Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Հարցազրոյց Տոքթ. Վարդան Թաշճեանի հետ Հայաստանի 5-րդ Բժշկական միջազգային hամագումարին առթիւ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-

 

 

Բժիշկ Վարդան Թաշճեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Վկայուած
Ֆրանսական Սէն Ժոզէֆ համալսարանէն, դարձած է ծանօթ մանկաբոյժ: Երկրին քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով, հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, Քալիֆորնիա, ուր 1989-ին տիրացած է ընդհանուր բժշկութեան եւ վիրաբուժութեան արտօնագրի եւ կը շարունակէ գործել մինչեւ այսօր: Սկիզբէն եւ մօտէն առնչուած եղած է հայ բժիշկներու համաշխարհային գործունէութիւններուն: Ան անցեալ ամիս մասնակցած է Երեւանի մէջ կայացած Բժշկական Միջազգային համագումարին: Այդ առիթով, յարգելի տոքթորին հետ ունեցանք հետեւեալ հարցազրոյցը։ 

Խ. Ճ.

 

Կարելի՞ է, տոքթոր, գաղափար մը տալ Բժշկական այս համագումարին մասին:

– Ուրախութեամբ կարելի է ըսել, թէ 45 տարիներէ ի վեր պարբերաբար (երկու կամ չորս տարին անգամ մը) տեղի ունեցող հայ բժիշկներու համաշխարհային եռօրեայ ժողովներու շղթային վերջին, սակայն ոչ վերջնական, փայլուն նոր օղակն էր այս մէկն ալ, որ կը կոչուէր «Հայաստանի 5-րդ բժշկական միջազգային համագումար»:

Ո՞վ էր կազմակերպողը, ե՞րբ եղաւ եւ քանի՞ օր տեւեց:

– Կազմակերպողն էր Կազմկոմիտէն. նախագահ՝ Փրոֆ. Արմէն Չարչեան: Համագումարի համանախագահ՝ Փրոֆ. Գէորգ Եաղճեան:

Անդամներ՝ Սամուէլ Սահակեան, Արմէն Սողոյեան, Արման Բաբլոյեան, Երուանդ Յակոբեան, Ամալիա Գէորգեան, Համբարձում Սիմոնեան, Մկրտիչ Աւագեան, Քրիստինա Քիւրքճեան, Նարեկ Վանեցեան, Սօսէ Յովհաննիսեան, Եւա Մովսիսեան, Շուշան Դաւթեան, Լիանա Սահակեան, Գեղանոյշ Ստեփանեան, Անահիտ Ասրեան, Ալեքսանդր Բազարճեան, Արայիկ Բաղրեան:

Արտասահմանեան անդամներ՝ Վիգէն Սեփիլեան, Բագրատ Ալեքեան, Համբար Քայայեան, Անի Հայսերճեան, Դանիէլ Ստամպուլեան, Շանթ Շխրտըմեան, Լէրի Նաճարեան, Թագուհի Մարգարեան:

Համագումարը տեղի ունեցաւ, տեղավայրին եւ կառոյցին յարմարութիւնները նկատի առած, Երեւանի «Մէրիոթ Արմենիա» պանդոկին մէջ, 4-6 Յուլիսին եւ տեւեց երեք օր:

– Քանի՞ հոգի մասնակցած էր:

– Ըստ համագումարի նախագահին, մասնակցողներուն թիւը եղած է շուրջ 1,150 հոգի, որոնցմէ շուրջ 100-ը զեկուցողներ:

Այս համագումարը լոզունգ մը ունէ՞ր եւ ի՞նչ էր այդ լոզունգը:

– Համագումարին լոզունգը հետեւեալն էր. «Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ միաձուլում՝ ի փառս առողջութեան»:

Ինչո՞ւ:

– Զօրանալու համար միանանք, կ՚ըսենք, չէ՞: Շատ ճիշդ է, եւ ես ալ հետեւեալը ըսած եմ անցեալին.

Անմիաբան, մենք իրարու բեռ կ՚ըլլանք,

Ուշ կամ կանուխ, ուրիշներու կեր կ՚ըլլանք,

Միանալով, մենք իրարու տէր կ՚ըլլանք,

Եւ Մասիսի նման կանգուն լեռ կ՚ըլլանք: 

Որո՞նք էին համագումարի օրակարգին թեմաները:

– Օրակարգի վրայ էին հետեւեալները. «Համաշխարհային առողջապահութիւն»,  «Ուղեղային կաթուած», «Ախտամերժութիւն« (Immuniology), «Ծինաբանութիւն» (Genetics), «Ուղեղա-երակային հիւանդութիւն», «Ռոպոթիք վիրաբուժութիւն», «Հանրային առողջապահութիւն», «Սրտանօթային վիրաբուժութիւն», «Ջղաբանութիւն եւ ջղաբանական վիրաբուժութիւն», «Արիւնաբանութիւն եւ մանուկներու ու պատանիներու առողջապահութիւն», «Ստամոքսա-աղիքային եւ ընտանեկան  բժշկութիւն»,  «Բերանի բժշկութիւն», «Որակաւոր առողջապահութիւն», «Մտային առողջապահութիւն», «Վերարտադրողական բժշկութիւն», «Հիւանդապահութիւն»,  «Վերականգնողական մորթաբանական եւ սննդաբանական բժշկութիւն», «Կենսա-թեքնոլոճիի եւ նոր դեղերու սահմանները», «Բժշկական ղեկավարութիւն»,  «Օրգանական պատուաստում», «Քաղցկեղաբանութիւն», «Սրտաբանութիւն»,  «Երիկամաքարերու բժշկութիւն», “HPV-Herpes Papiloma Vaccine-ներու մասին համաշխարհային փորձառութիւն», «Հայրենիք-Սփիւռք փոխ-գործակցութիւն»,  «Հայաստանի, Սփիւռքի, Արցախի բժշկական կազմակերպութիւններու կողմէ դասախօսութիւններ», «Փոխանցիկ հիւանդութիւններ. փտախտ, թոքախտ», «Ներքին հիւանդութիւններ, թոքաբանութիւն, ծերաբանութիւն, «Գեղձաբանութիւն», «Միզաբանութիւն», «Հայաստանի Հանրապետութեան բժշկական ընկերակցութիւններու գործունէութիւնները», «Բժշկական կրթութիւն, առողջապահական օրէնսդրութիւն եւ տնօրինութիւն», «Ոսկրախտ եւ գեղագիտական վիրաբուժութիւն», «Առողջապական ֆինանսաւորում եւ ելեկտրոնային առողջապահութիւն», «Թմրաբանութիւն, ռատիօլոճի եւ ուժգին խնամք», «Քիթ, կոկորդ, ականջ եւ աչքի բժշկութիւն, դեղագործութիւն», «Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան զարգացման հեռանկարներ.  բազմակողմանի վիճաբանութիւն» եւ վերջպէս՝ «Համագումարի գործունէութեան ամփոփում»: Ապա, տեղի ունեցաւ փակման արարողութիւնը:

Ըստ Ձեր տարիներու փորձառութեան, տոքթոր, ի՞նչ է Ձեր տպաւորութիւնը եւ ունի՞ք թելադրութիւններ այս առթիւ:


– Ինչպէս կը տեսնէք, բազմաբնոյթ էին արծարծուած նիւթերը այս համագումարին, որուն մէջէն պիտի ուզէի անդրադառնալ յատկապէս երկու ուրախ երեւոյթներու, որոնք ոչ միայն առողջապահական հարցերու, այլ նաեւ համագումարին «միաձուլումի« գաղափարին  հետ կը ներդաշնակուէին սերտօրէն: Առաջինը այդ երեւոյթներէն, բացման հանդիսութեան սկիզբին էր. Հայաստանի յարգարժան վարչապետին խօսքէն եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառին կողմէ առաքուած օրհնագիր-պատգամի ընթերցումէն առաջ, համագումարին նախագահը իր ողջոյնի ելոյթով, ի միջի այլոց ակնարկեց «Փանարմէնիէն առողջապահական համակարգ»ի կարեւորութեան: Հասկնալիօրէն, ըսել ուզուածը պարզապէս առողջապահական ոլորտին ծառայող աշխարհացրիւ հայ անդամները ամբողջական մէկ մարմինով համակարգուած տեսնելն է, որպէսզի աւելի հեշտութեամբ լուծումներ գտնուին սպասուած եւ չսպասուած մարտահրաւէրներուն:

Այսպէսով, ցարդ համագումարէ-համագումար անդամներու միացումը, որ պարբերական է, գնայունէ աւելի կը վերածուի մնայունի, այսինքն շարունակական համագործակցութեան եւ ձեռք կը բերուին նոր նուաճումներ տարբեր բնագաւառներէ ներս, յատկապէս նոր սերունդին շահաբեր գործեր հայթայթող:

Երկրորդ բարի լուրը համագումարի աւարտին էր, երբ յայտարարուեցաւ հետեւեալը. Հայաստանի յաջորդ՝ վեցերորդ բժշկական միջազգային համագումարը տեղի պիտի ունենայ 2023-ին, Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, ուր գտնուեցայ Երեւանի համագումարէն յետոյ եւ Հանրապետական հիւանդանոցին մէջ բոյժքոյրերուն  դասախօսութիւն մը տուի առողջապահութեան վերաբերեալ:

Ի միջի այլոց, կը յիշեմ, 2013-ին Լոս Անճելըս կայացած հայ բժիշկներու 11-րդ համագումարի ընթացքին, բարեբաստիկ հանդիպում մը ունեցած էի Արցախի այդ օրերու Առողջապահութեան նախարար, բժշկուհի Զոյա Լազարեանի հետ: Այդ առթիւ իրեն ըսած էի, թէ Արցախի մէջ ալ նման համագումար պէտք է ունենանք: «Ինչո՞ւ չէ», պատասխանած էր աշխոյժ նախարարուհին:

Ներկայիս, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յարգարժան պատգամաւորուհի Զոյա Լազարեանին հետ զրուցելու բարեբախտ առիթը ստեղծուեցաւ ինծի համար, որպէսզի զինք շնորհաւորեմ եւ իրեն մաղթեմ նորանոր յաջողութիւններ:

Տոքթոր, ունի՞ք վերջին խօսք մը:

– Մաղթանքս է, որ Համաշխարհային գիտութիւն ունեցող եւ համաշխարհայնացած հայ ժողովուրդը ունենայ համահայկական բժշկական կայուն համակարգ:

– Խորին շնորհակալութիւն Տոքթ. Թաշճեան այս խիստ շահեկան հարցազրոյցին եւ տեղեկութիւններուն համար: Ձեզի, այս համագումարին մասնակցող եւ ապագային մասնակցիլ փափաքող եւ լուման ներդնող բժիշկներուն կը մաղթենք յաջողութիւն եւ նորանոր համագումարներ:

 

Հարցազրոյցը վարեց՝

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ