Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Խմբագրական. ՎԵՐԱՏԵՍՈՒԹԻ՛ՒՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Փափա՞ք, խնդրա՞նք, ցանկութի՞ւն, թէ՞ պահանջք, բայց անպայման ՎԵՐԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ։ Ա՛յս է օրուան, շաբթուան Բառը, որ կը թեւածէ աշակերտներուն, ծնողներուն, շրջանաւարտներուն, դասատուներուն, միութենականներուն եւ իւրաքանչիւր ցաւսիրտ հայորդիներու մէջ, որպէսզի անգա՛մ մը եւս սեղանի վրայ դրուի ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի պարագան ու ապագան։

Վարժարանը որպէս կառոյց փակելու եւ աշակերտութիւնը ՀԲԸՄ-ի քոյր դպրոցին միացնելու յանկարծակի որոշումը փոթորկեցուց լոսանճելըսահայութիւնը։

Արդէն անցած է երկու շաբաթ։ Բողոքի հաւաքները կը շարունակուին տարբեր ձեւերով, տարբեր չափերով, իսկ ընկերային ցանցերը խճողուած են ճիշդ, ճշդանման եւ երբեմն ալ անճիշդ լուրերով, հիմնաւոր եւ անհիմն գաղափարներով։

Ծանր իրականութեան դիմաց կը գտնուին ՀԲԸՄ-ի անդամները, տարբեր միաւորներու մէջ գործող միութենականները, որոնք բնականաբար ունին կարծիք եւ տեսակէտ։ Անոնք ուրիշներ չե՛ն, մե՛նք ենք, մեր շրջապատի յարգելի անձնաւորութիւններ, ազգային, մշակութային, քաղաքական ու երիտասարդական կառոյցներու մէջ գործունեայ անդամներ։

Խնդրելով կը պահանջենք ու պահանջելով կը խնդրենք Փասատինայի կրթական համալիրը փակել որոշող երեք կառոյցներէն, որպէսզի ՎԵՐԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ենթարկեն իրենց որոշումը եւ զգան զարկը ժողովուրդին բազկերակին։

Եթէ անհրաժեշտ է մէկ քայլ ետ երթալ՝ երթա՛նք, որպէսզի վաղը երկու քայլ յառաջանանք միասին։ Ա՛յս է դիրքորոշումը մեր շրջանակին եւ կը հաւատա՛նք, թէ քով-քովի գալով, մեր տարբերութիւնները կը նուազին, հասկցողութիւն կը տիրապետէ եւ Փասատինայի ՀԲԸՄ-ի կեդրոնէն ներս ամենօրեայ դպրոցը բաց կը պահէ իր դռները։

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը աւելի քան մէկդարեայ հսկայական վաստակ ունեցող կազմակերպութիւն է, որուն բարեսիրական գործունէութիւնը աշխարհով մէկ յայտնի է պատմութեան։ Վերջին երեք տասնամեակներուն, Հայաստանի անկախութենէն իվեր, ՀԲԸՄ-ը լծուած է նաեւ Հայաստանի վերաշինութեան աշխատանքին, որ ինքնին օրինակելի քայլ է։ Սակայն վաղը ո՞վ պիտի շարունակէ օժանդակել Հայաստանին, եթէ չունենանք հայրենասէր, հայրենանուէր սերունդներ Սփիւռքի տարածքին, չունենանք վարժարաններ, ակումբներ, երիտասարդներ… մեր շուրջը։

Այս մտորումներով կը փակենք մեր խօսքը, կրկնելով՝ ՎԵՐԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ