Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՍՐԲՈՑ ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆ ԵՆ. Ամփոփ պատմական ակնարկ մը

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.

 

            Սրբոց Յակոբեանց Պատրիարքութեան անցեալը լի է սխրագործութիւններով եւ «գրոց յիշատակի» դէպքերով: Անոնցմէ մէկը կը վերաբերի Գրիգոր Շղթայակիր Պատրիարքի անձնազոհութեան: Գրիգոր Պատրիարք երբ ստանձնեց իր պաշտօնը, պատրիարքութիւնը խեղդուած էր ահաւոր պարտքերու մէջ եւ կրնար կոսնցնել Ս. Աթոռն ալ, կալուածներն ալ եւ վանքապատկան սրբավայրներն ալ: Կացութիւնը ճգնաժամային էր: Օրուան Պատրիարք Հայրը՝ Գրիգոր Շղթայակիր (1704-1715) կ՚որոշէ դիմել անձնազոհութեան ամէնէն յատկանշական միջոցին: Ան կ՚որոշէ շղթայակապ շրջիլ հայկական բնակավայրերը՝ Հալէպ, Արեւմտեան Հայաստան, Կիլիկիա, Պոլիս եւ այլուր եւ գումար հանգանակել վասն Միաբանութեան փրկութեան: Քանի մը տարի շրջագայելէ ետք հայ աւանդապահ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը մեծով փոքրով, առեւտրականներով թէ ամիրաներով կ՚իրականացնեն Պատրիարք հօր սուրբ երազանքը: Մեր պատրիարքութիւնը կ՚ազատուի, բայց Գրիգոր Պատրիարք կը շարունակէ մնալ իր շղթաներով, մինչեւ որ ազգին երեւելիները ի վերջոյ կը համոզեն զինք, որ մէկդի նետէ իր շղթաները, որովհետեւ օտարներու աչքին կրնայ ժխտական տպաւորութիւն թողել ատիկա: Այդ շղթաները այսօր կը պահուին Ս. Յակոբայ գանձարանին մէջ:

 

            Ունեցած ենք այլ Պատրիարք հայրեր, որոնք համեստութիւնը ունեցած են անձամբ այցելելու Մեքքա, Սալահետտին Էյուպին բարեացակամ գտնուած է Միաբանութեան հետ եւ յատուկ հրովարտակով  հաստատած է Հայոց իրաւունքները։ Խիստ տպաւորուած օրուան պատրիարքի իմաստութեամբ, Պատրիարքութիւնը ընդառաջ գացած է Մեմլուքեան եւ Օսմանեան սուլթաններուն՝ յանուն Միաբանութեան յարատեւութեան եւ հայապատկան սրբատեղիներու պահպանման:

 

            Սրբոց Յակոբեանց տաճարը նուիրուած է երկու Յակոբներուն։ Ըստ քրիստոնէական եւ հայկական աւանդութեան, Տաճարը իր նախնական ձեւին մէջ կառուցուած է Քրիստոսի աշակերտներէն եւ Յովհաննու Մկրտիչի եղբօր` Յակոբի նահատակման վայրին վրայ. ան քրիստոնեայ աշխարհին կողմէ կը նկատուի առաջին նահատակը։ Միւս Յակոբը Տեառնեղբայրն է, Քրիստոսի մեծ եղբայրը, որ եղաւ Երուսաղէմի Ա. Եպիսկոպոսը։

 

            Նահատակ Յակոբ գլխատուած է Հրեաստանի Հերոդ արքային կողմէ 44 թ. Ք.ե: Անոր գլուխը կը գտնուէր Տաճարի հիւսիսային պատին մէջ կառուցուած խորհրդաւոր մատուռի մը մէջ, ապա Սուրբին գլուխը փոխադրուած է աւելի ապահով տեղ մը՝ Մայր Տաճարի խորանին տակ։ Այս իսկ պատճառաւ, Մայր Եկեղեցին կը կոչուի նաեւ ԳԼԽԱԴՐԻ տաճար։

 

 

Ս. Յակոբեանց Միաբանութիւնն այսօր

 

            Այսօր, Քրիստոնէութեան հոգեւոր մայրաքաղաք Երուսաղէմի պատմական տարածքէն (Հին քաղաք) ներս, ի  Բեթղեհէմ եւ Եաֆֆա ու Յորդանան գետի ափին, հայութիւնը ներկայութիւն մըն է իր հայապատկան սրբատեղիներով: Պէտք է անպայման նշել նաեւ, թէ Սուրբ Յարութեան տաճարի (ուր կը գտնուի Տիրոջ Որդւոյն Քրիստոսի Ս. Գերեզմանը) մէկ երրորդը հայութեան կը պատկանի, որուն հոգը սիրայօժար իր ուսերուն վրայ կը տանի նաեւ Ս. Յակոբեանց Միաբանութիւնը: Դեռ վերջերս երեք յարանուանութիւններ միասնաբար ի հիմանց նորոգեցին Ս. Գերեզմանը, որուն ծախսերուն մէկ երրորդը հոգաց Հայաստանեայց Եկեղեցին:

 

            Անհարկի յոխորտանքի պէտք չկայ, բայց պէտք է ըսեմ, թէ Հին Քաղաքը (պարիսպէն ներս) շատ բան պիտի կորսնցնէր իր հմայքէն եթէ յանկարծ օր մը հայութիւնը կորսնցնէր իր ունեցածը: Հին Քաղաքին մէկ հինգերորդը հայութեան կը պատկանի:

 

Այստեղ պէտք է նշեմ, թէ Երուսաղէմի վրայ քրիստոնէական (Խաչակրաց) թագաւորութեան շրջանին, հայազգի Մելիսենտէ բարեպաշտ թագուհին (Պոլտուին թագաւորի կողակիցը), որ եղած է շատ աւելի ազդեցիկ ու սիրուած քաղաքական ու պետական կին գործիչ մը (1105-1161) քան կարգ մը այլ թագաւորներ ու իշխաններ,  պատկառելի բարերարութիւններ կատարած է Հայ Երուսաղէմին՝ նուիրելով նոր կալուածներ եւ ամրապնդելով Միաբանութեան դիրքերը (թաղուած է Գեթսեմանէի Ձիթենեաց պարտէզի Հայոց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

 

            Երուսաղէմը (եւ Իսրայէլը) սուղ քաղաք մըն է եւ ունի մաքսային ու հարկային խիստ օրէնքներ, որոնցմէ ոչ մէկը կրնայ խուսափիլ. հետեւաբար, այս եւ այլ պատճառով Պատրիարքութիւնը յաճախ կը յայտնուի նիւթական ծանր վիճակներու մէջ, բայց բարեբախտաբար այդ նոյն Միաբանութիւնը իր զոհողութիւններով, հայ հարուստներու նուիրատուութիւններով, հայ ուխտաւորներու մեծ ու փոքր սրտաբուխ նուէրներով, Պաղեստինեան հեղինակութիւններու օժանդակութեամբ յաջողած է դուրս գալ ճգնաժամերէ:

 

            Տողերուս հեղինակը 2014-2017 թուականներուն պաշտօնավարած է  Պատրիարքութենէն ներս որպէս «Սիոն» ամսաթերթի պատասխանատու խմբագիր, Թարգմանչաց վարժարանի աւարտական դասարանի արեւմտահայերէնի ուսուցիչ, Հոգեւոր Ընծայարանի արեւմտահայերէնի եւ սփիւռքի պատմութեան դասախօս բարձր կարգի ուսանողներուն եւ սարկաւագներուն եւ մասնակի խորհրդական Պատրիարք Հօր: Այս ընթացքին աշխատանքիս բերումով կրնամ ըսել բաւական քաջատեղեակ եմ մեր յաջողութիւններուն եւ դժուարութիւններուն կամ խնդիրներուն:

 

            Այս օրերուն Միաբանութիւնը պէտք է հոգայ բազմաթիւ ծախսեր՝ պաշտօնեաներու աշխատավարձ, տասնեակներով Միաբանութեան անդամներու սնունդի ապահովութիւն, բժշկական ապահովութիւն, կենցաղային ծախսեր (էլեկտրական ու ջուրի հոսանքներ, մաքրութիւն), սպասարկող ինքնաշարժներ, ճամբորդական ծախսեր եւ այլն: Ասոնց դիմաց Միաբանութեան եկամուտները խիստ  անբաւարար են տասնամեակներ առաջ կարգ մը հոգեւորականներու կողմէ կատարուած վարձքային ոչ-արհեստավարժ որոշումներու հետեւանքով, անխոհեմ քայլերու պատճառով եւ այլն: Վերջին տասնամեակին բարեբախտաբար հայրենի հարուստ ձեռնարկատէրեր ի Հայաստան եւ Ռուսաստան, զգալի նուիրատուութիւններով ու շինարարական ծախսերու մասնակցութեամբ մեղմացուցած են մեր բեռը:

 

            Իմ գնահատմամբ, ըլլայ Երուսաղէմի թէ Բեթղեհէմի հայապատկան սրբավայրերը այս քաղաքներուն ամէնէն աչքի զարնող վայրերէն են. բոլոր զբօսաշրջիկներն ու ուխտաւորները, որոնք թէկուզ հարեւանցի կը ծանօթանան Միաբանապատկան սրբավայրերուն, հիացումով ու պատկառանքով կ՚արտայայտուին: Երուսաղէմի հայկական տարածքը գտնուելով դէպի Դաւիթ թագաւորի գերեզմանը եւ հրեաներու Լացի պատը տանող ճամբուն վրայ, յանկարծ «կը յայտնաբերեն» մեր պատկառելի շինութիւնները, ընծայարանը, Ցեղասպանութեան յուշարձանը,  խաչքարերու կոթողը՝ իւրաքանչիւրը նուիրուած Արեւմտահայաստանի քաղաքներէն մէկուն: Շատեր նոյնիսկ լսած չըլլալով «հայ» եւ «Հայաստան» անունները, ինքնաբերաբար անզուսպ ցանկութիւն մը կ՚ունենան իրենց անտեղեակութիւնը սրբագրել, անոնք կը փափաքին մեր կալուածներէն ներս մտնել՝ հարցնելով թէ արտօնուա՞ծ են դարպասէն ներս մտնել: Ի հարկէ մեր անդուլ եւ արթուն պահակները սիրով ներս կը հրաւիրեն զանոնք: Ես անձնապէս, երբ առիթներով գտնուած եմ պահակատունը, առաջնորդած եմ այդ խումբերը եւ ցոյց տուած եմ մեր տեսարժան անկիւնները՝ ակնարկելով նաեւ Ցեղասպանութեան:

 

             Այս խումբերը շատ յաճախ լուր ալ չեն ունեցած թէ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը կատարուած է հայերու հանդէպ, եւ հարցուցած են, թէ կա՞յ թանգարան, որպէսզի այցելեն եւ աւելի ամբողջական գաղափար ունենան մեր ազգին մասին:

 

            Վերը ըսի «տեսարժան անկիւններ»: Ահաւասիկ անոնք՝ նախ Սրբոց Յակոբեանց խիստ տպաւորիչ եւ խորհրդաւոր տաճարը հայկական ճարտարապետութեան ինքնուրոյն յատկանիշներով, ապա Մեծ բակը, բնակելի տուները բակին շուրջ եւ աւելի խորքերը, Ս. Թորոս մատուռը, որ կը ծառայէ որպէս գրապահոց-մատենադարան շուրջ 4,000 մատեաններով, որոնց թագն ու պսակը կը հանդիսանայ հայ մեծագոյն մանրանկարիչ Թորոս Ռոսլինի Կիլիկիոյ թագաւորութեան Կեռան Թագուհիի Աւետարանը (1272): Տպաւորիչ ու գողտրիկ եկեղեցի մըն է Ս. Հրեշտակապետացը, որուն բակին մէջ կը գտնուի ,Քրիստոսի հրաշագործ ձիթենինե: Վեջինիս ճամբուն վրայ կառուցուած է Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց հռչակուած վարժարանը՝ մանկապարտէզէն մինչեւ 12-րդ դասարան: Դպրոցէն քիչ առաջ իր տպաւորիչ տեսքով կանգնած է նախկին ընծայարանը (գործ՝ Պալեան եղբայրներու), վերջինիս յարակից շինութիւնները՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան արդիական գրադարանը եւ Մարտիկեան թանգարանը: Այս վերջինս Ցեղասպանութենէն ետք ծառայած է որպէս որբանոց, որուն պատերուն վրայ մինչեւ օրս կը կարդացուին որբերու անուն-մականունները իրենց ծննդավայրերուն յիշատակութեամբ:

 

            Վերջերս այս շինութիւնը կը նորոգուի Նուրհան Պատրիարք Մանուկեանի ծրագրով վերածուելու համար Ցեղասպանութեան թանգարանի՝ միաժամանակ արտացոլելով ու ներկայացնելով հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու մշակութային նուճումները: Խիստ կարեւոր նախաձեռնութիւն մըն այս մէկը այն առումով որ գտնուելով Միաբանութեան տարածքին մէջ անիկա առիթ պիտի տայ օրական հարիւրաւոր այցելուներու, որպէսզի  մօտէն ծանօթանան հայ ժողովուրդին ու անոր անկորնչելի դատին: 

 

            Նախքան Բ. Մասին անցնիլը, պէտք է ըսեմ, թէ Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը միակ երաշխիքն է հայ գաղութին, որուն կարեւորագոյն մասը կ՚ապրի վանքէն ներս եւ կը վայելէ Պատրիարքութեան հովանաւորութիւնն ու նեցուկը:

 

            Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը բացառիկ հաստատութիւն մըն է գաղթաշխարհի թէ հայրենի հայութեան համար. անիկա մեր հայութեան պատիւն է, որով իւրաքանչիւր հայ պէտք է հպարտ զգայ, այցելէ Քրիստոնէութեան համար յատուկ նշանակութիւն ունեցող այս եւ այլ սրբավայրերը:

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ