Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

1638-2018. 380-ամեակ Իրաքահայ թեմի

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Թեմի նորագոյն եկեղեցին


 

            Բացառիկ յաջողութիւն մըն է արդարեւ, շրջանի քաղաքական շատ անկայուն վիճակին մէջ, Իրաքի թեմի նորագոյն եկեղեցւոյ կառուցումն ու օծումը 2019 ներկայ տարւոյ Ապրիլի 6-ին, Սուրբ Աստուածածնի Աւետման նախատօնակին, Քիւրտիստանի մայրաքաղաք Էրպիլի մէջ, ձեռամբ թեմի բազմարդիւն Առաջնորդ Աւագ Արքեպիսկոպոս Ասատուրեանին, որ նորաշէն եկեղեցին անուանեց Հայաստանեայց Սուրբ Խաչ եկեղեցի, դասական ճարտարապետութեամբ եւ տարածուն բոլորաձեւ գմբէթով՝ իր կողքին մշակութային կեդրոնով։ Օծման արարողութեան ներկայ եղած են հինգ թեմակալ եպիսկոպոսներ Եւրոպայէն, Եգիպտոսէն ու Դամասկոսէն, եւ ներկայացուցիչ մը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնէն։ Սոյն բացառիկ առիթը երջանիկ ազդանշանը հանդիսացաւ մեր այս պատմական հետազօտութեան, զոր որպէս բացման խօսք կ՚ընծայեմ Իրաքահայ թեմին եւ Առաջնորդ Աւագ Սրբազանին իմ սրտագին շնորհաւորութիւններով։

 

Հայազգի հրամանատարը


            Երբ 1638 թուին, ուղիղ 380 տարիներ առաջ, Օսմանեան թուրք բանակը Պաղտատը գրաւեց, հայազգի հրամանատար Սեբաստացի Գէորգ Նազարէթեան, ծանօթ նաեւ Գոգ Նազար անունով, կարեւոր բաժին ունեցած էր քաղաքի գրաւման մէջ, որ յարմար առիթը գտնելով խնդրած էր Սուլթան Մուրատ Չորրորդէն Պաղտատի հայութեան համար եկեղեցիի եւ գերեզմանատան հողաշերտ մը նուիրել։ Սուլթանը նախ արտօնած է հայոց գաղթը դէպի Միջագետք, եւ ապա Պաղտատի հիւսիսը հողաշերտ մը նուիրած է հայկական եկեղեցիի մը կառուցման համար։ Նազարէթեանի ջանքերով շուտով 1640 թուին հայեր իրենց Ս. Աստուածածին առաջին եկեղեցին կառուցին, որ կանգուն է մինչեւ այսօր։ Հոն կը պահուին Սուրբ Քառասուն Մանկանց մասունքներէն զորս Նազարէթեան իր հետ բերած էր Սեբաստիայէն ուր Սուրբերը 320 թուկանին նահատակուած էին սառած լիճին մէջ։ Իրաքի հին հայ եկեղեցիներէն մին եղած է նաեւ Պասրայի Ս. Աստուածածին եկեղեցին՝ կառուցուած 1736 թուին աղա Պետրոս Սեթաղայեանի նպաստով։

 

Թեմական կազմակերպում


            1830 թուականէն սկսեալ հայեր բնակած են Մուսուլի մէջ գաղթելով Սղերդէն, Տիգրանակերտէն, Էրզրումէն եւ Կիլիկիայէն եւ հաստատած տեղւոյն համայնքը գլխաւորութեամբ Կ. Պոլսոյ Զաւէն Պատրիարք Տ. Եղիայեանի եւ իր հօրենական քահանայական սերունդներու շարունակութեամբ, հասնելով մինչեւ Պատրիարք Սրբազանի հօր Տ. Աւետիս Աւագ քահանայ Տ. Եղիայեանի, բնիկ սղերդցի, որ Մուսուլի մէջ կը յաջորդէր իր եղբօր Տ. Յակոբ Քահանային որ եղած է Մուսուլի առաջին հոգեւոր հովիւը 1857 թուին։

 

            Նախնագոյն Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին 1845-ին Իրաքահայ Թեմի մայր եկեղեցին եղաւ Տ.Տ. Ներսէս Ե. Աշտարակեցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, անցնելով Մայր Աթոռի հովանիին ներքեւ։ Առաջին պատեհութեամբ երկու տարի ետք Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութենէն Մեսրովբ Ծայրագոյն Վարդապետը ղրկուեցաւ որպէս առաջին թեմակալ առաջնորդը իրաքահայոց, որ իսկոյն գործի լծուելով 1852 թուին երկրորդ եկեղեցի մը կառուցանել տուաւ յանուն Սուրբ Երրորդութեան, բարերարութեամբ Ծաղիկ Խաթունի։ Մեսրովբ Ծ. Վարդապետ ձեռնարկեց նաեւ եկեղեցւոյ կից դպրոցաշէնքի մը կառուցման զոր կոչեց Սրբոց Թարգմանչաց վարժարան։ Կրթական գործին զարկ տուողը եղած է իրաքահայոց յայտնի եւ յարգելի Միհրան Հրաչեայ Սվաճեան, որ 1876-ին Կ. Պոլսէն Պաղտատ գալով, 1890-ին հիմնեց Զապէլեան աղջկանց վարժարանը։ Սվաճեան Պաղտատ երկար մնաց կրթական աշխատանքի իր պարտականութեան վրայ մինչեւ 1915-ի  Մեծ Եղեռնի տարին։

 

Արմաշական երեք հոգեւորականներ


            1915 թուին հայեր թիւով մօտ 20,000 Վասպուրականէն Պաղտատի արեւելքը գտնուող Պաքուպա քաղաքը ապաստանեցան, նախ բնակելով վրաններու տակ անգլիացի զինուորներու կարգադրութեամբ։ Անոնց բնակութիւնը իսկոյն մնայուն դառնալով, անոնք ուռճացուցին Պաղտատի, Պասրայի եւ Մուսուլի հայերուն միացեալ 25,000-ի հասնող թիւը։ Զինադադարէն առաջ Պաղտատի հայ համայնքը հովուեցին Արմաշական Զաւէն Պատրիարք Տ. Եղիայեանի հովանաւորութեամբ նախ Փառէն Ծ. Վրդ. Մելքոնեան, Առաջնորդ, եւ ապա Մուշեղ Եպս. Սերոբեան, նախկին Առաջնորդը Ատանայի, որուն յանձնուած էր տարագրեալ որբերուն խնամքը։ Զաւէն Պատրիարքը Իրաքի զաւակ էր, ծնած Մուսուլ, աւարտած Արմաշի Դպրեվանքը եւ որպէս անդրանիկը բոլորին մէջ նախ վարդապետ եւ շուտով եպիսկոպոս ձեռնադրուելով, Տիարպաքիրի եւ Վանայ առաջնորդական պաշտօններէն ետք 1914 թուին, կը բարձրանար Կ.Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին Հայոց ցեղասպանութեան ամենադժուարին այդ տարիներուն։ Միջանկեալ երեք տարիներ Պատրիարքը աքսորուեցաւ իր ծննդավայրը, եւ սակայն 1919-ին Օսմանցիներու Իրաքէն արտաքսուելէն ետք, անգլիացիներու հովանաւորութեամբ վերադարձաւ Կ. Պոլիս իր պաշտօնին։

 

             Զաւէն Պատրիարքի օրով 1917-ին Առաջին համաշխարհային պատերազմին հետեւանքով Ամերիկեան նպաստամատոյցը Պաղտատ կը հաստատուէր, երբ ինք եւս ժամանակաւորապէս Պաղտատ աքսորուած էր։ Նպաստամատոյցը ազգային իշխանութեան օժանդակութեամբ եւ Պատրիարք Հօր միջնորդութեամբ հազարաւոր հայ որբեր Տէր Զորէն Պաղտատ փոխադրել կու տար, որոնցմէ շատեր Երուսաղէմ եւ Եգիպտոս կը փոխադրուէին։ Իսկ 1921-ին վասպուրականցի գաղթականներէն մօտ 8,000 հոգի Պաղտատէն Հայաստան ներգաղթեցին։

 

Թեմակալ առաջնորդները


            Առաջին Պատերազմի տարիներուն Իրաքի թեմին Առաջնորդ կարգուած էր Արմաշական Փառէն Ծ. Վրդ. Մելքոնեան, որ հետագային եպիսկոպոսացաւ Կիլիկիոյ Աթոռէն Տ.Տ. Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսի ձեռամբ, երբ 1930 թուին արդէն միաբան էր Կիլիկեան Աթոռին Տ.Տ. Սահակ Խապայեան Կաթողիկոսի կողքին։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գէորգ Ե. Սուրէնեանց Կաթողիկոս 1921-ին Իրաքի թեմին Տեղապահ կը կարգէր Էջմիածնի միաբաններէն Ռուբէն Ծ. Վրդ. Մանասեան, որմէ 1928-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուելով կը ստանձնէր թեմակալի պաշտօնը։ Մանասեան եպիսկոպոս իր պաշտօնին վրայ կը մնար մինչեւ 1944 թեմին կազմաւորման կարեւոր նպաստ բերելով։ Յաջորդող թեմակալները կ՚ըլլային Զգօն եպիսկոպոս Տ. Յակոբեան, Ասողիկ արքեպիսկոպոս Ղազարեան, եւ Աւագ արքեպիսկոպոս Ասատուրեան, որ կը պաշտօնավարէ ներկայիս բոլորէն շատ աւելի երկար տարիներ՝ յաջորդելով Ասողիկ Արքեպիսկոպոսին։ Աւագ Ծ. Վարդապետ եպիսկոպոսութեան կը բարձրանար 1982 թուին Տ. Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետի ձեռամբ։

 

Ասողիկ Արք. Ղազարեանի վաստակը


            Վերջին շրջանի Իրաքի թեմին բազմարդիւն Առաջնորդը եղաւ Ասողիկ Արքեպիսկոպոս Ղազարեան, Մայր Աթոռի Լուսարարապետն ու նախկին Հեռաւոր Արեւելքի Հայրապետական Պատուիրակը, որ Թեմակալ Առաջնորդ կ՚ընտրուէր 1966 թուին։ Ան եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր Տ.Տ. Վազգէն Ա. Հայրապետի ձեռամբ 1957 թուականին։ Առաջին առիթով, տարի մը ետք, Ասողիկ Սրբազան հիմնովին վերանորոգել կու տար Պաղտատի Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցին, երբ միեւնոյն ատեն կը կառուցուէին Պասրայի, Մուսուլի եւ Քերքուքի հայ դպրոցները։

 

            1968-ի տուեալներով Իրաքի հայութեան թիւը 18,000-ի կը հասնէր եւ Առաջնորդին ջանքերով կրթական եւ մշակութային կարեւոր ձեռնարկներ կեանքի կը կոչուէին 1600 աշակերտներու ցանցով մը։ Իսկ 1970 թուին Ասողիկ արքեպիսկոպոսի ջանքերով Պաղտատի հայոց Մելինէ Դանիէլ Իսկենտէր ազգապատկան ծերանոցն ու անոր կից Ս. Կարապետ մատոուռը կը կառուցուէին որուն օծումը ինք կը կատարէր 1973 թուին։

 

Տ.Տ. Վազգէն Հայրապետի պատմական այցը թեմին


            Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Վազգէն Ա. Հայրապետը յիշեալ բարեդէպ եւ ազգապարծան կառուցումներէն ետք, պատմութեան մէջ առաջին Կաթողիկոսը ըլլալով, 1978 Յունուար 28-էն Փետրուար 9, Առաջնորդ Ասողիկ արքեպիսկոպոսին եւ Թեմական խորհուրդին հրաւէրով հայրապետական այցելութիւն կը շնորհէր Իրաքի թեմին։ Հայրապետը իր առաջին հովուապետական այցելութիւնը կը շնորհէր Իրաքի թեմին, «ուր 1630-ական թուականներից սկսած անընդմէջ ապրում են մեր ժողովրդի թանկագին բեկորները», ինչպէս «Էջմիածին» ամսագիրը կը նշէր։

 

            Ամենայն Հայոց Հայրապետը Իրաքի կառավարութեան հիւրն ըլլալով պետական անձինք օդակայան եկած էին զինք առաջնորդելու Տիգրիսի ափին Ալ Մանսուր պալատը՝ հոն իջեւանելու համար։

 

            Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր շքախումբով եւ Իրաքահայ թեմական ազգայիններուն առաջնորդութեամբ առաջին պատեհութեամբ Իրաքի նախագահական պալատ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տար ուր, կ՚ընդունուէր նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի կողմէ։ Հայրապետական տնօրինութեամբ Միացեալ Նահանգներէն Պաղտատ իր ծննդավայրը ժամանած էր նաեւ Աւագ Վարդապետ Ասատուրեան։ Հայրապետին մտադրութիւնն էր Իրաքահայ միակ այս հոգեւորականը  Ասողիկ Արքեպիսկոպոսին յաջորդ նշանակելու Առաջնորդին 1978 թուի վաղահաս վախճանումէն ետք։

 

            Հրաշափառ շարականի երգեցողութեամբ Վեհափառ Հայրապետը Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցին մուտք կը գործէր եւ օրհնութեան խօսքն ու պատգամը կը փոխանցէր իր «առաջին անգամն ըլլալով գալու քաղաքակրթութեան այս հնագոյն օրրաններէն մէկը», յորդորելով որ 1915-ի օրերէն Իրաք հաստատուած սերունդներու զաւակները պահեն իրենց կրօնական հաւատքը, հայ եկեղեցին ու մայրենի լեզուն, միաժամանակ մնալով հաւատարիմ քաղաքացիները Իրաքեան հայրենիքին»։ Առաջին առիթով նաեւ Հայրապետը իր մտահոգութիւնը յայտնելով Թեմակալ Առաջնորդ Ասողիկ Սրբազանի առողջութեան մասին, կ՚ըսէր «այս պահուն այստեղ չենք տեսներ Ասողիկ արքեպիսկոպոսը աղօթելով որ բարելաւուէր իր առողջական վիճակը»։

ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

 

Յապաւումներով 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ