Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

«Նոր Օր»ի նախաձեռնած հրապարակային քննարկումը յետ Թաւշեայ յեղափոխութեան մասին

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ընտրանի հասարակութիւն մը փութացած էր Կլենտէյլի Հանրային գրադարանի սրահը, ներկայ գտնուելու հրապարակային քննարկումի մը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2019-ին։ Ներկաներուն մէջ կը նշմարուէին Հայաստանի Գլխաւոր հիւպատոսի խորհրդական Էտկար Գրիգորեան եւ երեք կուսակցութիւններու շրջանային ղեկավար ներկայացուցիչներ, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

 

«Նոր Օր» շաբաթաթերթի նախաձեռնած սոյն միջոցառումին գլխաւոր նիւթն էր «Ներկայ Հայաստանի յետ Թաւշեայ յեղափոխութեան արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւնը, ժողովրդավարութիւնը, տնտեսութիւնը եւ ռազմաքաղաքական իրավիճակը»։

 

Նախաձեռնող օրկանի անունով ներկաներուն ողջունեց «Նոր Օր»ի խմբագիր՝ Հրաչ Սեփեթճեան։ Ան ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձաւ Թաւշեայ յեղափոխութեան առթիւ Մայր Հայրենիքի մէջ կազմաւորուած ժողովրդային զարթօնքին եւ անոր հետեւանքներուն։ Ապա բեմ հրաւիրեց իրաւաբան Կարօ Ղազարեանը, որպէս օրուան քննարկումի համադրող։

 

ԿԱՐՕ ՂԱԶԱՐԵԱՆ


Կարօ Ղազարեան ներկաներուն ընդարձակ ելոյթով մը, բացայայտումներ կատարեց Հայաստանի վերջին երկու տասնամեակներուն տիրող ընդվզեցուցիչ իրավիճակին մասին, որուն որպէս հետեւանք՝ ժողովուրդը յոգնած էր եւ Նիկոլ Փաշինեան խիզախութիւնը ունեցաւ ոտքի կանգնեցնելու, ձայն բարձրացնելու, արդարութիւն եւ բարեկարգութիւններ պահանջելով։

 

ՓԱՆՈՍ ԹԻԹԻԶԵԱՆ

Ծանօթ հասարակական գործիչ եւ վերլուծաբան Փանոս Թիթիզեան, իր ելոյթին մէջ անդրադառնալով հայրենի իրականութեան ըսաւ. «…ուր էինք, ուր ենք եւ ո՞ւր կ՚երթանք…»։ Ան նշեց որ երկրէն ներս փոփոխութիւնները անհրաժեշտ էին, քանի որ ժողովուրդը այլապէս անդունդ կ՚երթար։ Անդրադառնալով Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Հայաստանի արտաքին քաղաքանութեան՝ նշեց որ ոչ մէկ փոփոխութիւն կայ, եղածը ներքին է։ Իսկ դրացի Վրաստանի մէջ յեղափոխական պոռթկումը հակառակ դրսեւորում ունեցաւ։

 

Փ. Թիթիզեանի կարծիքով «Առանց ռուսի պաշտպանութեան մենք կը կորսցնենք մեր դիմագիծը։ Պէտք է Եւրոպային եւ արեւմուտքին ալ նայինք առանց ռուսը վշտացնելու։ Քաղաքականութեան մէջ ճկունութիւնը անհրաժեշտ է…» յարեց ան։

 

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ


«Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագիր Գրիգոր Խոտանեան, իր ելոյթին մէջ նշեց. «…Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք նոր իշխանութիւնները բարեփոխութիւններու սկսան թէ՛ տնտեսական, թէ՛ վարչական եւ թէ՛ ներքին բնագաւառներու մէջ։ Առանձին եւ ուշագրաւ երեւոյթն այն էր, որ սկսաւ օլիկարխներու մենաշնորհներուն սանձարձակ գործունութիւնները օրինական հակակշիռի ենթարկել։ Միաժամանակ զարկ տալ ազատ շուկայական յարաբերութիւններուն, որ յանգեցաւ արագ լուծման։ Փաշինեանի օրով, զարկ տրուեցաւ նաեւ առեւտրական եւ այլ հաստատութիւններու հարկերու գանձումներուն։ Գալով Արցախի հիմնահարցին՝ բանակցային ֆորմաթին մէջ պէտք է Արցախն ալ իր մասնակցութիւնը բերէ։ Իսկ արտաքին քաղաքականութեան մէջ Թաւշեայ յեղափոխութեան կերտիչները՝ չափաւորեալ եւ իրատես գործելաոճ որդեգրեցին։ Դատական համակարգին մէջ՝ կարելի չեղաւ արմատական բարեփոխութիւններ կատարել, մասնաւորաբար Սահմանադրական ատեանի կարգավիճակէն ներս։

 

Արդարեւ, այս բոլորի կողքին գլխաւոր յաջողութիւնը ժողովրդային խաւերու մէջ ստեղծուած վերածաղկումն էր եւ իշխանութիւններու նկատմամբ վստահութեան դրսեւորումը, որուն ապացոյցներէն մին էին արդար եւ հաւասար ընտրութիւնները։

 

ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆ


Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ ելոյթ ունեցաւ ծանօթ հրապարակագիր եւ մանկավարժ Ժան Գոսագեան։ Ան պատմական անդրադարձ մը ունեցաւ Հայաստանի դիմագրաւած բազմատեսակ մարտահրաւէրներուն։ Մասնաւորաբար նշեց Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու ռուսական տիրապետութիւնը նուազեցնելու որոշ կառոյցներու մէջ։ Ան յատուկ կարեւորութեամբ նշեց Հայաստանի աթոմակայանն ու հանքարդիւնաբերութիւնը։ Ժ. Գոսագեան նմանապէս ընդգծեց ռուսական ուժեղ հակակշիռի ներկայութեան դիմաց տկար դիմադրողականութիւնը եւ ռուսական զինուորական խարիսխներու ամրացումը Հայաստանի մէջ։ Ան ձեւով մը դրուատեց նաեւ Եւրոխորհուրդի նկատմամբ որդեգրած քաղաքականութիւնը, միաժամանակ պաշտպան կանգնելով Արցախի հարցով տեղւոյն ժողովուրդին ինքնորոշման պահանջին։

 

Հանդիպման աւարտին օրուան զեկուցաբերները հարց-պատասխանի ձեւով պատասխանեցին ներկաներուն կողմէ իրենց ուղղուած հարցումներուն աւելի հետաքրքրական դարձնելով ասուլիսը։

 

Գ.Մ.

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ