Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Օրինակելի յեղափոխութիւններ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Մարտ 2018-ի Թաւշեայ յեղափոխութիւնը հայրենիքի մէջ ծիլ տուաւ,  տարածուելու համար համայն աշխարով մէկ, ժողովրդային զարթօնքի մը ալիքով:

Յետադարձ ակնարկով, պահ մը կը մտածենք, մանաւանդ՝ այս օրերուն, Լիբանանի մէջ պատահած դէպքերը նկատի ունենալով, որոնց համար շատ հաւանաբար կարգ մը իշխանաւորներու եւ վաշխառուներու կողմէ, այպանուի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, տարի ու կէս առաջ, իր թաւշեայ յեղափոխութեամբ ծայր տուաւ աշխարհի ներկայ յեղափոխութիւններուն, Հոնկ Քոնկէն սկսեալ մինչեւ Չիլի կամ Պոլիվիա եւ կամ Ափրիկէ: Բայց այդ բոլոր ցոյցերն ու ցուցարարները, ժողովուրդի երիտասարդ խաւի ցասումի արտայայտում են չէ՞:  Ակներեւ չե՞ն ցուցարարներն ու անոնց պահանջքները: Ինչո՞ւ ուրեմն, տարեց խաւի ներկայացուցիչներ, աշխարհի չորս տարածքին, պետական իշխանական մակարդակներով, գործարարական, ընկերային, կազմակերպութիւններու եւ ինչու չէ՝ մեզի քաջածանօթ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու մակարդակներով, տակաւին ո՛չ միայն կը յամառին մնալ իրենց բազմած աթոռներուն վրայ, այլ նաեւ՝ իրենց անչափ ու անսահման ագահութեան մոլուցքով տարուած կը կեղեքեն հասարակ ժողովուրդը, հազար ու մէկ պատճառաբանութիւններով եւ պատրուակներով: Անկուշտներու այս շարանը, համայն աշխարհի մէջ, իսկապէս որ արժանի է Կրեսոսեան արարքի:

Բայց, այդ հասարակ ժողովուրդը, որքա՜ն համբերութիւն պէտք է ունենայ դիմակալելու համար նման տառապանք ու կեղեքում, որպէսզի՝ պոռթկայ ան վերջապէս, ըսելու համար թէ՝ ալ կը բաւէ, չենք դիմանար այսքան զրկանքի ու կեղեքումի, «դանակը ոսկորին հասած է արդէն»:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մէկն էր այդ հասարակ ժողովուրդէն որ չկարենալով հանդուրժել գոյութիւն ունեցող կացութեան, խիզախութիւնը ունեցաւ ոտքի կանգնելու, իր նման հայրենասէր ու ազգանուէր ազգակիցներու հետ միատեղ, ձայն բարձրացնելու ու ժողովուրդը զգաստացնելու յանուն զարթօնքի, արդարութեան ու բարեկարգման պահանջքներով: Այն ինչ որ շարժում, միտք կամ գաղափար, որ կը հիմնուի արդարութեան սկզբունքներու վրայ, կարելի չէ որեւէ այլ ուժով ջախջախել զայն, նոյնիսկ՝ բռնի ուժով: Անոնց միտքը, գաղափարը եւ հաւատքը փոխանցիկ տարածուն են համայն աշխարհով մէկ, որոնց ականատես ենք այսօր, Հոնկ-Քոնկի, Լիբանանի, Սուտանի, Պոլիվիոյ, Չիլիի եւ աշխարհի զանազան այլ վայրերու մէջ կատարուած ցոյցերուն հետեւանքով:

Իսկ, ի՞նչն է պատճառը այս ժողովրդային ընդվզումներուն, յեղափոխութեանց, ցոյցերուն եւ այլ տեսակի «անդորրութիւններուն», որոնք «կը խանգարեն» երկրի մը հանգիստը, ըստ՝ այդ երկրի իշխանութիւններուն, որոնք լաւ ու հանգիստ, կը վայելէին եւ կ՚ըմբոշխնէին երկրի հարստութիւնները, իրար մէջ բաժնած, բայց  յաճախ՝ պայքարով:

Արդարեւ այսօր, իրաւասութիւնները աշխարհի տարածքին սահմանուած են իշխանութիւններու եւ տիրակալութեանց սահմաններուն մէջ: Մէկ խօսքով, եթէ իշխանական խաւի մէջ են այդպիսի անձինք, ուրեմն՝ անոնք կը տիրակալեն այս կամ այն ելեւմտական ասպարէզի յենակէտին: Մին՝ սիմէնթի, միւսը՝ ցորենի, մէկ այլը՝ ելեքտրական ցանցի, կազի, օդանաւային, ցամաքային կամ՝ դուք որպէս փաստացի ներկայութիւն, կարելի է հաշուել անհամար կեղեքման աղբիւրներ, որոնց տիրացած են նշեալ մենատէրերը, առանց դոյզն իսկ նկատառութեան որեւէ ժողովրդային նպաստներու:

Յաճախ փառք կու տանք անցեալի պատմութեան մէջ տիրակալած իշխանաւորներուն, որոնք տակաւին ունէին գութն ու բերկրանքը հանդէպ իրենց իշխանութեան տարածքի հպատակներուն, զանոնք գոնէ՝ անօթի չթողնելու մտահոգութեամբ տարուած օգնութիւններով:

Դժբախտաբար, այսօր աշխարհի տարածքին, համանման երեւոյթներ դարձած են վերոյիշեալ կեղեքման անսաստ ու անզուսպ պարագաներ, որոնց որպէս հետեւանք՝ անոնք այժմ կը պոռթկան աշխարհի զանազան տարածքներու մէջ, համբերութեանց չափը սպառելով այդ երկրի ժողովուրդներու մօտ:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ