Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Թայֆէականութիւնը Կ՚Արտօնէ՞ Յաջողեցնել՝ Յեղափոխութիւն

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լիբանան

 

 «Լիբանանահայ Գրական Շրջանակ»-ի երկարամեայ պատասխանատուներէն, յարգուած եւ քաջարի իրաւաբան Գասպար Տէրտէրեան անծանօթ անուն մը չէ ՆՈՐ ՕՐ-ի ընթերցողներուն եւ շրջանակին համար։ Անոր ծաւալուն ու շահեկան այս յօդուածը լոյս կը սփռէ Լիբանանի այսօրուան կացութեան վրայ, դիտուած իր ակնոցով։


2019-2020 տարիները կը զուգադիպին նշանակալից դարդարձերու, ոչ միայն հայ ժողովուրդին, այլեւ՝ լիբանանցի ժողովուրդին համար։ Լիբանանի համար 2019 թուականը նշանակալից եղաւ նաեւ՝ իր թայֆէական համակարգին հետեւանքով, սխալմամբ «Յեղափոխութիւն» կոչուած համաժողովրդային պոռթկումով մը, որ չի կրնար վերածուիլ յեղափոխութեան, յաւելեալ այն պատճառով, որ Լիբանան նաեւ՝ օտար մէկէ աւելի տէրութիւններէ կախեալ գաղութ մըն է…։ Թայֆէական ու գաղութային երկիր մը, որ հեռու է՝ պետութիւն ըլլալէ, հայրենիք մը ըլլալէ, եւ՝ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐ ունենալէ…։

 

Քանի որ, ասոր բնակիչները «զաւակներ»ն են նախ՝ 18-19 կրօնական եւ յարանուանական համայնքներու, որոնց առաջնահերթ պատկանելիութիւնն ու հպատակութիւնը թայֆէական է, եւ ոչ թէ՝ պետական ու հայրենական…։ Բազմաթիւ եւ բազմազան փաստերէն կը բաւէ յիշենք հետեւեալները.

– Այս երկրի այժմու սահմանները որոշած են օտար տէրութիւններ։

 

– Այս երկրի կառավարութիւնները կը նշանակուին օտար կառավարութիւններէ։

 

– Այս երկրի խորհրդարանի անդամներէն հինգը քուէարկած են՝ երկրի անկախութեան դէմ, որոնց շարքին հայ մը (ի նպաստ ֆրանսական տիրապետութեան)։

 

– Այս երկրի բանակին դէմ կռուած են՝ նախ Մարոնիթ, եւ ապա՝ Սիւննիթ համայնքներու քաջ «զաւակ»ները։

 

– Եւ՝ այս երկրի հանրապետական, խորհրդարանական ու կառավարական նախագահական աթոռները՝ միմիայն երեք գլխաւոր համայնքներու անձեռնմխելի մենաշնորհներն են…։

 

Այսպիսի երկիր մը կրնա՞յ արդեօք՝ ազատ, անկախ, գերիշխան եւ կեդրոնական իրաւ պետութիւն ունենալ։

 

Հարկաւ՝ ՈՉ… քանի որ չունի միաւորուած ժողովուրդ։

 

•••

Այս ամբողջ տարածաշրջանի ժողովուրդները գաղութացուած էին Ա. Աշխարհամարտի աւարտէն իվեր, նախապէս ալ՝ գաղութացուած էին Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ, եւ այսօր ալ՝ թիրախն են Թուրքիոյ Նոր-Օսմանականութեան ծրագրին։ Ա. Աշխարհամարտն էր, որ որոշեց այս ժողովուրդներու ապագան, սահմանագծերն ու անոնց համակարգերը՝ սիոնական նախատիպարին համաձայն։ Այսինքն՝ կրօնական հիման վրայ, եւ ոչ թէ՝ ազգային կամ ժողովրդային… քանի որ հրեաները միայն կրօն ունէին. ոչ ժողովուրդ էին, եւ ոչ ալ ազգ։ Եւ ուրեմն, որպէսզի սիոնական օտար ու տարատնկեալ պետութիւնը հաւասարեցնեն տեղաբնիկ ժողովուրդներուն, այս վերջինները բաժանեցին կրօնական պետութիւնիկներու մէջ։ (Հրեայ հակասիոնական Շլոմօ Սան, Թել-Ավիվի համալսարանի պատմութեան դասախօսը, 2008 թուին, Փարիզի մէջ հրատարակեց իր ակադեմական, փաստաթուղթերով եւ 650 էջերէ բաղկացած երկասիրութիւնը, փաստելու համար Հրէութեան լոկ կրօն մը ըլլալը։ Իր այս մեծկակ հատորին տուաւ խիստ խօսուն վերնագիր մը՝ «Ինչպէ՞ս հնարուեցաւ հրեայ ժողովուրդը» (“Comment fût Inventé le Peuple Juif?”)։

 

Այս բաժանումները շրջանի ժողովուրդներուն պարտադրուեցան՝ Սայքս-Փիքօ Համաձայնութեամբ, անոնց պարտադրելով սահմանադրութիւններ եւ նախագահներ՝ պետական կամ զինուորական յեղաշրջումներու միջոցով, կամ՝ անոնց խորհրդարաններուն վրայ կարծր ճնշումներով, եւ ի պահանջեալ հարկին՝ սպաննելով ընդդիմացողները կամ զանոնք փոխարինելով իրենց շահերը պահպանող անձերով, գաղութարար պետութիւններու դեսպանատուներուն ձեռամբ։ Եւ երբ Արաբական Արեւելքի այս ժողովուրդները փորձեցին իրարու միանալ՝ բաժանումները մերժելով, դեսպանատուներու գաղտնի սպասարկութիւնները ներսէն վիժեցուցին Միութեան բոլոր փորձերը։

 

Այս բոլորի մասին մանրամասն փաստեր արձանագրուած են ամերիկեան King-Crain պատուիրակութեան Տեղեկագրին մէջ, զոր այդ պատուիրակութիւնը 1919 թուին ներկայացուց Ազգերու Լիկային։ Այս Տեղեկագրին մէջ յստակօրէն յիշուած է շրջանի ժողովուրդներու ջախջախիչ մեծամասնութեան վճռական ընդդիմութիւնը Սայքս-Փիքօ Համաձայնութեան բոլոր կարգադրութիւններուն, որոնք պարտադրուած են այս ժողովուրդներուն, Ա. Աշխարհամարտի յաղթական երկու պետութիւններուն՝ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ։ Այդ ժամանակի ԱՄՆ-ի պատասխանատուները՝ նախագահ Ու. Ուիլսոնի «14 կէտեր»ուն հիման վրայ (որուն կէտերէն մէկը կը վերաբերի ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքին), նախ՝ մերժեցին Եւրոպայի հրեաներուն Պաղեստինի մէջ վերաբնակելու իրաւունքը, սակայն չուզելով վշտացնել իմփերիալիստ Արեւմուտքի իրենց երկու զինակիցները (Անգլիան եւ Ֆրանսան) որդեգրեցին King-Crain պատուիրակութեան Տեղեկագրի այն՝ իբր թէ միջին լուծումը, թէ՝ Սիոնական Պետութեան Պաղեստինի մէջ տարատնկուելու պարագային, այս դրսեկ պետութիւնը պէտք է Երուսաղէմի Սուրբ Տեղերը զիջի իսլամներու վերահսկողութեան, որոնք կարող են պահպանելու այդ Սուրբ Տեղերը, որոնք կը պատկանին նաեւ՝ քրիստոնեաներուն (ներառեալ յոյներուն եւ հայերուն)…։ Ամերիկեան իմփերիալիզմը փաստեց թէ ինք համաձայն չէր Ուիլսոնի «14 կէտեր»ու արդարադատութեան։

 

Ուրեմն, Սայքս-Փիքօ համաձայնութիւնը՝ Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի իմփերիալիստ տէրութիւններու միջեւ, այդ օրերուն, Արեւմուտքի մէջ կը վայելէր միջազգային գերագոյն հեղինակութիւն եւ տարածաշրջանին կրցաւ պարտադրել իր Ծրագրի բոլոր կէտերը, քանի որ Ա. Աշխարհամարտին, ամերիկեան իմփերիալիզմը չէր որ կը ղեկավարէր Գերմանիոյ դէմ պատերազմը, այլ՝ Դաշնակիցներու երրեակը՝ Անգլիա, Ֆրանսա եւ Ցարական Ռուսաստան։ Այս վերջինը կլանուած էր Հոկտեմբերեան յեղափոխութեամբ, միջազգային թատերաբեմը թողլով Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի…։

 

Այս Ծրագիրը բզիկ-բզիկ մասնատեց Արաբական Արեւելքի ժողովուրդները՝ անոնց պարտադրելով կրօնական-յարանուանական պետութիւնիկներ, գծելով նաեւ ատոնց սահմանները։ Այս ալ-Մաշրէք ալ-Արապիէն մնացեալ «Սուրիա»յէն չորս մուհաֆազաներ կցելով Լեռնալիբանանին, ստեղծեց «Մեծն Լիբանան»ը, զոր վաւերացուց Ազգերու Լիկան՝ 1920 թուին, որուն դարադարձն է 2020 թուականը։ Եւ տակաւին, ֆրանսական իմփերիալիզմը, որ գաղութացուցած էր թէ՛ Սուրիան եւ թէ՛ Լիբանանը, ծրագրեց՝ արդէն անդամահատուած «Սուրիա»ն ալ մասնատել՝ «Տիւրզիական», «Ալաուիական» եւ «Սիւննիական» պետութիւններու։

 

Կրօնական-յարանուանական հիման վրայ հաստատուած այս պետութիւնիկները, երբ մէկտեղուեցան Մեծն Լիբանանի մէջ, այս թայֆաներով կարելի չէր ստեղծել կեդրոնական իշխանութիւն ունեցող պետութիւն մը, որուն բնակիչները՝ բաժանուած տարբեր կրօններու, չէին կրնար ունենալ՝ ոչ հասարակաց հայրենիք, ոչ ազգային միութիւն եւ ոչ ալ մշտական խաղաղութիւն։ Լիբանանը եւ Սուրիան պատառ-պատառ մասնատելու ֆրանսական գաղութարարութեան ծրագրին փաստերէն մէկն ալ այն է, որ նոյնիսկ Տարագրեալ Արեւմտահայութիւնը չճանչցաւ որպէս մէկ ազգային ամբողջութիւն, այլ զայն բաժնեց երեք յարանուանութիւններու՝ Գրիգորեաններու, Կաթոլիկներու եւ Աւետարանականներու…։ Եւ՝ հայ տարագիրները ցրուեցին Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ, արգելք հանդիսանալով անոնց ազգային միասնութեան…։

 

Լիբանանի բազմահամայնքային համակարգին մէջ՝ միջ-թայֆէական պատերազմները կրկնուեցան Կապիտալիզմի հերթական ճգնաժամերու շարունականութեամբ՝ երբ թայֆաները բռնազաւթած աշխարհակրօնական տիրող բուրժուազիայի դասակարգի մեծ ֆինանսատէրներու եւ օլիգարխներու շահերու բաշխում ըլլար։ Այս վաշխառու, ընչաքաղց ու վայրենի դասակարգը մեծապէս կը չարաշահէր բնակչութեան մօտ թայֆէականութեան սերմանած պառակտումի որոմը, եւ համայնքներու միջեւ իրենց հրահրած պատերազմներուն զոհերը՝ միշտ կ՚ըլլային աշխատաւոր զանգուածներէն, անխտիր բոլոր համայնքներէն, բայց իրենք՝ վերը նստող բոլոր համայնքներու օլիգարխները, միասնաբար կը վերաբաշխուէին մենաշնորհները։ Եւ այսպէս՝ երբ չկայ միաւորուած ժողովուրդ, չկայ ե՛ւ ընկերային բարենորոգում կամ յեղափոխութիւն՝ այս թայֆէա-բուրժուական դասակարգի բռնատիրութեան ու շահագործումին դէմ…։ Այս դասակարգին հրահրած պատերազմները քաղաքացիական չեն, այլ՝ միջ-թայֆէական, քանի որ բնակիչները «զաւակներ»ն են իրենց պատկանած ու հպատակած համայնքներուն, եւ ոչ թէ՝ քաղաքացիները միաւորուած հայրենիքի մէջ միաւորուած ժողովուրդ ու կեդրոնական իշխանութիւն ունեցող պետութեան մը…։

 

Այսպիսի երկրի մը մէջ անկարելի է հաստատել օրէնքի պետութիւն կամ դեմոկրատական կարգ ու սարք։ Տիրող թայֆէա-բուրժուական դասակարգը յօրինած է առասպելներ, որոնք կը մրցին սիոնական տարատնկեալ պետութեան յօրինած առասպելներուն հետ։ Օրինակ՝ Լիբանան ունի (եղեր) համայնքներուն միջեւ «համախոհական դեմոկրատիա»… մինչդեռ համայնքները դասակարգուած են որպէս մեծամասնական, գլխաւոր եւ փոքրամասնական, երկրորդական համայնքներու։ Այսպիսի խտրականութեան եւ անհաւասարութեան պայմաններուն մէջ տեղ մնացած չէ դեմոկրատիայի։ Երբ մեծ ձուկը կուլ կու տայ փոքրը, կապիտալիզմի սկզբունքին հիման վրայ, կուլ տուողին եւ կուլ գացողին միջեւ տեղ չունի դեմոկրատիան, որ կը պահանջէ քաղաքացիներու միջեւ իրաւահաւասարութիւն։ (Եւ այսպիսի բաժան-բաժանումի եւ աւատատիրական տրոհումներու ենթարկուած Լիբանանի բնակչութիւնը՝ 1975 թուի միջ-թայֆէական պատերազմի նախօրէին եւ ընթացքին, խօսք եղաւ՝ նոյնիսկ ափ մը Լիբանանը, քանթոններու մասնատելու, կամ՝ քանթոններու համադաշնակցութեան մը վերածելու մասին)։

 

Տակաւին, Լիբանան ցարդ չէ ազատագրուած գաղթատիրութենէ։ Բ. Աշխարհամարտի աւարտով ստեղծուած երկբեւեռ աշխարհակարգին մէջ, երկու բեւեռներու միջեւ սկսած ցուրտ պատերազմի ԱՄՆ-ի բեւեռին գաղութը դարձաւ Լիբանան, ֆրանսական մանտաթին փոխարէն։ Այս գաղութը կոչուեցաւ Լիբանանի Ա. Հանրապետութիւն, երբ արդէն ձեւականօրէն կամ անուանապէս եղած էր «անկախ»։ 1975-ին բռնկած միջ-թայֆէական (սխալմամբ քաղաքացիական կոչուած) պատերազմի աւարտին, Սէուտական Արաբիոյ Թաէֆ քաղաքին մէջ կնքուած Համաձայնութեամբ, Լիբանան դարձաւ Սէուտական գաղութ եւ կոչուեցաւ Բ. Հանրապետութիւն՝ հանրապետութեան Մարոնիթ նախագահին իրաւասութիւնները կրճատելով եւ այդ իրաւասութիւնները աւելցնելով՝ Սիւննիթ վարչապետին իրաւասութիւններուն վրայ…։

 

Հիմա՝ 17 Հոկտեմբերին սկսած համաժողովրդային պոռթկումը (տակաւին՝ ոչ յեղափոխութիւնը) կրնա՞յ արդեօք յանգիլ Գ. Հանրապետութեան, ազատագրուած՝ գաղութային վիճակէն, թայֆէա-բուրժուական համակարգէն եւ դառնայ ճշմարտապէս դեմոկրատական, կեդրոնական իշխանութիւն ունեցող հզօր, կարող եւ յաջողակ պետութեան…։ Այս պոռթկումը կրնա՞յ վերածուիլ յեղափոխութեան։

 

Այս հարցադրումը սխալ է։ Ճիշդը կամ շիտակը հետեւեալն է. Որո՞նք են այս նախապայմանները, որոնք կրնան յաջողիլ այս պոռթկումը վերածել յեղափոխութեան։ Որովհետեւ՝ առանց շատ լուրջ նախապայմաններուն անդրադառնալու, պատասխանել այդ սխալ հարցադրումին՝ համազօր է սուրճի գաւաթի բախտագուշակութեան («ֆինճանի նայելու»)։ Քանի որ պոռթկումը յեղակարծօրէն հապշտապ ծաւալեցաւ՝ մայրաքաղաքէն մինչեւ Բ. մայրաքաղաք եւ Գ. մայրաքաղաք, եւ աւելի անդին՝ մինչեւ Աքքար եւ Նապաթիէ… ու ծովեզերքէն մինչեւ Պեքաա ու Պաալպէք, Լիբանանի պատմութեան մէջ աննախընթաց տարողութեամբ եւ այլազանութեամբ (այսինքն՝ գոյնզգոյնութեամբ կամ էլուան-չեշիդութեամբ), ոչ միայն քաղաքական ու դասակարգային առումով, այլեւ՝ հպատակութեանց… ու զարգացման մակարդակի… չբացառելով՝ վարձկան խառնամբոխը։ Իրապէս աշխատաւորներ ու աղքատներ, բայց անոնց շուրջ՝ սելֆի(selfie) նկարուող զուարճասէրներ, պարանաձգութեամբ մրցակցող ապակողմնորոշող եւ մոլորեցնող հտպիտներ, ֆոլքլորային մթնոլորտ ստեղծող վարձկան դատարկապորտներ, սինիէ (signé) հագուստ-կապուստով միջին դասակարգի օրիորդներ, տիկիններ ու փողկապաւոր եւ դիմակաւոր պարոններ… եւ՝ «գունաւոր յեղաշրջում»ներու խառնամբոխավարներ։ Կարճ խօսքով՝ հակա-յեղափոխական տարրերու գերակշռութեամբ, որոնք պիտի կրկնեն 2011 թուին Սուրիոյ մէջ կատարուածը, աշխատաւոր դասակարգի եւ ապակրօն դեմոկրատական տարրերու խաղաղ ու արդար պոռթկումը շեղելով իր ցանկացած ուղղութենէն, որ չի գոհանար իշխող դասակարգի դէմքերու փոփոխութեամբ, այլ կը ցանկայ փոխել թայֆէա-բուրժուական համակարգը հիմնովին։ Մինչդեռ հակա-յեղափոխական բազմագոյն տարրերու այս գերակշիռ մասնակցութեան անդրագոյն նպատակն է՝ ամէն գնով պահպանել հին համակարգը, ներկայ իշխանութենէն հեռացնելու համար հանրապետութեան նախագահն ու անոր դաշնակից Հըզպալլան, ի շահ՝ Իսրայէլի, ամերիկեան իմփերիալիզմի եւ Սուէտական Արաբիոյ գլխաւորած Արաբական Յետադիմութեան։

 

Այս հակա-յեղափոխական վարձկան զինեալներն էին, որոնք խաղաղ ցոյցերուն շարքերը մտնելով, զէնք գործածեցին եւ նենգափոխեցին բանուորա-դեմոկրատական սկզբնական ցոյցերուն բնոյթը Սուրիոյ մէջ։ Իսկ Լիբանանի մէջ՝ հակա-յեղափոխական եւ արիւնարբու միլիառատէր «յառաջդիմական-սոցիալիստ» աւատատէրը՝ իրեն ենթակայ բանակային սպայի մը հրահանգեց սպաննել տիւրզի եւ իր կուսակցութեան անդամ տարաբախտ Աալա Ապու Ֆախրը… (կը գրէ «Ալ-Ախպար» օրաթերթը), որպէսզի խաղաղ պոռթկումը վերածուի «քաղաքացիական» պատերազմի, եւ ասոր համար ցուցարարներուն պարտադրեց տարաբախտը հռչակել «Յեղափոխութեան նահատակը»։

 

Որպէսզի կարելի ըլլայ աշխատաւորա-դեմոկրատական տարրերու ունեցած ցանկութիւնը իրականացնել, անհրաժեշտ է՝ Յեղափոխութիւն, որուն պահանջած նախապայմանները ներկայի՛ս կը բացակային այս աննախընթաց պոռթկումին մէջ։ Միակ դրական երեւոյթը՝ բոլորին պարզած լիբանանեան դրօշն է, որ հասարակաց հայրենիք, միաւորուած ժողովուրդ եւ մէկ՝ կեդրոնական պետութեան խորհրդանիշն է։

Որո՞նք են այդ նախապայմանները։

 

1 –     Շարժումը պէտք է ունենայ առաջնորդող գլուխ, կեդրոնական եւ մէկ ղեկավարութիւն, ոչ անպայման անհատ, այլ՝ ղեկավար մարմին։

2 –     Շարժումը պէտք է իր պահանջները յստակօրէն բանաձեւէ միասնական Ծրագիրի մը մէջ, ոչ թէ ընդհանուր սկզբունքներով, այլ՝ շօշափելի առաջադրանքներով։ (Փաշինեանի «թաւշեայ» յեղաշրջումը յեղափոխութիւն չէր՝ նաեւ այն պատճառով, որ չհրապարակեց իր յստակ ծրագիրն ու շօշափելի առաջադրանքները…)։

 

3 –     Իր շարքերէն պէտք է հեռացնէ հակա-յեղափոխական ամէն գոյնի տարրերը, լրտեսները, գործակալներն ու խառնամբոխային արկածախնդիրները, եւ՝ պատեհապաշտներն ու վարձկան, խռովարար եւ ահաբեկիչ անիշխանականները, եւ մասնաւորաբար՝ Ոչ-Կառավարական կազմակերպութիւնները (NGO, OGN), որոնք ֆինանսաւորուած եւ մարզուած են ամերիկեան իմփերիալիզմին կողմէ, եւ… տեղւոյն վրայ կը ղեկավարուին Պէյրութի ԱՄՆ-ի դեսպանատան զինուորական կցորդներուն կողմէ՝ դեսպանատունէն դուրս հաստատած իր «գործողութեանց սենեակ»էն…։

 

4 –     Պէտք է ունենայ երկարաշունչ համբերատարութիւն, չդիմէ շտապողական քայլերու (արկածախնդրական, պատեհապաշտական կամ անիշխանական), եւ ի հարկին՝ իր Շարժումը երկարաձգէ յաջորդական ալիքներու, որպէսզի միաժամանակ՝ լսարաններով, հաւաքներով ու զրոյցներով եւ թռուցիկներով բարձրացնէ Շարժումին մասնակիցներու գիտակցութեան մակարդակը, խորացնէ անոնց համոզումները, զօրացնէ անոնց հաւատքը՝ իրենց հետապնդած առաջադրանքին պատմական անհրաժեշտութեան, եւ ուրեմն նաեւ՝ յաղթանակին անխուսափելիութեան հանդէպ։

 

5 –     Պէտք է ջանադիր ըլլայ զօրաշարժի ենթարկելու՝ հին համակարգէն անխտիր բոլոր դժգոհ եւ նոր առաջադրանքներով բոլոր իրապէս շահագրգռուած կարգապահ տարրերը՝ ամենալայն ճակատի մը մէջ։

 

6 –     Եւ այս լայն ճակատին մէջ կիրառելու՝ դեմոկրատական կեդրոնացումի եւ հաւաքական ղեկավարութեան սկզբունքները, միաժամանակ յարգելով քննադատութեան իրաւունքն ու ինքնաքննադատութեան պարտաւորութիւնը, վարէն՝ վեր, եւ վերէն՝ վար…։

 

7 –     Եւ այս բոլոր նախապայմանները ստեղծելու համար, անհրաժեշտ է նաեւ՝ որ Շարժումին յեղափոխականացումը վստահուի այնպիսի ղեկավար մարմնի մը, որ իրապէս կը ներկայացնէ յառաջապահ ջոկատը, որ միա՛յն յեղափոխական կուսակցութիւն մը կրնայ ըլլալ, որովհետեւ յեղափոխութիւնը պետական յեղաշրջում չէ, զոր կարելի է դաւադիր խմբակի մը կողմէ…։

 

• • •

Յեղափոխութիւնը եթէ իրականանայ, եւ առաջին հերթին վերացուի բազմահամայնքային համակարգը, եւ հաստատուի ապակրօն համակարգ, այս յեղափոխութիւնը կը վնասէ՞, թէ՞՝ կը նպաստէ լիբանանահայութեան ազգային շահերուն, որոնց գերագոյնն է հայապահպանումը՝ Հայ Հողային Դատի հետապնդումին նպատակով։

 

Նախ՝ այդպիսի փոփոխութիւն մը, լիբանանահայութեան կու տայ աւելի նպաստաւոր կարգավիճակ մը, քան՝ ներկայի կրօնական (յարանուանական) կարգավիճակը, որ աննպաստ է թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ճակատներու վրայ։ Ներքին ճակատի վրայ, լիբանանահայութիւնը երեքի կը բաժնէ… իսկ արտաքին ճակատի վրայ՝ մեզ որպէս ազգութիւն չի ճանչնար, ինչ որ կը կաշկանդէ մեր ազատութիւնը՝ ազգային շահեր հետապնդելու իրաւունքը…։ Օսմանեան օրէնսդրութեան էրմէնի միլլէթի-ի կարգավիճակը կը ճանչնար մեր ազգութիւնը, որ կ՚ընդգրկէր՝ Առաքելականը, Կաթողիկէն եւ Աւետարանականը, բոլորը միասին իբր մէկ ամբողջութիւն, իբր ազգային փոքրամասնութիւն, որ աւելի նպաստաւոր էր մեզի համար քան Լիբանանի մեզի տուած ճանաչումը իբր կրօնական (եւ այդ ալ՝ յարանուանական) համայնք։

 

Հետեւաբար, Լիբանանի ապակրօն համակարգին մէջ, մենք պիտի վերաշահինք մեր ազգային փոքրամասնութեան կարգավիճակը, պահպանելով հանդերձ ներկայի իրաւունքները՝ պաշտամունքային, երեսփոխանական, կրթական, մամուլի ազատութեան եւ անձնական իրաւանց բոլոր մարզերուն մէջ, յաւելեալ շահելով՝ ազգային փոքրամասնութեան կարգավիճակին ալ տուած իրաւունքները։

 

Հոս հարկ է յիշեցնել, որ անցեալ դարու 50-ականներուն, քրիստոնեայ (ոչ՝ իսլամ) թայֆէական Փաղանգաւորներու կուսակցութիւնը, Շթորայի Մասապքի պանդոկին մէջ կայացած իր համագումարին, որոշեց պետութենէն պահանջել հայկական երեք կուսակցութիւններուն լուծարումը, որոնք թայֆէական չէին, այլ՝ քաղաքական, որպէս՝ ոչ լիբանանեան, արտատարածական (extra territorial) կուսակցութիւններ, եւ փակումը՝ անոնց ենթակայ բոլոր կրթական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական եւ մամուլի հաստատութիւններուն։ Ապակրօնական համակարգին մէջ, նման պահանջ մը չի համարձակիր ներկայացնել ոչ մէկ կուսակցութիւն…։ (Տողերուս հեղինակը, որ իր փաստաբանական եռամեայ սթաժը կատարեց փաղանգաւորական ղեկավարի մը՝ Մեթր Անթուան Ժազզարի գրասենեակին մէջ, առիթը ունեցած է անձամբ ծանօթանալու այս կուսակցութեան Շթորայի (Մասապքի պանդոկ) մէջ կայացած համագումարի գաղտնի որոշումներուն…)։

 

Հարկ է նաեւ յիշեցնել, որ Սուրիոյ, Իրանի եւ Կիպրոսի համակարգերուն մէջ, որոնք բազմահամայնքային չեն… ընդունուած են՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անձնական իրաւանց կրօնական դատարանները։ Եւ՝ այս երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ հայ ազգային փոքրամասնութիւնները ներկայացուցիչներ ունին (Իրանն անգամ, որ ներկայիս իսլամական պետութիւն է, կը ճանչնայ այս իրաւունքները)։

 

Տակաւին, աշխարհի բոլոր ապակրօն երկիրներուն մէջ, հայ քաղաքացիները կրնան ազատօրէն տիրանալ ամէն պետական պաշտօնի, եթէ՝ ունին պահանջուած ատակութիւնը։ Իսկ Լիբանանի այս հակադեմոկրատական համակարգին մէջ՝ չունին այս ազատութիւնը…։

 

Լիբանանի այս թայֆէական ֆաշական համակարգը՝ աշխարհի ամէնէն յետամնաց ու յետադիմական համակարգն է. կիսա-աւատատիրական ու վայրի կապիտալիստական համակարգը, որուն մէջ լուսանցքայնացուած են երկու ապաթայֆէական միակ ժողովրդահայրենասիրական կոմունիստ եւ ղովմի սուրի կուսակցութիւնները։ Հոս՝ յեղափոխութիւնը պատմական անհրաժեշտութիւն է։ (Տողերս գրողը՝ «Լիբանանեան նացիզմ» եւ «Լիբանանեան ֆաշիզմ» վերնագրերով յօդուածներ կարդացած է՝ կարգով, թէ՛ «Ալ-Տիար» եւ թէ՛ «Ալ-Ախպար» օրաթերթերուն մէջ… ինք չէ եղած ասոնց առաջին հեղինակը…)։

 

Տակաւին, ապակրօն Լիբանանը՝ եթէ յեղափոխութեամբ ազատագրուի նաեւ՝ վայրի կապիտալիստական նոր-գաղութարարութենէն, պիտի ազատագրուի Արեւմուտքի իմփերիալիզմէն ու անոր ծառայող Արաբական Ծոցի արաբական նաֆթը բռնազաւթած թագաւորներէն եւ էմիրներէն, եւ պիտի բնականօրէն մերձենայ՝ նախ եւ առաջ, Սուրիոյ, եւ ապա՝ Արաբական Արեւելքի երկիրներուն, որոնք անբաժանելի մէկ մասն են հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանեայց Եկեղեցին, որպէս այս տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդներու ամենահիներէն մին, որուն բնական ճակատագրակիցներն ու դաշնակիցներն են անոնք՝ Արեւմուտքի, Սիոնիզմի եւ Փանթուրքիզմի սպառնալիքներուն դէմ։ Եւ ուրեմն, այս երկիրներու ժողովուրդները աւելի լաւ կ՚ըմբռնեն մեր հողային դատին արդարացիութիւնը։ Հետեւաբար, անոնք կը զօրակցին մեր դատին, առնուազն՝ Կիլիկիոյ ազատագրութեան դատին։ Եւ արդէն, Արեւմտեան Հայաստանի իրաւականօրէն շարունակուող պետութեան վարչապետին նախաձեռնութեամբ, կազմուեցաւ Կիլիկիոյ Ազգային Խորհուրդի կորիզ մը, մասնակցութեամբը Կիլիկիոյ արաբ, ասորի եւ քաղդէացի կազմակերպութիւններուն, մասնաւորաբար՝ Ղովմի Սուրի կուսակցութեան, որոնք 2018 թուի Հոկտեմբեր 30-ին հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը այս մասին, որուն արձագանգեցին կարգ մը արաբական կայքէջեր։

 

Մեր բնօրրանն ու ապագան Արեւելքի մէջ է։ Արեւելքը յառաջընթացի մէջ է։ Նոր բազմաբեւեռ աշխարհակարգի լոքոմոթիվը BRICS-ն է, որուն առաջնորդներն են՝ Ռուսաստան, Չինաստան եւ Հնդկաստան։ Իսկ Արեւմուտքը նահանջի մէջ է։ Եւ՝ Եւրոպան պիտի համարկուի Եւրասիոյ հետ, որ սիրտը Ռուսաստանն է, միտքը՝ Չինաստանը, իսկ հոգին՝ Մայր Հնդկաստանը։

 

Այս համալիբանանեան, վերթայֆէական (թայֆաները անդրանցնող) պոռթկումը՝ ցարդ մնաց խառնամբոխային տրամադրութեան մը մէջ, որ կը մօտենայ հիսթերիայի, որուն նմանը մենք տեսանք Երեւանի Լենինի հրապարակին վրայ, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ՀՀՇ-ական ամբոխավարութեամբ՝ 1990-1991 թուականներուն։ Այս հիսթերիան կ՚արտայայտուի այն երկու անորոշ ու մեքենական, թութակային վանկարկումով՝ գաղափարական պարապ մը լեցնելու հարկադրանքով անդադար կրկնուած ու կրկնուած լոզունգները, որոնք կ՚ըսեն. «Սաո՛ւրա՜, սաո՛ւրա՜, սաո՛ւրա՜…» (յեղափոխութիւն – Խմբ.) եւ «Քուլլոն՝ եաանի քուլլուն…»։ Այս լոզունգները զուրկ են շօշափելի ճշդորոշ իմաստէ, եւ ուրեմն՝ յեղափոխական գաղափարախօսութենէ…։

 

Սակայն կայ ազդանշանը Կոմկուսի մասնակցութեան, որ իբրեւ յեղափոխական ապակրօն կուսակցութիւն եւ աշխատաւոր զանգուածներու յառաջապահ ջոկատ, կրնայ պոռթկումը վերածել նախ՝ անցումային Ծրագիր մը ունեցող ըմբոստութեան, մօտաւոր անմիջական առաջադրանքներով՝ քաղաքական դեմոկրատական փոփոխութիւններու։ Եթէ յաջողի՝ այս անցումային շրջանը իրականացնելու իր քաղաքական առաջադրանքները, կարելի կ՚ըլլայ թեւակոխել ընկերային-տնտեսական դեմոկրատական փոփոխութեան առաջադրանքներու հանգրուան. այսինքն՝ յեղափոխութեան առաջին հանգրուան։ Ուրեմն, անցումային ըմբոստութեան շրջանի երկու գլխաւոր առաջադրանքներն են՝

 

Թայֆէական համակարգի վերացումը, գործադրելով՝ Սահմանադրութեան Յօդ. 95-րդի տրամադրութիւնները, եւ

Ապականութեան (ֆէսատ) հաշուեյարդարը։

Անշուշտ, խորհրդարանին կողմէ այս երկուքին պահանջած օրէնսդրութեան կատարումովը։

 

Անցումային շրջանի առաջադրանքներու իրականացումին յաջորդող առաջին յեղափոխական փուլին առաջադրանքները կրնան ունենալ ընկերային-տնտեսական դեմոկրատական փոփոխութեան առաջադրանքներ. ինչպէս՝ վերացումը օլիգարխներու, տնտեսութեան արդիւնաբերականացումը եւ ազգայնացումը, ընկերային արդարութեան հաստատումը, համընդհանուր ազգային հարստութեան արդար վերաբաշխումը եւ եկամուտներու վրայ՝ յառաջընթաց տուրքերու հաստատումը, ազատագրումը երկրի տնտեսութեան Արեւմուտքի պարտադրած նոր-գաղութարարական կախեալութենէն, եւ՝ համագործակցութիւնը Սուրիոյ, Իրանի, Ռուսաստանի, Չինաստանի եւ Արեւելքի ու Արեւմուտքի ոչ-իմփերիալիստական երկիրներուն հետ (անոնց հետ, որոնք վերջին տասնամեակին  պատրաստակամութիւն յայտնած են օգնելու Լիբանանի ազգային տնտեսութեան եւ պաշտպանութեան)։

 

Այս ազգային-դեմոկրատական փոփոխութիւններուն իրականացումին կրնայ յաջորդել՝ հասարակարգային արմատական փոփոխութեան (իրաւ յեղափոխութեան) հանգրուանը. Տակաւին՝ ոչ մօտիկ ապագային։

 

Ներկայիս, երկրին մէջ անիշխանութիւն, անկայունութիւն ստեղծելու եւ պոռթկումը ներ-լիբանանեան պատերազմի արիւնալի բախումներու հասցնելու համար արտաքին սադրանքներուն դէմ երկիրը պահպանող երկու ուժերն են՝ լիբանանեան բանակին միասնութիւնն ու Հըզպալլան, որ գլխաւոր թիրախն է այդ սադրանքներուն, եւ որ փաստած է իր կարողութիւնը հակակշռելու՝ նոյնիսկ Իսրայէլի նախայարձակում մը, որ ինքնին արդէն բաւարար է հակակշռելու նաեւ այս սադրանքները։

 

ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

18 Նոյեմբեր 2019

 


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ