Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայագիտութիւնը Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան հռչակումէն ետք պէտք չէ՛ ըլլայ ա՛յն՝ ինչ որ էր անկէ առաջ. ԴՈԿՏ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.

 

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի «Հայկազեան հայագիտական հանդէսի» 39-րդ հատորին շնորհանդէսը Նոյեմբեր 13-ին։ Ստորեւ, հանդէսին պատասխանատու խմբագիր Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի խօսքը, արտասանուած այդ առիթով։

 

Սիրելիներ,

Թերեւս ոմանք խօսքս ոչ-աւանդական տեսնեն: Պիտի խնդրեմ որ չխրտչինք, այլ մտածենք: Հաւանաբար, ցորենի հատիկի չափ տրամաբանութիւն մը գտնենք մէջը:

 

Հայաստանի Գ. հանրապետութեան ծնունդէն անցած է 30 տարի:

 

Ինծի կը թուի սակայն, թէ 30 տարուան փոփոխութեան չենք ենթարկուած մենք:

 

30 տարի առաջ յառաջացած հայ նոր իրականութիւնը տակաւին լիարժէք ընկղմածչէ մեր մտադրոյթին մէջ: 30 տարիներու ծանրութեամբ չէ փոխուած մեր ընթացքը, կենցաղը, աշխարհընկալումը եւն.:

 

Ակնկալելի էր, որ Գ. հանրապետութիւնը ըլլայ այն քաթալիզաթորը որ մեզ վերափոխէ:

 

«Մեզ» ըսելով նկատի ունիմ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ թէ՛ Սփիւռքը իր ամբողջ հայկականութեամբ եւ առնչութիւններով:

 

Երրորդ հանրապետութեան ծնունդի երկրաշարժը կարծէք թէ տակաւին պէտք եղած տեղաշարժը չէ յառաջացուցած հայոց տիեզերքին մէջ:

 

Ընդհանուր վերափոխման այս գործընթացէն զերծ չի կրնար մնալ Հայագիտութիւնը: Ինծի կը թուի թէ այսօր մենք տակաւին մեր երէկին մասին աւելի կը գրենք, քան՝ այսօրին մասին:

 

Այսինքն, Հայաստանի Գ. հանրապետութեան երեսնամեայ կենսագործունէութեան մասին տարեկան գիտահետազօտական աւելի քիչ յօդուած լոյս կը տեսնէ քան՝ զայն նախորդող շրջանին մասին: Ասիկա կը կարծեմ որ լուրջ վերատեսութեան կարիք ունի:

 

Հայագիտութիւնը Գ. հանրապետութեան հռչակումէն ետք պէտք չէ՛ ըլլայ ա՛յն՝ ինչ որ էր անկէ առաջ: Չէ՞ որ հայագիտութիւնը Խորհրդային Հայաստանի յառաջացումէն առաջ այնպէս չէ՛ր ինչպէս եղաւ անկէ ետք:

 

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի խմբագրակազմը շուրջ երկու տասնամեակ առաջ արդէն յայտարարած էր թէ հայագիտութիւնը կը դաւանի աւանդականէն աւելի լայն ըմբռնումով: Այսինքն հայագիտութեան սահմաններուն մէջ կը տեսնէինք որեւէ հայկական հաւաքականութեան մասին հոգեբանական, տնտեսական, ընկերային, կրթական, քաղաքական, գիտական, բժշկական, եւ հասարակագիտական այլեւայլ բնոյթի գիտական ուսումնասիրութիւն:

 

Սակայն, չբաւարարուելով այսքանով, խմբագրակազմս կատարեց մէկ կարեւոր քայլ եւս. մենք սկսանք շեշտաւորել «այժմէական հայագիտութիւն» հասկացութիւնը, ընդգծելով հայագիտութիւնը մերօրեայ կեանքին, հայկական այժմէական խնդիրներուն կապելու էականութիւնը:

 

Արդ, Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի 39-րդ հատորի այս շնորհանդէսին եւ Հանդէսի 50-ամեակի ու 40-րդ հատորին նախաշեմին, կը փափաքիմ յայտնել, որ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը յատուկ ճիգ պիտի ընէ ընդգրկելու Հայաստանի հանրապետութեան վերջին երեսուն տարիներու կենսագործունէութեան վերաբերող ուսումնասիրութիւններ: Յիրաւի, ժամանակն է որ գրուի Հայաստանի Գ. հանրապետութեան կուսակցական կեանքին, խորհրդարանական բազմաթիւ ընտրութիւններուն եւ խմբակցութիւններուն, պետական պիւտճէին, պետական ընկերային թէ արտաքին քաղաքականութեան, կրթական համակարգին, տնտեսութեան, արդիւնաբերութեան եւ շատ ուրիշ ոլորտներուն մասին: Համոզուած եմ, որ նման ճիգը կ’օգնէ որ մենք զմեզ աւելի շուտ սկսինք զգալ իբրեւ պետականատէր ազգ եւ ըստ այնմ վարուինք ու ապրինք:

 

Սխալ չհասկցուինք: Հանդէսը պիտի շարունակէ տեղ տալ հայագիտութեան աւանդական թէ այլ բնագաւառներուն, սփիւռքագիտութեան, առաւել ուշք դարձնելով այդ նիւթերուն արխիւային երեսակի այժմէական խնդրականութեամբ հարցադրումներուն: Հանդէսը պիտի շարունակէ քաջալերել եւ սատարել երիտասարդ հետազօտողները:

 

Հասկնալի է, որ այս բարեփոխութիւնը կարելի պիտի չըլլայ իրականացնել միանգամայն: Սակայն, Հանդէսը, մանաւանդ որ ան կը գիտակցի թէ ըլլալով Սփիւռքի մէջ հրատարակուող միակ հայալեզու տարեգիրքը, չունի պերճանքը իրապէս դժուարին պայմաններով իրեն տրամադրուած հնարաւորութիւնները ըստ հաճոյս գործածելու, այլ պէտք է ձգտի ռազմավարական ելակէտերու, քննական մօտեցումի, առաւելագոյն օգտաշատութեան եւ երկարատեւ արդիւնաբերութեան չափորոշիչներով օգտագործման դնել իր սուղ հնարաւորութիւնները:

 

Այժմէական հայագիտութիւնը պիտի մղէ հայագիտական ընթերցողը որ մտածէ ու գործէ այժմէական մտասեւեռումով եւ պետականատէր ազգի տեսլականով:

Սիրելիներ, օգնեցէք մեզի:

Երեւան


 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ