Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Ծնունդ՝ տօն ցնծութեան եւ նուիրատուութեան

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը աշխարհի մեծագոյն հրաշքն է, քանի որ իր ծննդեան օրը երկրագունդի վրայ աննման դէպք մը կը պատահէր եւ մարդկային կեանքի մէջ եզակի եւ անկրկնելի իրադարձութիւն մը տեղի կ՚ունենար: Այդ օր երկինքի փառքը երկրի վրայ կ՚իջնէր եւ երկինք երկրի հետ կ՚ողջագուրուէր: Այդ օր Աստուած Քրիստոսի մէջ կը մարդանար եւ մարմին կ՚առնէր, որպէս զի Իր ստեղծած մարդ արարածները յաւիտենապէս իրեն եւ իրարու հետ մէկ ըլլան:

 

         Աւելի քան քսան դարեր առաջ, Աստուած աննախընթաց ձեւով մը կու գար իր ստեղծած մարդ արարածները իրենց մեղսալի կեանքէն փրկելու: Կու գար Իր Միածին Որդիին միջոցաւ, որ կը ծնէր ամենահամեստ պայմաններու մէջ,– աշխարհածաւալ Հռովմէական կայսրութեան պատկանող աննշան երկրի մը՝ Պաղեստինի փոքրիկ աւանի մը՝ Բեթղեհէմի անշուք այրի մը մէջ:

 

         Պարզ ու խոնարհ ծնունդ մը… պարզ երեխայ մը որ արտաքնապէս ոչ մէկ տարբերութիւն ունէր ուրիշ երեխաներէ: Պարզ բայց վեհ ծնունդ մը, շատ լռիկ բայց աշխարհը դղրդացնող ծնունդ մը: Պարզ մանկիկ մը, որուն գալուստը հրեշտակները աւետեցին, երկրին Թագաւորը խռովեց, Արեւելքի իմաստուն մոգերը ոտքի հանեց եւ բերաւ մինչեւ Բեթղեհէմ:

 

         Այդ պարզ մանկիկին տարեդարձն է, որ կը տօնէ քրիստոնեայ աշխարհը. տարեդարձ մը, որ ցնծութեան եւ նուիրատուութեան առիթ կ՚ընծայէ մարդոց:

 

         Արդարեւ, Յիսուսի Ծննդեան տարեդարձը տօն է ցնծութեան: Տօն է ցնծութեան որովհետեւ Յիսուս՝ Աստուծոյ Գերագոյն Նուէրն է մարդկութեան: Ան Աստուծոյ անհուն սիրոյն տեսանելի եւ շօշափելի մարմնացումն է:

 

         Բեթղեհէմի դաշտերուն մէջ գիշերուան իրենց հօտերուն պահպանութիւն ընող հովիւներուն Աստուծոյ հրեշտակը կ՚աւետէր. «Ձեզի աւետիս մը պիտի տամ, որ ամբողջ ժողովուրդին ուրախութիւն պիտի պատճառէ» (Ղուկ. 2.10): Բեթղեհէմի մէջ ծնող Մանուկը «Յիսուս» կ՚անուանուէր, որ կը նշանակէ Փրկիչ, որուն կոչումն ու առաքելութիւնը պիտի ըլլար մեղքի պատճառով Աստուծոյ եւ Իր արարածներուն միջեւ ստեղծուած անջրպետը կամրջել եւ մեղքի ճիրաններուն մէջ գերի դարձած մարդկութիւնը ազատագրել իր մարմնի, մտքի ու հոգիի ներքին կապանքներէն:

 

         Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը տիեզերական տարողութեամբ ուրախութիւն եւ ցնծութիւն պատճառող մեծ աւետիս մըն էր, չնաշխարհիկ դէպք մը, որովհետեւ Ան «Էմմանուէլ» էր, այսինքն «Աստուած մեզի հետ»: Ան կու գար ըլլալու մարմնացումը մարդկային ցեղի ազնուագոյն բաղձանքներուն եւ շքեղագոյն իտէալներուն: Ան կու գար ըլլալու արդարութեան Արեգակը, ճշմարտութեան եւ սիրոյ Աղբիւրը:

 

         Յիսուսի Ծննդեան Տարեդարձը Տօն է նաեւ Նուիրատուութեան: Յիսուսի Ծնունդը գուշակող Արեւելքէն Պաղեստին ճամբորդող իմաստուն մոգեր երբ Բեթղեհէմ հասան, զիրենք առաջնորդող աստղը եկաւ ու կեցաւ այն վայրին վրայ ուր Յիսուս Մանուկը կը գտնուէր: Մատթէոս Աւետարանիչը այսպէս կը գրէ. «Երբ տուն մտան, տեսան երեխան իր մօրը Մարիամի հետ, եւ մինչեւ գետին խոնարհելով երկրպագեցին մանուկին: Ապա բացին իրենց արկղները եւ Յիսուսի ընծայեցին իրենց նուէրները՝ ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս» (Մատթ. 2.11):

 

         Արեւելքի մոգերը իմաստութիւնն ունեցան գիտակցելու, որ Բեթղեհէմի «նորածին մանկիկը» Աստուծոյ մասնաւոր Պարգեւն էր մարդկութեան: Առ ի երախտագիտութիւն Աստուծոյ այս մեծ Պարգեւին՝ անոնք ընծայեցին իրենց լաւագոյն նուէրները: Մոգերու նման, մենք ալ մեր նիւթական, բարոյական եւ հոգեւոր նուէրները ընծայելու ենք Աստուծոյ փառքին ու մարդոց ծառայութեան համար:

 

         Այս ծննդեան եղանակին որչա՜փ նպատակայարմար պիտի ըլլայ, որ մեր ընծայելիք նուէրներուն հետ՝ յիշենք նաեւ Լիբանանահայ մեր հայրենակիցները, որոնք նիւթական տագնապալի օրեր կ՚անցընեն ընթացիկ տարուան Հոկտեմբեր 17-էն իվեր, որպէս հետեւանք տիրող տնտեսական անկայուն վիճակին:

 

         Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնը խորապէս իմաստալի տօնակատարութիւն մը կը դառնայ մեզի համար, երբ մեր սրտերը կը նուիրենք Իրեն որպէս կենդանի պատարագ եւ ցնծութեամբ կը պատգամենք Անոր աշխարհ գալուն նպատակը բանիւ, գործով եւ կեանքի վկայութեամբ:

 

         Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ. Ձեզի մեզի մեծ աւետիս:

 

                                                                        ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

                                                                        Գործադիր տնօրէն, Հայ Աւետարանական

                                                                        համաշխարհային խորհուրդի

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ