ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անցեալ Հինգշաբթի օր, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւը միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ։
Արդարեւ, ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտէզի (Տեմոքրաթ, Նիւ Ճըրզի) եւ Թետ Քրուզի (Հանրապետական, Թեքսաս) հեղինակած բանաձեւին ընդունումը Ծերակոյտին՝ Սենաթին կողմէ, երկրորդ մեծ, չափազանց մեծ ձեռքբերումն էր Հայ Դատի՝ մեր անժամանցելի դատի որպէս փուլային յաղթանակ։ Յաղթանակի քաղցրութիւնը տակաւին մեր քիմքին, վրայ հասաւ թրամփեան պատնէշը։ Հիմա, երբ գնդակը Սպիտակ տան խաղադաշտին մէջ կը գտնուէր եւ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի «մակընթացութիւններուն» եւ «տեղատուութիւններուն» լոյսին տակ, կը սպասէինք Ուաշինկթընի արիութեան՝ սեւին ըսելու սեւ, եւ ճերմակին՝ ճերմակ, Երեքշաբթի օր չուշացաւ մեր յուսախաբութիւնը։ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի վարչակազմը յայտարարեց, Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915-ին պատահածը Ցեղասպանութիւն չէր, այլ՝ սպանդ։
Հայ ժողովուրդը երկար սպասեց, համբերութեամբ գործեց եւ պիտի շարունակէ իր պայքարը, որովհետեւ ան հաւատա՛ց, թէ «Գալ տարի Վանի մէջ»-ը լոկ լոզունգ մը չէ, այլ՝ հաւա՛տք է, ապրելու՝ հա՛յ ապրելու միջոց է, արտասահմանի մէջ հայը հայ պահելու ուժականութեան աղբիւր է։
Մենք գլուխ կը խոնարհինք 1965-ը կերտող հայրենի ժողովուրդին դիմաց, որոնք Խորհրդային կարգերուն տակ իսկ պահանջեցին եւ գոռացին՝ «Մեր հողե՜րը»։ Նոյնը՝ Սփիւռքահայութեան, որոնք, որպէս ապրող վկաները Ցեղասպանութեան, փիւնիկի նման վերապրեցան, արդարութիւն պահանջեցին, իրաւո՛ւնք պահանջեցին, բողոքեցին ցոյցերով ու հաւաքներով, քարոզչութիւն կատարեցին աշխարհի մեծագոյն մայրաքաղաքներուն մէջ, սերունդներ կոփեցին ու պատրաստեցին։
Մշտարթուն շարքերով շարունակե՛նք մեր պայքարը եւ ցեղասպան թուրքին պարտադրենք արեան գի՛նը մեր զոհերուն, հատուցո՛ւմը մեր նիւթական, հողային, բարոյական իրաւունքներուն։
Գլուխները բա՛րձր, բաժակները վե՛ր. պայքարը անվերջ է։ Իսկ ամերիկեան Ծերակոյտին արձանագրութիւնը՝ մնայուն յաղթանակ։