Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Բժիշկ Վարդան Թաշճեանի «Գաղթակայանէն բժշկութիւն» հատորին շնորհանդէսը

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.– Կիրակի, 17 Նոյեմբեր 2019-ի, կէսօրէ ետք ժամը 3։00-ին Կլենտէյլի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահին մէջ, մեծ թիւով մշակութասէրներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ բժիշկ Վարդան Թաշճեանի՝ «Գաղթակայանէն բժշկութիւն» հատորին շնորհանդէսը, հովանաւորութեամբ Լոս Անճելըսի հայկական մշակութային կազմակերպութիւններու եւ Ամերիկահայ  բժշկական միութեան:

 

Օրուան հանդիսավար, իրաւաբան Անժելա Բարսեղեան հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով վարեց ցերեկոյթը։ Նշեց, թէ երկար ժամանակէ իվեր ճանչցած է բժիշկ Վարդան Թաշճեանը որպէս համեստ, անկեղծ, իրաւ մարդ ու բժիշկ, հայրենիքին, մշակոյթին եւ հայ գիր ու գրականութեան նուիրուած անձ մը՝ Լիբանանէն մինչեւ Ամերիկա, ուր ընտանեօք հաստատուած են շուրջ 40 տարիներէ իվեր:

 

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի շնորհաւորական գիրը կարդաց Արժ. Տ. Երեմիա քահանայ Խաչատրեան: Սրբազան Հայրը ի միջի այլոց կ՚ըսէր. «Սիրելի Պր. Թաշճեան, ուրախութեամբ ընդունեցինք Ձեր «Գաղթակայանէն Բշկութիւն» հատորը եւ հոգեկան մեծագոյն հաճոյքով կարդացինք զայն, որ իրաւ մտաւորականի, ողջ էութեամբ հայրենի եզերքի հետ կապուած ազնիւ մարդու պատմութիւնն է ամբողջութեամբ՝ Պուրճ Համուտի հիւղաւանէն մինչեւ Ամերիկա, բժշկութենէն մինչեւ հայրենասիրութիւն»։

 

Արժ. Տ. Ղեւոնդ քահանայ Քարազեան կարդաց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի շնորհաւորական գիրը: «Տոքթ. Վարդան Թաշճեանի «Գաղթակայանէն բժշկութիւն» խորագիրը կրող գիրքը յուշապատումի վերաքաղն է՝ իր ծնունդէն, մանկութենէն, Պէյրութի ֆրանսական բժշկական համալսարանի տարիներէն սկսեալ, հասնելով մինչեւ Քանատա եւ ԱՄՆ.: Գիրքին մէջ կան հաղորդակցութիւն փորձառութիւն, հայրենասիրութիւն, մայրենիին հանդէպ պաշտամունք», կը գրէ Մուշեղ Սրբազան իր խօսքին մէջ։

 

Ապա, հանդիսավարուհին յիշեցուց, թէ նորատիպ հատորի վաճառքէն գոյացած հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի նուիրուի Լիբանանի Թռչնոց Բոյնին:

 

Յանուն Համազգայինի սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Սարգիս Մահսերեճեան։ Ան նշեց, թէ հեղինակը երախտապարտ է հանդէպ իր ծնողքին, իր ուսուցիչներուն, թաղի քահանային, բոլոր այն մարդոց, որոնց հետ գործակցած է: Բոլոր անոնց, որոնք զինք կերտած են: 

 

Յանուն Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան սրտի խօսքով հանդէս եկող Յարութ Տէր Դաւիթեանը, ըսելէ ետք, թէ ինք միշտ հիացում ունի 1920-ական եւ 1930-ական տարիներուն Միջին Արեւելքի մէջ ծնած սերունդին վրայ, որոնցմէ մէկն ալ իր հայրն էր։

 

Տոքթ Ծովինար Թեքելեան-Քէօշկերեան, շնորհաւորելէ ետք Տոքթ. Թաշճեանը, անգլերէնով կարդաց այս հատորին մէջ լոյս տեսած “Our Vocation” (Մեր կոչումը) բանաստեղծութիւնը։

 

Գեղարուեստական բաժնին մէջ երկու երգով հանդէս եկաւ երիտասարդ, շնորհալի երգչուհի Ալին Առուստամեան։

 

Օրուան բանախօսն էր «Նոր Օր» շաբաթաթերթի խմբագիր Հրաչ Սեփեթճեան: Ան այսպէս մեկնարկեց իր խօսքը. «Մարդ մը եւ գիրք մը: Կեանքի պատմութիւնը, փոքրիկ ելեւէջներով, սակայն միշտ բարիին ընդառաջ: Կեանքի ութերորդ տասնամեակը վայելող այս մարդը կը կոչուի Վարդան Թաշճեան: Ազգութիւնը՝ հայ: Քաղաքացիութիւնը՝ լիբանանեան եւ ամերիկեան: Յարանուանութիւնը՝ առաքելական: Կրթութիւնը՝ կաթողիկէ: Ծնողները՝ Կիլիկիոյ հիւսիսը գտնուող Կեսարիա քաղաքէն: Վերջապէս, ծննդավայր՝ Պուրճ Համուտ, Լիբանան: Տարին՝ 1933»:

 

«Մանկաբոյժ Վարդան Թաշճեան հում նիւթ ժառանգ կը թողու ապագայ պատմաբանին, լիբանահայութեան կեանքը ուսումնասիրողին: Ինքնակենսագրութիւն մը, յուշապատում մը ուր կարեւոր մանրամասնութիւններ կան ապագայ բեմադրիչի մը համար, պատրաստելու լիբանանահայութեան պատմութիւնը: …Լիբանանի Թիրօ հիւղաւանին մէջ ծնած հեղինակը կը խօսի իր արմատներուն մասին, յիշեցնելով նաեւ որ հայութիւնն ու Հայաստանը իրեն հետ կը շրջին ուր որ ալ կ՚երթայ: Չի կրնար մտահան ընել իրենց ապրած թշուառութիւնը: Քիչ թէ շատ կը պատկանի «մանկութիւն չունեցողներու» շարքին…

 

Հատորի թեքնիքական պատրաստութեան (խմբագրում, գրաշարութիւն, տեղադրում, տպագրութիւն), ինչպէս նաեւ անոր մէջ տողանցող հարիւրէ աւելի անձերուն՝ հայ կամ լիբանանցի, ամերիկահայ թէ ամերիկացի դասընկերներ, ընկերներ, ուսուցիչներ բժիշկ գործընկերներ, գրող-մտաւորականներ, որոնցմէ ոմանք ներկայ են սրահին մէջ, ակնարկելէ ետք, բանախօսը ըսաւ, թէ ան Թիրօ թաղի Նուպարեան վարժարանէն Սէն Կրէկուար անցած, զայն աւարտելէ ետք, յամառ ու յարատեւ աշխատանքով Ֆրերներու եւ Լիսէ Ֆրանսէի քոլէճներէն իր առաջին եւ երկրորդ պաքալորէաները առնելով՝ Սէն Ժօզէֆ Համալսարանի բժշկական ճիւղէն վկայուելով, տարիներով որպէս մանկաբոյժ-բժիշկ ծառայած է Լիբանանի Ապու-Ժաուտէ, Սէն Թէրէզ հիւանդանոցներուն մէջ, եւ միաժամանակ ունենալով իր դարմանատունը, շատ անգամ ձրիօրէն ծառայած է իր ընկերներու, բարեկամներու երեխաներուն:

 

Բանախօսը յաջորդ 15 վայրկեաններու ընթացքին խօսելէ ետք 365 էջերէ բաղկացած «Գաղթակայանէն բժշկութիւն» հատորով Տոքթ. Թաշճեանի շօշափած հայ բժշկական համագումարներու կազմակերպման ու մասնակցութեան, այդ գծով Հայաստան, եւրոպական երկիրներ, Արժանթին այցելութիւններուն, իր ուսուցիչներէն յատկապէս Վազգէն Այգունիի (Գէորգ Պաղճեան) հանդէպ տածած անհուն երախտագիտութեան, 1978-ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բերումով նախ՝ Քանատա, ապա՝ 1980-ական թուականներուն ընտանեօք Ամերիկա հաստատուելուն, UCLA-էն բժշկութեան արտօնագրի արժանանալուն, այստեղ շուրջ երկու տասնամեակ անտունիներուն ծառայելուն, ընտանեկան կեանքին, հօրն ու մօրը՝ Յարութիւն եւ Մարի Թաշճեաններուն, կնոջ՝ Մատլէնին, զաւակներուն՝ Ռաֆիին եւ Մարիէթին, ինչպէս նաեւ Արարատին նուիրած սրտագրաւ բանաստեղծութիւններուն, հայ կրթական, թատերական ու մշակութային կեանքին բերած մասնակցութեան մասին, շեշտեց, թէ հեղինակը իբրեւ հայ մեր գոյատեւումը կը պայմանաւորէ հայ լեզուի եւ հայ դպրոցի պահպանութեամբ: Ցաւով նշեց, թէ «ամիս մը առաջ յայտարարուեցաւ հերթական հայկական վարժարանի մը տարածքին փակումը մեր քիթին տակ, մեր աչքին դիմաց, մեր իսկ ձեռքով…»:

 

Բանախօսը, հեղինակին ուղղուած շնորհակալութեամբ եզրակացուց իր խօսքը։ Բժիշկ Թաշճեան բեմ գալով ըսաւ. «Նախ եւ առաջ խորին շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք առնչուեցան այս գիրքով։

 

UCLA-ի հոգեբուժական ամբիոնի վարիչ-տնօրէն՝ James Simmons, օր մը իր ուսանողներուն այսպէս ըսաւ. «Տղաք, ուրախ կ՚ըլլամ եթէ օր մը այցելէք անտունիներու, կամ կարդաք անոնց մասին: Այս գիրքը կը խօսի այդ մասին: Ես ալ, կը կարծեմ, թէ զայն կարդալով ուրախ կ՚ըլլամ: Սակայն այս գիրքը 365 էջեր ունի, ամէն օր մէկ էջ կարդալով չէք ձանձրանար: Քանի՜-քանի անգամներ նշուեցաւ թէ հոս, այսօր տեղի կ՚ունենայ գիրքի շնորհանդէս: Սակայն, միայն գիրքինը չէ, այլ նաեւ մեր բոլորին շնորհանդէսն է, քանի որ գիրքին մէջի անունները, նկարները, մանաւանդ պատմութիւնը, մեզմէ շատերուն մօտիկէն-հեռուէն ծանօթ է: Սակայն, ինծի համար ամէնէն հետաքրքրականը, մանկութենէս ի վեր տարիներու երազի մը իրականացումը կը կատարուի այսօր: Միշտ երազած եմ, հաւանաբար դուք բոլորդ ալ, տեսնել մեր տարբեր գաղափարախօսութիւններով մարդոց եւ կազմակերպութիւններու միասնական գործակցութիւնը: Եւ ահաւասիկ, մեր մշակութային միութիւնները կը հովանաւորեն այս միջոցառումը: Մեր բոլորին ցանկութիւնն է, կ՚ենթադրեմ, տեսնել նման միասնականութիւն աւելի յաճախակիօրէն: Մաղթանքս է ձեր բոլորին երազներուն իրականացումը: Շնորհակալութիւն»:

 

Տեղի ունեցաւ գինեձօնի արարողութիւն, ներկայ հոգեւոր հայրերու եւ մտաւորականներու մասնակցութեամբ:

 

 Հանդիսութեան փակումը կատարեց, Հայ Կաթողիկէ համայնքին առաջնորդ, Արհի. Հայր Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան, որ հեղինակին ու ներկաներուն ուղղուած յարգալից խօսքերէ ետք, շարունակեց. «Եւ այս գիրքը կը մաղթեմ որ բոլորդ ալ կարդաք, որ ոչ միայն պարզապէս անձի մը կենսագրականն է, այլ ամբողջ հայութեան մասին է: Այս գիրքը աղբիւրն է, որ մեզի կը բացատրէ եւ կը յուշէ այն ճամբան, որմէ անցած են մեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, որպէսզի մենք, իրենց յաջորդող երրորդ, չորրորդ եւ աւելի սերունդները Ցեղասպանութենէն վերջ, բարձր ճակատով ապրինք այս աշխարհի վրայ: Պահենք մեր հայութիւնը, ապրինք մեր քրիստոնէութիւնը եւ հակառակ մեր բոլոր դժուարութիւններուն, միշտ բարձր ըսենք, որ հայը կայ ու պիտի մնայ: Գրիչդ դալար, վարձքդ կատար»:

 

Աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

(Յապաւումներով)

Համադրեց՝ ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ

 

 

 


 

 

 


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ