Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Չարթըր վարժարաններու այլընտրանքը Ամերիկայի հայկական կրթական հաստատութիւններուն համար

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երեք տարիներ առաջ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Արշակ Տիգրանեան վարժարանի փակումէն ետք, որոշեցի գրել Չարթըր դպրոցներու մասին, յուսալով որ Քալիֆորնիոյ այն հայկական վարժարանները որոնք նիւթական դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, նկատի կ’ունենան այս կարելիութիւնը: Իմ նպատակս էր լուսաբանել այս վարժարաններու ղեկավարները, որ անոնք Նահանգային նիւթական օժանդակութեամբ եւ ֆինանսաւորմամբ, կարողանայինբարձր մակարդակի ուսում ջամբել ու շարունակել հայեցի կրթութիւնն ու հայկական նիւթերու դասաւանդումը մեր ազգի զաւակներուն:

Քանի մը շաբաթ առաջ, ցաւալին դարձեալ պատահեցաւ երբ ՀԲԸ Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը որոշեց փակել Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի դռները: Սրտի մեծ ցաւով տեղեկացանք այս որոշման մասին, մանաւանդ որ նոյն այդ օրը Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Պալատը ջախջախիչ մեծամասնութեամբ կ՚որդեգրէր Մեծ Եղեռնի ճանաչման բանաձեւը:

Յուզումով դիտեցինք Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի աշակերտներուն, ծնողաց եւ ուսուցիչներու բողոքի՝ նաեւ անհաւատալի իրականութեան մը առջեւ գտնուելու յուզիչ արտայայտութիւնները:

Այս գրութեան նպատակը կը մնայ նոյնը: Տեղեկացնել Քալիֆորնիոյ հայ գաղութը եւ մանաւանդ հայկական վարժարանները հովանաւորող միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, որ հայ մատղաշ սերունդը անտուն ձգելէ առաջ նկատի ունենան Չարթըր դպրոցներու տարբերակը:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայկական դպրոցները, ինչպէս սփիւռքի այլ դպրոցներ, կը դիմագրաւեն նիւթական դժուարութիւններ: Չափազանցութիւն չէ ըսել, որ իսկական մարտահրաւէրի կը վերածուի արդէն ոչ թէ կրթական բարձր մակարդակ ապահովելը, այլ դպրոցի նիւթական ինքնաբաւութիւնը: Հայկական վարժարաններու տնօրէններու եւ հոգաբարձութիւններու մեծագոյն մտահոգութիւնը կը մնայ պիւտճէի հաւասարակշռութիւնը: Բոլորին յայտնի է, որ աշակերտներու վճարած կրթաթոշակներով, առաւել՝ տրամադրուած զեղչերով, կարելի չէ հաւասարակշռել սփիւռքահայ որեւէ  վարժարանի պիւտճէ:

Միացեալ Նահանգներու մէջ միջին հաշուով իւրաքանչիւր աշակերտի համար պետական դպրոցները կը տրամադրեն մօտ 12,000 ամ. տոլար: Ոչ պետական դպրոցներու տարեկան կրթաթոշակի գիները կը տարուբերին17,000-էն 43,000 տոլարի միջեւ: Իսկ հայկական դպրոցներու միջին տարեկան կրթաթոշակը6,000-էն10,000-ի միջեւ է, եւ այս, առանց նկատի ունենալու նիւթապէս անապահով ընտանիքներու անխուսափելի զեղչերը: Նիւթական եկամուտը, բնականաբար պիտի ազդէ հայկական վարժարաններու ուսումնական բարձր մակարդակ ապահովելու ճիգին, եւ յանգեցնէ դժուար որոշումներ կայացնելու երկընտրանքին առջեւ: Շարունակե՞լ բախել նուիրատուներու դռները: Շարունակե՞լ մեծագումար զեղչերու տրամադրումը: Ինչպէս շարունակել պահել կարող ուսուցիչներ կամ տնօրէններ միջինէն ցած աշխատավարձերով: Մինչեւ երբ շարունակել հսկայական ջանքեր գործադրել հաւասարակշռելու ամէն տարի գոյացող եւ հետզհետէ ուռճացող պիւտճէական բացերը: Հոս պէտք է յիշել, որ երկրորդական վարժարաններու միջին սակը Ամերիկայի սեփական վարժարաններու մէջ$14,500 է, բաղդատած նախակրթարանի $9,600 սակին:

 

Չարթըր դպրոցներու տարբերակը

Իմ քսան տարուայ հայկական չարթըր դպրոցի մէջ պաշտօնավարումս, նաեւ այս ուղղութեամբ համալսարանական դասաւանդումներս եւ ուսումնասիրութիւններս, կը մղեն զիս կիսել իմ փորձառութիւնս հայկական դպրոցներու ապագայով մտահոգ հանրութեան հետ:

Չարթըր դպրոցները պետութեան կողմէ ֆինանսաւորուող, ուսումնական որոշ իւրայատկութիւններով օժտուած պետական հաստատութիւններ են: Չարթըր դպրոցներու շարժումը սկսաւ Ամերիկայի Ուսուցիչներու միութեան, 1974-1997 թուականներու նախագահ Ալպերթ Շէնքըրի նախաձեռնութեամբ: Հետագային իրեն միացաւ Մեսեչուսէց համալսարանի դասախօս Ռէյ Պատը: Ի տես Ամերիկայի պետական դպրոցներու ոչ պատշաճ ուսումնական մակարդակին, վերոյիշեալները ծնողներուն ընտրութեան հնարաւորութիւն տուին, իրենց զաւակները վստահելու Չարթըր դպրոցներուն: Այլեւս կարեւոր չէր թէ ընտանիքը ուր կը բնակէր, նաեւ, այլեւս ընտանիքը ստիպուած չէր իր զաւակը ուղարկել իր տան մօտակայքը գտնուող բայց ձախող վարժարանը: Կար Չարթըրի տարբերակը, որ ծնողներուն պիտի գրաւէր իր ուսումնական յաջող ծրագիրներով: Քանի մը տարիէն այս շարժումը մեծ արձագանգ գտաւ ու տարածուեցաւ ամէնուր: Այսօր Միացեալ Նահանգներու մէջ 3 միլիոն աշակերտներ կ’ուսանին 42 նահանգներու մօտ7,200 չարթըր դպրոցներու մէջ: Պէտք է նշել որ այս շարժումը թափ առաւ ի հեճուկս պետական դպրոցներու դիմադրութեան, որոնք կը պատճառաբանէին թէ չարթըր դպրոցներու գոյութիւնը կը վնասէ պետական դպրոցներու կայացման գործին: Այս առնչութեամբ պէտք է նշել որ Միշիկընն ու Քալիֆորնիան ունին կայացած չարթըր վարժարաններու համակարգ: Այսօր, 307 չարթըր վարժարաններ կան Միշիկընի մէջ 150,000 աշակերտներով. իսկ Քալիֆորնիոյ մէջ չարթըր վարժարաններու թիւն է 1,275մօտ 590,000 աշակերտներով:

 

Միշիկընի ՀԲԸՄ-ի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան Չարթըր դպրոց

Մեր վարժարանը իր դռները բացաւ 1969 թուականին, շնորհիւ ազգային մեծ բարերար Ալեք Մանուկեանին: Առաջին տարին դպրոցը ունէր 20 աշակերտ եւ 2 ուսուցչուհի: Տարիներու ընթացքին դպրոցը ունեցաւ մինչեւ 200 աշակերտներ: Սակայն հակառակ Ալեք Մանուկեանի տարեկան աւելի քան 500,000 տոլարի յատկացումներուն, նիւթական դժուարութեանց պատճառով դպրոցի երկրորդական բաժնի դռները փակուեցան: Ահա այդ ժամանակ, ինչպէս միշտ, Ալեք Մանուկեան գտաւ իւրօրինակ լուծում: 1995 թուականին ստորագրուեցաւ համաձայնագիր Central Michigan University-ի հետ, ըստ որում  Մանուկեան վարժարանը դարձաւ չարթըր դպրոց: Այս փոփոխութիւնը էապէս բարելաւեց վարժարանի նիւթական կացութիւնը, որ իր կարգին պատճառ հանդիսացաւ ոչ միայն ուսումնական բարձր մակարդակը պահպանելուն, այլեւ այն հասցնելու Միշիկըն նահանգի լաւագոյն դպրոցներէն մին ըլլալու պատուաւոր կարգավիճակին: Այս իրավիճակը քաջալերեց բարերարներ Լուիզ եւ Ռիչըրտ Մանուկեանները իշխանավայել նուիրատուութեամբ կառուցելու արդի բոլոր պայմանները բաւարարող երկրորդականի նոր մասնաշէնքը 2014-ին: Դպրոցի աշակերտութեան թիւը հասաւ 400-ի:

Յաջողութիւնները յաջորդեցին մէկը միւսին, մինչեւ որ 2018 եւ 2019 իրերայաջորդ տարիներուն, ըստ “US News and World Report”-ի Մանուկեան վարժարանի երկրորդականի բաժինը դասուեցաւ Ամերիկայի մօտ 5,400 երկրորդական վարժարաններէն լաւագոյններէն մին: Առ այդ, վարժարանս արժանացաւ պրոնզ կարգի շքանշանի: 

Մանուկեան վարժարանի աւարտականներու համալսարանական յաջողութիւններու համբաւը հասաւ նաեւ ոչ հայերուն, որոնք իրենց զաւակները  սկսան վստահիլ այս հայկական դպրոցին: Այստեղ հարց կրնայ առաջանալ թէ արդեօ՞ք ոչ հայերու մուտքը չի խանգարեր հայեցի դաստիարակութեան առաքելութեան եւ հայկական նիւթերու դասաւանդման: Անշուշտ ըլլալով պետական հաստատութիւն, մեր դպրոցի դռները բաց են բոլոր դիմողներուն համար: Սակայն մենք մտահոգուելու բնաւ պատճառ չունինք մեր երեխաներու օտարներու հետ շփումէն: Մանաւանդ որ մենք բնաւ չենք զիջած մեր հայոց լեզու, պատմութիւն եւ մշակոյթ դասաւանդելու պարտաւորութենէն: Իւրաքանչիւր աշակերտ, մանկապարտէզէն մինչեւ 12-րդ դասարան հայ կամ ոչ հայ, պարտաւոր է ամէն օր մէկ ժամ մասնակցելու հայերէնի դասաւանդման: Ոչ հայախօսներուն համար յատուկ մշակուեցաւ ծրագիր Armenian as a Second Language (ASL): Կարելի է զարմանալ թէ ինչպէս տարբեր ազգի երեխաներ (ուքրանացիներ, քաղդէացիներ, ռումանացիներ, ասորիներ, լիբանանցիներ) կը սորվին հայկական այբուբենը, կամ ինչպէս կ’երգեն Վարդանանցի երգերը, կամ՝ կը սորվին հայոց պատմութեան կարեւոր դրուագները, նաեւ՝ կ’այցելեն Հայաստան: Կը մնայ կրօնի դասաւանդման պարագան: Իբր պետական հաստատութիւն մենք չենք կրնար կրօն դասաւանդել. սակայն այդ բացը կարելի է լրացնել Կիրակի օրերը արձանագրուելով հայկական եկեղեցիներու կիրակնօրեայ վարժարաններ:

Այս տարի լրացաւ Միշիկընի Մանուկեան վարժարանի հիմնադրման 50 տարին: Փառահեղ հանդիսութեամբ ու եզրափակիչ ճաշկերոյթով նշուեցաւ վարժարանիս յիսնամեակը: Ոչ միայն ոչ ոք չի մտածեր Միշիկընի միակ հայկական վարժարանը փակելու մասին, այլ բարերար Ռիչըրտ Մանուկեանի նուիրատուութեամբ կը ծրագրուի դպրոցիս կից կառուցել արդիական STEM ճարտարագիտական կեդրոնը:Մանուկեան վարժարանի յաջողութիւններուն անդրադարձեր էին ու յիսնամեակի առթիւ շնորհաւորեր թէ՛ Միշիկընի նահանգային եւ թէ՛ Սաութֆիլտ քաղաքի իշխանութիւնները:

 

Միացեալ Նահանգներու ամենահոծ հայկական գաղութը նոյնպէս, իմ կարծիքովս, պէտք է կարողանայ օգտուիլ չարթըրի ընձեռած հնարաւորութիւններէն: Անշուշտ չարթըր դպրոց ըլլալու պայմանները կը տարբերին նահանգէ նահանգ, սակայն յստակ է որ կողմնորոշուելով դէպի չարթըր, ապահոված պիտի ըլլանք մեր հայկական դպրոցներու ապագան առանց դոյզն ինչ զիջելու մեր հայապահպանման առաքելութենէն:Մենք գիտենք որ կան ծնողներ որոնք իրենց զաւակները հայկական դպրոցներ պիտի չուղարկեն ինչ ալ ըլլան այդ դպրոցներուն մակարդակն ու պայմանները: Սակայն իբր պատասխանատուներ, պէտք է լուծումներ գտնենք ամերիկահայ այն ծնողներուն համար, որոնք հեռու կը մնան հայկական դպրոցներէն նիւթական պատճառներով, եւ չարթըր դպրոցի տարբերակը վստահաբար պիտի օգնէ այդ կարգի ծնողներուն:

 

Դոկտ. Յովսէփ Թորոսեան տնօրէնն է ՀԲԸՄ-ի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան երկրորդական վարժարանի: Ան նաեւ Կեդրոնական Միշիկընի Համալսարանէն ներս հեռակայ կարգով կը դասաւանդէ «Չարթըր դպրոցներու ղեկավարում»առարկան:

ԴՈԿՏ. ՅՈՎՍԷՓ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ