Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Խոհեր՝ Նոր տարուայ սեմին

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-

Այս առթիւ յարմար կը դատեմ մէջբերում մը կատարել Միացեալ Նահանգներու 16-րդ նախագահ Աբրահամ Լինքընի (1861-65) նշանաւոր խօսքերէն. “You can fool all of the people some of the time and some of the people all of the time, but you cannot fool all the people all the time”։ Թարգմանաբար՝  «Դուն կրնաս խաբել բոլոր մարդիկը ժամանակ մը եւ մարդոց մէկ մասը՝ բոլոր ժամանակ, սակայն չես կրնար խաբել բոլոր մարդիկը բոլոր ժամանակ»։

Այս խօսքը ի զօրու կը դառնայ այսօր, երբ դիտենք աշխարհի բոլոր կողմերը բնակող ժողովուրդներու դժգոհութիւնը իրենց իրավիճակէն ու անոր հետ առընթեր բարձրացող բողոքի ցոյցերը, հանդէպ իրենց կարավառութեանց։

Եկէք նկատի առնենք Չիլիի բնակչութեան բողոքի ցոյցերը, որովհետեւ իրենց կառավարութիւնը որոշած է բարձրացնել հանրային երթեւեկի սակերը։ Երբ ժողովուրդը անգործ է եւ կամ դոյզն ամսականով մը կը ջանայ իր ընտանիքին ապրուստը ապահովել՝ սակերու որեւէ բարձրացում կրնայ խախտել ծայրը-ծայրին հազիւ բերող աշխատողի մը կարգի դրած դրութիւնը։

Հարաւային Ամերիկայի երկիրներէն Վենեզուելլայի ժողովուրդն ալ դժգոհ է իր կառավարութեան վարած քաղաքականութենէն։ Բողոքի մեծածաւալ ցոյցերը՝ սղաճի, անգործութեան եւ ուտեստեղէնի ու դեղօրայքի պակասի դէմ ապարդիւն մնալով, անոնք ստիպուած արտագաղթելով ապաստան գտան դրացի Քոլոմպիայի մէջ։

Հիմա երեւակայական թռիչքով մը կտրենք Խաղաղական ովկիանոսը եւ կանգ առնենք Մեծն Բրիտանիոյ վրայ։ Հոն ալ պիտի տեսնէք ժողովրդային բողոքի բարձրաձայն ցոյցեր՝ հանդէպ Brexit-ի։ Թէեւ հանրային քուէարկութեամբ՝ Բրիտանացիներու մեծամասնութիւնը համաձայն գտնուած էր որ Բրիտանիան բաժնուի Եւրոպական միութենէն, սակայն կարծես վերջին պահուն անոնք փոխած են իրենց միտքը եւ կ՚ուզեն տակաւին մաս կազմել այդ Միութեան։

Եւրոպական ցամաքամասէն՝ Սպանիոյ երկրորդ մեծագոյն քաղաքի՝ Պարսելոնայի բնակչութիւնն ալ բողոքի ցոյցերով հրապարակ իջած է եւ կը պահանջէ բաժանում Սպանիայէն։ Անոնք յառաջ կը մղեն իրենց երբեմնի երազի՝ Քաթալոնիայի ստեղծումը։ Անջատողական այդ շարժումի գլխաւոր դերակատարները նոյնիսկ դատապարտուելով՝ դատական իշխանութեանց յանձնուեցան…

Ասիական ցամաքամասէն նկատի առէք Հոնկ Քոնկի բնակչութեան բողոքի ցոյցերը հանդէպ Չինաստանի կառավարութեան։ Մենք գիտենք որ Բրիտանական կառավարութեան 99 տարուան հոգատարութեան տակ գտնուող Հոնկ Քոնկը, 1997-ին յանձնուեցաւ Չինաստանին։ Սակայն ըստ համաձայնութեան՝ Հոնկ Քոնկը պէտք էր ինքնավար (one country, two systems) մնար 50 տարի, այսինքն մինչեւ 2047 թուականը։ Բայց երբ այդ համաձայնութիւնը խախտուեցաւ՝ ժողովուրդը սաստիկ կերպով բողոքեց։

Իսկ Միջին Արեւելեան երկիրներէն ո՞ր մէկը հանդարտ է եւ կեանքը բնականոն կերպով կ՚ընթանայ հոն… Իրաքի մէջ՝ օր չկայ որ բախումներ չկատարուին ժողովուրդի եւ պետական ուժերու միջեւ, որոնց որպէս հետեւանք՝ հարիւրաւոր մարդիկ զոհ կ՚երթան եղած զինեալ ընդհարումներուն։

Գալով Լիբանանին, ժողովրդական բուռն ցոյցերը պատճառ դարձան որ կառավարութիւնը տապալի։ Անոնք կը բողոքէին յատկապէս կաշառակերութեան դէմ, որ անիշխանութեան դատապարտած էր երկիրը։ Ֆորպսի 2019-ի միլիառատէրերու ցանկին մէջ տեղ գտած են 20 լիբանանցիներ, որոնք բնակութիւն հաստատած են աշխարհի չորս կողմերը։ Իսկ Լիբանանի մէջ ապրողներէն կարելի է յիշել Նաճիպ Միքաթին (2,5 միլիար), Իսամ Ֆարէսը (2,3 միլիար) եւ Պահայ Հարիրին (2,1 միլիար)։ Անդին՝ լիբանանցիներու մեծամասնութիւնը աղքատ է եւ անգործ…

Վերջապէս, չմոռնանք մեր նորանկախ երկիրը՝ Հայաստանը։ Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք՝ յարաբերաբար կառավարութեան դէմ ըմբոստութիւնը նուազած է, սակայն տակաւին կան խմբաւորումներ որոնք հաւկիթին մէջէն մազ կը փնտռեն։ Օրինակ՝ Կրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի դէմ, պահանջելով անոր հրաժարականը…

Միթէ կացութիւնը նոյնը չէ՞ Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր ժողովուրդը դժգոհ է Թրամփէն եւ օրէնսդիր մարմինը կը ջանայ հեռացնել զինք իր պաշտօնէն։

Որպէս եզրակացութիւն, պէտք է ըսել որ կառավարութիւն մը որքան ալ ռամկավարական սկզբունքներով ղեկավարուի, միշտ ալ պիտի ըլլան դժգոհներ։ Մեկնաբանելով Լինքընի վերոյիշեալ խօսքը, դժուար է գոհացնել ժողովուրդի մը բոլոր պահանջքները եւ վերջ։   

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ