Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀՀ ԱԺ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էդմոն Մարուքեանի հանդիպումները Լոս Անճելըսի մէջ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Նոյեմբեր 16-20 Լոս Անճելըս կը գտնուէր  Հայաստանի Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էդմոն Մարուքեան։ Ան աշխատանքային այցելութեամբ նախապէս ժամանած էր Ուաշինկթըն, որպէս անդամ ՀՀ խորհրդարանական Հայ-ամերիկեան բարեկամութեան խումբի պատուիրակութեան։

Ներկայիս Հայաստանի մէջ քաղաքական երրորդ ուժը համարուող «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան հիմնադիր-նախագահին ժամանակացոյցը յագեցած էր քաղաքական հանդիպումներով, աջակցութեամբ Ամերիկայի Հայկական Համագումարի Արեւմտեան ափի գրասենեակի տնօրէն Միհրան Թումաճանի։ Հայրենի քաղաքական գործիչը հիւրը եղաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Յովնան արքեպիսկոպոսի, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանի, Լոս Անճելըսի Քաղաքային խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի, հանդիպում ունեցաւ Կլենտէյլի Քաղաքային խորհուրդի անդամներու հետ։ Մարուքեան առանձին հանդիպումներ ունեցաւ այցելելով ազգային տարբեր հաստատութիւններ, կառոյցներ։

Էդմոն Մարուքեան Կլենտէյլի շարք մը հեռատեսիլի ալիքներէն ունեցաւ զրոյցներ եւ հարցազրոյցներ, իսկ Երկուշաբթի երեկոյեան, Պրպենքի Առաջնորդարանի «Զօրայեան» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ անոր հրապարակային հանդիպումը մեր հայրենակիցներուն հետ։ Շուրջ 200 ներկաներ մէկուկէս ժամ շարունակ հետեւեցան պարոն Մարուքեանի հետ հանդիպում-զրոյցին, ուր ան անդրադարձաւ Հայաստանի ներկայի գրեթէ բոլոր խնդիրներուն, յաջողութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, ներքին թէ արտաքին քաղաքականութեան, Արցախի հարցի լուծման, հանքավայրերու, փտածութեան, դատաիրաւական խնդիրներու։ Էդմոն Մարուքեանի լիարժէք եւ բովանդակալից պատախանները գոհացուցին ներկաները յուզող բազմաթիւ հարցումներուն։ Զրուցավարն էր՝ «Նոր Օր»-ի խմբագիր Հրաչ Սեփեթճեան։ Բացման աղօթք՝ Արժ. Տ. Մանուկ Աւագ Քհնյ. Մարգարեան։ Ներկայ էին քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, նախկին վանաձորցիներ։ Հանդիպումը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Հայաստանի Լոս Անճելըսի Գլխաւոր հիւպատոսի խորհրդականներ տիարք Վարազդատ Պահլաւունին եւ Էդգար Գրիգորեանը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ