Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Վախճանման 30-րդ տարելից ՏԻՐԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՆԵՐՍՈՅԵԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԹԵՄԻՆ Հիմնադիր Ս. Ներսէս Շնորհալի Ընծայարանին

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԹԵՄԻՆ  Հիմնադիր Ս. Ներսէս Շնորհալի Ընծայարանին (1943-1954)

Տիրան Արքեպիսկոպոս Ներսոյեանի առաջնորդութեան շրջանին Ս. Վարդան Մայր Տաճարի եւ թեմի առաջնորդարանի կալուածը գնուեցաւ 1949 թուականին Նիւ Եորքի 2-րդ պողոտայի եւ 34-րդ փողոցի անկիւնը։ Աւելի ուշ, անոր կարեւոր ձեռնարկը եղաւ Ամերիկայի թեմերուն յատուկ Ս. Ներսէս Շնորհալի Աստուածաբանական ընծայարանին բացումը, որ ցարդ իր առաքելութիւնը կը շարունակէ պատիւ բերելով Սրբազան Հօր անունին եւ յիշատակին։

 

Նախընթացը

            Երեսուն տարիներ առաջ Տիրան արքեպիսկոպոս Ներսոյեան 1989 Սեպտեմբեր 1-ին կը վախճանէր Նիւ Եորքի մէջ 85 տարեկանին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, ետին ձգելով առաջնորդական, մտաւորական, եւ աստուածաբան հայ հոգեւորականի խոշոր վաստակ։ Աւազանէն Ներսէս Թաւուգճեան, որդին Այնթապի հերոսամարտի գլխաւորներէն Ներսէս Աւագ Քհնյ. Թաւուգճեանի, ծնաւ Այնթապ, 1904 թուի Օգոստոս 23-ին, եւ Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանը ընդունուեցաւ Եղիշէ Դուրեան պատրիարքի օրով եւ անկէ քահանայական ձեռնադրութիւն ստացաւ իրեն հայրենակից Նորայր վարդապետ Պօղարեանի հետ 1928 թուին ու վերակոչուեցաւ Տիրան վարդապետ Ներսոյեան։

 

            Երբ տակաւին սարկաւագ էր, Ներսէս իր մասնակցութիւնը բերաւ Մաղաքիա Օրմանեան պատրիարքի «Ազգապատում»ի Գ. հատորի հրատարակութեան աշխատանքներուն Կիւլէսէրեան Բաբգէն եպիսկոպոսի խմբագրութեան ներքեւ։ Դուրեան պատրիարքի կարգադրութեամբ երկու օծակից երիտասարդ հոգեւորականները, Նորայր եւ Տիրան, իսկոյն Անգլիա ուղարկուեցան բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար։ Վանք վերադարձին Տիրան վարդապետ «Սիոն» ամսագիրը խմբագրեց յաջորդելով Թորգոմ պատրիարք Գուշակեանին, ստանձնելով նաեւ տեսչութիւնը Ժառանգաւորաց վարժարանին, հասցնելով շարք մը արժանաւոր հոգեւորականներ։ Յետագային երկուքն ալ արքեպիսկոպոսներ, Նորայր Սրբազանը դառնալով անուանի ձեռագրագէտ, բանասէր եւ գիտնական։

 

Փարիզի եւ Լոնտոնի հոգեւոր տեսուչ

            1938 թուին Տիրան վարդապետ Ներսոյեան Թորգոմ պատրիարք Գուշակեանի արտօնութեամբ Փարիզ կը մեկնէր որպէս հոգեւոր տեսուչ տեղւոյն մայր եկեղեցւոյ, եւ յաջորդ տարին կ՚անցնէր Լոնտոն որպէս հոգեւոր հովիւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ, ուր կը ծառայէր մինչեւ 1943, «մեծ աշխատանք ծաւալելով, հրատարակութիւններ եւ դասախօսութիւններ կատարելով Արեւմուտքը ծանօթացնելու հայ ժողովուրդի պատմութեանը», դառնալով մեր ժամանակներու հայ եկեղեցւոյ դաւանութեան եւ աստուածաբանութեան գիտուն հոգեւորականներէն մին։

 

Տիրան Եպիսկոպոս Թեմակալ առաջնորդ

            1943 թուի Հոկտեմբեր 3-ի Ամերիկահայ թեմի պատգամաւորական ժողովը առաջնորդ Գարեգին արքեպիսկոպոս Յովսէփեանի Կիլիկիոյ Աթոռին կաթողիկոս ընտրութեան հետեւանքով յաջորդ թեմակալ առաջնորդ կ՚ընտրէր Տիրան վարդապետ Ներսոյեանը, որ Բ. պատերազմի պատճառով ուշ կը ժամանէր Նիւ Եորք։ Նիւ Եորքի մէջ Գարեգին արքեպիսկոպոսէն ծայրագոյն վարդապետի աստիճանները կը ստանար, եւ 1945 թուականի Ամերիկայի Արեւելեան թեմի թեմական ժողովի որոշմամբ Ս. Էջմիածին կը մեկնէր Ազգային-եկեղեցական ժողովին մասնակցելու համար, ուր նաեւ կաթողիկոսական ընտրութիւն տեղի պիտի ունենար։ Նորընտիր Տ.Տ. Գէորգ Զ. Չորեքճեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընտրութենէն եւ օծումէն ետք Տիրան վարդապետ տասը ընծայեալներու հետ միասին, գլխաւորութեամբ Երուսաղէմի պատրիարք Տ. Կիւրեղ Բ. Իսրայէլեանի, եպիսկոպոս կը ձեռնադրուէր նորընտիր Հայրապետին ձեռամբ։

 

Առաջնորդարանն ու թեմի կանոնադրութիւնը

          1944-ին Ամերիկայի Արեւելեան թեմին առաջնորդարանը կը գտնուէր Նիւ Եորքի Հինգերորդ պողոտային վրայ, եւ Արեւելեան Թեմէն ներս կը պաշտօնավարէին 15 հոգեւորականներ։ Տիրան եպիսկոպոսի օրով հոգեւորականաց թիւը բազմացաւ Երուսաղէմի իր նախկին ուսանողներու Նիւ Եորք ժամանումով որոնց համար բարձրագոյն ուսում ջամբելու ամէն կարելիութիւն նախաձեռնեց իր իսկ ընտրած ամերիկեան ուսումնական հաստատութիւններէն ներս։ Առաջին երեք տարիներուն Առաջնորդ Սրբազանը կարողացաւ եօթը հոգեւորականներ ձեռնադրել եւ 11-ի բարձրացնել անոնց թիւը, հինգ վարդապետներ եւ վեց քահանաներ հովուական պաշտօնի կոչելով, որոնց մէջ ակնառու եղան Երուսաղէմէն Շնորհք Վարդապետ Գալուստեան, յետագային Պատրիարք Հայոց Կ. Պոլսոյ, եւ Թորգոմ Վարդապետ Մանուկեան, յետագային Հայոց Պատրիարք Երուսաղէմի։ Առաջնորդ Սրբազանին առաջնահերթ գործը եղաւ 1946 թուին Թեմական բարեփոխեալ Կանոնադրութիւն մը պատրաստել ու զայն Տ.Տ. Գէորգ Զ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի վաւերացման ենթարկել։ Նոյն Կանոնադրութիւնը իր հիմնական ձեւին մէջ ցարդ ի զօրու կը մնայ։

 

Թեմի համայնքներն ու կառոյցները    

            Տիրան Եպիսկոպոս Ներսոյեանի առաջնորդութեան տասնամեակին (1944-1954) կազմակերպուած համայնքներուն թիւը 37 էր, որոնցմէ 23¬ը ունէին իրենց սեփական եկեղեցիները՝ գործօն 21 հոգեւորականներով։ Իր օրով Նիւ Եորքի մայր տաճարի եւ մշակութային կեդրոնի շինութեան ծրագիրը նոր թափ ստացաւ եւ շուտով շինութեան յանձնախումբ մը կազմուեցաւ ու գործի լծուեցաւ։ Իր օրով այսօրուան Սուրբ Վարդան Մայր տաճարի եւ թեմի առաջնորդարանի կալուածը գնուեցաւ 1949 թուականին, նշելով իմաստուն եւ հեռահայեաց ծրագիրներու իրագործումը՝ քաղաքի մէկ շատ ակնառու խաչմերուկին անկիւնը։ Վերջերս յիսնամեակը նշուեցաւ Մայր տաճարի օծման, որ պատիւ կը բերէ ամբողջ Թեմին։

 

            Տիրան Սրբազան 1953 թուին արքեպիսկոպոսութեան բարձրացաւ Տ.Տ. Գէորգ Զ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Կոնդակով։ Թեմական ներքին կազմակերպութիւններ ստեղծեց, յատկապէս Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Կազմակերպութիւնը որպէս կենսական օղակը Թեմի անմիջական եւ ապագայի զարգացումին, Տիկնանց Օժանդակ Միութիւնը, ծխական միօրեայ Հայ Դպրոցները, ճոխացնելով նաեւ Առաջնորդարանի տարեկան կանոնաւոր ծրագիրները։ Շուտով Տիրան արքեպիսկոպոս օտար յարանուանութեանց մօտ ծանօթ անձնաւորութիւն մը դարձաւ, երբ արդէն ճանչցուած էր Փարիզի եւ Լոնտոնի մէջ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին իր կարդացած աստուածաբանական եւ եկեղեցագիտական դասախօսութիւններով՝ յանուն Հայաստանեայց Մայր Եկեղեցւոյ։

 

            Ժամանակները հանդարտ չէին, եւյետ¬պատերազմեան քաղաքական ձգտեալ վիճակն ու պաղ պատերազմի անորոշութիւնը աշխարհով մէկ չէր վրիպած Տիրան Արքեպիսկոպոսի ուշադրութենէն, եւ ի հարկին միջ-եկեղեցական միջամտութեամբ խիզախօրէն Հայ Եկեղեցւոյ խօսքը լսելի դարձուցած էր պետութեանց, նոյնիսկ երբ Մայր Աթոռ Խորհրդային Միութեան քաղաքականութեան ճնշումին տակ հրահանգներ կը ղրկէր Նիւ Եորք, Առաջնորդին նորահնար եւ ողջմիտ յարաբերութիւնները դադրեցնելու դիտումով։ Անկասկած Տիրան արքեպիսկոպոսի առաջնորդութեան տասնամեակը Թեմի վերազարթօնքի շրջանը կը համարուի երիտասարդներու նոր սերունդի մը պատրաստութեամբ եւ գործունէութեամբ, եւ եթէ այսօր Թեմը կանգուն է եւ աշխոյժ, անոր հիմնական գործը պէտք է վերագրել արթնամիտ Տիրան Արքեպիսկոպոսին։

 

Ընտրեալ պատրիարք Երուսաղէմի

            Առաջնորդի պաշտօնէն հրաժարելով, Տիրան Արքեպիսկոպոս 1955 թուին Երուսաղէմ վերադարձաւ որպէս միաբան Սուրբ Ուխտին եւ ջանաց օժանդակել Տեղապահ Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանին, որպէսզի արդէն իսկ ուշացած պատրիարքի ընտրութիւնը կատարուէր ըստ կանոնի։ Նախկին Կիւրեղ Բ. Պատրիարք վախճանած էր 1949 Հոկտեմբերին։ Անհարկի ձգձգումներ պատճառ դարձան, որ միաբաններ կարեւոր թիւով Երուսաղէմ վերադառնան եւ թիկունք կանգնին Տիրան Արքեպիսկոպոսին նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին մէջ։

 

            1956-1960 տարիներուն ներքին պառակտում յառաջացաւ վանքէն ներս, եւ սակայն միաբանական ուխտին ողջմիտ տարրը կարողացաւ ի բացակայութեան Տեղապահ Եղիշէ Արք. Տէրտէրեանին, 1957 թուին նոր Տեղապահ մը ընտրել, եւ ապա՝ Պատրիարք մը, յանձին Տ. Տիրան արքեպիսկոպոս Ներսոյեանի։ Այս բոլորը սակայն չիրագործուեցան պետական արգելքով, երբ վաւերացում երբեք չտրուեցաւ Յորդանանեան կառավարութեան կողմէ, որքան ատեն որ Եղիշէ Արք. Տէրտէրեան իր Տեղապահի հանգամանքով Ամման մայրաքաղաքին մէջ նստած կը պայքարէր իրեն համար անընդունելի ընտրութեանց դէմ։ Յաջորդ տարին պետութիւնը միջամուխ ըլլալով պատրիարքարանի ներքին գործերուն երկրէն  արտաքսել տուաւ թէ՛ ընտրեալ Պատրիարք Տիրան արքեպիսկոպոսը եւ թէ՛ լուսարարապետ Շնորհք եպիսկոպոս Գալուստեանը իրենց օտարահպատակ (Ամերիկայի քաղաքացի) ըլլալու պատրուակով։

 

Իմ երկրորդ այցելութիւնս Երուսաղէմ

            1957-ին, Տիրան ընտրեալ պատրիարքի տարին, Երուսաղէմ այցի գացի իր թելադրութեամբ ուսումնական աշխատանք կատարելու վարդապետական աւարտաճառիս կապակցութեամբ։ Վանքի ներքին կացութեան մասին չվարանեցաւ յանձնարարութիւններ տալ ինծի իմ վերադարձիս որոշ անձանց հետ տեսակցելու։ Իրեն հանդէպ իմ ակնածանքն ու հիացումը կանուխէն զգացեր էի, երբ Կ. Պոլսոյ մէջ հանդիպեր էի երկու տարի աւելի կանուխ եւ միասին ճամբորդեր դէպի Իսկենտերուն, Հալէպ եւ ապա Երուսաղէմ։ Ականատես եղայ վանքի յարաբերաբար խաղաղ կացութեան եւ նոյն տարին նշանակուեցայ հոգեւոր հովիւ եթովպահայ համայնքին։ Հոն հասնելէս ետք իմացայ Սրբազան Հօր երկրէն արտաքսման դժբախտ լուրը։ Երբ Լոնտոնէն Միացեալ Նահանգներ փոխադրուեցայ Տիրան Սրբազանին հետ յարաբերութիւնս մնաց որդիական, երբ նամակով մը իմացուցած էր ինծի Ս. Ներսէս Ընծայարանին բացման մասին ու կը հրաւիրէր Էվընսթըն այցելելու մինչ կ՚ուսանէի Լոնտոնի համալսարանէն ներս։ Այցելեցի եւ իր մօտ երկու օր մնացի։ Աւելի ուշ մի քանի նամակներով գնահատեց իմ գրական աշխատանքը ու քաջալերեց զիս իմ համալսարանական ուսմանց ընթացքին։

 

Վերադարձ Ամերիկա

            Որպէս պատմական իրողութիւն՝ Տիրան արքեպիսկոպոս կը մնայ Ընտրեալ Պատրիարք Հայ Երուսաղէմի՝ կատարուած Պատրիարքութեան ներքին կանոնադրութեան ուժով։ Երուսաղէմ չկարենալ վերադառնալով, կը մեկնէր Նիւ Եորք, ուր բնակութիւն կը հաստատէր որպէս երիցագոյն հոգեւորական։ Սրբազան Հօր վերադարձը տուաւ իր բազմաբեղուն արդիւնքը՝ իր տեսիլքին իրականացումը։ Որպէս փորձառու Առաջնորդ կը նախատեսէր հոգեւորականներու պատրաստութիւնը բացառապէս Ամերիկեան Հայ Եկեղեցիներուն համար, ամերիկածին եւ համալսարանաւարտ երիտասարդներուն առջեւ հոգեւորական դառնալու կարելիութիւնը ընծայելով, որոնք նորահաստատ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Ընծայարանը պիտի աւարտէին ակադեմական հովանիին ներքեւ Ռուս Ուղղափառ Հոգեւոր Ճեմարանին։

 

Հիմնադրութիւն Ս. Ներսէս Ընծայարանի

            1960 թուին Տիրան արքեպիսկոպոս կը դիմէր թեմակալ Սիոն արքեպիսկոպոս Մանուկեանին եւ Թեմական խորհուրդին՝ հիմնելու համար Ընծայարանը, որուն համար բարերարն ալ գտած էր յանձին Սաթենիկ Ուզունեանի։ Առաջնորդն ու Թեմական խորհուրդը հաւանութիւն կու տային ու Սիոն Սրբազան զինք կը նշանակէր տեսուչ նորահաստատ Ընծայարանին։ Առաջին կայքը եղաւ Էվընսթըն քաղաքը, ուր առաջին ուսանողները եկան, եւ սակայն սահմանափակ ըլլալով, շուտով Ընծայարանը փուխադրուեցաւ Նիւ Եորք նահանգի Նիւ Ռոշէլ քաղաքը, եւ վերջերս ալ, 60 տարի ետք, սեփական կառոյցներով օժտուեցաւ՝ բնակութեան, ուսողութեան եւ մատուռի շէնքերով շրջանի Արմոնք քաղաքը։ Ահա հոգեւորականներու պատրաստութեան համար միակ հայ Ընծայարանը Ամերիկայի մէջ, որ տասնամեակներէ ի վեր հոգեւորականներ կ՚ընծայէ Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Քանատայի երեք թեմերուն, շնորհիւ Տիրան Արքեպիսկոպոս Ներսոյեանի տեսիլքին եւ իմաստութեան։

 

Գրական Վաստակը

            Տիրան արքեպիսկոպոս հեղինակած է շարք մը աստուածաբանական եւ ծիսական հատորներ, որոնք կը վկայեն գրելու յստակ, տրամաբանական, ուժեղ իր ինքնատիպ ոճը։ Առաջին պատեհութեամբ Սրբազանը հրատարակեց ծաւալուն երկլեզու, գրաբար եւ անգլերէն, «Պատարագամատոյց»ը, որ ցարդ կը մնայ լաւագոյն դասական բնագիրը Ս. Պատարագի մատուցման, յաւելեալ ներածականներով եւ հարուստ ծանօթագրութիւններով, գլխաւորաբար անգլերէն լեզուով, որմէ սերունդներ սորվեցան Ս. Պատարագի բովանդակութիւնն ու մատուցումը՝ համապարփակ եւ ուսանելի կերպով։

 

            Սրբազան Հօր «Վարդապետական դիրքը Հայց. Եկեղեցւոյ» անգլերէն գրքոյկը միաբնակ եւ երկաբնակ վարդապետութեանց յատուկ ուղեցոյց մըն է, որ կը վերաբերի Քրիստոսի «երկու բնութիւններուն մէկ անձնաւորութեան մէջ» դաւանանքին։ Հոն բացատրած է թէ ինչպէս երկաբնակութիւն դաւանող եկեղեցիներ նահանջած են Քաղկեդոնի Ժողովին մէջ (451 թ.) իրենց որդեգրած դիրքէն, եւ դարերու ընթացքին մօտեցած են հայ եւ արեւելեան եկեղեցիներուն։ Ներսոյեան Սրբազան հեղինակած է նաեւ «Կարգ նաւակատեաց եկեղեցւոյ» գիրքը Մայր Մաշտոցէն քաղուած, ուր կան եկեղեցւոյ հողի օրհնութեան, հիմնարկէքի եւ օծման կարգերը։ Խնդրայարոյց եղաւ «Քրիստոնէական մօտեցում մը համայնավարութեան» իր մէկ ուրիշ գրքոյկը, որ իմ հասկացողութեամբ փորձ մըն էր մատնացոյց ընելու քրիստոնէական ջատագովութիւնը զոր եկեղեցին պարտաւոր է զարգացնել ուղին՝ դիմադրելու համար համայնավարութեան վտանգը։

 

            Երջանկայիշատակ Սրբազանը ձեռագիր վիճակի մէջ գրած էր նաեւ եօթէ աւելի ուսումնասիրութիւններ իր Երուսաղէմ եղած միջոցին։ Միջեկեղեցական յարաբերութեանց մէջ տիրական բաժին վերցուցած է որպէս աստուածաբանական եւ եկեղեցական կանոնի գիտակ բարձրաստիճան հոգեւորական, հիմնովին սերտելով «Հայ Եկեղեցւոյ Կանոնագիրքը», իր վերլուծումներն ու թելադրութիւնները ներկայացնելով Մայր Աթոռին եւ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան, զանոնք միջեկեղեցական համագումարներուն կարդալով եւ նիստերուն ատենապետելով։ Մեծ մասը անոնցմէ յետ մահու հրատարակուեցան յատուկ հատորով մը Ս. Ներսէս Ընծայարանի կողմէ։ Տիրան արքեպիսկոպոս Ներսոյեանի վերջին օծումը կատարեց Կ. Պոլսէն Նիւ Եորք ժամանած Ամեն. Տ. Շնորհք պատրիարք Գալուստեան, իր ուսուցչին եւ նախկին մեծաւորին իր վերջին յարգանքը ընծայելու, եւ Տ. Թորգոմ պատրիարք Մանուկեանի կարգադրութեամբ մարմինը ամփոփուեցաւ Ս. Փրկիչ վանքի գերեզմանատան մէջ հանգուցեալ պատրիարքներու շարքին։           

 

ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ