Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեր Գաղափարն Ու Գործը

Անդրադարձ «Նոր Օր»ի Անցեալէն

Խմբագրականներու Շարք «Նոր Օր»ի

23 Հոկտ. 1951 – 15 Յունուար 1952

 

 

Ա.- Ներածական 

 

Հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան մէջ հազուադիպօրէն պատահած է,   որ 

մրցակից, հակամարտ կազմակերպութիւններ միանան ու համաձուլուին, ազգային 

հիմնական նպատակներու  իրագործումը հետապնդելու համար: Այդ բացառիկ դէպքերէն մին հանդիսացաւ կազմական ու գաղափարական լիակատար միութիւնը երեք                     յեղափոխական ու քաղաքական հոսանքներու, որոնց միաձուլումով հիմնուեցաւ  Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը 1921,  Հոկտեմբեր

1-ին: Նախորդ տասնամեակներու ընթացքին, մեր ազատագրական դաժան, արիւնալի պայքարին մէջ Հայկական սահմանափակ            մարտնչող ուժերը համադրելու եւ համերաշխ գործակցութիւն ստեղծելու յարատեւ ջանքեր

թափեր էին անոնք, որովհետեւ կը հաւատային, թէ լուռ ու գաղտնի պատրաստութեան հետ`

բոլոր տարրերուն միասնականութիւնը, զինակցութիւնը անհրաժեշտ էր ոչ միայն ազատ

Հայրենիք մը կերտելու, այլ մանաւա՛նդ, հայ ժողովուրդը ֆիզիքական բնաջնջումի աղէտներուն դէմ պաշտպանելու համար: Եւ այդ փորձերուն ու բնակցութեանց միջոցին` իրենց անուններու փոփոխութեան զիջումներու յօժարած էին:

 

Բայց իրենց իտէալներով, իրենց անձնուրաց  ու մարտական առաջնորդներով ու շարքայիններով՝ անոնք էապէս կը մնային Արմենական, Վերակազմեալ Հնչակեան ու Սահմանադրական Ռամկավար կազմակերպութիւնները, որոնք ճիշտ երեսնամեակ մը առաջ յաջողեցան իրականացնել ամբողջական միութիւն մը, ծնունդ տալով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան: Ազգի ու Հայրենիքի անոնց խանդակաթ սէրն ու անկաշառելի նուիրումը, իրենց Հրեղէն ջերմութեան մէջ հալեցուցին այն նախապաշարումները, ոխերն ու թշնամութիւնը՝ որոնք կուտակուած էին անցեալ տարիներու ընթացքին, միմեանց դէմ անոնց դէմ անոնց մղած յաճախ դառն ու անխնայ պայքարներուն հետեւանքով: Եւ երեք գլխաւոր հոսանքներու ղեկավարներուն ու հետեւորդներուն անխառն Հայրենասիրութեան ու քաղաքական իմաստութեան բարերար արդիւնքն եղաւ, անոնց համաձուլումով հիմնադրուած Ռամկ. Ազատ. Կուսակցութիւնը, որ կը յայտնուէր՝ Սովետ Հայաստանի փրկարար ստեղծումով՝ Հայ ժողովուրդը դիմագրաւող պայմաններուն ու պահանջներուն ընդառաջելու ծրագրով ու կամքով:

        Անոնց միութիւնը, ուրեմն, սկիզբ մը չէր որ կը հաստատէր, այլ շարունակութիւն մը կը նուիրագործէր: Եւ երեսնամեակը նոր կազմակերպութեան մը ծննդեան տարեդարձը չէ, այլ նշումը միութեան մը երեք հին կուսակցութեանց միջեւ, որոնք յեղափոխական փառաշուք մարտնչումներու, ազատատենչ անվեհեր հերոսներու եւ լուսապսակ նահատակներու կերած շքեղ անցեալով մը կու գային եւ միացեալ անունի մը տակ ու համաձուլած զօրութեամբ՝ իրենց ազգային տեսիլքին մարմնացումը հետապնդել կը վերուխտէին: Բայց հիմնապէս նոր կերպով ու նշանակէտերով : Որովհետեւ Հայկական պետութեան վերականգումը՝ վճռականօրէն կը փակէր Հայ մարտական կուսակցութեանց յեղափոխական գործունէութեան շրջանը: Այլեւս արեւմտահայ նահանգներու թրքական լուծէն ազատագրման ու Հայ ժողովուրդի ազգային փրկութեան պայքարին խարիսխը կը դառնար Սովետ Հայաստանը: Որքա~ն արագ յառաջդիմէր, բարգաւաճէր ու զօրանար Հայոց դարաւոր, նուիրական երազը, որ ազատութիւնն էր իր պատմական, ամբողջական Հայրենիքին:

        Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կազմութիւնը եւ անոր որդեգրած Ծրագիր-Նպատակը 30 տարիներ առաջ՝ անժխտելի ապացոյցներ են այդ բախտորոշ իրականութեան խոր ըմբռնումին, միութիւնը, որ տարագիր Արեւմտահայութեան ազգային ձգտումներն ու ճիգերը կազմակերպուելով ու համադրուելով՝ վերածուելու են քաղաքական հզօր գործօնի մը, որ զօրավիգ հանդիսանայ նորածին Հայաստանի, վերակարգուելու եւ ընդարձակուելու իր ներկայ ու գալիք ջանքերուն մէջ: Այդ քաղաքականութեան համոզուած ու անվեհեր ախոյեաններն եղան անոնք: Եւ գաղութահայոց մէջ իրենց հայրենանուէր քարոզչութեամբ արծարծուած ջերմ ու խանդավառ սէրը Հայաստանի Հանդէպ, անոր վերաշինութեան մատուցուած նիւթական յարաճուն օգնութիւնները և հայրենադարձը՝ անհերքելի վկայութիւնը կու տան անոնց գաղափարականին ու հետեւողական, աննահանջ գործունէութեան յաղթանակին:

        Սակայն միութեամբ նոր անունով մը վերակոչուիլը եւ նոր ուղեգծի մը որդեգրումը չի ջնջեր միացող մարմիններուն նախորդ գոյութիւնները, պատմութենէն չի սրբեր անոնց իտէալներն ու արարքները՝ իրենց հիւսած աւանդութիւններով կամ բերած հետեւանքներով: Այդպէս ալ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կազմութիւնը 1921, Հոկտեմբեր ին, չ’ոչնչացներ զայն բաղկացնող հոսանքներուն նախորդ տասնամեակներու կեանքը, մղած պայքարներն ու կատարած իրագործումները: Արմենական, Վերակազմեալ Հնչակեան ու Սահմանադրական Ռամկավար կազմակերպութիւնները երբ միացան՝ իրենց յեղափոխական, գաղափարական, քաղաքական ու մշակութային ամբողջ վաստակն ու ժառանգութիւնը չշպրտուեցան չորս հովերուն, այլ զանոնք կերտողներուն հետ դարձան տարրերն ու ստացուածքը Ռամկ. Ազատ. Կուսակցութեան: Ինչպէս երկիր մը՝որ վարչաձեւ ու դրօշակ կը փոխէ, բայց չի դադրիր իրաւագէտ ըլլալէ իր ազգային բովանդակ անցեալ փառքին ու նուաճումներուն կամ քաղաք մը, կամ անհատ մը, որ նոր անուններով վերամկրտուելով, կը շարունակեն ներկայացնել նոյն ոստանն ու անձը, նոյնպէս’ս՝ Ռամկ. Ազատ. Կուսակցութիւնը օրկանական ու գաղափարական հարազատ ժառանգորդն է եւ շառաւիղը Արմենական, Վերակազմեալ Հնչակեան ու Սահմ. Ռամկավար կուսակցութեանց: Անոնց իտէալներն ու ոգին մարմնացնող, անոնց ազատ առաքելութիւնը շարունակող կազմակերպութիւնն է Ռ.Ա.Կ.ը, աւելի ընդլայնուած ծրագիրով և հիմնովին փոխուած միջոցներով, որոնք ազատ Հայաստանի մէջ, Հայ պետութեան վերականգումին փրկարար իրականութեան ճանաչումէն կը բխին:

 

        Բացայայտ այս ճշմարտութեան անբարեխիղճ խեղաթիւրումով միայն մեր հակառակորդները կրնան Ռամկ. Ազատ. Կուսակցութիւնը անուանարկել փորձել, զայն «տիրացուական», «պահպանողական» կամ «գաղութային» կոչելով, ակնարկելով անոր միութիւնը արտասահմանի մէջ կայացած ըլլալուն, թուականի մը՝ երբ Արեւմտահայութեան բոլոր հաստատութիւններն ու միութիւնները,- քաղաքական, եկեղեցական, բարեսիրական ու մշակութային՝ հակադրաբար դարձեր էին «գաղութային»: Մինչ Ռամկ. Ազատ. Կուսակցութիւնը, իր բաղկացուցիչ հոսանքներով՝ ամէնէն մարտական, ամէնէն իրապէս ազատական ու ճշմարտապէս հայրենածին Հայ քաղաքական կազմակերպութիւնը հանդիսացած է:

 

Դէպի Հարիւրամեակ (1921 – 2021)

 

ՌԱԿը իր բաղկացուցիչ հոսանքներով՝ ամէնէն մարտական, ամէնէն իրապէս ազատական ու ճշմարտապէս հայրենածին Հայ քաղաքական կազմակերպութիւնը հանդիսացած է:

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ