Երեքշաբթի, Ապրիլ 16, 2024

Շաբաթաթերթ

Նոր Եռանդով

 

2020 տարին կը դիմաւորենք նոր յոյսերով ու ակնկալութիւններով՝ նախ եւ առաջ  ցանկալով մեր միակ ու յաւերժական հայրենիքի բարելաւումը, հզօրացումը եւ մեր հազարամեայ ժողովուրդի յառաջդիմութիւնը: Ամանորի առթիւ ի նորոյ կը խանդավառուինք ամէն մի դրական լուրով, որ մեզի կը հասնի հայրենիքէն:

 

Ի հարկէ թէ՛ հայրենի եւ թէ՛ սփիւռքի հայութիւնը կը դիմաւորէ բազմաթիւ նոր մարտահրաւէրներ ամէն բնագաւառէ ներս՝ պաշտպանութիւն, տնտեսութիւն, մշակոյթ, ժաղովրդավարութեան եւ պետականութեան կերտում, սփիւռքահայութեան ինքնութեան պահպանում եւ այլն:

 

Այս տրամադրութեամբ ալ աւետիս մը տալու պէս կը յայտարարենք գրեթէ հարիւրամեայ  «Նոր Օր»ի նոր երթը: «Նոր Օր»ը շարունակութիւնը պիտի ըլլայ անցնող տասնամեակներու բոլոր փորձութիւններուն դիմացած մեր թերթին: Արդարեւ, նախորդ տարիներու ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի մեր տքնաջան ղեկավար անդամները, խմբագիրներն ու աշխատակիցները իրենց կարելին ըրին այս թերթը ոտքի պահելու ամէնէն փորձանաւոր տարիներուն: Փառք ու պատիւ անոնց վաստակին:

 

Յունուարէն սկսեալ «Նոր Օր» պիտի սկսի գրեթէ նոր կազմով եւ նախկին ու նոր աշխատակիցներով: Սերնդափոխութեան հաւատարիմ ՌԱԿ-ը մեր թերթին հրատարակութիւնը, համակարգչային նոր հնարաւորութիւններով խմբագրումն ու էջադրումը կը վստահի հայրենի երիտասարդ արհեստավարժներու՝ գլխաւորութեամբ Տիկ. Անահիտ Կօշկարեանի, որպէս Գործադիր Խմբագիր: «Նոր Օր»ը, որ կը գտնուի ՌԱԿ-ի Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեան ներքոյ եւ կը հանդիսանայ անոր խօսնակը, պիտի շարունակէ ընթանալ նախկին ուղիով եւ յանձնառութեամբ՝ միշտ յարգելով ազատ խօսքի սկզբունքները, ժողովրդավար հասարակութեան մը յարիր բոլոր կանոնները՝ հեռու մնալով ցեխարձակումներէ եւ անպատշաճ որակումներէ:

 

«Նոր Օր» կը հաւատայ, որ մեր կուսակցական ընկերներու եւ համակիրներու, ինչպէս նաեւ ընթերցողներու լայն շրջանակը պիտի շարունակէ նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կենալ իր հարազատ թերթին: Վերջիններս անցնող տասնամեակներուն քանիցս ցոյց տուած են իրենց նուիրուածութիւնը հայ մամուլին եւ յատկապէս «Նոր Օր»ին: Մենք կը հաւատանք նաեւ, որ ամէն կուսակցական ընկեր, համակիր թէ ընթերցող ի՛րը կը նկատէ այս թերթը եւ ամէն զոհողութիւն յանձն կ’առնէ պայծառացնելու զայն:

 

Շնորհաւոր Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ:

 

ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ