Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Ազատ Բեմ 10 Լեզուներու Ծանօթ Լենին՝ Եթէ Գիտնար Նաեւ Հայերէն…

«Լիբանանահայ Գրական Շրջանակ»-ի երկարամեայ պատասխանատուներէն, յարգուած եւ քաջարի իրաւաբան Գասպար Տէրտէրեան անծանօթ անուն մը չէ ՆՈՐ ՕՐ-ի ընթերցողներուն եւ շրջանակին համար։ Հիմնուելով խօսքի ազատութեան եւ բազմակարծութեան ջատագով մեր դաւանանքին վրայ, մեր թերթին ազատ բեմ բաժնով տեղ կու տանք յարգելի Մեթրին  սոյն ծաւալուն տեսակէտին:

ՆՈՐ ՕՐ

 

Արդեօք ի՞նչ կրնար տարբեր եղած ըլլալ՝ ռուս-հայկական եւ հայ-ռուսական փոխ-յարաբերութեանց պատմութեան մէջ։

Այս հարցումը ծառացաւ, երբ աւարտեցինք ընթերցումը երեք սովետ բանասէրներու աշխատասիրած ակադեմական մենագրութիւնը, որուն խորագիրն է՝ “LENIN – GREAT and HUMAN” (Moscow, 1970, Progress Publishers) («ԼԵՆԻՆ – ՄԵԾ ու ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ)»։

Մենագրութեան սերտած նիւթը Վլատիմիր Իլյիչ Ուլիանովի (Լենին) պաշտօնական բնակարան-աշխատասենեակ-գրադարանն է Քրեմլինի Պալատին մէջ, գրադարանի գլխաւոր գրադարանապահը ըլլալով, հայազգի Շ.Ն. Մանուչարեանցը։ այս երեք բաժինները, 1954 թ. Դեկտեմբերին վերածուած են Լենինի Թանգարանի։ Գիրքը կը բաղկանայ 164 էջերէ՝ հարուստ նկարներով եւ 8 գլուխներէ։ Հեղինակ բանասէրներն են՝ Լ. Գունեցփայա, Գ. Մաշթագովա եւ Զ. Սուպպօթինի։ Շ.Ն. Մանուչարեանցի վկայութեամբ, Լենինի գրադարանը ոչ միայն շատ ընդարձակ է, այլեւ՝ բոլոր գիրքերը կը գործածուին Լենինի կողմէ, 10 լեզուներով՝ ռուսերէն, անգլերէն, գերմաներէն, ֆրանսերէն, իտալերէն, լատիներէն, հին յունարէն, շուէտերէն, չեխերէն եւ լեհերէն, որոնց ծանօթ է Լենին, եւ որոնք կը շօշափեն բազմազան նիւթեր՝ փիլիսոփայական, գրական, գիտական, քաղաքատնտեսա-գիտական, արուեստագիտական, երաժշտական, գեղանկարչական, ռազմագիտական, աշխարհագրագիտական, Քարլ Մարքսի եւ Ֆրիդրիխ Էնգէլսի բոլոր հեղինակած գիրքերը՝ գերմաներէն բնագրերով, եւ ոմանց ռուսերէն թարգմանութիւններով (եւ այս վերջիններու սխալները Լենին կարմիր մելանով սրբագրած է գիրքերու լուսանցքին վրայ)։

Գիրքի բովանդակութենէն երբ ծանօթացայ, որ Լենինի անմիջական շրջապատին մէջ գտնուած են պատկառելի հոյլ մը համալսարաններ աւարտած յեղափոխական վերին աստիճանի հայազգի գործիչներ (ինչպէս՝ Ստեփան Շահումեան, Ալեքսանդր Միասնիկեան, Սարգիս Կասեան, Լեւոն Գարախանեան, Վահան Տէրեան, Պերճ Պռոշեան, Մանուչարեանց եւ ուրիշներ), որոնցմէ Վահան Տէրեանը Լենին կողմէ նշանակուած էր Թուրքահայաստանի մասին անկախութեան դեկրետի շուրջ Տեղեկագրի եւ Դեկրետի նախագիծի խմբագիր, իսկ Լեւոն Գարախանեան նշանակուած էր Լենինի կողմէ՝ արտգործնախարար Չիչերինի աւագ խորհրդական, եկայ այն եզրակացութեան թէ՝ Լենինի հայերէն լեզուին ծանօթ չըլլալը, ոչ մէկ ձեւով դեր խաղցած է՝ տկարացնելու Լենինի դերը ռուս-հայկական փոխ-յարաբերութեանց մէջ։ Նախապէս ալ ծանօթ էի Լեւոն Գարախանեանի դերին, թուրք-ռուսական Մոսկուայի 16 Մարտ 1921 թուի բանակցութիւններուն մէջ, մեր ոխերիմ թշնամիին՝ Սիոնափանթուրք Երիտթուրք, Կովկասեան Ճակատի հրամանատար Քեազըմ Քարապեքիր Փաշայի ստորագրած գիրքին՝ “ISTIKLAL HARBIMIZ” վերնագրով։ Այս 1200 էջերէ բաղկացած մեծածաւալ հատորին 989-րդ էջին վրայ, Քարապեքիր կը խօսի 16 Մարտ 1921-ին կնքուած Մոսկուայի համաձայնագրի մանրամասնութիւններուն մասին, եւ ինք կը վկայէ թէ՝ Գարախանեան Չիչերինի աջ բազուկն էր. Ռուսաստանի արտգործնախարարը ինք էր…։ Չիչերին Գարախանի ափին մէջն էր, եւ այդ բանակցութիւններուն, ռուսական կողմը՝ շեշտուած կերպով (şedid surette) հայերը կը պաշտպանէր եւ Ալեքսանդրապոլի դաշնագրի ջնջումը կը պահանջէր։ Եւ կ՚աւելցնէ. «Մենք պնդեցինք Կիւմրիի դաշնագրի վաւերականութեան վրայ, այն հիմամբ, որ այս բանակցութիւններուն ժամանակ՝ Երեւանի մէջ իշխանութիւնը կը գտնուէր Դաշնակներու ձեռքին, որոնք Կիւմրիի դաշնագիրը ստորագրած են։ Այսպիսով՝ մենք ռուսերուն պարտադրեցինք Կիւմրիի դաշնագիրը։ Իսկ Գարախանը, որ հայ ղեկավարներու րէիս-ն էր, բոլորովին ինկաւ, եւ յետոյ տեղեկացանք, որ Գարախանը իբրեւ դեսպան գործուղուած է երկիր մը»։

• • •

Եթէ Ցարական Ռուսաստանի Օսմանեան պետութեան պարտադրած Սան-Սթեֆանոյի դաշնագրի հայանպաստ 16-րդ յօդուածը՝ «տաք ջուրեր» իջնելու ծաւալապաշտութեամբ կ՚ուզեն բացատրել Արեւմուտքի կամ Արեւելքի բուրժուա պատմագէտներն ու փոլիթիքոսները, Արեւմտահայաստանի անկախութեան մասին Լենինեան Դեկրետի պարագային, անոնք չեն կրնար նոյնպիսի մեկնաբանութիւն կատարել, քանի որ Լենին դէմ էր իմփերիալիզմի ծաւալողական պատերազմին։ Ան երկիրը դուրս հանեց Ա. Աշխարհամարտէն, եւ՝ ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքին հիմամբ՝ հրատարակեց Արեւմտահայաստանի անկախութեան հրամանագիրը, որ պատմութեան մէջ յիշուած է իբր «Դեկրետ Թուրքահայաստանի Մասին»։

Եթէ 20-րդ դարի սկիզբին Վլ. Ի. Լենին խաղաղասէր էր եւ դէմ Ա. Աշխարհամարտին, 21-րդ դարի սկիզբն ալ, մենք կը տեսնենք այսօր միւս Վլատիմիրը՝ Փութինը, որ խաղաղասէր է եւ դէմ՝ Գ. Աշխարհամարտին…։ Եւ այս խաղաղասիրական նպատակին շուրջ, ան նաեւ համոզած ըլլալ կը թուի Տոնալտ Թրամփը։

Վլատիմիր Լենինի ղեկավարած յեղափոխական Ռուսաստանը, ոչ միայն Արեւմտահայաստանի ազատագրումը պահանջեց Փոքր Ասիոյ մէջ, Փանթուրքիզմի լուծէն, այլ մանաւանդ՝ Փանթուրքիզմը արմատախլեց Կեդրոնական Ասիայէն։

Որովհետեւ Փանթուրքիզմի սիոնական ծրագրի առաջին քայլը, երկու Հայաստաններու գրաւումով կամ վերացումով, Թուրքիոյ առջեւ հարթել ճամբան՝ հողային անմիջական կապ հաստատելու Ատրպէյճանի հետ, եւ հուսկ Կասպից Ծովէն Կեդրոնական Ասիա անցնիլ ու շարունակել մինչեւ Չինաստանի սահմանը։ Այս դէպի Արեւելք ծաւալողական երթուղին ուրեմն, իբր թիրախ՝ նկատի ունի նաեւ Իրանը եւ Ռուսական Դաշնութիւնը։

Ուրեմն, յեղափոխական Ռուսաստանը, 7 Նոյեմբեր 1917-էն մինչեւ 1923 թուի սկիզբը, ոչ միայն ռազմական կռիւ մղեց՝ Վրանկէլիներու, Տենիկիներու ներքին սպիտակ-պահակային ու Արեւմուտքի իմփերիալիստ արտաքին միջամտողականներու (interventionists) զօրքերուն դէմ, այլ՝ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Էնվեր Փաշայի գլխաւորած փանթուրքական Պասմաչիական ուժերուն դէմ։ (Էնվեր Փաշան զգետնողը հայ կարմիր բանակային հրամանատար մըն էր՝ Մելքումեան անունով)։ Այդ միջամտողականներն էին՝ Արեւմուտքէն բրիտանացի եւ ֆրանսացի իմփերիալիստները, իսկ Արեւելքէն՝ ամերիկեան եւ ճափոնական իմփերիալիստները, որոնք խուժած էին Սիպերիա եւ հոն հռչակած «Սիպերիոյ Հակա-յեղափոխական Կառավարութիւն»ը…։ Յեղափոխութիւնը ուրեմն պարտաւոր էր յաղթանակելու ոչ միայն Ցարիզմին, այլեւ՝ Արեւմուտքի եւ Արեւելքի բոլոր իմփերիալիստներուն, «միջամտողականներուն» եւ Էնվեր Փաշայի ղեկավարած Պասմաչիական փանթուրքական զօրքերուն…։

Այսպիսով՝ յեղափոխական յաղթական Ռուսաստանը, նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ, կրցաւ Փանթուրքիզմի մահավճիռը գործադրել, որդեգրելով նաեւ՝ վարչական եւ մշակութային երկու ստրատեգիական նշանակութիւն ունեցող միջոցառումներով.

Վարչականը՝ Կեդրոնական Ասիոյ թրքացեղ ու թրքալեզու ժողովուրդներուն տուաւ իրարմէ անջատ եւ անկախ պետութիւններ, անջատ սահմանագիծերով

Մշակութայինը՝ Ի.Վ. Ստալինի նախաձեռնութեամբ, Կեդրոնական Ասիոյ այս ժողովուրդներու գործածած «օսմանեան» այբուբենին փոխարէն (որ արդէն թրքական չէ), անոնց տուաւ Կիւրեղեան (Cyrillic) այբուբեն, ճամբան փակելով Փանթուրքիզմի քարոզչութեան առջեւ…։ (Ռուսերէնի այբուբենը Կիւրեղեան է)։

Հետեւաբար, երբ Վլ. Լենին՝ Արեւմտահայաստանը Փանթուրքիզմի լուծէն ազատագրել կ՚ուզէ, եւ՝ Արեւելահայաստանին ալ Ռուսական Դաշնութենէն դուրս ելլելու իրաւունքը կը ճանչնայ, պայմանաւ որ ան բարեկամ մնայ Ռուսաստանին, ասիկա չի նշանակեր ծաւալողական նպատակ, այլ՝ որ Լենին՝ Փանթուրքիզմի Ռուսաստանի համար ալ ներկայացուցած գոյութենական վտանգին դէմ, կ՚ուզէր ամուր պահել երկու Հայաստաններու պատնէշը, արգիլելով Թուրքիոյ հնարաւորութիւնը՝ հողային անմիջական կապ հաստատելու Ատրպէյճանի հետ։ Ուրեմն նաեւ՝ Ռուսաստանի գոյութենական շահը կը պահանջէ, որ երկու Հայաստանները վայելեն ռազմական ստրատեգիական պաշտպանութիւնը ռուսական բանակին, թուրք-թաթարական սպառնալիքին դէմ…։ Ուրեմն, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի թշնամական աքցանին մէջ գտնուող երկու Հայաստաններուն գոյութենական, ստրատեգիական միակ ապահով արեւելումը՝ ՌՈՒՍԱԿԱՆՆ է… ինչ որ բացայայտած էր Յովհաննէս Քաջազնունին դար մը առաջ, եւ ինչ որ ճիշդ է նաեւ այսօր, վաղը եւ այնքան ժամանակ որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան չեն հրաժարած Փանթուրքիզմէն։

• • •

Կրտսեր քոյրս՝ Արմենուհին, ամուսնացաւ ամերիկացի երկրաչափ Չարլզ Քոքրէյնի հետ։ Մինչեւ 1975 թուի ներքին պատերազմը, ընտանեօք մնացին Լիբանան։ Անոր երկու զաւակները՝ Ճիմին եւ Ճիւտին հասակ առին հայկական եւ լիբանանեան մշակոյթի մթնոլորտին մէջ, եւ անգլերէնի կողքին կը խօսէին նաեւ հայերէն ու արաբերէն լեզուներով։ Երբ պատերազմին պատճառով ԱՄՆ գաղթեցին, Ճիմին՝ մեզի առաքած նամակներուն վրայ՝ իր հասցէին մէջ կը գործածէր James Cochrenian անունը, իսկ Ճիւտին՝ զիս ուրախացնելու համար, ինծի առաքեց անգլերէն լեզուով տրցակ մը գիրքեր, որոնց մէջ կային հանրածանօթ հակասիոնական հրեայ, ձախ, մարտնչող լեզուագէտ Նոամ Չոմսքիի գլխաւոր հատորներուն մեծ մասը (14 գիրք) եւ սովետական հրատարակութիւններ (4 գիրք), որոնց մէկն էր՝ Վլ. Լենինի նուիրուած այս հատորը՝ “LENIN ­– GREAT and HUMAN”։ Յայտնօրէն, Ճիւտին հաղորդուած էր իր «տայտայ»ին գաղափարականով, ինչ որ իր քեռիին բերկրանք պատճառեց։

Նախապէս անդրադարձած ենք Չոմսքիի մի քանի հատորներուն։ Այժմ, ընտրովի անդրադարձ մը՝ Լենինի նուիրուած այս հատորի կարգ մը էջերուն։

 

Լարուած Կշռոյթով Կ՚աշխատէր Օրական 12 Ժամ

Իր յեղափոխական պատմական առաքելութեան հանդէպ գիտակից եւ հաւատարիմ, յանձնառու Վլ. Ի. Լենին, որ 1921-1923 տարիներուն կը տառապէր ախտէ մը։ Հակառակ բժիշկներու թելադրութեանց ու հրահանգներուն, եւ կուսակցութեան Քաղպիւրոյի յաջորդական որոշումներուն, իր կեանքը անմնացորդ զոհաբերած է Յեղափոխութեան յաղթանակին համար, օրական աշխատելով՝ խիստ լարուած կշռոյթով… մինչեւ  12 ժամ։ Մինչ բժշկական ու կուսակցական հաշիւները իրեն կ՚արտօնէին շատ աւելի նուազ ժամեր, պահանջելով երբեմն, ցերեկի ընթացքին՝ առնուազն դադար։ Իսկ Լենին կ՚աշխատէր կ.ա. ժամը 11.00-էն մինչեւ կ.ե. 11.00։

Շ.Ն. Մանուչարեանց, որ կը պահէր Լենինի առօրեայ ժամադրութեանց Յուշատետրը, այս հատորի 39-42 էջերուն մէջ, մանրամասն նշած է 11 Փետրուար 1921-ի օրուան ժամադրութիւնները՝ կ.ա. ժամը 11.00—էն մինչեւ գիշերուան ժամը 11.00-ը… միաժամանակ տալով մանրամասնութիւնները այդ ժամադրութեանց բովանդակած աշխատանքներուն մասին։ Այսպէս.

– Ժամը՝ կ.ա. 11.00-էն կ.ե. 1.30, Տնտեսական Յանձնաժողովի նիստին ատենապետութիւնը։ Այս նիստին քննարկուած են երեք հարցեր. 1) բաշխումներ, 2) ելեւմտական հարցեր եւ 3) արտաքին առեւտուրի հարցեր։ Նիստի ընթացքին, ընդմիջած է եւ քարտուղարութեան գրած է նօթ մը՝ թէ երբ ժամը 12.00-ին Կիլպօ եւ Ռոսմէր հեռաձայնեն ժամադրութեան համար, անոնց յայտնել, որ զբաղած եմ, եւ թող հաճին կրկին հեռաձայնել ժամը 1.00-ին կամ 2.00-ին։

– Ժամը՝ կ.ե. 1.30-էն կ.ե. 2.00, այցելութիւնը Քրասինի, որուն հետ քննարկուած են Բրիտանիոյ հետ նաֆթային բանակցութեան եւ այլ հարցեր։

– Ժամը՝ կ.ե. 2.00-էն կ.ե. 2.15, ընդունելութիւն՝ Ժողովրդային Կոմիսարներու Նեղ Խորհուրդին փոխ-ատենապետ Կոյխպարկի։

– Ժամը՝ կ.ե. 3.00-էն կ.ե. 4.00, այցելութիւնը Կիլպոյի եւ Ռոսմէրի, որոնց հետ քննարկած է արտ-գործնախարար Չիչերինի եւ Լեւոն Գարախանի իրեն ղրկած նամակը, որուն մէջ անոնք յայտնած են իրենց կարծիքը երեք հարցերու մասին. 1) Կիլպօ, 2) Հայաստան եւ Վրաստան եւ 3) Պարսկաստան։

– Ժամը՝ կ.ե. 6.00-էն 11.00, Աշխատանքի եւ Պաշտպանութեան Խորհուրդի նիստի ատենապետութիւնը…։ Եւ Մանուչարեանց՝ 40-42 տպագիր էջերու մէջ, մանրամասնօրէն կը յիշէ այն սիզիֆեան աշխատանքը, զոր Լենին կատարած է այդ հինգ ժամերու ատենապետութեան միջոցին, պետութեան երկու կենսական խորհուրդներու աշխատանքային բազմազան մարզերուն մէջ…տ։

Մանուչարեանց կը վկայէ, թէ՝ այս երկարատեւ նիստի աւարտին, Ընկեր Փրոֆ. Աւերպախ մօտեցած է Ընկ. Լենինին, եւ անոր յայտնած է իր անդոհանքը. «Ընկ. Լենին, դուն անսահման չափով կը մտահոգուիս երկրին եւ բոլոր ընկերներուն հարցերով, եւ ոչ մէկ չափով մտահոգուած ես քու առողջական վիճակովդ։ Պէտք է նաեւ քիչ մը հանգիստ ընես, պէտք է…»։ Իսկ Ընկ. Լենին զարմացած է եւ հարց տուած. «Մարդ ինչպէ՞ս կրնայ հանգիստ ընել, երբ այսքան գործ ունի կատարելիք… այնքա՜ն գործ»։

Մանուչարեանց չէ յիշած թէ Չիչերինի եւ Լեւոն Գարախանեանի նամակին մէջ ինչ խնդիրներ շօշափուած էին՝ «Հայաստան եւ Վրաստան» երկրորդ կէտին մէջ։ Մեր ուշադրութիւնը գրաւեց այդ նամակի քննարկումի թուականը՝ 11 Փետրուար 1921… որմէ շաբաթ մը անց՝ տեղի ունեցաւ Փետրուար 18-ի արկածախնդրութիւնը Երեւանի մէջ, իսկ 16 Մարտ 1921-ին՝ Մոսկուայի մէջ թուրք-ռուսական բանակցութիւնները աւարտեցան անվաւեր համաձայնագրով մը, որուն մասին արդէն յիշատակած էինք Քեազըմ Գարապեքիր Փաշայի գիրքին 989-րդ էջէն մէջբերումով։ Չիչերին եւ Գարախանեան արդեօ՞ք տեղեկացած էին Յեղափոխութեան գաղտնի սպասարկութիւններէն Փետրուար 18-ի արկածախնդրութեան նախապատրաստութեան շուրջ…։

 

Կենդանի Համայնագիտարան Գիտութեան Բոլոր Մարզերուն Մէջ

Տեսանող յեղափոխական Լենին, տեսանող գիտական միտք ունէր միաժամանակ, որուն տեսադաշտը անեզրական էր, եւ իր զարգացումին համար՝ միշտ կը դիմէր իրեն նախորդող մեծերու միտքին։ Անոր միտքի բազմաշերտ հմտութիւնը կը զարմացնէր հմուտ գիտնականներն անգամ։ Անոր համայնագիտարանային զարգացումը՝ գիտելիքներու, ծանօթութիւններու եւ տեղեկութիւններու մեքենական կուտակումի արդիւնք չէր, այլ հետեւանքն էր՝ այդ բոլորին միջեւ յարակցութիւնը տեսնելու մտային կարողութիւնը։ (Այս տեսնելու կարողութիւնը՝ Զօր. Անդրանիկի զինուորներէն մէկը, գնահատած է Անդրանիկի մօտ, իր պարզագոյն լեզուով. «Անդրանիկ աչք ունէր, մեր չտեսածը կը տեսնէր…»)։

Աշխարհահռչակ Հ.Ճ. Ուելլս (H.G. Wells) անուն բրիտանացի գիտա-ֆանթասթիք վիպագիրը, երկու անգամ այցելած էր Մոսկուա եւ երկար ժամեր գլուխ-գլխի զրուցած Լենինի հետ։ Առաջին այցելութիւնը՝ 1920 թ. Նոյեմբերին։ Վերադարձին հրատարակած էր հատոր մը՝ “Russia in the Shadows” վերնագրով, եւ Լենինի մասին գրած էր. «Քրեմլինի Երազատեսը»…։

Տարիներ վերջ, երկրորդ այցելութեան, Լենինի մահէն յետոյ, փափաքած էր տեսնել Լենինի աշխատասենեակը, որուն մէջ տեսակցած էր սոցիալիստական առաջին յաղթանակած յեղափոխութեան հանճարին հետ։ Հոն, Լենինի գրադարանի նոր պատասխանատուն ցոյց տուած է գրողին՝ իր “Russia in the Shadows” գիրքը, զոր Լենին կարդացած էր եւ կարմիր մելանով՝ էջերու լուսանցքին վրայ, անգլերէնով նօթագրած էր իր նկատած սխալ դատումները, մերժումներն ու զարմացական ու հարցական նշանները…։ Ուելլս իր նօթատետրին մէջ մէկ ժամ ամբողջ արձանագրած էր Լենինի բոլոր նկատողութիւնները եւ զինք հիւրընկալող  պատասխանատուներէն խնդրած էր այցելել այն վայրերը, որոնց ծրագրերուն մասին Լենին խօսած էր մեծ հաւատքով եւ անպարտելի ինքնավստահութեամբ։ Եւ, ամբողջ շաբաթ մը, պատասխանատուները զինք տարած են այդ վայրերը, եւ ան ականատեսը եղած է գրեթէ այդ ծրագրերու մեծ մասին իրագործուած ըլլալուն։ Հրաժեշտի օրը, Ուելլս վերջին ակնարկ մը ուզած է նետել Լենինի գրասենեակին, եւ հոն, այցելուներու մատեանին մէջ գրած է. “Yes, after my meeting with Lenin, I called him the Kremlin Dreamer, and I was wrong. He was not a dreamer but a prophet with scientific foresight” (Այո՛, Լենինի հետ իմ հանդիպումէս յետոյ, զինք կոչեցի «Քրեմլինի Երազատեսը», եւ ես սխալած էի։ Ան երազատես մը չէր, այլ՝ գիտական տեսանող մարգարէ մը

Գիրքի այս էջերուն (59-62) վրայ կը խօսուի նաեւ՝ Ակադեմիկոս Ի.Մ. Կուփքինի մասին, որ մեծահմուտ երկրաբան մըն է, եւ առաջնորդը Քարիւղի Կեդրոնական Գրասենեակին։ Ան յաճախակի կը տեսակցէր Լենինի հետ եւ մեծապէս տպաւորուած գիտական խնդիրներու հանդէպ Լենինի ցուցաբերած լուրջ հետաքրքրութիւններէն։ Ան Լենինի կ՚առաքէր նաֆթարդիւնաբերութեան վերաբերեալ սովետական բարձրօրէն մասնագիտական ամսաթերթ մը, բայց չէր ակնկալեր, որ բազմազբաղ Լենին, առիթ պիտի ունենար սերտելու նաեւ այս ամսաթերթին արծարծած նուրբ մասնագիտական խնդիրները։ Բայց, անսպասելի կերպով, Ակադեմիկոս Կուփքին, Լենինէն կը ստանայ 3 Յունիս 1921 թուակիր նամակ մը, որուն մէջ անոր ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ ամսաթերթին մէջ շօշափուած նեղ մասնագիտական թնճուկին վրայ, եւ անոր կը թելադրէր այդ թնճուկին տրուելիք լուծումը… ակադեմիկոսի միտքին մէջ կը փայլատակէր այդ թելադրութեան ճշգրտութիւնը։ Այս ամսաթերթին անգլերէն անունն է՝ “Oil and Shale Economy”։

Վլ.Ի. Լենինի հեղինակած հասարակագիտական, քաղաքա-տնտեսագիտական ու յեղափոխական երկերուն մէջ, անոր զուտ գիտական ծանօթութիւններուն մեծ մասը կը գտնուին անոր “Imperialism and Empirocriticism” երկին մէջ։

 

Նոյն Հոգածու Վերաբերմունքը Անխտիր Բոլոր Ընկերներուն Հանդէպ

Վլ.Ի. Լենին իր յեղափոխական առաքելութեան ամբողջական խոր գիտակցութիւնը ունենալով, կ՚առաջնորդէր՝ առանց տիրապետելու։ Իր բոլոր գործընկերները նուիրուած էին յեղափոխական։ Ուրեմն՝ իրեն հաւասարողներ էին՝ յեղափոխութեան դատին տեսակէտէն, եւ հետեւաբար հարկ էր գուրգուրալ այս բոլորին վրայ՝ հաւասարապէս։ Եւ ինք, իբր անոնց առաջնորդ, պէտք էր որ ոչ թէ սպասէր անոնց ծառայութեանց… այլ ինք հոգածու ըլլար անոնց առողջութեան եւ նիւթական վիճակին նկատմամբ։ Ասիկա ոչ թէ կեղծ բարոյախօսական այլասիրական քարոզ էր, այլ՝ յեղափոխութեան համար սրբազան պարտականութիւն էր, որ պիտի բարելաւէր ամբողջ ժողովուրդին կեանքի պայմանները…։

«Առաջնորդել՝ առանց տիրապետելու» վսեմ սկզբունքը՝ բարոյական իմաստուն պատգամն էր, հին ժամանակներու չին իմաստասէր Լաօ Ցէի, որուն կը հետեւէր նաեւ Մաօ Ցէ Թունկ, որ կը պահանջէր եւ կը հսկէր որ Մեծ Երթի մարտիկները՝ անպայման օրական ութ ժամ քնանան, վերականգնելու համար իրենց մարտական կորովը…։ Ուրեմն, ասիկա վերացական, շրթնային ու սնամէջ, ինքնանպատակ հոգածութիւն չէր, այլ՝ հիմնաւոր յեղափոխական պարտականութիւն։

Գիրքի 63-69 էջերուն վրայ կը յիշուին տասնեակ մը պարագաներ Լենինի այս անխտրական հոգածութեան՝ իր գործընկերներուն հանդէպ։ Հոս կը մէջբերեմ երկու պարագաներ։

Լենին, երբ կը տեղեկանայ Ընկ. Սվերտլովի անկողնոյ ծառայելը, կը փութայ անոր բնակարանը։ Անոր կողակիցը՝ Գլաստիա Սվերտլովա, երբ կը բանայ դուռը, Լենին ցած ձայնով կը հարցնէ ամուսնոյն վիճակը եւ թէ արդեօք կրնա՞յ մտնել ամուսնոյն սենեակը։ Գլաստիա կ՚ըսէ թէ՝ Սվերտլով արդէն վստահ էր որ Լենին պիտի այցելէր ու կը սպասէր։ Լենին անաղմուկ ներս կը սահի սենեակէն, եւ երկար չի տեւեր ու դուրս կ՚ելլէ մռայլած դէմքով, եւ աճապարանքով կը մեկնի։ Կէս ժամ անց, Գարախանեան բժիշկի մը հետ կու գայ այցելութեան, յայտնելով թէ՝ Լենին իրմէ խնդրած էր վարպետ մասնագէտ բժիշկ մը բերել անյապաղ…։ Բժիշկը՝ յետ քննութեան, կ՚որոշէ անմիջապէս հիւանդանոց փոխադրել Ընկ. Սվերտլովը, քանի դեռ ուշ չէ…։ Հիւանդանոցի բոյժքոյրերէն Եէլենա Սթասովա վկայած է, թէ՝ Լենին ամէն օր հեռախօսով կը հետաքրքրուէր Սվերտլովի առողջական վիճակին զարգացումով…։

1920 թ. Մարտ 30-ին, Գարախանեան Լենինին հեռախօսով կը հաղորդէ, թէ՝ Չիչերինի առողջական վիճակը ծանրացած է։ Լենին ափսոսանքով կ՚ըսէ թէ ինք տեղեակ է այդ մասին եւ թելադրած է հանգիստ ընել, բայց Չիչերին մերժած է բուժումի ենթարկուիլ. ան պարզապէս անձնասպանութիւն կ՚ընէ։ Ան կ՚առաջարկէ Գարախանեանին Կուսակցութեան Կենտկոմէն խիստ նրբանկատ ոճով որոշում մը հանել, թէ Կուսակցութիւնը որոշած է իրեն հանգիստի արձակուրդ մը տալ մասնագէտ բժիշկին սահմանած տեւողութեամբ, եւ թելադրած է գտնել լաւագոյն մասնագէտը եւ որոշումով միասին այցելել Չիչերինին, եւ մասնագէտէն խնդրել, որ յետ-քննութեան տալիք վկայագրին մէջ ճշդել բուժարան մնալու անհրաժեշտ տեւողութիւնը։ Եւ թելադրած է նաեւ՝ Չիչերինին տեղեկացնել թէ՝ Լենին համաձայն է այս որոշումին… եւ ըսած է որ Ընկ. Չիչերին Սովետ պետութեան Գանձին անբաժանելի մասն է, եւ մենք պարտաւոր ենք պահպանելու զայն…։

Լենին՝ միշտ յարգանքով, նրբանկատութեամբ վերաբերած է իր գործընկերներուն հետ, հանդուրժողական ոգիով լսած զանոնք, եւ բնաւ՝ հրամայական ու կտրական ոճով չէ խօսած անոնց հետ։ Ան տարակարծիք ընկերները չէ վիրաւորած, այլ միշտ ջանացած է զանոնք լուսաբանել, զարգացնել ու համոզել, եւ երբեք՝ իր հեղինակութիւնը պարտադրել՝ որպէս անառարկելի հեղինակութիւն։

20-րդ դարու Ա. Աշխարհամարտին դէմ էր խաղաղասէր Վլ. Լենին, զայդ բնութագրելով որպէս իմփերիալիստական առաջին համաշխարհային պատերազմ, քաջածանօթ ըլլալով իմփերիալիզմի էութեան։ (Լենինի «Իմփերիալիզմը՝ Կապիտալիզմի Բարձրագոյն Հանգրուանը» երկը՝ Իմփերիալիզմի մասին գրուած ամէնէն գիտական եւ ամբողջական ցարդ չգերազանցուած երկն է, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս Ք. Մարքսի Կապիտալիզմի մասին վիթխարի երկը)։ 

Այսօր, 21-րդ դարու երկրորդ տասնամեակի սկիզբին՝ համաշխարհային խաղաղութեան համար աշխատող եւ Գ. Աշխարհամարտ կանխարգիլելու համար պայքարող երկու ախոյեաններն են՝ Ֆրանչիսկոս Ա. Պապը եւ միւս Վլատիմիրը՝ Փութին, որոնք եւս քաջածանօթ են Իմփերիալիզմի էութեան։ Ֆրանչիսկոս Ա. ներկայ իմփերիալիստական դարաշրջանը կը կոչէ «Արդի Ստրկատիրութիւն»։

Սակայն, 1991 թուին, երբ խման Ելցին՝ Կարմիր Հրապարակին վրայ, Լենինի Դամբարանին դիմաց, հրասայլի վրայ կանգնած՝ կը զրաբանէր Լենինիզմի վախճանին մասին, անոր դիմացը կանգնած յաղթահասակ թերթավաճառը՝ իր վիզէն կուրծքին վրայ կախուած խաւարտէ ցուցանակ մը կը կրէր, որուն վրայ մեծ տառերով գրուած էին երեք բառեր. ԼԵՆԻՆ՝ Գ. ՀԱԶԱՐԱՄԵԱԿԻ ՄԱՐԴԸ… կարծես գուշակելով Իմփերիալիզմի վախճանը եւ Լենինի խաղաղասիրութեան յաղթանակը, որուն համար կ՚աշխատի այսօր Վլատիմիր Փութին-Ֆրանչիսկոս Ա. երկու մեծերու զոյգը, որոնց վերջին հանդիպումի նկարին մէջ, անոնց դէմքերէն ճառագայթող իմաստութեան լոյսն ու գոհունակութեան սիրալիր ժպիտը չեն կարօտիր յաւելեալ մեկնաբանութեան. շատ խօսուն են, աւետաբեր… համայն մարդկութեան համար…։

Արդարեւ, ներկայի անցումային ժամանակներուն մէջ, տակաւ կը յաղթանակէ Լենինիզմի խաղաղասիրութիւնը եւ Իմփերիալիզմի ծնունդ պատերազմներու դատապարտութիւնը, հին միաբեւեռ աշխարհակարգին դէմ բազմաբեւեռ աշխարհակարգին յառաջխաղացքը, եւ իմփերիալիստական Արեւմուտքի մայրամուտին դէմ խաղաղասէր Արեւելքի արշալոյսը…։

Մոսկուայի Կարմիր Հրապարակի յաղթահասակ թերթավաճառի ցուցանակին գուշակութիւնը սկսած է իրականութիւն դառնալ. Լենին՝ Գ. Հազարամեակի Մարդը։

 

ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ