Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Տէրունի, Սրբոց Պատկերներու Եւ Խորհրդանոցներու Օծում Գամիշլիի Մէջ

Շաբաթ, 21 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Գամիշլիի Սուրբ Յակոբ եկեցեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդանոցի ու սրբապատկերներու օծում, ձեռամբ եւ նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի։ Օծման աղօթքէն ետք, սրբազան հայրը «Ամէն Ալէլուիա» երգեցողութեամբ Սուրբ Միւռոնով օծեց նոր խորհրդանոցները, ինչպէս նաեւ Տիար Ռուբէն Ալեքսանեանի կողմէն նուիրուած խաչքարը։ Հայկական ոճով նկարուած Ս. Աստուածածնայ պատկերը նուիրեց Գերպ. Տ. Անդրանիկ Ծ.Վրդ. Այվազեան, իսկ տիրահայր Զօհրապ Սարգիսեան, տիրամայր Լուսվարդ Սարգիսեան, ինչպէս նաեւ Բարշ. Յակոբ Սրկ. Պարսումեան նուիրեցին երկու խորհրդանոցներ։

 

Սրբազան հայրը գնահատեց նուիրատուներուն նախաձեռնութիւնը, վստահեցնելով, որ Աստուած վարձահատոյց պիտի ըլլայ անոնց Աստուածահաճոյ գործին։

Տէրունի, Սրբոց Պատկերներու Եւ Խորհրդանոցներու Օծում Գամիշլիի Մէջ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ