Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Պրպենք. Կոմիտաս վերակենդանացաւ Իզապէլ Պայրագտարեանի շունչին տակ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ծննդեան 150-ամեակը Կոմիտաս վարդապետին հիանալի առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի այս տարի աշխարհով մէկ «վերադառնայ» ան։ Անծանօթը՝ ծանօթանայ, ծանօթը՝ խորանայ անոր կեանքին ու մշակութային ժառանգութեան մէջ։

Այս անգամ մեզ Կոմիտասին կապող օղակը հանդիսացան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբը, համբաւաւոր սոփրանօ Իզապէլ Պայրագտարեանը՝ Քանատայէն, եւ խումբ մը երաժիշտներ, որոնք երկու ժամ շարունակ մշակութասէր հանրութիւնը տարին հայաշխարհ, Կիլիկիա, Հայաստան, հարիւր եւ աւելի տարիներ ետ, դէպի մեր ակունքները, արմատները, մուտք գործելով մեր ներաշխարհէն ներս։

Այդ  երեկոյ, Կիրակի, 10 Նոյեմբերին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարէն ներս Կոմիտաս վարդապետ մեզի հետ էր, նստած անշուք մէկ նստարանին, կը հետեւէր երգացանկին ու կ՚ապրէր աշխատանք մը ի կատար ածելու բերկրանքը։ Կոմիտաս ո՛չ միայն «Հայ երգի վեհափառ»ն է, այլեւ՝ Փրկիչը։

Աստուածատուր ձայնը Իզապէլ Պայրագտարեանի այդ երեկոյ կու գար երաժշտական շօշափելի երանգներու վերածելու թուղթի վրայ ձայնագրուած ձայնանիշերը հայ գեղջուկին, հայ մամիկին, սիրահարին, պանդուխտին, մէկ խօսքով՝ Հայ մարդուն։

Նոյնքան յաջող էր լարային քառեակը՝ Ալեքսանտր Քալման, Տիմիթրի Օլեւսքի, Ճոնաթան Մոէրչէլ եւ Գարիկ Թերզեան, ինչպէս նաեւ Ճիլ Ֆէլպըրը՝ սրինգ եւ Էլի Չոթը՝ տաւիղ։ Իսկ Ֆրեզնոյէն ժամանած 16 արուեստագէտներէ բաղկացած երգչախումբը պարզապէս բացառիկ էր (խմբավար Աննա Համր)։ Ե՛ւ նուագախումբը ե՛ւ երգչախումբը տարբեր երգերու ընթացքին ձայնակցեցան երգչուհիին, երբեմն ալ հանդէս գալով առանձին ելոյթներով։

Իսկ երգացանկը շատ ճոխ էր իր բազմազանութեամբ։ Հոգեւորը, ժողովրդականը, սիրայինը, մանկականը… բոլորը այնպէս մը միահիւսած էր Պայրագտարեան, որ նման էր «համտեսելու» միայն…։ Ամէն անգամ երբ անջատուած կը խորանայիր, կապրէիր երգը, միտքով կը հասնէիր գեղջուկին, սիրահարին կամ փոքրիկ մանկիկին… բուռն ծափահարութիւնները կը վերադարձնէին քեզ իրական կեանքին։ Կարծէք, Համաստեղին Կար Ամուն ըլլայինք, ինչպէս որ ինք ամերիկեան կեանքին մէջ ինկած, ցորենի հասկերուն մէջ կիսաքուն պառկած՝ կը յիշէր իր տունը հայրենի, իւրաքանչիւր ցորենի հատիկի փթթումին ձայնը, զինք կը տանէր Արեւմտեան Հայաստան… մենք նոյն այդ պահը կ՚ապրէինք այդ երեկոյ, երբ կոմիտասեան երգին տակ Իզապէլ մեզ կը տանէր Չորք Մարզպան եւ Մուսա լեռ, կողքս նստողները կը տանէր Կեսարիա եւ Թոմարզա, Էրզրում եւ Վան, Քէօթահիա եւ Պոլիս…

***

Երգացանկէն յիշենք «Ախ Մարալ ջան», «Չինար ես», «Լէ լէ եաման», «Կուժն առայ», «Հոյ նազան», «Հաբրբան», «Գարուն ա», «Կռունկ», «Ծիրանի ծառ», «Շողեր ջան», «Կաքաւիկ», «Ծիծեռնակ», «Մանուկներու Հայր մեր», «Մոկաց հարսներ», «Հոյ իմ նազանի եարը», «Իմ չինարի եարը», «Էսօր Ուրբաթ է»…։

Համերգին բացումը կատարեց «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբի ատենապետ Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան, իսկ փակման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Առաջնորդ  Հիւս. Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի։ Անոնք բարձր գնահատեցին Իզապէլ Պայրագտարեանի արուեստը եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին նման բարձրամակարդակ ծրագիրին համար։ Մեներգչուհին, նոյնպէս, համերգի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդարանին եւ երեկոն փակուեցաւ «Հայր մեր»-ով։

Կը շնորհաւորենք «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբի բոլոր անդամները։ Դուք ձեզ գերազանցեցիք այս անգամ, ներկայ բազմահարիւր ներկաներուն պարգեւելով նիւթականէն շա՜տ աւելի թանկ բան մը՝ կեանքին քաղցրութիւնը… կոմիտասեան ժառանգութեամբ ու Պայրագտարեանին ճամբով։

Հ.Ս.

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ