Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայրենի եւ սփիւռքահայ խճանկարներ «Դուք տոլարճի էք»

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-

 

«Դուք տոլարճի էք»

Սեպտեմբեր 2019։ Երեւանի Պետական համալսարանի Ժուրնալիստական բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ իմ գիրքի՝«Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» շնորհանդէս-ներկայացումը։ Եթէ առաջին ժամը հայրենի ակադեմականներու եւ գիտնականներու կողմէ ներկայացուեցաւ գիրքը՝բայց երկրորդ լման ժամ մը, առիթը տրուեցաւ ուսանողներու, որպէսզի ներկայացնեն իրենց հարցերը ու հարցադրումները։ Եւ երեւի մէկ ժամը բաւարար չէր, որպէսզի կարելի ըլլար իրար յաջորդող եւ տեղատարափ անձրեւի նման իրար ետեւէ ներկայացուած տարբեր հարցումներուն պատասխանները եւ քննարկումները կատարել ըստ պատշաճի։ «Պէտք է դասարան վերադառնան», ըսաւ դասախօսներէն մին, եթէ մեղմ ժպիտ մը կար իր դէմքին՝բայց նոյնքան նաեւ կարծէք յանցաւորի զգացումով՝ թէ պիտի ընդհատէր ուսանողներու հետաքրքրութիւնները եւ զիրենք մտահոգող հարցերը ու միտքերը։ Բայց այդ մէկ անբաւարար ժամը բաւարար էր ինծի համար, տեսնելու թէ Հայաստանի մէջ ունինք երիտասարդական ուժեղ «միտք»։ Միտք մը՝ որ ունէր մտահոգութիւն, հետաքրքրութիւն, երկրին, հողին, բայց մանաւանդ հայուն եւ անոր կեանքին եւ ապրելակերպին տարբեր գրաւականներուն վրայովը։ Եւ ինչպէս որ հաւատացած ենք՝ հայուն ամբողջական մշակոյթին։ Եւ այս ամբողջական մշակոյթը եւ միտքն են, որ իւրաքանչիւր հաւաքականութեան անհատը կը վերածեն մշակութային էակի։ Ես, դուն եւ իւրաքանչիւր հայ, կը դառնանք մշակութային էակ, զինուած մշակութային մեր արժէքներով եւ որ կ՚օգնէ մեզի կերտելու մեր կեցուածքը աշխարհի նկատմամբ։  

Եւ այս «մշակութային էակները» ու տակաւին «միտքերն» էին որ ես ապրեցայ Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ։ Հոն ուր հայուն եւ ի մասնաւորի երիտասարդին մտքին պայծառութիւնը տեսնելով՝ ապրեցայ հայուն կեանքը նոր մակարդակներու եւ տեսլականներու մէջէն։

***

Սեպտեմբեր 29 ին՝ Երեւանէն կը մեկնիմ Ստեփանակերտ։ Եղանակը գեղեցիկ եւ պայծառ։ Սեւանայ լիճի կողմէն անցնելով, դարձեալ կը հմայուիմ անոր գեղեցկութեանը վրայով ու անցնելով Վարդենիսի նոյնքան գեղեցիկ ճանապարհէն եւ Արցախի հանրապետութեան լեռներու մէջէն կը մտնեմ Ստեփանակերտ։

Երկուշաբթի առաւօտ պանդոկին ճաշարանին մէջ կը նախաճաշեմ։ Ճաշարանին սեղանները բոլորն ալ գրաւուած են։ Շատ ալ դժուար չէր տեսնելու, թէ բոլորն ալ հայեր էին՝ անկախ այն իրականութենէն, թէ շատ հայերէն չէի լսեր…։ Եւ նկատի ունենալով որ կը նստէի այսպէս ըսած մէջտեղի սեղաններէն մէկուն, աւելի դիւրին եղաւ տեսնել, բայց նաեւ լսել, իմ չորս կողմի նստած հայորդիները։ Ձախին՝ երկու չափահաս տիկիններ, որոնք հայեր էին, կը խօսէին ռուսերէն։ Աջին՝ բազմանդամ ընտանիք մը եւ երեւի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն եկած՝ կը խօսէին անգլերէն։ Եւ ճաշարանի ձախ կողմի հանդիպակած մի քանի սեղանները գրաւուած էին բաւական մեծ խումբ մը հայերով, որոնք կը խօսէին ֆրանսերէն։ Ստեփանակերտի պանդոկին ճաշարանը կարծէք այդ օր դարձաւ «Բաբելոնի Աշտարակը»…։ Հոն, ուր տարբեր լեզուներ խօսուեցան եւ իրարու խառնուեցան…։ Բայց յատկանշականը ֆրանսական խումբին առաւօտեան այդ ժամուն խանդավառութիւնն էր։ Եւ հոն կար չափահաս-տարեց տարիքին ոտնակոխող մարդ մը, միջահասակ, որ յայտնի էր որ արթնցած էր շատ «աշխոյժ»։ Եւ մէկ սեղանէ միւսը կ՚անցնէր ու կը կատակէր եւ մթնոլորտ կը ստեղծէր։ Եւ կային իմ մտորումներս։ «Այս ինչքա՞ն աշխուժութիւն առտու կանուխէն»։ Երբ տակաւին մտորումներս չէի ամփոփած, ան մօտեցաւ իմ սեղանին եւ ըսաւ հայերէն ֆրանսական հնչիւնաբանութեամբ։ «Դուն հայ ե՞ս»։

Երեւի դժուար չէր իրեն համար գուշակել, թէ ես ալ հայ եմ։

«Այո», եղաւ իմ արագ եւ հաստատ պատասխանը։ 

«Ես եւ իմ բոլոր բարեկամները Մարսիլիայէն եկած ենք եւ հոն ծնած ենք եւ հոն ալ կ՚ապրինք», եղաւ իր արագ ու խտացուած կենսագրութիւնը իր ու բոլորին կեանքին։

Եւ հիմա կրցայ աւելի լաւ հասկնալ իր ու խումբին աշխուժութեան մշակութային տարբերակը։ Վերջապէս՝ միջերկրականեան քաղաք է եւ այդ ծովուն շնորհած կեանքի ուժականութիւնը լեցուցած է անոնց կեանքերը…։

«Իսկ դուն ո՞ր երկրէն կու գաս», շարունակեց ան։

«Լիբանանէն եմ», ըսի իրեն։ «Պէյրութ ծնած եմ»։

« Ահա…», եղաւ իր ուրախ բացագանչութիւնը։ Եւ դէմքին վրայ կրցայ տեսնել սրամիտ-կատակի երեւոյթ մը արտայայտելու իր ճիգը։

«Դուք տոլարճի էք», ըսաւ ան, նոյն ժպիտը քիչ մը աւելի ընդարձակելով իր դէմքին վրայ։

Յստակ էր, թէ ուրախ մթնոլորտ մը կը փորձէր ստեղծել։ Բայց քաջալերուած էի իր հաղորդականութեամբը եւ ծանօթութիւն-բարեկամութիւն մը կամրջելու իր տրամադրութենէն։

« Չէ, մենք լիբանանեանճի ենք», ըսի իրեն՝ նոյնպէս ժպիտ մը ուրուագծելով իմ ալ դէմքին վրայ։

Եւ Ստեփանակերտի նախաճաշի այդ մթնոլոտին մէջ, այդ օր, ապրեցայ դարձեալ սփիւռքեան ու սփիւռքահայու մեր կեանքերու իրականութիւնները…։ Ու տակաւին տարբերութիւնները…։ Եւ թէ նորէն՝ ինչքան գունաւոր են մեր սփիւռքահայու իրականութիւնները։ Բայց այդ բոլոր տարբերութիւնները կը միանան հայրենի հողին վրայ…։

***

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 30-ին, Արցախի Պետական համալսարանին մէջ տեղի կ՚ունենայ իմ գիրքի ներկայացումը։ Եթէ կային ակադեմական դասախօսներու ներկայացումները, բայց նաեւ ուսանողներու ներկայութիւնը եւ հարցադրումները։ Եւ հոն՝մեր երկրորդ հանրապետութեան համալսարանին մէջ, հայրենի դասախօսներու եւ ուսանողներու հետ, եւ ակադեմական այդ մթնոլորտին մէջ՝ դարձեալ ապրեցայ հայուն ապրելու գրաւականը՝ հայուն միտքը՝ ու այդ մտքին տուն տուող հայուն մշակոյթը, որ զինք կենդանի պահած է պատմութեան տարբեր հոլովոյթներուն մէջէն։ Եւ մեր երկրորդ եւ երեւի աւելի «երիտասարդ» հանրապետութիւնը նոյնպէս ներշնչեց այդ հայուն մտքին ու մշակոյթի պահպանումի գրաւականը։ Եւ արտաքին գործոց նախարար՝ Պրն. Մասիս Մայիլեանի հետ հանդիպումը եկաւ ապացուցելու թէ այդ պահպանումի ապահովութիւնը առկայ է։ «Մենք արդէն քսանութը տարուայ պետականութիւն ենք եւ այս իմաստով նաեւ անհրաժեշտ է որ մեր կապերը աւելի եւս ամրապնդենք սփիւռքի հետ եւ մեր մասնակցութիւնը բերենք հայապահպանումի գործընթացքին մէջ։ Եւ ձեր ներկայութիւնը հոս ու ձեր գիրքի շնորհանդէսը կայացնելը Արցախի մէջ՝ մէկ լաւ եւ կարեւոր գրաւական է Արցախ-սփիւռք կապերու ամրապնդմանը», ըսաւ Պրն. Նախարարը։

Այո, քսանութը տարուայ մեր երկրորդ հանրապետութիւնը կազմակերպուած իրականութիւն է այսօր, որ կը շնորհէ ապահովութիւն եւ վստահութիւն հայուն հայապահպանումի գոյապայքարին մէջ եւ ամէն տեղ։

Դոկտ. Արման Նաւասարդեան, Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան եւ քաղաքական գիտութիւններու թեկնածու՝ Դոցենտ, կը ներկայացնէ «խթանող դիւանագիտութիւնը» որպէս միացում «պետական ու ոչ պետական՝ իմա քաղաքացիական՝ դիւանագիտութեան գործիքակազմերուն»։ Եւ թէ ան բացառապէս հիմնուած է «փափուկ ուժին» վրայ, որ «ներառում է ժամանակակից կեանքի բոլոր ոլորտները (ոչ պետական) եւ պետութեան ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան վայրաշարժն է, մղիչ ուժը»։ Եւ Դոկտ. Նաւասարդեանը՝ այդ «փափուկ ուժը» կը գտնէ հայուն մշակութային արժէքներուն մէջ։ Եւ հոս է, որ ան կը ջատագովէ, թէ «եթէ չունես նաւթ կամ կազ, գործարկիր մշակութային արժէքներդ»։ Եւ Դոկտ. Նաւասարդեան կը հաւատայ ազգային մշակութային արժէքներու «ծրագրուած, մշակուած, նպատակադրուած տարածում եւ քարոզարշաւ, պետական ու հանրային կազմակերպութիւններու միջոցով՝ աշխուժօրէն օգտագործելով հայկական սփիւռքի ներուժը»։

«Դուք տոլարճի եք»։

Ո՛չ, իմ սիրելի Մարսիլիայի ազգակից։ «Մենք տոլարճի չենք»։ Բայց՝«Լիբանանեանճի ալ չենք»։

«Մենք հայկականճի ենք»։

«Հայկականճի»՝ մեր ազգային մշակութային մտքի ու արժէքներու մեծ հարստութեամբը։ Եւ այս հարստութիւնը ամուր ենթահողը եւ  գրաւականը՝մեր հայրենի երկու հանրապետութիւնները՝Հայաստանի եւ Արցախի պետականութիւնները։

Եւ մեր ազգային մշակոյթը հարստացած է, որովհետեւ ունի պատմութեան հետ գալարուած ու կազմուած մեծ իրականութիւնը։ Եւ անկախ մեր պատմութեան դժուար վարկածներուն, այս մշակոյթը եւ անոր միտքը չկորսնցուցին իրենց արժէքն ու հարստութիւնը։ Եւ մեր երկու հանրապետութիւնները հիմք են՝ ամուր հող, ուր այս արժէքը եւ հարստութիւնը կը լիցքաւորուին։

Հայրենի ու սփիւռքահայ խճանկարներ։ Եւ եթէ այս «խճանկարներուն» մէջ կան տարբերութիւններ, եւ կան՝այո, բայց կայ այդ բոլորը զիրար միացնող օղակը նաեւ։ Եւ այդ օղակը՝ մեր մշակութային մտքի ու արժէքի խճանկարն է։ «Փափուկ ուժը»։ Այն ուժը, որ մեր մեծ հարստութիւնն է։ Այն հարստութիւն, որ պէտք է «գործարկել»։ Եւ «գործարկելը»՝ հայրենի ու սփիւռքահայ խճանկարներուն համակերպումով եւ համընթացութեամբ։ Եւ այս  համակերպումով եւ համընթացութեամբ է, որ մեր մշակութային հարստութիւնը կը պահպանուի։

Հայրենի ու սփիւռքահայ խճանկարներ։ Խճանկարներ՝ հայու մշակութային մտքին ու արժէքին ապրուած իրականութիւններով։

Եւ որ պէտք է պահել ու շարունակել։     

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

 


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ