Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅԱԳԱՂՈՒԹՆԵՐԸ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-

Երբ տարեվերջը մօտենայ, կը տարուինք վերաքաղը ընելու մեր կեանքին, անցած ժամանակաշրջանին։ Այս անգամ տարուեցանք լայն բանալու կարկինը, յետադարձ ակնարկ մը նետելու համար Միջին Արեւելեան հայկական կարգ մը կարեւոր գաղթօճախներու գոյավիճակին վրայ։

 

ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆ

 

Հայկական Բարձրաւանդակին հարաւ-արեւելեան անմիջական հարեւանութեան գտնուող Պարսկաստանի մէջ, գոյացած է ամէնէն հնամեայ հայկական գաղութը։ Դարեհ Մեծի արձանագրութիւնը Պեհիստունի ժայռաբեկորին վրայ, Ք.Ա. 515 թուականին, ամէնէն շօշափելի ու խօսուն վկայութիւնն է այդ իրողութեան։

Սելճուք-թուրքերու ասպատակութիւնները 11-րդ դարուն, ու մոնկոլեան արշաւները 13-րդ դարուն, աւելի շեշտած են հայերու արտագաղթը դէպի Պարսկաստանի Խոյ, Սալմաստ, Մակու, Մարագեղ, Ուրմիա ու Թաւրիզ քաղաքները։

Հայերը 14-րդ դարուն մեծամասնութիւն կը կազմէին (80 առ հարիւր) Արեւելեան Հայաստանի մէջ, մինչ մնացեալ 20 առ հարիւրը վրացիներ, տաղստանցիներ եւ ազարիներ էին։

16-էն 19-րդ դարերու ընթացքին, Հայաստան երկուքի բաժնուած էր, Սաֆաւիտեան Պարսկական եւ Օսմանեան տիրապետութեանց ենթարկուելով։

Շահ Աբաս (1587-1629) Պարսկաստան տեղափոխած է (1604-ին) շուրջ 50,000 հայեր, որոնցմէ մեծ մասը հաստատուած է Իսֆահան (Նոր Ջուղա)։ Հայկական եկեղեցիներ ու շարք մը նոր գիւղեր ալ կազմուած են Խոմէյն եւ Հորեստան նահանգներուն մէջ։ Նշանաւոր դարձած են Նոր Ջուղայի վաճառականները։ Անոնք ջահակիրները եղած են արեւմտեան մշակոյթը-թեքնոլոճին Ասիա փոխադրողներուն։ Նոր Ջուղան դարձած է հայկական մշակութային կեդրոն մը։ Նատիր Շահի իշխանութեան (1736-47) օրով, Խամսայի մելիքութիւնները ինքնավար դարձան Լեռնային Ղարաբաղի ու Զանգեզուրի մէջ։

Կիւլիստանի (1813) ու Թիւրքմենչայի (1828) դաշինքներով, Պարսկաստան իր հիւսիսային շրջանէն հողեր զիջեցաւ Ռուսաստանին։ Լրացուցիչ կերպով, Խրիմի ու ռուս-թրքական պատերազմներու (1877-78) հետեւանքով ալ, կարեւոր թիւով հայեր տեղափոխուած էին արեւելեան Հայաստան։ Այսպէս, Իրանէն եւ Օսմանեան Թուրքիայէն 57,000 հայեր հաստատուած են Արեւելեան Հայաստան։

20-րդ  դարու ընթացքին, հայերը աչքառու դեր ունեցան Պարսկաստանի զարգացման մէջ, յատկապէս երկրին սահմանադրութեան պատրաստութեան, լրագրութեան, նկարչութեան, ֆիլմարուեստի եւ քաղաքական ասպարէզի մէջ։

1914-ին, շուրջ 230,000 կը հաշուէր հայերու ընդհանուր թիւը Իրանի մէջ։

Ռըզա (1924-41) ու Մոհամմէտ Ռըզա (1941-1979) շահերու իշխանութեանց օրով, առաւելագոյն շարժառիթներ տրուեցան Թեհրանի, Թաւրիզի եւ Իսֆահանի հայաբնակչութեանց։

1940-49-ին, 20,000 հայեր գաղթեցին Խորհրդային Հայաստան։ Հակառակ վիրոյիշեալ տեղափոխութեան, 1979-ին շուրջ 250,000-ի բարձրացած էր հայութեան թիւը Պարսկաստանի մէջ։ Հայկական եկեղեցիներու թիւը 300 էր, իսկ դպրոցներուն ու գրադարաններուն թիւը՝ 500։ Պարսկահայութիւնը կը վայելէր տնտեսական բարգաւաճ գոյավիճակ։

Հակառակ ցեղային ու կրօնական տարբերութեանց, Պարսկաստանի եւ Հայաստանի միջեւ դրացիական փոխյարաբերութիւնները բարեկամական եղած են։ 1979-էն ետք ալ, եւ յատկապէս վերջին քսանամեակին, աւելի զարգացած են պարսիկ-հայ փոխյարաբերութիւնները, ելեկտրակայաններու ու ճամբաներու շինութեամբ, երկրագործական արտադրութեանց փոխանակումներով, յատկապէս՝ զբօսաշրջութեան ալ զարգացումով։

***

Վերջին շահի անկումով (1979) եւ անկէ ետք, պարսկահայերը շօշափելի թիւով Լոս Անճելըս ալ հաստատուած են։

Աղբիւրի մը համաձայն, 1991-ին, 83,400 հայեր կ՚ապրէին Պարսկաստանի մէջ։

1990-ի մէկ վիճակագրութեան համաձայն, 7,700 պարսկահայեր հաստատուած են Լոս Անճելըս, գլխաւորաբար Փասատինա ու Կլենտէյլ։ Թուաքանակով, յաջոր-դաբար մեծամասնութիւն կը կազ-մէին Հայաստանէն (1988-ի երկրա-շարժին ալ հետեւանքով), Իրանէն ու Լիբանանէն գաղթողները։ Պարս-կահայերը որակաւոր բանուորներ, արհեստաւորներ ու կոչում ունեցող քաղաքացիներ են։ Իրենց առօրեայ կեանքին մէջ, սերտօրէն կը գոր-ծակցէին իրարու հետ, եւ հասարա-կութեան մէջ դիւրաւ ձուլուող համայնք մը չէին։ Հայաստանցի-ներէն ետք, թուական երկրորդ մե-ծամասնութիւնը կը կազմեն Լոս Անճելըսի մէջ։

Ունեւոր դասակարգի կողքին, մեր հայրենակիցները բարելաւած եւ ապահոված են իրենց ընդհանուր գոյավիճակը։ Զուգահեռաբար, ա-նոնք Լոս Անճելըսի մէջ ծաւալած են ազգային-միութենական, մշակութային աշխոյժ գործունէութիւններու կողքին, մարզական ալ (յատկապէս՝ պասքէթպոլի մէջ) շարժումներ։ Այլազան շրջաններու ընթացքին, ներքաղաքական լուրջ վերիվայրումներու ընթացքին, պարսկահայերը գաղթած են Հայաստան, ու մանաւանդ արտասահմանեանն այլ երկիրներ ալ, յատկապէս Քանատա։ Ուր որ ալ մեկնեցան, յարմարեցան տեղւոյն պայմաններուն։ Ներկայիս, կ՚ենթադրուի, որ շուրջ 60,000 կը հաշուէ հայութեան թիւը Պարսկաստանի մէջ։

Պարսկահայ համայնքները կը շարունակեն իրենց գոյատեւումը այլազան երկիրներու մէջ, պատուաբեր աշխատասիրութեամբ ու հայրենասիրութեամբ։

 

(Շար. 1)

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ