Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայկական տաղասացութիւն 1100-1722 Բ. մաս

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

(Շարունակուած նախորդ թիւէն)

 

Նախորդ յօդուածի մէջ, յարգելի ընթերցող, մուտք գործեր էինք հայկական միջնադարեան տաղասացութեան քնարական պարտէզը ու կատարեր էինք աշխարհիկ մեղեդիներու ձայնաքաղ մը: Այսօր շարունակենք մեր պտոյտը ու լսենք Հայկական Լեռնաշխարհի 1200-1400-ական թուականներու մերթ հեշտագին, մերթ ողբագին ձայները:

Կոստանդին Երզնկացին բնութեան, կեանքի, ծառ ու ծաղիկի առաջին այլաբան երգիչն է: Ինչպէս իր անունէն յայտնի է, բանաստեղծը ծնած է Եկեղեաց գաւառի Երզնկա քաղաքի մէջ: Ան ապրած ըլլալու է 1250-1320 թուականներու միջեւ: Մանկութեան տարիներուն ստացած է հոգեւոր ուսում, հաւանաբար իր ծննդավայրի Տիրաշէնի վանական դպրոցի մէջ:

Կոստանդին Երզնկացին հայկական միջնադարեան տաղերգութեան մեծագոյն անուններէն է: Անոր բանաստեղծութիւնները գարնան եւ սիրոյ գովերգութիւններ են: Կ. Երզնկացին գրի առած է նաեւ վարդի եւ սոխակի սիրավէպեր, որոնք ջերմ երկխօսութիւններ են: Ահա այսպէս. (Սոխակը) Առանց քեզ ո՞նց ելնում ի հուն. / Հանց քաղեցիր զշունչս ու հոգիս՝ / Այլ չի մնաց երեսս քուն: (Վարդը) Իմ լուսատու արեւն դու, / Աստղն զոհալ եւ մուշտարի, / Շամս ու ղամար իմ թաճս դու»:

Կ. Երզնկացիի տաղերէն մէկը ուղղուած է իր սէրը անտեսող «անխիղճ» գեղեցկուհիին. «Հոգի՛, աչերուս իմ լոյս, / Երբ որ ի դիմացս ելնուս, / Փախչիս, երբ որ զիս տեսնուս, / Խղճա՛ քո գերոյս, իմ լոյս: / Դու զլոյս աչերուս առնուս՝ / Թէ զիս քեզ օտար տեսնուս, / Դու ես հոգի իմ հոգոյս, / Խղճա՛ քո գերոյս, իմ լոյս»:

Բանաստեղծը, ինչո՞ւ զարմանալ, պիտի տառապէր երկրայինի եւ երկնայինի միջեւ, ու պիտի հալէր մոմի նման: Այդ ներքին պայքարը իր պատկերաւոր արտայայտութիւնը կը գտնէ հետեւեալ տողերու մէջ. «Հոգիս խիստ է յօժար բանից իմաստնոց լսել, / Մարմինս է հեշտասէր, զի յաշխարհէս է ինք ծնել: / Ի յերկուքիս միջին մոմ եմ ի մէջ հրոյն վառել, / Անհիմն ու անհաստատ՝ եմ անհանգիստ ի շուրջ եկել»:

Խաչատուր Կեչառեցին ապրած է 1260-1331 թուականներուն: Ստեղծագործած է Ծաղկաձորի Կեչառիսի վանքի մէջ, Պռոշեան իշխաններու հովանաւորութեամբ: Աննախընթաց անձնաւորութիւն է Կեչառեցին: Անոր գործերը կը վերաբերին կեանքի վաղանցութեան, մահուան, սարսափելի դատաստանին, հայրենասիրութեան եւ մարդասիրութեան: Եզակի եւ յեղափոխական է անոր կեցուածքը «մարմին-հոգի» դարաւոր հարցի նկատմամբ: Ըստ անոր, ո՛չ թէ մարմինն է, որ կ՚արատաւորէ հոգիին, այլ՝ հոգին է յանցաւոր մարմնի գործած մեղքերուն համար, քանզի հոգին է տէրը, իսկ մարմինը, անոր ենթակայ գերի, ինչպէս հլու ձի, կը հնազանդի իր տիրոջ կամքին… «Ես ձի եւ դու տէր ձիոյս, / Ես ծառայ ե՛ւ իշխան դու գերոյս, / Կամիլդ քո՝ գործ լինէր ինձ. / Մեղ է՞ր դնես հողածնոյս»: Կեչառեցին ունի նաեւ խրատական գործեր: Ահա օգտաշատ քանի մը նմոյշ. «Զաչերդ շատ մի՛ ածեր, թէ ոչ՝ չար սրով դա խոցի, / Զլեզուդ արձակ մի՛ թողուր, որ չածէ զքեզ պատուհասի», «Առնել լաւ է, քան ասել եւ ոչ կատարել, / Աղքատ եւ արդար լաւ է, քան գիտուն եւ յոյժ մոլորել», «Սակաւ գիտութիւն լաւ է, քան գիտել եւ ոչ կատարել, / Մին ձեռօք երկինս լաւ է, քան երկու ձեռօք դեգերել»:

Յովհաննէս Թլկուրանցին (14րդ-15րդ դար), սիրոյ եւ բնութեան տաղերու հեղինակ է, ինչպէս նաեւ այդ տաղերու երգահանն ու երգիչը: Յիշել կ՚արժէ, թէ անոր տաղերը լոյս տեսած են Յակոբ Մեղապարտի 1513-ին Վենետիկի մէջ հրատարակած «Տաղարան»ի մէջ: Թլկուրանցիի խօսքերը այլաբանութիւններ չեն: Անոնց մէջ կայ ինքնամոռաց սէր, զգացումներու պոռթկում եւ անկաշկանդ արտայայտութիւններ: Այդ երգերու մէջ կայ գեղեցկուհիի մարմնական բարեմասնութիւններու համարձակ պատկերաւորումը: Ահա քանի մը պատառիկ. «Ծոցդ է դրախտ անմահութեան ի յետ դարձնէ զելած հոգին», «Ուրակ ճակատ ու ճոխ բերան, ծամն ու վարսերն էր հոգեհան», «Տեսայ պատկերք մի գեղեցիկ, զէտ զարեգակն, որ լոյս կու տայ»: Ըստ Թլկուրանցիի, սիրոյ ոյժը աւելի զօրաւոր է քան կուսակրօն հոգեւորականի հաւատքը. «Մարդ որ սիրու կը հանդիպի, նայ քան զկրակ կու լինի վառ, / Այլ ո՛չ աղօթք միտքն կու գայ, ո՛չ Յայսմաւուրք կարդայ եւ ճառ»: Թլկուրանցին հողեղէն գեղեցկուհիին կը նկարագրէ բնութեան պատկերներով. «Աղէկ պատկեր բոլոր եւ գեղեցիկ ես, / Բերանդ շաքրով իլի թութակ լեզու ես, / Գոյնդ է կարմիր վարդին, հոտովդ անոյշ ես, / Դրախտ ես ու պաղչայ, ծաղկի նման ես»: Իսկ Թլկուրանցիի գանգատներն ու տրտունջները ունին հասարակական միտք, որ կը ցոլացնէ ժամանակաշրջանի ազգային կեանքի անմխիթար վիճակը. «Հովիւ չունինք տեսող, ու մենք ենք մոլորեալ ոչխար, / Շատ գայլք են յարձակել ի վերայ մեր, խիստ անհամար… / Ի մէջ ծովուս ծփինք, ո՛չ նաւ ունինք, ո՛չ՝ նաւավար»:

Կեանքը եւ անոր շնորհները լիովին ապրելու ցանկութիւնը ունեցող բանաստեղծը կը սարսափի վաղաժամ մահուան գաղափարէն: «Տաղ ի վերայ մահու» ստեղծագործութեան մէջ կենսասէր այս երկրացին իր վախն է, որ կ՚արտայայտէ. «Է՜ մահ, քանի զքեզ յիշեմ, կու դողամ ու սարսափիմ ես: / Հազար երանի՜ նորա, զոր բարի գործով գտանես: /Ի զուր խռովեալ գանձես, ոչ գիտես, թէ ում ժողովես»:

Ինչպէս նախորդ յօդուածի մէջ նշած էի, միջնադարուն Հայկական Լեռնաշխարհի մէջ կը հնչէր ձայն մը, որ աւելի յուզիչ եւ սրտաճմլիկ էր, քան սիրահարի սիրասոյզ մրմունջը, կամ՝ վանականի ողբագին հառաչանքը. պանդուխտի ձայնն էր ան, որ մռայլ եւ աղիողորմ շեշտերով կ’աղաղակէր մեր սարերու վրայ, մեր ձորերու մէջ: Այդ եղանակներու, հայու սրտի խոր յուզումներու երգիչը կը հանդիսանայ, Բաղէշի մէջ քահանայի ընտանիքէ ծնած, ինքնատիպ, թափառական, հայրենաբաղձ, մարդասէր Մկրտիչ Նաղաշը:

Մ. Նաղաշը ապրած է 1394-1470 թուականներուն: Եղած է գրչագիր, ծաղկող եւ հմուտ նկարիչ, ուրկէ՝ իր «նաղաշ» մակդիրը: Կնոջ մահէն յետոյ իր տղուն հետ կը տեղափոխուի Ամիդ: Նախ քաղաքի եպիսկոպոսն է, ապա Միջագետքի հայոց առաջնորդը: Հանգամանքներու բերումով կ՚ապրի աստանդական եւ վշտահար կեանք: Կ՚երթայ Պոլիս, ապա՝ Ղրիմ: Կեանքի ուշ տարիներուն միայն կը վերադառնայ Ամիդ:

Մկրտիչ Նաղաշի տաղերը անմիջական են, պարզ ու պատկերաւոր: Ան ժողովուրդին կը յորդորէ չդիմել պանդխտութեան, քանզի ան է չարիքներու եւ դժբախտութիւններու պատճառը: Վերին աստիճան ողբագին են անոր տողիկները: Ահա օրինակ մը. «Հոգի՛, մի՛ ասեր ղարիպ, թէ չէ իմ սիրտը կ՚արունի»: Բայց, ըստ անոր, կայ չարիքներու աւելի մեծ պատճառ մը. ագահութիւնն է ան… «Ինչ թագաւորք եւ մեծ իշխանք, որ հեղելով իրար կռուան… / Զինչ որ արիւն յերկիր հեղան, ամէնն վասն ագահութեան»:

Կեանքը անցաւոր է, մարմինը վաղազրաւ: Այս միտքերը իրենց գեղարուեստական արտայայտութիւնը կը գտնեն Նաղաշի հետեւեալ տողերու մէջ. «Գիտէի թէ բերդ էի ի յայսմ աշխարհիս, / Մահու ցաւն պատեաց բոլրով զմարմինս, / Նայ շարժեցաւ, փլաւ իմ բոլոր պարիսպս, / Զինչ հասրաթ ունէի՝ մնաց իմ սրտիս», «Աշխարհս անցաւոր է, չլինի թէ խաբիք, / Մահն ղաֆիլ կու գայ, դուք հանց իմացէք»:

1449-ին կը բռնկի Միջագետքի առաջին, իսկ 1469-ին՝ երկրորդ համաճարակը։ Նոյն տարին Մ. Նաղաշը կը գրէ ողբ մը՝ այդ ցնցող աղէտի մասին։ Բանաստեղծը հաւանաբար վախճանած է այդ համաճարակի պատճառով: Այսօր, յօդուածիս հրաժեշտ կու տամ այդ ողբէն մէջբերումներ տալով. «Արարիչն արարածոց մեզ բարկացաւ, քաղցր բնութիւնն աստուածային մեզ դառնացաւ… Քանի մանուկ մատաղատունկ ՚ի հող դարձաւ, եւ թէ քանի մայր որդեմեռ մորմոքեցաւ… Արդ ո՞վ կարէ լեզուաւ պատմել զբան աղէտին, եւ զկսկիծն դառնութեան՝ զողբն սրտին… Լացէք այսօր եւ ողբացէք ամենեքեան, դառն արտասւօք հառաչեցէք դուք միաբան»:

Յաջորդ յօդուածի մէջ, յարգելի ընթերցող, պիտի տեսնէք, թէ այդ համաճարակի ցաւերը սպիացեր են ու հայ տաղասացը կրկին կը գովերգէ սէրը, գարունը եւ ազգի ազատ կեանքի երազանքները: Քանզի, երկրաբնակ հողեղէն աստնուորս, այդպէս չէ՞, կը փափաքի կեանքը լիովին ապրիլ ու վայելել անոր շնորհները:

 

(Շարունակելի)


 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ