Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

«Հայկազեան հայագիտական հանդէսի» ԼԹ. (39-րդ) հատորի շնորհանդէսը Երեւանի մէջ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.

 

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԼԹ. հատորի շնորհանդէսը Երեւանի մէջ, տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2019-ին Հայաստանի հանրապետութեան Ազգային գրադարանի դահլիճին մէջ, ներկայութեամբ Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի, Ազգային գրադարանի տնօրէն Դոկտ. Հրաչեայ Սարիբէկեանի, Հանդէսի պատասխանատու խմբագիր Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի, Ազգային գրադարանի պաշտօնատարներու, Պէյրութէն ժամանած հիւրերու, բարեկամներու, եւ աւելի քան յիսուն հետազօտող հայագէտներու, Հայագիտական հանդէսի հին եւ նոր աշխատակիցներու:

 

Շնորհանդէսին բացումը կատարեց Ազգային գրադարանինօրէն Դոկտ. Սարիբէկեան, որ իր բարիգալուստի խօսքին մէջ կարեւորեց Հայկազեան Համալսարանի հետ գործակցութեան խորացումը, յարատեւումը եւ մաղթեց գործակցութեան նոր ծրագիրերու մշակումը:

 

Իր խօսքի աւարտին, Դոկտ. Սարիբէկեան եւ Վեր. Դոկտ. Հայտոսթեան ստորագրեցին գործակցութեան յուշագիր՝ Հայկազեան Համալսարանի եւ Ազգային Գրադարանին միջեւ:

 

Ապա խօսք առաւ Դոկտ. Տագէսեան (խօսքը տեսնել առանձին)։

 

 

Իր խօսքին մէջ,  Վեր. Հայտոսթեան հարցադրեց թէ «ինչպիսի միտք, գիտութիւն, լեզու, գրառում, տեղեկութիւն պիտի ուզէինք որ ապագայի ուսումնասիրողները ստացած ըլլային մեզմէ, կամ մեզմէ փոխանցուած ըլլար իրենց: Կայքէջերը եւ պլոկները այսօր կը կատարեն որոշ դերեր եւ կան դրական արդիւնքներ: Սակայն հոն որակի վերահսկումի խնդիրներ կան: Իսկ հայագիտական աւանդական հանդէսները, ակադեմական հիմք ունեցող պարբերականները տակաւին վստահութիւն կը ներշնչեն»: Ան կոչ ուղղեց առաւել աչալրջութեան:

 

Հանդէսի Երեւանի ներկայացուցիչ Դոկտ. Արծուի Բախչինեան ներկայացնելով հատորը համառօտակի անդրադարձաւ Հանդէսի 920 էջերուն մէջ տեղ գտած շուրջ 50 յօդուածներու բովանդակութեան:

 

Նշուեցաւ նաեւ որ այս հատորին աշխատակցած են հայ եւ այլազգի շուրջ 50 հայագէտներ Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներէն, Եւրոպայէն, Միջին Արեւելքէն, Հայաստանի հանրապետութենէն: Աշխատակիցներուն կրտսերագոյնը (համահեղինակ) ծնած է 1999-ին, իսկ երիցագոյնը՝ 1939ին:

 

Շնորհանդէսի աւարտին աշխատակիցները ստացան իրենց առանձնատիպերն ու Հանդէսէն օրինակներ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ