Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

ՄԵՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-

 

Երբ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մեր հայրենիքի ղեկը ստանձնեց եւ բոլոր վարչակարգը փոփոխութեան ենթարկեց, մեր արդի պատմութեան մէջ նոր էջ մը բացուեցաւ։ Բոլորս ալ կը յուսանք, որ միշտ փայլուն պիտի ըլլայ ու այդպէս ալ մնայ։ Հայ ժողովուրդը, ըլլայ հայրենիքի կամ սփիւռքի մէջ մեծամասնութեամբ մեծ խանդավառութեամբ եւ ուրախութեամբ դիմաւորեց  այդ  հրապարակային բողոքներով եւ խաղաղօրէն տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը, որ Թաւշեայ յեղափոխութիւն անունը կրեց։ Թէեւ երբեք համաձայն չեմ որեւէ գոյն կամ ածական տալ անոր, որովհետեւ Ուքրանիոյ  Նարնջագոյն, Վրաստանի Կարմիր, Ղրղզստանի Կակաչեայ եւ Պուրմայի Դեղին յեղափոխութիւնները, նմանապէս Արաբիոյ Գարուն կոչուած յեղափոխութիւնները երբեք այդ երկիրներու մէջ յաջողութիւն կամ բարգաւաճում չարձանագրեցին, եւ կը թուի թէ օտարներու մատն ալ կար անոնց մէջ:

Հայաստանի յեղափոխութիւնը ժողովուրդին արգանդէն ծնունդ առաւ անարատութեամբ, թէեւ ակնարկութիւններ կան որ օգնութիւններ ստացած են արտերկրէն,  եւ անոնցմէ  արդէն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յիշեց թէ Ռուսաստանի հայերէն նիւթական օգնութիւն ստացած են, այսուհանդերձ հարկ է որ յեղափոխութիւնը  անարատ պահուի ու շարունակուի:

Ներկայիս մենք նոր պետութիւն մը ունինք երիտասարդ ուժերով. թէեւ անոնցմէ մաս մը անփորձ է, բայց եւ այնպէս կը յուսանք որ աշխատանքները յստակ եւ ուղիղ քայլերով ու յաջողութեամբ պիտի ընթանան, որովհետեւ սխալ որոշումները կրնան աւերներ գործել: Պէտք չէ առիթ տալ հին եւ նոր Ճորճ Սորոսներուն որեւէ միջոցներով պղծել այս յեղափոխութիւնը, թէեւ անոնցմէ մաս մը ներկայիս արմատներ ունին Հայաստանի մէջ. մենք ծախու հայրենիք չունինք ոչ ալ ծախու դիրքորոշում։ Ինչ որ ժողովուրդին եւ հայրենիքին հարկաւոր է եւ անոր շահին կը նայի, ան պիտի ըլլայ մեր դիրքորոշումը. անոնք որ կը ցանկանան հայ ժողովուրդին նեցուկ կանգնիլ եւ օգտակար ըլլալ, թող պետութեան խողովակներով աշխատին եւ թափանցիկ կերպով։ Պէտք է վերջ տալ գիշերային չղջիկներու, անոնց շարքին ալ հին կառքերու գործակալներու աշխատանքներուն, որոնք մութին մէջ կը գործեն. պէտք է արմատախիլ ընել այն կողմերը որոնք կը շահագործեն ժողովուրդին տնտեսական վիճակը եւ կը ներթափանցին ընդհանրապէս չքաւոր եւ խեղճ խաւերու մէջ, եւ ինչու չէ մաս մըն ալ խորամանկ եւ մերօրեայ ազգը դաւաճաններու շարքերուն մէջ:

Ներկայիս քանի մը քաղաքացիներ, երբ կամայ ակամայ, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար կը գործակցին օտար կազմակերպութիւններու հետ, մերթ մարդու իրաւունքները պաշտպանելու դրօշին տակ, մերթ ազատ խիղճի, մերթ ազատ խօսքի, ազատ մամուլի եւ այլ անուններու տակ, արդեօ՞ք անոնք տեղեակ են թէ ինչ ուղղութեամբ կ՚երթան. միթէ անգամ մը հարց տուա՞ծ են թէ ովքեր են, որ այդ կազմակերպութիւններուն ծախսերը կ՚ապահովեն եւ ինչո՞ւ, կամ ո՞ր մայր միութիւններու կը պատկանին եւ անոնց արմատները ուրկէ են, ո՞ր երկիրներու կամ  ազգերու կը պատկանին:

Մարդու իրաւունքները պաշտպանելը, ազատ խիղճի, ազատ խօսքի, ազատ մամուլի եւ նման հարցերը կիրարկելը մեր բոլորին նպատակն է եւ արդէն աշխատանք կը տարուի այդ առումով. սակայն ի՞նչ կարելի է ըսել այն աղանդաւորներուն, որոնք 301 թիւէն քրիստոնէութիւնը իբր պետական կրօնք ընդունող Հայաստանը կ՚ուզեն քրիստոնեայ դարձնել իրենց հասկացողութեամբ. կամ ի՞նչ կարելի է ըսել անոնց, որոնք ցոյցեր կը կազմակերպեն միասեռականներու ազատութեան իրաւունքները  պաշտպանելու համար: Ներկայիս երկրի աղքատներու թիւը մէկ միլիոնի մօտ է, արդեօ՞ք միասեռականներու իրաւունքները  պաշտպանելէ առաջ մենք յաջողած ենք  մեր չքաւորներուն իրաւունքները  պաշտպանել. արդեօ՞ք կարողացած ենք մինչեւ հիմա մեր գիւղացիին հացը եւ ապրուստը ապահովել, անոր զաւակներուն ուսում եւ կրթութիւն ջամբել, անոր համար առողջապահութեան միջոցառումներ ձեռք ձքել. մ՞իթէ մենք կարողացած ենք մեր ժողովուրդին բաւարար աշխատանք հայթայթել կամ թէ արտագաղթը կասեցնել: Հարկ է նախ մեր այս բոլոր կենսական  հարցերը լուծենք եւ նոյն ատեն դուրսէն եկող քանդիչ եւ մեր երկիրը, ազգը ու կրօնքը կործանել ուզող մտքերը կասեցնենք. դուրսէն եկած անարդար վճարումներու հոսանքին եւ Արեւմուտքէն ներառուած  քանդիչ սկզբունքներուն վերջ տանք, այլապէս մեծ վտանգի մէջ պիտի գտնուինք:

Նոր Հայաստան կառուցելու համար, ազգային գիտակցութեամբ  տոգորուած, ուսեալ եւ զարգացած նոր սերունդ պէտք է պատրաստել. ներկայ սերունդը զարգացնել իսկ պատանիները որոնք ապագայի երիտասարդները եւ ղեկավարները պիտի ըլլան անոնց հետ Ա. ու Բ.-էն ուղիղ ճամբով սկսիլ. հայ երիտասարդին համար հայրենիքը եւ հայութիւնը սրբութիւններու սրբութիւնը պէտք է ըլլայ, ան լաւ գիտակից պէտք է ըլլայ որ անոնք անսակարկելի են, հոն երբեք զիջում չկայ, հոն միայն վեհութիւն կայ. սակայն այդպէս սերունդ մը պատրաստելու համար նիւթական մեծ աղբիւրներու կարիք ունինք, որոնք պետութեան կարողութեան սահմաններէն դուրս են, եւ հարկ է որ ազգովին աշխոյժ աշխատանք տարուի եւ բոլորը մասնակցին զանոնք ապահովելու համար,  ի մասնաւորի հարուստ դասակարգը: Քանի՞ համալսարանական հայ ուսանողներ ունինք ներկայիս, որոնք  նպաստ կը ստանան  իրենց բարձր ուսումը շարունակելու համար. Ալեքսանդր Մանթաշեանց (Մանթաշով), 19-րդ դարու վերջերը եւ 20-րդ դարու սկիզբը 200 աշակերտներու ուսման ծախսերը կ՚ապահովէր. մենք հիմա 21-րդ դարու մէջ ենք եւ փառք Տիրոջ Մանթաշեաններ ունինք: Մենք յաջողեցանք Երեւանի Ամերիկեան համալսարանի համար հարիւր բարերարներ (սիւներ) ապահովել, որոնցմէ իւրաքանչիւրը տարեկան տասը հազար տոլար պիտի նուիրէ, որ ամէն տարի մէկ միլիոն պիտի գումարէ եւ  հինգ տարուայ ընթացքին հինգ միլիոն տոլար պիտի ըլլայ օժանդակութեան գումարը, այդպէս նախատեսուած է։ Մեզի  համար մեծ յաղթանակ մըն է այս, ուրեմն ինչո՞ւ  նոյնը չենք ըներ կրթական միւս բարձրագոյն հաստատութիւններուն համար, սկսեալ Երեւանի Պետական համալսարանէն եւ կրթական միւս հաստատութիւններու համար, եւ  ինչու չէ արդիական  ժամանակակից նոր հաստատութիւններ կառուցելու համար:

***

Ֆինլանտայի մէջ տեղի ունեցած տնտեսական համաժողովի մը ընթացքին, երկրի վարչապետուհին իր ելոյթի ընթացքին յիշեց,  թէ  Ֆինլանտայի  տարեկան եկամուտը  փայտի  եւ թուղթի վաճառքէն աւելի շատ է Սէուտական Արաբիոյ նաւթի տարեկան եկամուտէն, եւ բոլորին ուշադրութիւնը գրաւելով, ան թիւերով փաստեց, թէ շատ մը տնտեսական եկամուտներու ուրիշ միջոցներ ալ կան նաւթէն անդին: Հայաստանը տնտեսական զարգացումի խիստ կարիք ունի, արդի գործարաններու, ելեկտրոնային, IT, եւ այլ մարզերու մէջ եւ այս բոլորը դրամագլուխի կը կարօտի: Երկիրը այդ կարողութիւնը չունի, սակայն  մենք սփիւռք մը ունինք որ հարիւրաւոր նաւթի հանքերու համազօր է  եւ  պէտք է փոխադարձ շահերով օգտուիլ այդ կարելիութիւներէն. սփիւռքի ներդրումով Հայաստանի մէջ գործարաններ  հիմնուին, հայը գործ ճարէ, ճակտի քրտինքով ապրուստը ապահովէ  եւ գործատէրն ալ օգտուի. եթէ Synopsys, Credence, VMware եւ շատ մը ուրիշ ընկերութիւններ յաջողած են այդ ընելու, վստահ ենք որ բոլորն ալ պիտի կարենան յաջողիլ: Սփիւռք-Հայրենիք կապերու մասին կը խօսուի, ի՞նչ կապերու մասին է ան. ելոյթներով, արտայայտութիւններով, նկարներով եւ թերթերուն մէջ տեղ գտնելով  չէ որ  Սփիւռք-Հայրենիք կապերը կը զարգանան, իսկական աշխատանք պէտք է այդ կապերը ամրապնդելու համար:

Մենք ողորմութիւն չենք ուզեր, այլ փոխադարձ շահեր: Ցեղասպանութենէն 105 տարիներ ետք, եթէ մեր ազգը ողորմութիւնով պիտի ապրի, վա՛յ է եկեր մեր գլխուն։

 

Լոս Անճելըս, Դեկտեմբեր 2019

Ճրտգ. Համբարձում Աղպաշեան

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ