ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-
Գերյարգելի եւ Գերապատիւ Վարդապետներ,
Առաքինազարդ Քոյրեր,
Յոյժ սիրելի հաւատացեալներ,
Անգամ մը եւս կը տօնենք Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը: Տօն մը՝ որ շատերու համար սովորական դարձած է իր արտագին երեւոյթներով ու զարդարանքներով: Ուրիշներու համար տարբերութիւն չ՚ըներ՝ այս տօնը կամ միւս տօները արձակուրդի շրջան մըն են… Ի՞նչ տարբերութիւն՝ արդէն 2000 տարիներ անցած են եւ իրավիճակը միշտ նոյնն է՝ աշխարհը չէ փոխուած, մարդիկ չեն փոխուած: Տարուած առօրեայ զբաղումներով ժամանակ չունինք լաւագոյն կերպով պատրաստուելու Զինք ընդունելու համար: Եկեղեցիներուն, տուներուն եւ գրասենեակներուն մէջ պատրաստուած եւ զարդարուած մսուրներուն մէջ, մեր աչքերուն առջեւ ունինք Բեթղեհէմի Յիսուսի առաջին ծնունդը ներկայացնող յուշապատկերը. երիտասարդ զոյգը՝ Յովսէփն ու Մարիամը դռնէ դուռ կ’երթան ապաստարան մը գտնելու համար եւ ստիպուած կ՚ըլլան ապաւինելու ախորի մը վերածուած քարայրի մը մէջ գիշերելու «որովհետեւ իրենց համար տեղ չկար իջեւանին մէջ…» (Ղուկ. 2, 7): Հոն՝ մսուրին մէջ կը ծնի աշխարհի Փրկիչը: Այո՛ աշխարհի Փրկիչը որ այսօր կու գայ մեր դռները բախելու: Պատրա՞ստ ենք Զինքը ընդունելու մեր այս ժամանակներուն հակասական աշխարհի իրադարձութիւններուն եւ իրավիճակին մէջ: Եթէ ակնարկ մը նետենք մեզ շրջապատող աշխարհի պատմութեան, որը անհիւրընկալ է ամէն տեսանկիւնէ՝ դարձեալ պատերազմներ, դարձեալ արիւնահոսութիւն, տակաւին կը շարունակուի անմեղներու կոտորածը… մէկ խօսքով իրավիճակը նոյնն է առաջին Ծնունդէն ի վեր:
Հակառակ այս բոլորին՝ Աստուած կը սիրէ այս աշխարհը ինչպէս կ՚ըսէ Յովհաննէս աւետարանիչը. «Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ան որ հաւատայ անոր չկորսուի, այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը» (Յովհ. 3, 16): Աստուծոյ սէրը մարդ արարածի նկատմամբ, մե՛ր նկատմամբ այնքան մեծ ու անսահման է որ՝ Ան անվարան կերպով ոչ թէ մէկ անգամ, այլ 2000 տարիներէ ի վեր եւ ամէն տարի կը շարունակէ փաստել իր սէրը մեզմէ իւրաքանչիւրին նկատմամբ նուիրելով մեզի իր Միածին Որդին:
Որպէս մարդ արարածներ, Մարիամի նման մենք ալ ունինք մեր տարակոյսները, խնդիրներն ու հարցումները: Երբ Գաբրիէլ հրեշտակապետը աւետեց իրեն թէ Յիսուսի մայրը պիտի ըլլար, Մարիամ հարցուց անոր. «Ասիկա ինչպէ՞ս կարելի է»: Հրեշտակը պատասխանեց. «Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ» (Ղուկ. 1, 34-37): Այսօր հրեշտակին այս նոյն պատասխանը ուղղուած է մեզմէ իւրաքանչիւրին. «Եթէ բան մը անկարելի է աշխարհի համար, մարդոց համար, մեզի՛ համար… Աստուծոյ համար անկարելի բան չէ եղած, ոչ կայ, ոչ ալ պիտի ըլլայ»: Ասոր համար սուրբ Ծննդեան տօնը՝ յոյսի տօն մըն է: Յոյսի տօն է մանաւանդ մեր դժուարութիւններուն, տառապանքներուն ու տարակոյսներուն մէջ, ուր միշտ այս հարցումները ունինք. «ինչո՞ւ…», «ինչպէ՞ս…», «ո՞ւր է Աստուած…»:
Յիսուսի Ծնունդը ճի՛շդ այդ հարցերուն ու տարակոյսներուն մէջն է որ կ՚իրականանայ: Յիսուսի Ծնունդը չ՚ըլլար գեղեցիկ ու գոյնզգոյն լոյսերով ու պսպղացող զարդարանքներով: Յիսուսի Ծնունդը կ՚իրականանայ ամէն հաւատացեալի հոգիին մէջ՝ երբ Աստուծոյ սիրոյն կը պատասխանենք սիրով եւ խոնարհութեամբ ինչպէս ըրաւ Մարիամը պատասխանելով հրեշտակին ողջոյնին. «Ահաւասիկ ես Տիրոջ աղախինն եմ թող ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն» (Ղուկ. 1, 38): Յիսուսի Ծնունդը կը դառնայ յոյս մեզմէ իւրաքանչիւրին համար երբ մենք ալ կ՚ըսենք. «Օրհնեալ ըլլայ Աստուծոյ կամքը իմ կեանքիս մէջ»:
Սիրելիներս ի Քրիստոս, Յիսուսի Ծնունդը մէկ է եւ անփոփոխ: Յիսուսի Ծնունդը մեզմէ ամէն մէկուն համար կ՚իրականանայ, երբ որպէս մարդ արարածներ կը հետեւինք Իրեն՝ Աստուծոյ օրինակին, որ ինքզինք խոնարհեցուց եւ մարդ եղաւ մեզի նման որ մեզ բարձրացնէ եւ դարձնէ որդիներ Աստուծոյ:
Կը մաղթեմ բոլորիդ որ այս Ծննդեան տօնին բանաք ձեր սիրտերը խոնարհութեամբ ընդունելու Աստուածորդին, որ ինքզինք բոլորանուէր կ’ընծայէ մեզի, որպէսզի Իրեն հետ ալ ապրինք ու մեծնանք որպէս Աստուծոյ որդիներ:
Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ
Ձեզի մեզի մեծ Աւետիս:
ՄԻՔԱՅԷԼ ԵՊՍ. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմին
Յօդուածներ