակարարման ինքնաշարժներ, չմոռնալով հրաւիրել՝ լրատուական եւ հեռատեսիլի ընկերութիւններու սարքեր։

Նպատակը բարի էր: Աշխարհին ցոյց տալ հայուն կրած չարչարանքն ու տառապանքը Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակամիջոցին: Սակայն ի՜նչ յուսախաբութիւն, ի՜նչ հսկայ տարբերութիւն այս նորահաս սերունդին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներու այդ սերունդներու տոկունութեան միջեւ:

Ներկայ դարու հայ ծնողները, բառացիօրէն կը կիրարկեն վերոյիշեալ ասացուածքները, իրենց զաւակներուն հանդէպ, իրենք զիրենք, շատ յաճախ զրկելով իրենց կենսական պահանջքներէն, պարզապէս գոհացնելու համար իրենց զաւակներուն անվերջ պահանջքները: Որովհետեւ… իրենց շրջապատը արդէն դարձած է պահանջկոտ, անհանգիստ, անհանդարտ եւ մանաւանդ՝ ցուցամոլ:

Նորահաս սերունդը այսօր (խօսքը կը վերաբերի շատ երիտասարդ սերունդին), մեծամասնութեամբ անտեղեակ է իրենց նախահայրերուն կրած տառապանքէն, աքսորէն կամ ջարդէն, իրենց մատղաշ տարիքին բերմամբ: Չմոռնալով յիշեցնել նաեւ՝ հայոց լեզուն, հայկական սովորութիւններն ու բարքերը: Այնպէս որ, ան չի կրնար դիմանալ նման քայլարշաւներու, զրկանքներու, նախատինքներու եւ այլ զսպողական հրամաններու եւ արարքներու, երբ ծնողներուն կողմէ, կամ աւելին՝ մեծ հօր ու մեծ մօր կողմէ շոյուած ու փայփայուած հասակ առած է այստեղի միջավայրին մէջ: Ան չի կրնար ընդունիլ մերժում, նախատում կամ պատիժ, երբ նոյնիսկ սխալ գործած ըլլայ, որովհետեւ նախ՝ ծնողքը եւ միջավայրը զինք այդպէս դաստիարակած են,  կամ՝ երբ ծնողքը փորձած է զինք պատժել, մեծ հայրը կամ մեծ մայրը զինք միշտ պաշտպանած են, այս կամ այն այպանելով:

Հարցը կը պտտուի ու կը պտտուի ու դարձեալ կը ծանրանայ ծնողներու աւանդած դաստիարակութեան եւ կրթութեան վրայ:

Ինչո՞ւ մինչեւ հիմա, այս տարիներուն, ծնողները կը վարեն այսպիսի սովորութիւններ: Այս նորահաս սերունդը այսօր, կը վայելէ կեանքի տուեալներու լաւագոյնը, իր հագուստներէն սկսեալ մինչեւ իր արդուզարդն ու վայելքները: Այս տարիքի երեխաներ, աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ, չունին այս տուեալներուն կէսը նոյնիսկ: Շատ հեռակայ փաստեր փնտռելու կարիքը չկայ կը կարծեմ:

Կարգ մը նորահաս ծնողներ, իրենք ալ իրենց կարգին, իրենց ծնողներու նոյն վերաբերմունքէն վարակուած, իրենց զաւակները կը տանին անչափ ու անսահման խնամակալութեան եւ հոգատարութեան սահմաններ, ուր տարբեր պարագաներու բերումով, կը ջանան իրենց զաւկին դերը ստանձնել դպրոցին, խաղավայրին, տուեալ միջավայրին մէջ կամ ամէնուրեք:

Կը պատահի, օր մը, երբ 11 տարեկան երեխայ մը, դասարանին մէջ, հայհոյանք մը կ՚արձակէ դասընկերոջ ուղղութեամբ: Դասարանը եւ ուսուցիչը ականատես կը դառնան պատահարին եւ ուսուցիչը զինք տնօրէնութեան կը ղրկէ յարմար պատիժի մը տնօրինումի համար: Աշակերտին ծնողքը տեղեակ կը պահուի հարցին մասին եւ կը կանչուի վարժարան սաստումի համար: Սոյն ծնողքը, զարմանալիօրէն, ի պաշտպանութիւն իր զաւկին, կը դրժէ զաւկին արարքը վարժարանի տնօրինութեան, ուսուցիչին եւ վարժարանի հսկիչին ներկայութեան, երբ արդէն փաստացի իրականութեան առաջ կը գտնուի իր զաւակը: Ապարդիւն կը ջանայ ան համոզել ներկաները թէ՝ իր զաւակը այդպիսի հայհոյանք չի կրնար ըսել: Դժգոհ տրուած պատիժին տարողութենէն, ան նոյնիսկ առանձին, կը ջանայ համոզել հսկիչը, որ զանց առնէ ստեղծուած դրութիւնը եւ պատիժը:

Այս երեխան իր կեանքին ընթացքին, ինչպէ՞ս պիտի կարենայ զանազանել լաւն ու վատը, չարն ու բարին, սորվի սխալին ու ճիշդին տարբերութիւնը, երբ քաջ գիտէ թէ ծնողքը միշտ նեցուկ պիտի կանգնի իր արարքներուն: Մէկ խօսքով՝ այդ երեխան պիտի դառնայ իր ծնողքին ճիտէն կախեալ, իր կեանքին ընթացքին։ Բայց… յետո՞յ, երբ ծնողքը հեռանայ այս աշխարհէն, ինչպիսի՞ կեանք կրնայ ունենալ այդ երեխան:

Այնտեղ, մէկ այլ ծնողք, տարուած իր մեծածախս «հոգատարութեամբ», իր զաւկին կեանքը կը ճոխացնէ թանկարժէք հագուստեղէններով, ինքնաշարժներով, վայելքներով եւ վարքով, երբ զաւակը տակաւին ուսանող է: Նպատակը ի՞նչ է արդեօք. զինք քաջալերել է ուսողութեա՞ն մէջ. բայց կրնայ նաեւ շատ հաւանականօրէն հակառակը պատահիլ:

Երբ հարց կու տանք այդ նորահաս սերունդի ներկայացուցիչներէն մէկուն, որ միայն մէկ զաւակ ունի, թէ ինչո՞ւ մէկ զաւակով բաւականացած են. չէ՞ որ հայ ազգը միշտ եղած է բազմազաւակ: Ան կը պատասխանէ, թէ շատ դժուար է այս դարուս մէջ զաւակ մեծցնելը, մեծածախս է անոր հոգատարութեան պարտականութիւնը: Բայց արդեօք կարելի չէ՞ր մէկ զաւկի այդ ծայրայեղ հոգատարութիւնը փոխարինել համեստ կեանքի ընկալումով եւ երեխան մեծցնել կեանքի ասպարէզի կենսական պահանջքներով, առանց աւելորդ շպարումներու եւ ունենալ մի քանի զաւակ, հայ ընտանիքի բարի սովորութիւններով հագեցած:

Երեւակայել դպրոցին մէջ ունենալ զաւակ մը, որ ծնողքին հրմշտուքով, միջամտութեամբ եւ բոլոր այլ հնարամտութիւններով կ՚աւարտէ եւ կը վկայուի առանց բան մը գիտնալու եւ սորվելու: Որովհետեւ իր ծնողքն էր վկայուածը, եւ ո՛չ թէ ինք: Ան պարզապէս սահուն ընթացքով գլած անցած էր ուսողութեան տարիները առանց որեւէ գիտութեան եւ ուսումի ընկալումի:

Նման դէպք մը կը պատահի, իսկապէս եւ իրական, երբ որպէս բժիշկ վկայուած «բժիշկ» մը դէմ յանդիման կը գտնուի իր ուսուցիչին զաւկին, գործողութեան սեղանին վրայ անոր կեանքը փրկելու համար: Եզրակացութիւնը շատ ցաւալի կ՚աւարտի անշուշտ, մանաւանդ՝ անոր ուսուցիչին, որ հեշտացուցած էր այդպիսի մարդոց վկայուիլը: Իսկ ի՞նչ պատիժ կարելի էր սահմանել անոր ծնողքին, որ հազար ու մէկ կաշառքով ու միջամտութիւններով իր զաւակը հասցուց նման պատասխանատու դիրքի:

Շատ հաւանաբար, վերոյիշեալ բոլոր պարագաները կարելի են ճշդուիլ: Կը մնայ հայ ծնողներուն ուշադրութեան յանձնել այն պարագան, թէ իրենց զաւակները պէտք չէ վարակուին շրջապատի անկիրթ եւ անօրէն վարմունքէն, սովորութիւններէն, վարք ու բարքէն:

Այսօր, ամենամեծ եւ ծանր պարտականութիւնը կը մնայ նորահաս սերունդի ծնողներուն ուսերուն, որպէսզի «վերջը ծունկերնին չծեծեն» եւ չտառապին իրենց զաւակներուն ձախող կեանքէն:

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ