Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Փասատինա Մշակութային եռուզեռ Յովսէփեան վարժարանէն ներս

Յովսէփեան վարժարանը՝ ինչպէս միշտ, կը շարունակէ պատնէշի վրայ մնալ իր յաղթական երթով, արդիական ծրագիրներով, հայակերտման աշխատանքներով  եւ կրթական մակարդակով:

2018-2019  ուսումնական տարեշրջանը՝ ոսկեշրջան մը եղաւ այս  35-ամեայ կրթական  ամրոցին: «Փոքրիկ Երեխաներու Կրթութեան Ազգային Միութեան» կողմէ շնորհուած բարձր գնահատականը կու գար կրկին անգամ հաստատելու, թէ սոյն  հաստատութիւնը՝ իր փորձագէտ տնօրէնութեամբ, վաստակաշատ ու նուիրեալ կրթական մշակներով,  կիրարկելով արդի ու որակաւոր ծրագիրներ, ջանք չխնայեցին  դպրոցի յառաջդիմութեան ու զարգացման համար։

Ոգեւորուած այս բոլորէն, Յովսէփեանի ծնողները մեծ թիւով ներկայ գտնուեցան  2019-2020 տարեշրջանի «Վերադարձ դէպի դպրոց» հերթական երեկոյին, ուր վարժարանիս տնօրէն Շահէ Մանկրեան ջերմ զգացումներով  դիմաւորեց  զանոնք, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որոնք նիւթական ու բարոյական օժանդակութեամբ սատարեցին դպրոցի մէջ կիրարկուած STEAM «Գիտութիւն, Արհեստագիտութիւն, Ճարտարապետութիւն, Արուեստ եւ Ուսողութիւն» արդի ծրագրին:

Պրն. Շահէ ներկայացնելէ ետք ուսուցչական կազմի անդամները, հրաւիրեց ծնողները, շրջելու դասարանները, մօտէն ծանօթանալու նպատակաւ մանուկներու միջավայրին, ուր հայկականութեամբ կը բուրէր:

Հոկտեմբեր՝ հայ մշակոյթի նուիրուած ամսուն եռուզեռը՝ ու հայաբոյր ձեռնարկներու շարանը՝ ստեղծած էր իւրայատուկ իմաստ եւ շքեղութիւն :

Դպրոցի դասարաններուն եւ անցքերուն գոյներուն մէջ ճնշող կարմիր կապոյտ նարնջագոյնը, հայկական արուեստը, երաժշտութիւնը, երգն ու պարը, կը կամրջէր աշակերտը Հայաստանի եւ անոր ներկայի ու անցեալի փառաւոր պատմութեան ու  մշակոյթին հետ:

Հայ մշակոյթի ամսուան նուիրուած տօնակատարութիւնները իրագործուեցան  հետեւեալ  հերթականութեամբ.

– Հոկտեմբեր 18- ի երեկոյեան մանկամսուրի մանուկները բարձրացան բեմ, մանկական դիւթիչ ու հրապուրիչ կատարողութեամբ արտասանեցին, երգեցին ու պարեցին ոգեւորելով իրենց ծնողները։

Ուսուցիչներու կազմակերպած «Պտոյտ դէպի  Հայաստան աշխարհ» վերնագրով երեւակայական պտոյտը  հետաքրքրական էր եւ տպաւորիչ: Մանուկները իրենց  ձեռամբ պատրաստուած ճամբորդական պայուսակներով  շրջեցան դասարանէ դասարան,  ծանօթանալու նպատակաւ Հայաստանի տեսարժան վայրերուն  ու պատմական կառոյցներուն, որ պատրաստուած էր ուսուցիչներու կողմէ:

Օրուայ մեղրահամ բաժինն էր 8-րդ կարգի աշակերտուհի Նաթէլ Արթինեանի  կատարողութեամբ քանոնի վրայ հայկական մեղեդիներ յայտագիրը:

– Երկուշաբթի, 21 Հոկտեմբերի առաւօտը երաժշտական էր. մանկամսուրի մանուկները ծանօթացան հայկական երաժշտական գործիքներուն: Արուեստագէտ Գագիկ Գէորգեան՝ իր գեղեցիկ կատարողութեամբ գրաւեց մանուկներու ուշադրութիւնը ստեղծելով ուրախ ու հաճելի մթնոլորտ մը։

– Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբերի երեկոյեան մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները ներկայացուցին հայ մշակոյթին նուիրուած հիանալի յայտագիր մը, ուր հնչեցին Կոմիտասեան երգեր՝ ղեկավարութեամբ դաշնամուրի  վրայ երաժշտութեան ուսուցչուհի՝ Անահիտ Խաչիկեանի: Դասարանային կարգով բեմ բարձրացող դպրոցի սաները  հրամցուցին Հայաստանի, հայ ժողովուրդի եւ հայերէն լեզուին նուիրուած երգեր, պարեր եւ արտասանութիւններ, վերապրեցնելով  հայ բանաստեղծներու ու հանճարներու անթառամ յիշատակը։

Թամզարա պարը գեղեցիկ վերջաբան մը եղաւ օրուան հանդիսութեան եւ ամսուան տօնակատարութիւններուն։ Աշակերտները միասնաբար պարեցին ուխտելով մնալ հաւատարիմ իրենց հայրենիք Հայաստանին, պահել ու պահպանել հայ մշակոյթը, հայերէն լեզուն ու հայ դրօշը:

 

ԱՆԻ ՄԱՐՍԷԼԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ