Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայկական տաղասացութիւն 1100-1722 Ա. մաս

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-

 

Հայ ընթերցողի հորիզոնի վրայ երեւելի են հայկական գրականութեան փայլուն շրջաններ, ինչպէս՝ Ոսկեդարը, Զարթօնքի շրջանը եւ Գեղապաշտ շրջանը: Անոնք կ’արժանանան գրասէրի ուշադրութեան ու անոնց լաւագոյն օրինակները կը վերահրատարակուին նորատիպ գիրքերու շապիկի տակ: Դժբախտաբար, յարգելի ընթերցող, յաճախ անտես եւ անտիպ կը մնայ հայկական միջնադարեան տաղասացութիւնը, աշխարհիկ բնոյթ ունեցող հեղինակային ստեղծագործութիւններու 600 տարուայ հարստութիւն մը: Այսօր կը փափաքիմ ձեզի հետ բաժնեկցիլ ու ճաշակել այդ գանձարանէն պատառիկներ:

 

Նախ կ’ուզեմ յետադարձ ակնարկ մը կատարել ու տեսնել, թէ հայ տաղասացը, աշխարհիկ թէ հոգեւորական, իր մատենադարանին մէջ ի՞նչ գանձեր ունէր, իր նախորդները ի՞նչ ժառանգած էին անոր ու եթէ ան ուզէր տաղ, գանձ, առակ, ողբ, ներբող, վարք կամ խրատ հեղինակել՝ իր ձեռքին տակ ի՞նչ պաշար ունէր: Կարճ պատասխան. գրական հարուստ անցեալ մը: Մանրամասնօրէն՝ հետեւեալները…

 

Հայկական Լեռնաշխարհի կամ Կիլիկիոյ մէջ գործող հայ բանաստեղծին ծանօթ էր Դաւթակ Քերթողը եւ անոր ներբող-ողբը՝ «Ողբ ի մահն Ջեւանշերի մեծի իշխանին»: Ան գրուած էր Աղուանից աշխարհի իշխանի մահուան կապակցութեամբ ու կը համարուի հայկական աշխարհիկ քերթողութեան հնագոյն օրինակը: Հետաքրքրական է գիտնալ նաեւ, թէ «այբբենական» բանաստեղծութիւն է ան, որու առաջին ութը տուները կը սկսին այսպէս. Աստուածածին, Բեկումն, Գլորեցաւ, Դարձաւ, Երկին, Զանգիւտ, Էր նստեալ, Ընդ ամենայն…, ու այսպէս մինչեւ «Քէ»:

 

Հայ տաղասացին ծանօթ էր նաեւ ծայրակապ բանաստեղծութիւնը, այսինքն այն ստեղծագործութիւնը, որու տուներու սկզբնատառերը եթէ վերէն վար հաւաքէք՝ կը յայտնաբերէք հեղինակի անունը կամ այլ բառ մը: Ծայրակապ բանաստեղծութեան գեղեցկագոյն նմոյշներէն մէկը մեզի տուեր է Սահակդուխտ երաժշտուհին: 8-րդ դարու մենակեաց երգահան էր ան, որ կ՚ապրէր Գառնիի ձորի քարանձաւներէն մէկուն մէջ ու կը դասաւանդէր վարագոյրի ետեւէն: Անոր հեղինակած «Սրբուհի Մարիամ» երգը ունի Ս, Ա, Հ, Ա, Կ, Դ, Ո, Ւ, Խ եւ Տ տառերով սկսող ինը տուն:

 

Մեր բանաստեղծին ծանօթ էր նաեւ դիմառնութիւնը: Գրական արտայայտութեան ձեւ մըն է ասիկա, ուր անշունչ առարկան (ինչպէս՝ քաղաք մը) կը ներկայանայ, կը խօսի, կ’ողբայ կամ կ’ուրախանայ որպէս մարդ: Մեր գրականութեան ամենայայտնի դիմառնութիւններէն մէկն է Ներսէս Շնորհալիի «Ողբ Եդեսիոյ» ստեղծագործութիւնը: Այդ երկարաշունչ քերթուածի մէջ Եդեսիա քաղաքը կը ներկայանայ որպէս վշտահար որդեկորոյս մայր. «…Ես մայր էի բազմորդի, / Անթիւ ծնայ դուստր եւ որդի / Զորս մայրաբար դիեցուցի, / Գեղեցկատիպ յօրինեցի, / Վայելչապէս զարդարեցի»:

 

Բանաստեղծութիւններու վերջին բաղադրիչներն են յանգը, բաղաձայնոյթը եւ առձայնոյթը: Առաջինի համար ամենայայտնի օրինակն է Գրիգոր Պահլաւունի Մագիստրոսի «Հազարտողեան առ Մանուչէ» ստեղծագործութիւնը: Անոր 1016 տողերը յօրինուած են միեւնոյն յանգով («-ին»), ինչպէս՝ «…պատկերին», «…հրեշտակային», «…չարին»: Իսկ բաղաձայններու եւ ձայնաւորներու կրկնութեամբ գրաւոր միտքը շեշտաւորելու ընտիր գիւտն ու արուեստը կը պատկանի Գրիգոր Նարեկացիին: Ականջ տանք «ծ» եւ «շ» ձայներուն. «Ծաւալէր ծաղիկ ծովային», «Շուշանն շողէր հովտին, շողշողէր դէմ արեգականն»:

 

Ահա այս պատուանդանի վրայ կառուցուեցաւ նոր գրականութիւն մը, որ լի էր երկրային կեանքը եւ անոր շնորհները լիովին ապրելու տրամադրութեամբ: Անոր լայնօրէն նպաստեցին արեւելեան Հայաստանի մէջ Զաքարեաններու իշխանութիւնը, իսկ Կիլիկիոյ մէջ՝ Ռուբինեան եւ Հեթումեան թագաւորութիւններու գոյութիւնը: Այդ շրջանը «Հայկական գրական վերածնունդ» մըն էր, որ ունէր աշխարհիկ ուղղութիւն, մարդասիրութեան եւ հայրենասիրութեան ընդհանուր գաղափարներու ներքոյ փառաբանեց սէրը, ծաղիկը, գարունը եւ գեղեցկուհին, խորապէս թափանցեցաւ նաեւ իմաստասիրական հարցերու, ինչպէս՝ «կեանք-մահ», «հոգի-մարմին»: Իսկ, երբ երկիրը օտարներու ասպատակութեան եւ իշխանութեան ենթակայ կ՚ըլլար, հայ տաղասացը կ՚երգէր ազգի վիշտը եւ կը ստեղծէր պանդխտութեան սրտաճմլիկ տաղեր: Ժամանակի գրական լեզուն միջին հայերէնն էր, կամ՝ ռամկօրէնը, պարզ, անմիջական, բոլորին համար հասկնալի: Այդ շրջանի երեւելի բանաստեղծներէն Ֆրիկը ըսեր է. «Ֆրիկը հանցեղ պարզ է խօսել, որ ամենայն մարդ իմանայ»: Իսկ հիմա, յարգելի ընթերցող, վայելենք հեղինակներու փունջ մը՝ ժամանակագրական կարգով:

 

Նախ յիշենք ինքնատիպ բանաստեղծ Գրիգոր Տղայ Դ. կաթողիկոսը (1133-1193): Ան դասական սերունդի եւ նորերու մէջ կամուրջ մը եղաւ: Որպէս կաթողիկոս յաջորդեց Ներսէս Շնորհալիին: (Շնորհալիի աւագ եղբօր Վասիլին տղան էր): Բացի դաւանաբանական եւ միջեկեղեցական բազմաթիւ գործերէ, Գրիգոր Տղան ազգը դաստիարակելու համար գրի առաւ նաեւ խրատական բանաստեղծութիւններ: Կարդանք նմոյշ մը. «Մի՛ շարժել զքո լեզուդ, որ քեզ օգուտ չէ, / Եւ մի՛ խօսիր բանս որ քեզ կօրուստ է: / Լեզու, լցեալ հրով, նա սուր սրեալ է, / Անիրաւ գորոյ  պարծանք եւ զարդարանք է»: Յաջորդ քառեակի մէջ հեղինակը կ՚ապրի մարդկային տենչերու եւ իրականութեան ստեղծած հակասութեան խոր տառապանքը. «Կայ եւ հուր սիրոյ, բայց սառուցեալ է, / Եւ հողմն քաղցրաձիգ՝ խորշակահար է: / Ջերմ եմ առ Աստուած, այլ ցուրտն մերձ է, / Կամիմ բուսացանել, բայց տօթն չար է»:

 

Յովհաննէս Պլուզ Երզնկացին (մօտ. 1220-93) խոհա-խրատական քառեակներու ռահվիրան է: Ծնած եւ ապրած է Եկեղեաց գաւառի Երզնկա քաղաքի մէջ: Հոգեւոր գրականութեան առընթեր, ան մշակեց նաեւ տիեզերագիտական, քերականական եւ իմաստասիրական աշխատութիւններ, Երզնկայի հայ արհեստաւորներու «Եղբայրութիւն» կազմակերպութեան կանոնագրութիւնը: Յ. Երզնկացին կ՚ուզեմ յիշել իր հայրեններով (քառեակներ՝ որոնք իւրաքանչիւր տողի վրայ ունին տասնհինգ վանկ): Անոնց մէջ կը տեսնենք կեանքի եւ մահուան իմաստասիրութիւնը՝ աշխարհիկ գեղեցկութիւններու ենթապատկերի վրայ… «Աշխարհս է ի ծով նման, ով որ գայ՝ անթաց չմնայ, / Յայս ծովս ես ի նաւ մտայ, գնաց նաւս եւ ես չիմացայ, / Յեզեր մօտեցել եմ ես, վախեմ թէ քարի դիպենայ, / Քակտի իմ աղուոր շինուածս, ու տախտակս մէկմէկանայ»: Բանաստեղծին ակնարկած «աղուոր շինուած»ը մեր աշխարհիկ կեանքի ձեռքբերումներն են, գործ, տուն եւ այդ տան կողքին փոքրիկ պարտէզ մը, զոր կը մշակենք, եւ որու պտուղը կ՚ուզենք վայելել: Սակայն մահն է, որ կու գայ եւ այդ պարտէզը արմատախիլ կ՚ընէ: Իսկ «տախտակս մէկմէկանայ» արտայայտութիւնը, սարսափելի բան, մեզի կը յիշեցնէ կեանքի անխուսափելի վախճանը, այն իրականութիւնը, թէ աշխարհը եւ անոր փայլը անցաւոր են: Մէկ այլ քառեակի մէջ Յ. Երզնկացին մեզ կը զգուշացնէ որ մարդը չնմանի օձին, այսինքն չունենայ երկճիւղ լեզու. «Լեզուն է գործիք բանի / եւ արդարոյն զերդ խալաս ոսկի, / զՄարդոյն է մէկ փերթ արել եւ օձին է երկու ճըղի, / Էնց մարդն որ երկու խօսի` զմէկն քաղցր ու մէկն լեղի, / Եղբայր է օձին եղել ու զնորա անէծքն ընդունի»:

 

Ֆրիկը (13րդ դար) հասարակական նիւթերու առաջին բանաստեղծն է: Ապրած է մոնղոլական ասպատակութիւններու եւ տիրապետութեան օրերուն: Ֆրիկը հայրենասէր է, ժողովրդասէր, արդարամիտ: Երկրի քաղաքական անկայունութեան եւ ընկերային քայքայման խնդիրներով այրող, դառնացած անհատ է ան: Ֆրիկը կ’ենթարկուի հարստահարութեան եւ գերեվարութեան: Ընդվզելով՝ հասարակութեան անունով եւ անոնց լեզուով կը պոռթկայ, հանդէս կու գայ Աստուծոյ առջեւ ու արդարութիւն կը պահանջէ: Ահա այսպէս են Ֆրիկի խօսքերը. «Աստուած արդար եւ յիրաւի… / Հանդէս ունիմ բան մի վիճի, / Թէ դու լսել քո ծառայի… / Որքա՞ն տանջեն զմեզ յաշխարհի, / Եւ կեղեքեն զկեանս մեր յայտնի, / Եւ դու ներես յամենայնի / Անտես առնես զմեզ ի վշտի / Գիտես, մարմին ենք մսեղի, / Գէմ արձան չեմք ինչ երկաթի»: «Գանգատ» բանաստեղծութիւնը կ՚օգտագործէ հակադրութեան հնարքը ու կը նկարագրէ երկրի բեւեռացուած վիճակը. «Մէկին հազար ձի եւ ջորի, մէկին ոչ ուլ մի, ոչ մաքի…/ Մէկին հազար դեկան ոսկի, / մէկին ոչ փող մի պղնձի»: Այդպէս էր եղած ընկերութեան վիճակը, որովհետեւ՝ «…Որ թաթարն եղաւ թագաւոր, / Ու գողերն եդիր (դրաւ) մեծաւոր»:

 

Բայց, յարգելի ընթերցող, պիտի անցնին տասնամեակներ, գարունը դարձեալ պիտի գայ, հայկական տաղասացութիւնը իր պայծառ գոյներով եւ պատկերներով դարձեալ պիտի ծաղկի Հայկական լեռնաշխարհի մէջ ու այս անգամ պիտի յայտնուին վարդի եւ սոխակի այլաբան երգիչը՝ Կոստանդին Երզնկացին, երազի եւ իրականութեան հակադրութեան մէջ տառապող Խաչատուր Կեչառեցին, Յովհաննէս Թլկուրանցին, որ սէրը պիտի երգէ անկաշկանդ պոռթկումերով, այրի նկարիչ Մկրտիչ Նաղաշը, որ պիտի դառնայ պանդուխտի ձայնը, բաժանման եւ կարօտի երգիչ տարագիր կաթողիկոս մը՝ Գրիգորիս Աղթամարցին եւ ուրիշներ: Այն ժամանակ սէրը պիտի յաղթահարէ չարին եւ մահուան: Այդ բոլորը կը կարդանք յաջորդ յօդուածի մէջ:

 

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ