Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

«Աստուածաշունչի յանձնառութիւնը՝ վերագտնել հաւատք, յոյս եւ անձը» գիրքի ներկայացում-քննարկում

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երեքշաբթի, 19 Նոյեմբերին՝ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, եւ իրենց կեդրոնատեղիին մէջ՝ Ժընեւ, Զուիցերիա, տեղի ունեցաւ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի անգլերէն լեզուով Աստուածաբանական-Աստուածաշնչական գիրքի՝ «Աստուածաշունչի յանձնառութիւնը՝ Վերագտնել հաւատք, յոյս եւ անձը» գիրքի ներկայացում-քննարկումը։ Դոկտ. Ճէպէճեանի այս հատորը՝ Յունիս 2019-ին Աթէնքի մէջ կայացած Աստուածաշունչի Միացեալ ընկերակցութիւններու միջազգային մէկ համագումարին արժանացած է լաւագոյն մրցանակի՝ մեկնելով նոյն ընկերակցութեան աշխատանքային ծրագիրներու համար հաստատուած նպատակակէտերէ։

 

Ձեռնարկի բացումը կատարեց Պր. Փիթըր Փրով՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Միջազգային կապերու վարիչ-տնօրէնը։ Ան ներկայացուց Դոկտ. Ճէպէճեանի կենսագրութիւնը եւ գործունէութիւնը՝ընդգծելով անոր միջ-եկեղեցական կեանքի մէջ ունեցած բազմաթիւ ծառայութիւնները եւ ի մասնաւորի անոր Աստուածաշունչի առաքելութեան մէջ իր տածած տարիներու գործունէութիւնը Աստուածաշունչի Ընկերութիւններու մէջէն։

 

Դոկտ. Ճէպէճեան ապա ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնը՝ սկսելով Արաբական Ծոցի տարածաշրջանի աշխարհագրական, ընկերային եւ տնտեսական իւրայատկութիւններէն եւ ընդգծելով թէ շրջանը տարբեր հաւաքականութիւններ համախմբող երկիրներ են, ուր աւելի քան հարիւր յիսուն  ազգութիւններ կ՚ապրին։ Ան խօսեցաւ նաեւ մեծ թիւով բանուորներու ներկայութեան մասին այս տարածաշրջանի մէջ, անդրադառնալով արդար կեանքի ու աշխատանքի իրավիճակներուն այդ երկիրներուն մէջ։

 

Դոկտ. Ճէպէճեան ապա ներկայացուց Քրիստոնէական եկեղեցիներու պատմական հոլովոյթը՝ սկսելով 4-րդ դարէն, ուր եկեղեցիներ կը գործէին եւ տարածաշրջանը բոլոր Քրիստոնեայ եղած էր եւ մինչեւ Իսլամութեան տիրապետութիւնը։ Ան խօսեցաւ նաեւ ներկայ օրերու Քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայութեան եւ կազմութեան մասին։

 

Դոկտ. Ճէպէճեան ապա անդրադարձաւ գիրքին Աստուածաբանական-Աստուածաշնչական պարունակութեան, թէ ինչպէս հաւաքականութիւններ Աստուածաշունչի պատգամը կը կարդան իրենց մայրենի լեզուով, եւ թէ ի՞նչ տեսակի նշանակութիւն եւ իմաստ կը ստանան ու տակաւին կրնան այդ բոլորը կիրարկել իրենց կեանքին մէջ։

 

Տիկ Գարլա  Խիճոյեան՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Միջին Արեւելքի բաժանմունքի վարիչ-համադրողը, կատարեց եզրափակիչ վերլուծում-համադրումը եւ առիթ տուաւ ներկաներուն, որպէսզի իրենց հարցումները ներկայացնեն։ Տեղի ունեցաւ քննարկում եւ խորհրդածութիւն գիրքի բովանդակութեան՝ բայց նաեւ տարածաշրջանին ընկերա-քաղաքական ու յատկապէս Քրիստոնէական իրավիճակներուն մասին։ Ձեռնարկին ներկայ էին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի տարբեր բաժանմունքներու պատասխանատու վարիչներ, հիւրեր։

 

Տեղի ունեցաւ գիրքի մակագրում եւ հիւրասիրութիւն։

Դոկտ. Հրայր Ճէպճէեան Ընդհանուր քարտուղարն է Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւններու։

 

Յապաւումներով

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ