Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամանորեան մտորումներ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ամանորի սեմին կը գտնուինք եւ անթիւ-անհամար հարցեր կը խուժեն դէպի մեր ՄԻՏՔը:

 

Մեր աշխարհը յղի է բազմապիսի անակնկալներով, որոնք ծնունդ պիտի տան մեզի ծանօթ եւ անծանօթ անհաշիւ եղելութեանց: Մենք՝ իբրեւ մարդ արարած, ենթակայ ենք երբեմն թէ՛ բնութեան պատահական քմայքներուն ու «պատիժ»ներուն եւ թէ՛ մարդ արարածներու մտածուած «անմարդկային» վերաբերմունքներուն:

 

Ամէն տարեվերջին, մեր հոգիի աչքերը կը յառենք Յոյսի եւ Լոյսի Ամանորին, որուն զուգահեռ կ՚ընթանան քրիստոնեայ աշխարհի մարդկութեան Հաւատոյ հանգանակը եղող Աստուածայայտնութեան զոյգ տօնախմբութիւնները:

 

Արդարեւ, 2019-2020-ի Աստուածայայտնութեան եւ Ամանորի սեմին, տօնական օրերու Յոյսի եւ Լոյսի ճառագագայթումներով, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը 12 Դեկտեմբեր 2019-ին պաշտօնապէս ընդունեց  ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆը եւ յայտնեց արար աշխարհին 1915-1923 թուականներուն յատենի Օսմանեան պետութեան կողմէ արեւմտահայ ժողովուրդին Ցեղասպանութեան ենթարկուած ըլլալու անքաւելի արարքն ու իր բնօրրանէն բռնագաղթի հետեւանքով կատարուած՝ հարիւրամեայ տարագիր սփիւռքահայութեան պարտադիր գոյավիճակը:

 

Ահաւասիկ, միջազգային դիւանագիտութեան գործադրած խաղի կանոններուն հետեւութիւնները,–  երբեմնի մեր տառապալից համակերպումները, սպասումները, ակնկալութիւնները,– որոնց կը յաջորդեն այսօր՝ մերօրեայ ոգեւորութիւններն ու յուսավառ հայեացքները:

 

Ամէն տարեվերջին, մենք զմեզ հաշուետու կը համարենք ներկայանալ պատմութեան դատաստանին՝ բարոյապէս տէր կանգնելու մեր իրաւունքներուն ու կատարելու նաեւ մեր անաւարտ պարտաւորութիւնները: Ա՛յս եղաւ մեր հայրերէն ժառանգուած դաստիարակութիւնը, զոր աւելիով՝ փոխանցեցինք մեր յետնորդ սերունդներուն: Մինչ կողմն արեւելեան հայոց աշխարհի՝ ունեցանք հայրենի հող ու ժողովուրդ, արտերկրի անծայրածիր սփիւռքին տուինք «մշակութային հայրենիք» անունը կրող հսկայածաւալ տարածք մը: Կէս միլիոն տարագիր հայութեան թուաքանակը տասնապատկուեցաւ: Կանգնեցինք Հաւատքի խորաններ, դպրոց ու մամուլ, ստեղծեցինք գիր ու գրականութիւն, արուեստ ու մշակոյթ, մասնակից եղանք  մարդկային միտքին ստեղծագործական սլացքին եւ անոր հանճարեղ գիւտերուն, միշտ այն բաղձանքով, որ ԲԱՐԻի եւ ՃՇՄԱՐԻՏի յաղթերգութիւնն ըլլայ իբրեւ մշտարթուն խիղճ համամարդկային տեսիլքներու, բանականութեան եւ ապրումներու:

 

Այլապէս, որո՞ւ համար պիտի ղօղանջեն ամանորի տօնական զանգերը:

 

Հայ ժողովուրդին վերջին հարիւրամեակը ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, տուաւ մարդկութեան կենդանի օրինակը վերածնունդի ու վերապրումի: Այսպէս ճանչցան մեզ՝ մեր հիւրընկալ երկիրներն  ու ժողովուրդները, ու մենք արժանացանք իրենց գնահատանքին: Վերջին իրաւական փաստը եկաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական աւագանիէն: Արժան եւ արդար որոշում:

 

Մեր ազգային ու մարդկային նկարագիրին մաս կը կազմէ նաեւ անկէ անբաժան ու համատեղ զարգացող մեր ազգին հոգեմտաւոր Հաւատոյ հանգանակը:

 

Իւրաքանչիւր Ամանորին՝ կ՚ըլլանք ականջալուր Աստուածայայտնութեան տօնի զանգերու ղօղանջին, որ կ՚աւետէ մեզիԱստուածայայտնութեան մեծ եւ սքանչելի այն խորհուրդը, որ երկու հազարամեակ ամբողջ եղաւ լուսատու փարոս ու յարացոյց՝մարդկային  բազում ազգերու մօտ ամրապնդելու բարոյագիտական սկզբունքներու նոյնութիւն մը, իսկ անոնց մասնաւորներուն մօտ յառաջացուց հոգեկան եւ իմացական այնպիսի վիճակ մը, որուն կատարելագործումը ինքնին ապացոյցն էր Աստուածայայտնութեան խորհուրդին:

 

Ասկէ թերեւս, որ ամէն ազգ իր մէջ ունեցաւ ընտրեալներ, որոնց հոգին եղաւ բնակավայրը աստուածամերձ խորհուրդներու, եւ անոնց բանաւոր ու գրաւոր խօսքը, մինչեւ այսօր կը ղեկավարէ մեր առաջնորդներուն գործընթացը:

 

Իրօք, տարբեր է հմայքը, տեղն ու դերը Եկեղեցիին, երբ իւրաքանչիւր նոր տարեմուտին, Անմահ Բանին մարդեղինացումը կ՚օրհներգէ ան իր կամարներուն ներքեւ, Աստուածորդւոյն թաղումին կը հակադրէ հրաշափառ Յարութեան խորհուրդը՝ որքա’ն իր կրօնական իմաստով, նոյնքան եւ՝ համազգային եւ համամարդկային: Մեր ազգին պատմութիւնը վկայ՝  իր հաւատոյ հանգանակը վերածած է իր ցեղին պատմագիրքին, նոյնացնելով եկեղեցին՝ Ազգային մեր իտէալներուն հետ: Կարծէք՝ մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ է, որ աւելի լաւ կը հնչէ Սուրբգրային այն խօսքը, թէ՝ …«Բանը մարմին եղեւ, եւ բնակեաց ի մեզ»:

 

Ապացոյց՝ աւելի քան 1700-ամեայ Եկեղեցին Հայկական:

 

Ահաւասիկ, այս մտածումներով կ’ողջունենք Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան միախորհուրդ զոյգ տօնախմբութիւնները:

 

Ամանորը՝ իբրեւ խորհրդանիշ մեր երկրաւոր  ու բանաւոր կեանքի ամէնամեայ շարունակականութեան, իսկ Ս. Ծնունդը՝ մեր գոյատեւումին  մշտատեւ պահպանութեամբը մեր ազգային բարոյական ու հոգեւոր ժառանգութեան:

ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ