Շաբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Վ. եւ Թ. Մանուկեան վարժարանին գծով՝ Եթէ վերատեսութեան ենթակայ չէ դպրոցաշէնքը փակելու պարագան, ապա ի՞նչ այլընտրանք կայ սեղանի վրայ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչական ժողովին, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» հիմնադրամին եւ նոյնանուն վարժարանին հոգաբարձական կազմին կողմէ անակնկալօրէն յայտարարուելէ ետք վարժարանին դպրոցաշէնքին փակումը յառաջիկայ կրթական տարեշրջանէն սկսեալ, անսովոր իրավիճակ մը ստեղծուած է Լոս Անճելըսի հայ համայնքէն ներս։

 

Արհեստագիտութեան նորարարութիւններու այս տարիներուն, լուր մը կայծակի արագութեամբ կը տարածուի։ Բնականաբար, դպրոցը փակելու որոշումը ըմբռնումով չընդունուեցաւ ոչ միայն աշակերտներու եւ անոնց ծնողներուն կողմէ, այլեւ՝ իւրաքանչիւր սրտցաւ հայու կողմէ, որովհետեւ այդ նամակ-որոշումը հարիւր առ հարիւր համոզիչ փաստարկներ չունէր եւ ընդհակառակը, ընդունուեցաւ այնպէս՝ իբրեւ թէ թաքուն բան մը կայ, որմէ տեղեակ չէ հայ համայնքը։

 

Եթէ վերատեսութեան չենթարկուի այս որոշումը եւ դպրոցը փակէ իր դռները մէկուկէս տասնամեակ հայեցի եւ առողջ սերունդ մը պատրաստելէ ետք, ի՞նչ այլընտրանք կայ սեղանի վրայ, որպէսզի Կլենտէյլ-Փասատինայի շրջանին մէջ շարունակենք պահել գոնէ մէկ հայկական երկրորդական վարժարան։

 

Տարբերակ առաջին


Դիմել Թէքէեան մշակութային միութեան, որ Լոս Անճելըսի Արշակ Տիգրանեան վարժարանի փակումը Հոլիվուտի մէջ արդարացուցած էր շրջանէն ներս հայութեան թիւի անկումով։ Ահաւասիկ բացառիկ առիթ՝ վերաբանալու այդ  դպրոցը որպէս «ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան երկրորդական վարժարան»՝ հայահոծ Փասատինայի մէջ։ Կառո՞յց. ստուգել հանրային կամ սեփական վարժարանի մը փակումը եւ գնել այդ պատրաստ դպրոցաշէնքը իր տարածքով։ Մանաւանդ որ, ներկայիս Թէքէեան մշակութայինը ունի՛ այդ գումարը եւ ի պահ դրուած է նման ծրագիրի մը համար։    

 

Տարբերակ երկրորդ


Տարբերակ առաջինին նմանողութեամբ, երեւան գայ նոր բարերար մը, եւ ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի ներկայի ամբողջ աշակերտութիւնը եւ ուսուցչական-պաշտօնէական կազմը շարունակէ իր սովորական դպրոցական կեանքը լրիւ նոր դպրոցի մը մէջ, նոր բարերարի մը եւ նոր ղեկավարութեան մը ներքոյ Օգոստոս 2020-էն սկսեալ։

 

Տարբերակ երրորդ


Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը ամենօրեայ մէկ դպրոց ունի Լոս Անճելըսի մէջ, որ մինչեւ 8-րդ դասարան է եւ մէկուկէս տասնամեակ շարունակ, հիմնական աղբիւրը հանդիսացաւ ՀԲԸՄ-ի փակուող վարժարանին (9-12րդ դասարաններ, երկուքական բաժիններով)։ Խօսքը Փասատինայի Յովսէփեան վարժարանին մասին է, որ կը գտնուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ։ Այս դպրոցին հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան կ՚իյնայ կա՛մ տարուէ տարի մէկական դասարան բարձրացնելով քանի մը տարիէն հասնիլ մինչեւ 12-րդ դասարան, եւ կա՛մ, բարերարներու միջոցով ձեռնարկել երկրորդական բաժինի մը բացումին։ Խմորը կայ, փորձառութիւն կայ, «յաճախորդ»-աշակերտութիւն կայ… կը մնայ գործնական քայլերու ձեռնարկել։

 

Տարբերակ չորրորդ


Չարթըր դպրոցի գաղափարը։ Այս մասին ՀԲԸՄ-ի Միշիկընի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան Չարթըր վարժարանի յարգելի տնօրէն՝ Դոկտ. Յովսէփ Թորոսեան իրենց փորձառութիւնն ու իր տեսակէտը կիսած էր «Նոր Օր»-ի Նոյեմբեր 21-ի թիւին մէջ։ Մեր ունեցած տուեալներով, այդքան ալ դիւրին չէ Չարթըր վարժարան մը բանալը, սակայն անկարելի ալ չէ, պէ՛տք է փորձել։ Իսկ թէ ո՞վ, ո՞ր կազմակերպութիւնը, այդ մէկը ոչ մէկ նշանակութիւն ունի այսօր, որովհետեւ խնդիրը աւելի քան 400 շրջանաւարտներուն «որբութիւնն է», ներկայի աւելի քան 140 աշակերտներուն ստացած հոգեկան ու բարոյական «հարուածը», ապագայի հեռանկարով շրջանի երեք հայկական Միջնակարգ վարժարաններու աշակերտներուն մոլոր իրավիճակը եւ… ՀԲԸՄ-ի մեծ ընտանիքի անդամներուն զուսպ վրդովմունքը։

 

Տարբերակ հինգերորդ


Ամերիկեան սեփական դպրոցներ նիւթական իրենց բացը կը հաւասարակշռեն ընդունելով արտասահմանցի ուսանողներ Հայ Սքուլի մէջ։ Արտասահմանցի այդ աշակերտներուն ծնողները բաւական մեծ գումարներ կը յատկացնեն իրենց զաւակներուն համար, որպէսզի անոնք ամերիկեան High School-ի վկայականով եւ Advanced Placement (AP) քննութիւններով զինուած՝ ընդունուին ամերիկեան հանրայայտ համալսարաններ։ Այս տարբերակը, եթէ ոչ պաշտօնապէս, սակայն քննարկման առարկայ եղած է անցեալին հայկական սեփական վարժարաններու պատասխանատուներու կողմէ։ Օրինակ, քանի մը տարի առաջ, ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի փակման (դարձեալ անակնկալ) լուրին առիթով։ Այստեղ անպատեհութիւնը այն չէ, որ ամերիկահայ աշակերտին քով պիտի նստի Քորէայէն, Ճափոնէն կամ այլ երկիրէ մը եկած աշակերտ մը, այլ՝ համալսարան ընդունուելու «մեր» հնարաւորութիւնները կրնան նուազիլ, արտասահմանցի բացառիկ աշակերտներու գալուստով եւ անոնք գալով «պիտի գրաւեն» մեր աշակերտներուն բաժին հասնելիք աթոռները ամենատարբեր համալսարաններու մէջ…։ Բայց եւ այնպէս, տարբերակ մըն է, որ կ՚արժէ ուսումնասիրել, բացայայտելու համար անոր դրական եւ ժխտական ազդեցութիւնները։

 

Այլ տարբերակներ


Որքան ալ փորձենք տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ ներառնել ՀԲԸՄ-ի վերին ղեկավարութեան որոշումը, թէ դպրոցները կը միացուին եւ ո՛չ թէ կը փակուի Վ. եւ Թ. Մանուկեանը, դժբախտաբար թոյլ ընտրանք մըն էր, համոզելու ոեւէ անհատ, որ կ՚ապրի Լոս Անճելըս գաւառին մէջ, որ իր մէջ կը պարփակէ 88 տարբեր մեծութեան քաղաքներ։ Արդարեւ, ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը իր շուրջ 800 աշակերտներով եւ արդիական ամէնէն յարմար լուծումներով (նախամանկապարտէզէն մինչեւ 12-րդ դասարաններ) անշուշտ թէ կրնայ ընդունիլ 150 աշակերտ եւս։ Քանոկա Փարքի կառոյցը իր մասնաշէնքերով հիանալի պայմաններ ունի եւ կրնայ հասնիլ մինչեւ հազար աշակերտի կարիքներուն։ Սակայն, հեռաւորութենէն ծնող խնդիրները կը ստիպեն, որ Փասատինա ապրող հայ ընտանիքներ երկու անգամ մտածեն այդ մասին։

 

Չկրկնել անցեալի սխալը


Շատ կը խօսուի, տեղի-անտեղի, թէ ՀԲԸՄ-ը միայն վարժարան կը փակէ եւ ձեռքը քաշած է Սփիւռքի վրայէն։ Ճիշդ չէ։ Այստեղ մտածելակերպի եւ աշխատելաոճի յստակ տարբերութիւններ կան, որոնք միշտ ալ եղած են, սակայն, ներկայիս կը հասնին շատ աւելի մեծ չափերու։ Միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են գաղափարական տարբերութիւններ ՀԲԸՄ-էն ներս եւ բնական է այդ, երբ կը խօսինք հազարներու հասնող անդամակցութեան մասին։

 

ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովներուն համար մենք կը յիշենք, երբ կը ստորագրէինք հաւատարմագիրեր, որպէսզի նշեալ միութենականը մեզ ներկայացնէ այնտեղ։ Ներկայիս չկայ այդ։ Սակայն անդամութեան գաղափարը որքան ալ կորսուած ըլլայ այսօր, այդ մէկը կա՛յ։ Կարելի չէ զանց առնել եւ կարելի չէ չլսել սրտցաւ հայու մը, միութենականի մը կարծիքը։ Երբ մենք կը հպարտանանք այս մեծ միութեան անցեալով ու կը մտահոգուինք ապագայով, ուրեմն մե՛նք եւս իրաւունք ունինք մեր խօսքը ըսելու։

 

Չկրկնենք անցեալի սխալը։ Մենք կը մնանք նոյն կարծիքին, թէ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը փակելը սխալ էր։ Վերջին տասնհինգ տարիներուն ընթացքին Իրաքէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն կարելի էր հարիւրաւոր ընտանիքներ եւ անոնց զաւակները բերել Մելգոնեան, եւ շարունակել ազնուասիրտ Գրիգոր եւ Կարապետ եղբայրներուն կտակը արթուն պահել՝ երդիք, աշխատանք եւ հայեցի բարձրագոյն կրթութիւն ապահովելով այդ ընտանիքներուն։ Նիւթակա՞նը, գումա՞րը, դրա՞մը… «կամենալը կարենալ է», կ՚ըսէ հայկական իմաստուն առածը։

 

Թուրքիա այսօր միլիոնէ աւելի սուրիացի գաղթականներ կը պահէ իր հողին վրայ, միլիարդաւոր տոլարներ գրպանելով միջազգային կառոյցներէ։ Կիպրոսը Եւրոպա է, Կիպրոսը Միջին Արեւելքին կից է, Կիպրոսը՝ փրկութեան փարոս եղած է եւ կրնայ ըլլալ Միջին Արեւելքի հայութեան համար։ Կ՚ափսոսանք, որ Մելգոնեանի կալուածը չ՚օգտագործուիր այսօր ո՛չ որպէս դպրոց, ո՛չ որպէս գաղթականավայր, ո՛չ որպէս աշխատանոց-գործարան, ո՛չ ալ պարզապէս վարձու տալով՝ նիւթականի աղբիւր…  այդ գումարներով պահելու համար հայկական այլ վարժարաններ աշխարհի տարածքին։

 

***

Այս Հինգշաբթի Գոհաբանութեան օր է եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան հանգանակութիւնը պիտի կատարուի մասամբ օժանդակելու համար Հայաստանի եւ Արցախի ջրամատակարարման եւ արեւային ուժի բարերար կարիքներուն։ Լաւ է, շատ լաւ։ Մասնակցի՛նք Թելեթոնին։ Սակայն, այսօր, նաեւ Մե՛նք կարիքը ունինք Թելեթոնի, Մե՛նք՝ Լոս Անճելըսի հայ համայնքը կարիքը ունի հանգանակութեան, որպէսզի բա՛ց պահենք մեր դպրոցները, մեր թերթերը, մեր համազգային ծրագիրները։ Ինչպէ՞ս հասնիլ Հայաստանի գիւղերն ու աւանները, ինչպէ՞ս հսկայական գումարներ հանգանակել Սուրբ Էջմիածինի վերանորոգութեան համար, երբ Մե՛նք, Մե՛նք կարիքը ունինք վերականգնելու, վերարթնանալու, առնելու Մե՛ր քայլը…

 

ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ