ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-
ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԿԱՂԱՆԴՉԷՔՆԵՐ
Երկու հազար եւ քսան թիւ տարուան,
Խաղաղակամար գօտին ծիածան։
Կաղանդ պապային բարեգութ հոգի,
Որպէսզի անտես չառնէ ոչ ոքի։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին,
Եղծ աղանդները գլխատող կացին։
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին,
Բանալիները Սսոյ Սուրբ Վանքին։
Պատրիարքական զոյգ Աթոռներուն,
Վերարթնացումի հոգեկան ցնցում։
Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր դասուն,
Հաւատք, Յոյս եւ Սէր քարոզող լեզուն։
Հռոմի Պապին սպիտակածամ,
Պագշոտ կղերներն պատժող խարազան։
Հայոց Նախագահ Ա. Սարգսեանին,
Յուսաբաշխ խօսք-այց ՝միշտ ժպիտ դէմքին։
Հայոց վարչապետ Ն. Փաշինեանին,
Վերջ՝ ՍԵՒ-ՍՊԻՏԱԿ բաժանարար խաղին։
Պետական մարմնի պաշտօնեաներուն,
Մայրենի լեզուի մաքրախօսութիւն։
Արտասահմանի հայ դեսպաններուն,
Դիւանագէտի քերականութիւն։
Հայոց բանակին հայրենապաշտպան ,
Ռազմական սարքեր գերարդիական։
ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփին,
Գործընկերութիւն ընդհետ Փութինին։
Հանրապետական փիղ կուսակցութեան,
Երկրպագութիւն կուռքին ճերմակ տան։
Դեմոկրատական էշ կուսակցութեան,
Քանի մը աթոռ ծերակուտական։
Հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին ,
յուսավառ աստղը լուսեղ գալիքին։
Սփիւքատարած մեր ժողովուրդին,
Միջգաղութային լիազօր մարմին։
Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան,
Սատար նիւթական եւ բարոյական։
Մայրաքաղաքին մեր գեղաքանդակ,
Իւր պանդուխտ որդւոց տուն կանչող զանգակ։
Հայաստանի հարս լիճին Սեւանայ,
Ջրառատ գետեր մինչեւ ծով դառնայ։
Յաւերժի քանդակ լերան Արարատ,
Վերադարձ գիրկը տիրոջ հարազատ։
Սակարկութեան նիւթ դարձած Արցախին,
Վերջնական կցում Մայր Հայաստանին։
Ամուսնալուծուած հայ ուղղագրութեան,
Վերամուսնութիւն խաչով Մեսրոպեան։
Հայրենի երկրի գրողներուն մունջ,
Ստեղծագործման նոր աւիշ եւ շունչ։
Գրագէտներուն արտասահմանի,
Պատուոյ տիտղոսը «Սրբազան խենթ»ի։
Ուսուցիչներուն լեզուին Մաշտոցեան,
Ուխտագնացում դէպի Օշական։
Հայ կուսակցութեանց մեր աւանդական,
Վերականգնումի նոր Աւետարան։
Հայաստանածին մեր կուսակցութեանց,
Ընծայաբերում՝ վասն հայրենեաց։
Հայ դպրոցներուն սփիւռքատարած,
Անսպառելի դրամական գանձ։
Բարեգործական միութիւններուն,
Միլիոնապարփակ կտակներ բազում։
Հիմնադրամին համահայկական,
Մշտահոս աղբիւր մամոնայական։
Բարերարներուն մեր առատատուր,
Ազգի շրթներով Երախտահամբոյր։
Արտերկրի յաջող գործատէրներուն ,
Հայ հողի վրայ գործի ձեռնարկում։
Յանձնախումբերուն հայկական դատի,
Անընկճելի կամք պահանջատէրի։
Միութիւններուն մշակութային,
Հինգերորդ դարու թարգմանչաց ոգին։
Միութիւններուն մարմնամարզական,
Փառապանձ խաղեր Նաւասարդական։
Ճատրակի վարպետ տղոց մեր արի,
Ոսկեղէն թագեր աշխարհակալի։
Բոլոր հայատառ լրագիրներուն,
Բաժանորդներ եւ ընթերցող բազում։
Բոլոր հայազգի լրագրողներուն,
Ճշմարտախորհուրդ լրատուութիւն։
Միացեալ Ազգի կազմակերպութեան,
Արդար վճիռներ արձակող ատեան։
Իսկ այս տողերը կարդացողներուն,
Շրթնէ անբաժան Մեսրոպեան լեզուն,
Այլասերման դէմ հայաբորբ արիւն,
Էջմիածնալոյս հաւատքի պրկում,
Հայրենասէրի հոգի աննկուն,
Հայապայքարի վահաններ տոկուն,
Աւանդապահի ոգի մշտարթուն,
Մտքի ու մարմնի քաջառողջութիւն,
Սրտի ու Հոգւոյ հաճոյքներ զեղուն,
Բարի գործերու արդիւնաւորում,
Եւ երջանկաբեր տարի մը բեղուն։
ԵԶՆԻԿ ԲԱԼԱՅԵԱՆ