Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Բայբուրդեան այցելեց «Նոր Օր»-ի խմբագրատուն

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26-ի կէսօրին, Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր հիւպատոս, դեսպան Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան այցելեց «Նոր Օր»-ի խմբագրատուն, Ալթատինա, դիմաւորուելով շաբաթաթերթին խմբագրական եւ  վարչական անդամներուն, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ։

 

Պաշտօնապէս այս առաջին այցելութիւնն էր յարգելի հիւպատոսին մեր խմբագրատունէն ներս։ Ան ծանօթացաւ «Նոր Օր»-ի հարիւրամեայ պատմութեան, արխիւին։

 

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու Հայաստան-Սփիւռք բազմաթիւ հարցեր, ինչպէս՝ վարչապետ Փաշինեանի այցելութիւնը Լոս Անճելըս, յետ յեղափոխական Հայաստանի ներքին վիճակը, տարածաշրջանին վիճակը։ Բարձրացուեցան համագաղութային գործակցութեան ծրագիրներ, խօսք եղաւ արտագաղթի եւ ներգաղթի մասին։

 

Ընդհանուր կէտերու շուրջ քննարկումի ընթացքին, Դոկտ. Բայբուրդեան նշեց, թէ մեր (հայութեան) տարբերութիւնները մեր հարստութիւնն են եւ երբ որ համահայկական հարցերու շուրջ միաւորուած ենք, այդ ժամանակ ուժեղ ենք։

 

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք յարգելի Գլխաւոր հիւպատոսին եւ ամենայն յաջողութիւններ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ