Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայրենասէր մարդիկ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայրենասիրութիւնը ունի զանազան յատկանիշեր: Մին՝ այսինքն, իսկական հայրենասէր անձը, որ իսկական առումով զոհուած է հայրենիքին համար, իսկ միւսը՝ միայն իր նպատակին ծառայող պայմաններով:

 

Վերջին դասակարգին համընկնող մարդիկ, կրնան նոյնիսկ չարաշահողներ ըլլալ իրենց հայրենիքին հանդէպ. մէկ խօսքով՝ կրնան «ծախել» իրենց հայրենիքը յանուն «40 արծաթի», կրնան ըլլալ պոռոտախօսներ եւ լայնածաւալ սուտակասպաս քարոզիչներ, իրենց շուրջ հաւաքելով «հաւատացեալներ», որոնք աղմուկ աղաղակ կը յարուցեն վասն իրենց շահին:

 

Ժամանակին, երբ հարց տրուած էր Պաղեստինի նախագահ Եասէր Արաֆաթին հայու նկարագրին, կենցաղին եւ մասնաւորաբար հայ անհատին մասին, ան ըսած էր. «Հայը, շատ լաւ արհեստաւոր է, խաղաղասէր, աշխատող եւ շինարար. բայց ան հայրենասէր չէ»: Բայց ինչո՞ւ հարց տուած են կրկին: «Որովհետեւ ան կը լքէ իր հայրենիքը», պատասխանած է ան: «Իսկական հայրենասէրը իր հայրենիքը չի լքեր յանուն պնակ մը ապուրի, ապրուստի կամ շահի»:

 

Վերջերս, վաւերագրական ժապաւէն մը կը դիտէի օտար աղբիւրէ մը, որ յատկացուած էր հայ գաղթականներու կեանքին, այս առիթով՝ Թուրքիոյ մէջ հաստատուած, վերջին տասնամեակներուն գաղթած հայերու մասին: Կը տեսնէի այդ տիկիններուն եւ պարոններուն տարած չարչարանքը, զրկանքը եւ անոնց անտունի կարգավիճակը, որոնցմէ շատերը ապաւինելով տեղացի հայերու օգնութեան, կը գոյատեւէին այնտեղ, հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանէն ճողոպրած հայ բեկորներու նման:

 

Պոլսոյ ճաշարաններուն, վաճառատուներուն, շուկաներու մէջ փոքր կրպակներ կանգնած այդ անհատներուն մեծ մասը ունէին նաեւ երկրորդ աշխատանք, որպէսզի կարենային իրենց օրապահիկը ապահովելէ զատ, «մի քանի ղրուշ» հաւաքել իրենց ընտանիքներուն օգտակար դառնալու համար հայրենիքի մէջ: Հակառակ անոր որ այդ գաղթած հայերուն մեծամասնութիւնը ունէր ցուցաբերուած համեստ վերաբերմունք տեղացիներուն կողմէ, սակայն իրենց ունեցած ապրելակերպը ոչ աւելի էր ստրուկէ մը, կամ ընչազուրկէ մը: Անոնք պէտք էր հոգային նաեւ իրենց ապաստանարանի ծախսերն ու աշխատանքը:

 

Ամիսը անգամ մը, անոնք պիտի վերադառնային իրենց հայրենի տուները, իրենց շահած եւ պահ դրած գումարները բաշխելու համար իրենց ընտանիքի պէտքերուն եւ հոգատարութեան: Բայց, արդեօք կ՚արժէ՞ր այդ տառապանքին, յարատեւ ճամբորդութեան եւ այդ նուաստացուցիչ գաղթական կարգավիճակին ենթարկուիլ յանուն մի քանի «ղրուշին», եթէ կարենայիր նոյն այդ ստեղծագործ պայմաններով այդ գումարը շահիլ հայրենիքիդ մէջ առանց ենթարկուելու այդ սպառիչ չարչարանքներուն:

 

Վերոյիշեալ հայ գաղթականները անբախտներն են անշուշտ, հայրենի այլ   գաղթականներու, որոնք բախտը ունեցած են գաղթելու կամ հաստատուելու Եւրոպա կամ Ամերիկա: Այս երկրորդ դասին պատկանող հայրենի գաղթականները այժմ կը վայելեն իրենց բնակութիւն հաստատած երկիրներու համեստ առատութիւնը, իրենց բնակարաններէն սկսեալ մինչեւ իրենց ստամոքսի եւ անհատական հաճոյքի տուեալները, որոնք առատօրէն կը բաշխուին այդ հրապուրիչ երկիրներու պետութեանց կողմէ:

 

Մի քանի տարի առաջ, երբ հայրենիք կ՚այցելէի, գիւղերուն մէջ ականատես եղայ երեւոյթի մը, որուն չէի հանդիպած կեանքիս ընթացքին: Երեկոյեան էր եւ արօտէն վերադարձող արջառներն ու ոչխարներու հօտերը խումբով կը մտնէին գիւղ շարան-շարան: Բնազդօրէն թէ վարժաբար, այդ կովերը եւ ոչխարները առանց այլեւայլի եւ շուարումի, իւրաքանչիւրը կ՚ուղղուէր դէպի իր ախոռը, իսկ մնացեալը կը շարունակէր իր ճամբան մինչեւ իր «տունը»:

 

Իսկ այս ափերուն վրայ, ժողովրդային այդ ոչխարներու հօտերն ու արջառները իրենց այդ երթը կ՚ընեն դէպի պետական գրասենեակները, մին՝ նպաստներու, միւսը՝ «Կրին քարթի», իսկ մէկ այլը՝ քաղաքացիութիւն ստանալու համար: Բացառութիւնները եւ տարբեր կարգավիճակ ունեցողները յարգելի են անշուշտ:

 

Ներկայ գտնուա՞ծ էք բնաւ քաղաքացիութիւն շնորհող այդ հսկայական սրահներէն մէկուն մէջ, ուր ձեր ձեռքերէն կ՚առնուի այդ «Կրին քարթը» քաղաքացիութիւն շնորհելու համար: Բայց ի՞նչ տարբերութիւն քաղաքացիին կամ անօրէնին միջեւ՝ մանաւանդ այս օրերուն: Ականատես ենք այսօր այդ զարգացումներուն, ուր անօրէնը աւելի հզօր է իրեն պարգեւուած շնորհներով:

 

Այն ժողովուրդը, ուր խուռներամ, տասնեակ հազարաւոր, հաւաքուած են այդ սրահներու մուտքին առաջ, ինծի կը յիշեցնեն այդ հայրենի գիւղը, միակ տարբերութեամբ՝ ժողովուրդով:

 

Իրենց երկիրներու մէջ տեղի ունեցած պատերազմներէ, հալածանքներէ եւ ջարդերէ ապաստան գտնողներու համար թող արդարանալի համարուի գաղթական այդ համակարգը, սակայն… պարզապէս աման մը ապուրի, շահի, հաճոյքի եւ ճոխ ապրուստի համար բոլոր հայրենիքը լքող գաղթականներուն համար՝… ո՛չ:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ