ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լիբանան
Որոշ յապաւումներով, կը ներկայացնենք Լիբանանի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Մամլոյ եւ տեղեկատուութեանց գրասենեակի հաղորդագրութիւնը, շնորհաւորելով ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի շրջանակին աւանդութիւն դարձած օրինակելի այս ժողովին կայացումը։
ՆՈՐ ՕՐ
Հակառակ երկիրը հարուածող քաղաքական, տնտեսական-ընկերային փոթորիկին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ, Կիրակի, 8 Դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան, ՀԵԸ-ի 38 վարչութիւններ ներկայացնող աւելի քան երկու հարիւր յիսուն վարչականներու մասնակցութեամբ, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի տարեկան վարչական ընդհանուր ժողովը:
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, դիտել տալով, որ Լիբանանի զարգացումները անհաճոյ անակնկալներու եւ ստիպողութիւններու առջեւ դրած են ժողովուրդին բոլոր խաւերը: Այսուհանդերձ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ընտանիքը յանձնառու կը մնայ իր ազգային պարտաւորութիւններուն եւ հաւաքական աշխատանքով պիտի յաղթահարէ լիբանանահայութեան առջեւ ցցուող այս նոր մարտահրաւէրը: Այս առիթով, ան ընդգծեց, թէ ժողովին առանցքային օրակարգերէն մէկը պիտի ըլլայ երկրին դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւնները եւ լիբանանահայութեան օժանդակելու կարելիութիւնները:
Վիգէն Չերչեան շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովին եւ անոր ատենապետ տիար Ժերար Թիւֆենքճեանին։
Ժողովը յատուկ յուշանուէրով պատուեց աշխատանքի բերումով Մ. Նահանգներ մեկնող Մայտա Քիւրեճեանը:
ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի 38 վարչութիւններ հերթաբար ներկայացուցին անցնող տարուան իրենց գործունէութեան տեղեկագիրը։ Վարչական ժողովի երկրորդ բաժինով, քննարկուեցան մասնաճիւղերուն յառաջիկայ տարուան ծրագիրները։