Շաբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Գանձարաններ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-

 

            Ամէն անգամ որ ծննդավայրս՝ Աթէնք կ’երթամ, կը փորձեմ այցելել գոնէ մէկ թանգարան, ծանօթանալու այնտեղ պահ դրուած համաշխարհային մշակոյթի արժէքներուն: Փառք Աստուծոյ, թանգարաններու կամ այլ տեսարժան վայրերու պակաս չկայ Յունաստանի մէջ: Նախորդող տարիներուն այցելած եմ Հնագիտական թանգարանը, Ազգային Պատմական թանգարանը (1875-1935 Յունաստանի Խորհրդարան), Բիւզանդական եւ Քրիստոնէական թանգարան: Անցնող երկու ամառներն ալ այցելեցի Յունական մշակոյթի Պէնաքի թանգարանը (Benaki Museum of Greek Culture): Նախակրթարանի տարիներուն դպրոցէն կը տանէին մեզ այնտեղ, հաւանաբար մէկ յարկի տակ ամբողջ յունական մշակոյթը ամփոփ ներկայացուած ըլլալուն համար:

            Թանգարանի հաւաքածոյին եւ շէնքին նուիրատուն է վաճառական, քաղաքագէտ, ազգային բարերար՝ Անտոնիս Պէնաքիս (1873-1954), որդին վաճառական, քաղաքագէտ, խորհրդարանի անդամ, նախարար, 1914-1919 Աթէնքի քաղաքապետ, ազգային բարերար՝ Էմմանուիլ Պէնաքիսի (1843-1929) եւ եղբայրը ծանօթ գրող Փինելոփի Տելթայի: Անտոնիս Պէնաքիս 1930-ին իր անձնական հաւաքածոները կը նուիրէ պետութեան: Ան կ’որոշէ նաեւ հօրենական ապարանքը վերածել թանգարանի, որուն դռները կը բացուին 22/4/1931-ին:

            Թանգարանը դասաւորուած է այնպէս՝ որ սկսելով նախապատմական Յունաստանէն, թուագրուած, իրար յաջորդող ցուցասրահներու միջով կ’անցնի բիւզանդական-քրիստոնէական, 400-ամեայ օսմանեան տիրապետութեան շրջաններէն մինչեւ 1821-ի ապստամբութիւն եւ ազատագրում: Ինչ ըսես չկայ այնտեղ. նուագարաններ, գործիքներ, արօր, մետաղադրամներ, զէնքեր, մանրանկարներ, զարդաքանդակ խորան, օսմանեան շրջանի կահաւորումով սենեակներ, ասեղնագործութեան եւ գորգագործութեան նմուշներ, գոհարեղէն, դրօշներ, հերոսներու նկարներ եւ կիսանդրիներ: 1821-1826 ազատագրական պայքարին նուիրուած բաժինին պատերը հսկայ որմնանկար մըն են, ուր կը ներկայացուին զանազան ճակատամարտեր: Կան նաեւ առաջին թագաւոր Օթոնի տարազն ու անձնական իրերը, թագուհի Ամալիայի եւ շքախումբին տարազները, 1844-ի սահմանադրութիւնը, եւ այլ պատմական արժէք ներկայացնող իրեր:

Գեղեցիկ է թանգարանին շէնքը, գեղեցիկ են ցուցադրուած իրերը, որ հարազատօրէն կը ներկայացնեն համապատասխան ժամանակաշրջանները: Ի՞նչն էր, սակայն, որ զիս երկու տարուան մէջ երկու անգամ տարաւ այնտեղ: Սրահներէն մէկուն պատին ուշադրութիւնս գրաւեց ցուցափեղկի մը ետին յախճապակեայ պնակներու հաւաքածոյ մը: Արդեօ՞ք … մտածեցի: Կարդացի ամբողջ գրութիւնը: «Քէօթահիայի հայերու յախճապակի,– 18-րդ դարու 2-րդ կէս,– կը փոխարինեն Իզնիկի յախճապակին: Նիւթ՝ մարդկային կերպարներ, առօրեայ կեանքի տեսարաններ»։

Անոնց մէջ կար աման մը, Քրիստոսի գերեզմանը եւ 12 առաքեալները ներկայացնող, գործ՝ հայ վարպետ Թորոսի: «Դրդող ազդակ հանդիսացաւ Երուսաղէմի Յարութեան տաճարին 1718-19 ծրագրուող վերանորոգումը, որուն համար պատրաստուեցան սալիկներ եւ քրիստոնէական նիւթով իրեր», կը շարունակէ գրութիւնը: Տարբեր ցուցափեղկի մէջ տեսայ հաւկիթ մը՝ Գողգոթան պատկերող, խնկամաններ եւ ցօղաման՝ գոյնզգոյն ծաղկաւոր զարդարումով:

Հայ ժողովուրդը չէ միայն որ տարածուած է աշխարհով մէկ: Լաւ թէ վատ, տարածուած են նաեւ անոր մշակոյթին բեկորները:

 

ԵՐԱՆՈՒՀԻ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ