Կիրակի, Նոյեմբեր 3, 2024

Շաբաթաթերթ

Գոհաբանութեան տօնին առիթով. ՀԲԸՄ «Հայ Կին»-ի եւս մէկ բարեգործական ձեռնարկ՝ ի նպաստ հայրենիքի կանանց

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. Հայաստանի մէջ յղի կիներուն օգնութեան եւ զարգացման կեդրոններու բարգաւաճման նպատակով կատարուեցաւ եւս մէկ ձեռնարկ, այս անգամ Գոհաբանութեան տօնին առիթով։ Լոս Անճըլըսի մէջ հայ կնոջ դերը գնահատող եւ պաշտպանող ՀԲԸՄ «Հայ Կին» միաւորումին կազմակերպութեամբ, հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Փասատինայի ՀԲԸՄ-ի կեդրոնի «Պոյաճեան» սրահէն ներս՝ Շաբաթ, 23 Նոյեմբեր 2019-ին։

 

Կազմակերպիչ մարմինին անունով Վանիա Վարձպետեան Կորտեան բացման խօսքը արտասանելով, նախ բարիգալուստ մաղթեց ներկաներուն, որոնք միշտ քաջալերած են «Հայ Կին»-ի ծրագիրները իրենց ներկայութեամբ,  նիւթապէս ու բարոյապէս աջակցելով հայրենիքի մէջ մեր քոյրերուն եւ մայրերուն զանազան կարիքներուն։ Առ այդ, «Պատուոյ վկայագիրներ» շնորհուեցան Շաքէ Եկաւեանին եւ Ժանէթ Գէորգեանին, իրենց երկարամեայ նուիրումին եւ աջակցութեան համար։ «Պատուոյ վկայագիրներ» շնորհուեցան նաեւ ՀԲԸՄ «Հայ Կին» հեռուստածրագրի երկու խօսնակներուն՝ Մերի Մուրատեանին եւ Լուսինէ Նալպանտեանին, որոնք նոյնպէս իրենց ազնիւ եւ անձնուէր մասնակցութիւնը բերած են եւ այդ ծրագիրը յաջողցնելու համար։

 

Ապա, խօսք առաւ ՀԲԸՄ-ի Վ. եւ Թ. Մանուկեան վարժարանի Հայերէնի բաժանմունքի վարիչ Օրդ. Լորա Գույումճեան, որպէս օրուան գլխաւոր բանախօս։ Անոր խօսքը հետաքրքրական էր, տեղեկութիւններով հարուստ։ Ամերիկեան թէ համաշխարհային պատմական, կրօնական, հայկական եւ անձնական օրինակներով, ան ներկայացուց Գոհաբանութեան տօնին ծագումը, իմաստն ու բնոյթը։

 

Գոհաբանութեան տօնը ամերիկեան ըլլալով հանդերձ, Ամերիկայի սահմաններէն դուրս եկած է ու նշուած է նաեւ այլ երկիրներու մէջ։ Գաղափարը նոյնն է։ Ընկալեալ սովորութեան համաձայն, տարին մէկ անգամ իրարու հետ հաւաքուելով կը տօնուի ու Աստուծոյ շնորհակալութեան, երախտագիտութեան եւ գոհունակութեան զգացումներու բնոյթ կը կրէ։ Սակայն, Աստուծոյ շնորհակալ ըլլալը եւ իրեն գոհաբանութիւն յայտնելու սովորութիւնը շատ աւելի հին է Ամերիկայի պատմութենէն։ Աստուծոյ գոհաբանութիւնը սկիզբ առած է Հայր Աբրահամի օրերէն,  հասնելով մինչեւ Յիսուսի առաջին պատարագը, «Վերջին ընթրիքը», որուն հետեւած են բոլոր քրիստոնեաները եւ եկեղեցիները, յատկապէս Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ պատարագը, որ գոհաբանութեան պատարագ կը սեպուի. «Գոհաբանութիւն Աստուծոյ որ իր միակ որդին զոհեց աշխարհի փրկութեան համար»։ Ամէն անգամ «Փառք Աստուծոյ» բարձրաձայնելով, իւրաքանչիւրս Աստուծոյ գոհաբանութիւն եւ երախտապարտութիւն յայտնած կ՚ըլլանք, որպէսզի անոր օրհնութեան արժանի դառնանք, ըսաւ Օրդ. Գույումճեան։

 

Այնուհետեւ, խօսք առաւ ՀԲԸՄ «Հայ Կին» միաւորումի ատենապետուհին՝ Տիկ. Սոնա Եագուպեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց ծրագիրին նպատակը, նախորդ տարուան իրագործուած աշխատանքներն ու կեդրոններուն ընթացքը: Կ՚արժէ նշել, թէ շուտով պիտի բացուի վեցերորդ կեդրոն մը Արցախի մէջ։ Ան կարեւոր համարեց այս նախաձեռնութիւնները, որոնք առողջ եւ ուրախ հայ կնոջ ապագան կերտելով, խրախուսելով եւ յաջողութիւններու դուռ բանալով, կը վերաորակաւորեն ամբողջ ընտանիք մը, գաղութ մը եւ հետեւաբար երկիր մը՝ առողջ հայ ընտանիքներով։

 

Հանդիսութիւն-ճաշին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Լոս Անճելըսի հայ համայնքէն սիրուած երգչուհի Տիկ. Արփի Այնթապլեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Տիկ. Սիւզի Պաղտոյեանի. իսկ զուգերգով մը իրենց միացաւ Տիկ. Սիւզի Մազմանեան։ Անոնք ներկայացուցին սիրուած ժողովրդական եւ էսդրատային երգեր՝ նուիրուած հայրենիքին եւ մարդկութեան։ Ձեռնադաշնակի վրայ (աքորտէոն), ելոյթ ունեցաւ երկու անգամ «Կրամի» մրցանակակիր իտալացի արուեստագէտ Նիք Արիոնտոն, նուագելով փունջ մը համշխարհային եւ հայ երաժշտութեան հանրածանօթ ու սիրուած կտորներ։

 

Գոհաբանութիւն եւ փա՛ռք Աստուծոյ, որ մեզ օժտած է ուրիշին ցաւը եւ վիճակը հասկնալու կարողութեամբ։ Բարեգործութիւնն ու ուրիշին օգնելու կամեցողութիւնը՝ պարզապէս Աստուծոյ հանդէպ շնորհակալութիւն յայտնելու առիթներ են, որոնք ցոյց կու տան, թէ աշխարհի մէջ բարիքը կը տիրէ, հակառակ անոր, որ երբեմն հանգամանքները յուսախաբութիւն կը պատճառեն։ Սակայն միւս կողմէ, ինքնաբերաբար մեր շնորհակալ սիրտերէն կը բխի մարդկութեան յոյս տալու հրաշագործ ուժն ու միջամտութիւնը՝ Աշխարհի բարելաւութիւնը։ Սա մեր մարդկային հրաշք բնաւորութիւնն է, որ Աստուած ստեղծած է։

 

ՍԵՒԱՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ