ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 2 Նոյեմբեր 2019-ին ի Տէր ննջեց ժամանակակից հայ գրականութեան նշանաւոր տիտաններէն մին, բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանը: Ան հայ գրագէտներու այն քիչերէն մէկն էր (գուցէ միակը), որ աւելի քան 80 տարի ստեղծագործելէ ետք 102 տարեկան հասակին հրաժեշտ տուաւ այս աշխարհին: Իր մտքի պայծառութիւնն ու կորովը պահեց մինչեւ մահուընէ քանի մը օր առաջ, եւ կրնանք ըսել գրիչը իր ձեռքին կառչած իր աչքերը փակեց՝ ակնթարթ մը յետոյ զանոնք կրկին բանալով իր ցանկացած երկնային տան մէջ:
Աւելի քան 60 տարի կարդացած եմ Ժագ Յակոբեանի բանաստեղծութիւնները, քարոզներն ու իր գրած նամակները իր գրչեղբայրներուն ու բարեկամներուն եւ սքանչացած եմ իր աստուածատուր տաղանդին վրայ եւ Աստուծոյ փառք տուած եմ իր այս տաղանդաւոր ծառային համար:
Իր բանաստեղծութեան առաջին հատորի հրատարակութիւնը եղաւ 1937-ին։ Այդ թուականէն մինչեւ իր մահը, աւելի քան 8 տասնամեակներ Ժագ Յակոբեան դարձաւ հայ մշակոյթի անխոնջ ծառան, Մեսրոպ Մաշտոցի նուիրեալ աշակերտը եւ հայ հոգեմտաւոր արժէքներու յանձնառու առաքեալը:
Աւելի քան 8 տասնամեակներ ան կրցաւ իր ժաղովուրդի սրտին երգը երգել, հոգիին երազը հիւսել, անոր տագնապները ապրիլ եւ անոր յոյսերուն թարգմանը ըլլալ:
Աւելի քան 8 տասնամեակներ ազատ ու անկախ Հայաստանի դրօշակիրը դարձաւ եւ երբ հայ ժողովուրդի այս նուիրական երազը իրականացաւ վերանկախեալ Հայաստանն ու Արցախը դարձան իր ներշնչման աղբիւրները:
Յետեղեռնեան սերունդէն մինչեւ մեր օրերը՝ բանաստեղծ Ժագ Յակոբեան ստեղծագործական իր վաստակի կշիռով ու որակով մեր ամէնէն օժտուած քերթողներէն մին եղաւ: Իր գրական բոլոր ստեղծագործութիւնները կը յատկանշուին իրենց անժխտելի արժանիքներով, հաղորդականութեամբ եւ ինքնատիպութեամբ: Լեզուական իր բացառիկ շնորհներով, գեղագիտական իր ցայտուն հակումներով եւ պատկերաւոր իր հարուստ բառապաշարով՝ Յակոբեան դարձաւ մեր ամենավաւերական բանաստեղծներէն մէկը:
Եգիպտոսէն մինչեւ Լիբանան, ապա Աւստրալիա եւ հուսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները՝ այս հանճարեղ բանաստեղծը իրեն հետ պտտցուց Արարատը: Իր բազմաբեղուն վաստակով, իր գրական ստեղծագործումներով եւ մշակութային ներդրումով իւրայատուկ դրոշմ մը ձգեց հայ գրականութեան բնագաւառէն ներս:
Իր կեանքը յեղաշրջող հոգեւոր խորունկ փորձառութենէ մը ետք, Ժագ Յակոբեանի շուրջ կէս դարու գրական արեւելահայումը եղաւ առաւելաբար հոգեւոր: Ան գործնապէս ապրեցաւ Քրիստոսանուէր կեանք մը: Աստուծոյ կողմէ իրեն շնորհուած գրական բարիքները բաժնեց իր ազգակիցներուն հետ՝ դառնալով անոնց անպաշտօն աւետարանիչը: Աւետարանի սկզբունքներուն քարոզութիւնը եւ հայ հոգեմտաւոր արժէքներու ծաւալումը եւ վերստին ծնելու անհրաժեշտութիւնը դարձան իր կեանքի առաջնահերթութիւնները:
Այսուհանդերձ, հոգեւոր այս աշխարհահայեացքին զուգահեռ, ան շարունակեց շեփորել ազգին, հայրենիքին եւ մշակոյթին սէրը՝ իր գեղեցիկ ու հաղորդական տաղերուն մէջ: Ան բաժնեկից եղաւ անոնց վերելքին ու փառքին, տագնապներուն ու մաքառումներուն, ձգտումներուն եւ յոյսերուն:
Այս ոգիով ու տեսիլքով բանաստեղծ Ժագ Յակոբեան կենսագործեց իր առաքելութիւնը ամբողջական յանձնառութեամբ մը: Իր մահով մեր արդի գրականութիւնը կը կորսնցնէ իր ամէնէն տաղանդաւոր բանաստեղծներէն մէկը, որ մեր Մեսրոպաշունչ Մեծասքանչովը ճոխացուց մեր գրականութիւնը: Իր ստեղծագործ հանճարին փայլուն առկայծումներով անգնահատելի նպաստ մը բերաւ մեր մշակոյթի պահպանման եւ հարստացման:
Օրհնեալ ըլլայ մեր պատուական եւ սիրելի բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանի յիշատակը:
ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ