Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Նշխար Մը Մեծն Թէքէեանի Ոչ-Բանաստեղծական Միտքէն

Ցաւին Պատճառն Ու Դարմանը[1]

 

            Տարին՝ 1915: Ամիսը՝  Հոկտեմբեր: Պատմութիւնը՝ բոլորիս ծանօթ հերոսական մուսալեռցիներու Փոր Սայիտ ցամաքահանումին, վրաններու տակ հաստատումին եւ իրենց հանդէպ եգիպտահայ անուշադրութեան-անտեսումին-անհոգութեան մասին է:

            Արեւի խմբագիր Վահան Թէքէեան կը պայթի ի տես հայութեան սպանութեան եւ նոյնքան կը բզկտուի ի տես բուռ մը հայ մուսալեռցիներուն եւ Կովկաս ապաստանած արեւմտահայ գաղթականներուն հանդէպ եգիպտահայոց անտարբերութեան:

            Այս երեւոյթին մասին Թէքէեան, սակայն, որ արդէն մի քանի տասնամեակէ իվեր մօտէն կ’առնչուէր պոլսահայ, արեւմտահայ – ընդհանրապէս – հայ իրականութեան ներքին եւ արտաքին ճակատագրին, ուրիշ վերլուծութիւն կը կատարէ:

            Եթէ այսօր, մեզի համար քիչ թէ շատ «սովորական պատմութիւն» դարձած է այս անտարբերութեան ախտը, մանաւանդ՝ 1915էն ետք 105 տարիներու փորձին դիմաց, անսովոր է ախտին ծնունդին մասին Թէքէեանի կատարած խորաթափանց վերլուծութիւնը, որ կրնայ շահագրգիռ միտքեր մտածելու մղել:

            Թէքէեանի այս խմբագրականը – երեք շարունակելի – լոյս տեսած է Արեւի 8, 11 եւ 15 Հոկտեմբեր 1915ի թիւերուն մէջ:

            Եւ քանի որ իմաստուն է երբեմն հին մեծերը կարդալ, երկու մտաւորական բարեկամներ լծուած են «Արեւ»ի մէջ Թէքէեանի ստորագրած խմբագրականներու հաւաքածոն պատրաստել-հրատարակելու երախտաշատ աշխատանքին եւ գրեթէ հասցուցած են աւարտին:

            Իրենք են որ մեզի յղեցին այս եռամաս խմբագրականը: Թէքէեանը այստեղ բանաստեղծութիւններու իշխանը չէ, այլ՝ ուրիշ մեծ իշխան մը:

 

Խմբ.

 

Ա.

 

       Յիսունօրեայ պատերազմէ մը պատուով դուրս ելած մեր կիլիկեցի ռազմիկներն ու  իրենց ընտանիքները դեռ նոր հասեր էին Փոր-Սայիտ, երբ այս սիւնակներուն մէջ մեր գրած առաջին յօդուածով վստահութիւն մը եւ երկիւղ մը յայտնեցինք միանգամայն. վստահութիւ՛ն՝ թէ եգիպտաբնակ հայ ժողովուրդը անոնց հանդէպ լիովին պիտի կատարէ իր եղբայրական պարտականութիւնը, եւ երկիւ՛ղ, թէ այդ պատճառաւ նոյն եգիպտահայ ժողովուրդը պիտի մոռնայ իր պարտքը հանդէպ իր միւս հարիւր-հազարաւոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, այն անօթիներուն, մերկերուն եւ հիւանդներուն, որոնք Կովկաս քշուած են կամ որոնք տակաւին Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ՝ կը քաշկռտեն իրենց ողբալի գոյութիւնը:

       Հիմա կրնանք ըսել թէ մեր յայտնած վստահութիւնը մեծ մասամբ ի դերեւ ելած է, մինչ ի փոխարէն՝ լիուլի իրականացած է մեր երկիւղը: Փոր-Սայիտի գաղթականները դեռ զրկուած կը մնան իրենց տարրական պէտքերէն եւ այս պատճառաւ՝ հիւանդները կը շատնան իրենց մէջ. միւս կողմէ՝ ոչինչ եղած է, բացարձակապէս ոչինչ, այս երեք շաբթուան միջոցին, անդին մեր փախստականներու մեծագոյն զանգուածին Եգիպտոսէն կարեւոր օգնութիւն մը հասցնելու տեսակէտով…: Քանի որ մարգարէութիւննիս կիսկատար պիտի ըլլար՝ որքա՜ն աւելի պիտի նախընտրէինք որ մեր գուշակութեան առաջի՛ն մասը հաստատուէր ու երկրո՛րդն հերքուէր՝ փոխանակ առաջինն հերքուելու ու երկրորդն հաստատուելու…:

       Բայց խնդիրը մեր ճիշտ կամ սխալ գուշակութիւններուն վրայ չէ…: Իրողութիւն մը կայ մէջտեղը, որ սա՛ է.- Ազգը այսօր իր գոյութեան ամէնամեծ տագնապը կ’անցընէ. անոր մէկ մասը, բովանդակ Թուրքիոյ մէջ, փճացած է՝ նախ ամբողջովին նիւթապէս, յետոյ մեծամասնաբար ֆիզիքապէս ալ. վերապրողները ապրեցնել պէտք է, եւ պիտի ապրեցնեն անո՛նք, որոնք ուղղակի հարուածուած չեն ո՛չ նիւթապէս եւ ո՛չ ֆիզիքապէս, այսինքն Կովկասի եւ արտասահմանի հայերը. ասոնք, սակայն, ծանրօրէն կը թերանան իրենց պարտականութեան մէջ, չեն ըներ ո՛չ կէսը, ո՛չ քառորդը, ո՛չ իսկ մէկ-տասներորդը անհրաժեշտ զոհողութեան, կը թողուն որ հիւանդները մեռնին եւ առողջները հիւանդանան, եւ չէզոքաբար իրենք ալ կ’ընեն ա՛յն ինչ որ թուրքը կ’ընէ ներգործապէս.- բնաջնջել հայութիւնը…:

       Ասիկա քստմնելի է, այնքան եւ աւելի գուցէ քստմնելի որքան թուրք ոճիրը: Այսուհանդերձ՝ պէտք է նախ հաստատել թէ այսպէս է, յետոյ անոր պատճառը ճանչնալ, եւ յետոյ դարմանին մտածել:

       Իրողութիւնն արդէն ինքզինքը կը հաստատէ ամէնուս աչքին, ամէնէն քարսիրտն անգամ հարկադրելով որ խոստովանի անոր ճշմարտութիւնը: Մենք կ’անցնինք, հետեւաբար, պատճառին եւ դարմանին մասին միայն խօսելու:

Պատճառը ա՛յն է, ըստ մեզ, ինչ որ «Մշակ»ի աշխատակից մը առաջին անգամ յայտնած էր եւ մենք անոր յօդուածը արտատպելէ ետք մեր կողմէ ալ անդրադարձած էինք անոր վրայ. այսինքն՝ ոգեւորութեան պակասը, ազգային հաւաքական, ընդհանուր ոգեւորութեան մը բացակայութիւնը…:

Ժամանակաւ, դեռ ասկէ մինչեւ քսան տարի առաջ, ազգը մէկ մարդու պէս կ’ոգեւորուէր՝ ըլլա՛յ ուրախութեամբ, ըլլա՛յ տխրութեամբ: Սով մը կամ հրդեհ մը, ժողովրդային կարեկցութեան, օգնութեան ընդհանուր շարժում մը յառաջ կը բերէր. նոյնպէս՝ Հայաստանի ապագային մասին ամէնադոյզն նպաստաւոր լուրը բերնէ բերան կը տարածուէր եւ ժողովուրդը յոյսով ու ուրախութեամբ կ’ոգեւորէր: Հիմա, կրնաս մէկ կողմէ ծանուցանել թէ Հայաստանը ինքնօրէն պիտի ըլլայ, կրնաս ամիս մը ետքը յայտնել թէ ազգէն հարիւր-հազարներ կորսուած են ու մնացեալը կորսուելու վտանգին տակ է, ո՛չ առաջին լուրը հրճուանքի, ո՛չ ալ երկրորդը ցաւի խենդութեամբը մարդիկ կը թռցնէ տեղերնէն, երկուքն ալ նախ թերահաւատութեամբ կ’ընդունուին եւ մինչեւ որ բացարձակ պարզ ըլլայ թէ ճշմարիտ են՝ արդէն մտքերը վարժուած են անոնց եւ բնա՛ւ որեւէ արտասովոր շարժում առաջ չեն բերեր:

       Իսկ ասո՞ր պատճառը: Մեր յուսախաբութիւնները բաւական չեն ամէն բան բացատրելու: Կա՛յ ուրիշ գլխաւոր եւ զօրաւոր պատճառ մը, որ սա՛ է:

       Առաջ, կրնայ ըսուիլ ասկէ մինչեւ քսան տարի առաջ, ազգը առաւել կամ նուազ մէկ տեսակ կը զգար, մէկ տեսակ կը մտածէր ինքզինքին, իր ներկային եւ ապագային մասին: Ամբողջ հայութիւնը, պզտիկէն բռնէ մինչեւ մեծը, աղքատէն մինչեւ հարուստը, նոյն ազգային իտէալը ունէր:  Յեղափոխութիւնը եկաւ թանձրացեալ ձեւ մը տալ այդ իտէալին, ու հակառակ ազգին դարաւոր սովորութենէն այնքան բուռն շեղում մը ըլլալուն՝ նորէն չքանդեց միութիւնը ազգին, որ այդ միջոցին յեղափոխական դարձաւ իր ստուար մեծամասնութեամբը, եթէ ոչ պաշտօնապէս՝ գէթ մտքով ու սրտով, իր երիտասարդներովն ու չափահասներովը, եկեղեցականներովն ու աշխարհականներովը:

       Այդ միութիւնն ա՛յն օրը քանդուեցաւ, եւ ազգն ա՛յն օրը ինքզինք կորսնցուց ճշմարտապէս, երբ առաջին յեղափոխական կուսակցութեան յաջորդեց երկրորդը, յետոյ առաջինն ինքն իր մէջ պառակտեցաւ – կարծեմ քիչ մըն ալ երկրորդին ջանքովը – ու ծնունդ տուաւ երրորդի մը, եւ երրորդն ալ չորրորդի մը…: Այդ բաժանումներուն, այդ կռիւներուն եւ իւրաքանչիւրին անջատօրէն ունեցած գործունէութեան՝ անմիջական վնասները յայտնի են ու մեր վերջին քսան տարուան ազգային պատմութիւնը կը կազմեն: Անոնց հեռաւոր եւ աւելի մեծ վնասը եղաւ ազգին ընդհանուր ոգեւորութեան կարողութիւնն սպանել՝ սպանելէ  ետք անոր մէջ մէկ եւ նոյն, եւ մանաւանդ զուտ ազգային ոգին՝ նախ արդէն իրենց զատ-զատ գոյութեամբը, երկրորդ՝ իրենց ծրագրային օտարոտի վարդապետութիւններովը, եւ երրորդ՝ իրար ամբաստանելու ու վարկաբեկելու իրենց կատարելապէս յաջողած ճիգերովը…:

       Ատենօք, մինչեւ 1901-1902 թուականը, կուսակցութեանց առանձին գոյութեան վնասն ու ամօթը ազգը կը զգար տակաւին եւ կը զգային իրենք կուսակցութիւններն ալ, որոնք սուտ կամ իրաւ, միութեան համար պարբերաբար բանակցութիւններ կը կատարէին եւ պատրաստակամութիւննին կը յայտնէին միշտ: Անկէ իվեր հաւատք մը եղաւ այլեւս՝ թէ միութիւնը անկարելի է, կրնայ շատ-շատ համերաշխութիւն գոյանալ եւ թէ համերաշխութիւնն ալ արդէն կը գոյանայ ինքնին, պէտք եղած պարագային, վտանգի մը պահուն, հոն ուր որ պէտք ըլլայ անոր…:

       Այն օրն ուր կուսակցութիւնները իրենց համար հաւատք ըրին այս վարկածը եւ ազգն ալ համակերպեցաւ անոր, ա՛յն օրը եթէ չմեռաւ՝ բայց հաշմուեցաւ, կռնծեցաւ ու չորցաւ հայուն հոգին: Ազգային հաւաքական ոգեւորութիւն մը անկարելի դարձաւ այն ատենէն իվեր: Այսօր այն տեղերը միայն ինքզինքնին աւելի ընդունակ կը ցուցնեն ոգեւորութեան, ուր կուսակցութիւններ չկան: Կրնանք փաստել ասիկա:

       Ահա՛ պատճառը, անկեղծօրէն: Եթէ աղէկ չբացատրեցինք զայն՝ իւրաքանչիւր ընթերցող կրնայ իր հաշուոյն մտածելով ամբողջացնել այս բացատրութիւնը: Գալով դարմանին՝ պիտի աշխատինք զայն գտնել յաջորդով:

 

Բ.

 

Ո՛չ. վերապահութիւններու եւ բառերը ծամծմելու ատենը չէ ա՛լ…: Կ’ըսեմ թէ անցեալին մէջ մեզի համար աղէտալի եղաւ մէկէ աւելի յեղափոխական կուսակցութիւններու գոյութիւնը: Կ’աւելցնեմ թէ, այսօր, այս ժամուս, ատիկա ամէնամեծ ամօթ մը եւ ոճիր մըն է: Ու կ’եզրակացնեմ յայտարարելով՝ թէ միակ հատուցումը եւ մեծագոյն օգուտը, զոր մեր կուսակցութիւնները կրնան դեռ այսօր ընել այս ազգին՝ իրարու հետ իրենց ամբողջական միութեամբը, իրենց անվերապահ ձուլումովն է…:

Ասիկա իմ անձնական խորունկ համոզումս է, որ ամիսներէ իվեր, ու թերեւս շատ աւելի հինէն, ծնած է ու կը հասուննայ մտքիս մէջ: Զայն հիմա թուղթին վրայ դրած պահուս՝ կարծես կենդանի էակ մէն է, որ կը շարժի ու կը պոռայ…:

Կուսակցական մըն է, որ այս յայտարարութիւնը կ’ընէ, առանց իր կուսակցական ընկերներէն ո՛չ մէկուն ոչ հաղորդած, ոչ հաւանութիւնը առած ըլլալու: Գուցէ դժուար չէր անոնցմէ մէկ քանին կամ շատերը համոզել, բայց ի՜նչ օգուտ, ի՜նչ օգուտ նոյնիսկ ամբողջ կուսակցութիւն մը այդ գաղափարին բերելով, եթէ միաժամանակ ուրիշ կուսակցութիւններ եւս նոյն փափաքով անոր ընդառաջ չելլան: Արդէն երբե՛ք կուսակցութիւն մը առանձին պիտի չառնէր այդ քայլը՝ որ նպատակին համար եւ իրեն համար վնասակար պիտի ըլլար:

       Այս աղաղակը կ’ուղղուի, հետեւաբար, բոլո՛ր կուսակցականներուն, հնչակեանին ու դաշնակցականին, վերակազմեալին ու ռամկավարին, որոնց մէջ անկարելի է որ այս զգացումը բաժնողներ չգտնուին եւ որոնցմէ միայն մէյ մէկ հոգիի այս մտքով արտայայտուիլը կրնայ աւելի գործ տեսնել քան ամբողջ կուսակցութեան մը սոյն գաղափարին յարումը եւ պատրաստակամութիւնը զայն գործադրելու…:

Պիտի ըսուի թէ քսան տարուան փորձառութիւնը ցոյց չտուա՞ւ որ անկարելի է ատիկա…: Պիտի պատասխանեմ.- այսօրը կը նմանի՞ քսան տարի, տասը տարի, մէկ տարի կամ նոյնիսկ մէկ ամիս առաջուան օրին: Այսօրը ի՞նչ օր է, գիտէ՞ք, եղբայրնե՛ր: Մեր ազգը սպաննել կ’ուզեն կոր եւ սպանելու վրայ են այտեղ: Խօսք չկա՛յ, չափազանցութիւն չէ՛, պատկեր մը չէ՛ ասիկա…: Միայն թէ, ազգ մը մարդու մը պէս չըլլալուն եւ միակ գլուխ մը չունենալուն՝ չեն կրնար մէկ անգամէն զայն սպանել, որքան ալ դահիճները բազմաթիւ եւ զէնքերն ու միջոցները շատ ըլլան:Գլուխնե՜ր, գլուխնե՜ր պէտք է փրկենք մենք ալ, կրցածնուս չափ շատ՝ ինչպէս թշնամին կրցածին չափ շատ կտրել կ’ուզէ կոր: Մե՛ղք են, խե՛ղճ են, մեր եղբայրնե՜րն են անոնք,  մեր ազգին մնացորդնե՜րն են, զորս դահիճը ուզեց բայց չկրցաւ դեռ սպանել ու կա՛մ կը մնան կէս-մեռած, անօթի եւ մերկ՝ այն դժոխաշունչ զնտանին մէջ, որ Թուրքիան է, կա՛մ փախեր են դահիճին սուրէն եւ նոյնքան անօթի ու մերկ, բայց գոնէ դահիճին ձեռքէն ազատած ըլլալու վստահութեամբը՝ եկեր ինկեր են ազատ տեղեր, յուսալով որ իրենց ազգին անվնաս, ապահով, աղէտէն չզարնուած, երջանի՜կ մասը պիտի օգնէ իրենց, պիտի թող չտա՜յ որ ապահովութեան մէջ ալ իրենք սպանուին՝ ինչպէս անդին սպանդանոցին մէջ…: Մե՜ղք են…եւ մե՛ղք է մանաւանդ ազգը, եղբայրնե՛ր, ազգը, զոր անոնք եւ անոնց ու մեր ամէնքիս հայրերն ու պապերը, մայրերն ու մամերը, դարերու եւ դարերու մէջէն բերեր հասցուցեր են մեզի, եւ զոր փրկելը, թէպէտ կոտորակուած, մեր ձեռքն է, հաւատացէ՛ք, ազգին մնացորդ խաղաղ հատուածներուն մեր ներշնչելիք ոգիէն, անոնց մէջ մեր ստեղծելիք ոգեւորութենէն, անոնց մեր ընել տալիք զոհողութենէն է կախուած…: Կը տեսնէ՞ք սակայն թէ իր ստուար մեծամասնութեամբը ի՞նչ վիճակի մէջ է, ի՞նչ դիրք է բռնած մեր խաղաղ եւ ապահով ժողովուրդը, որ Կովկաս է ու արտասահման, որ կրնար շատ բան ընել ու չ’ըներ, որմէ կը գանգատինք ամէնքս, կը գանգատին իրենք չընողներն ալ…: Զոհողութիւն կ’ուզենք իրմէ, զոհողութիւ՛ն դրամի եւ զոհողութիւ՛ն աշխատութեան, եւ մե՛նք, որ կը պահանջենք զայն իրմէ՝ չենք զոհեր աւելի պզտիկ բան մը, մեր կուսակցական եսերն ու պիտակները…: Միանալ, ձեռք ձեռքի, սիրտ սրտի տալ կը յորդորենք անոր, եւ մենք կը շարունակենք իրարմէ հեռու փախչիլ, իրար ատել եւ իրար հարուածել նոյնիսկ: «Աղէտը մեծ է, հրդեհը տուներնիս պատեր է, եկէք օգնեցէք որ զայն մարենք»՝ կ’ըսենք անոր, ու ամէն մէկերնիս այս կոչը անոր ուղղած ատեն իսկ, կը կռուինք իրարու հետ՝ այսպէսով շուարումի, թերահաւատութեան եւ յուսահատութեան մատնելով զայն եւ թողլով որ անդին տունը այրի ու հատնի՜…: Հարուստներէն միայն կը գանգատինք, որոնց ըրած զրկանքն աւելի զգալի է՝ ընելիք օգուտնին աւելի շօշափելի ըլլալուն համար: Բայց չէ՛, տեսէ՛ք, ամբողջ ժողովուրդն է, որ իր ստուար զանգուածներովը բարոյալքուեր է եւ ինչպէս որ հարուստն իր դրամը՝ ինքն ալ իր աշխատութիւնը չի տար, ո՛չ այստեղ ինքնաբերաբար Կարմիր Խաչերուն կը ներկայանայ երթալու մեր հիւանդ գաղթականները դարմանելու համար, ո՛չ այնտեղ՝ Կովկաս՝ գիւղերու մէջ ցրուած հազարաւոր փախստականներուն հոգ կը տանի առանց ռոճիկի, ընդհակառակը ռոճիկ կը պահանջէ ու ճոխ ռոճիկ, թէպէտ ինքզինք մտաւորական կը կոչէ…:

Ի՜նչ ցաւ է այս, կոտորածի ցաւին չափ խորունկ ցաւ…: Ըսէ՛ք, ինչպէ՞ս եղաւ որ չգիտցանք եւ չենք գիտեր տակաւին, թէ մինչ մրցումը քիչ ու շատ գործելու եռանդ մը կը ստեղծէր մեր շարքերուն մէջ, մենէ դուրս սակայն ազգին ահագին մասին մէջ մեր այդ մրցումներն ու անոնց բոլոր անխուսափելի հետեւանքներն ընդհակառակը կը մեռցնէին եռանդը, կը մեռցնէին սէրն ու հաւատքը ազգին հանդէպ…: Երէկ բարեկամ մը, Սուտանէն, հարուստները զոհողութեան մղելու միջոց մը գտած ըլլալ կը կարծէր՝ ըսելով. «Համոզեցէք փոխանակ անարգելու»: Ի՞նչպէս համոզել, ինչո՞վ համոզել…: Երէկ, օգտակար ըլլալու բովանդակ բարի կամքն ունեցող, սրտցաւ կարող առաջնորդ մը՝ անհուն ճիգ թափեց, նոր ձեւ եւ նոր միջոց ստեղծեց իր թեմին ժողովուրդը աւելի մարդկային եւ աւելի հայկական զգացումներու բերելու համար. ի՞նչ եղաւ արդիւնքը, ի՞նչ կը յուսաք որ ըլլայ…:

       Միա՛կ միջոցը, յոյսը զոր կրնանք ունենալ՝ մեր միութեամբը ժողովրդին միութեան օրինակ ըլլալուն եւ զայն ոգեւորելուն մէջն է:  Կը հրաժարի՞ս, եղբա՛յր, դու՛ն հնչակեան, դու՛ն դաշնակցական, դու՛ն ռամկավար ըլլալէ՝ յիշեցնելու համար, թէ միայն հայ ես, ցաւատանջ ու ցաւի դարման տանելու կոչուած հայ մը: Չե՞ս կրնար. երթա՛ս-բարով ուրեմն, եւ թո՛ղ երթա՜յ-բարով այն ազգն ալ, որ քեզի պէս զաւակներ է ծներ …: Թո՛ղ աշխարհի արհամարհանքն ու նողկանքը, եւ մահացող միլիոնաւոր եղբայրներուդ ու քոյրերուդ արիւնն ու անէծքը քու սերունդիդ վրայ ըլլան…:

 

Գ.

 

       «Պէ՛տք է եւ անհրաժեշտ է», կ’ըսեն ոմանք. ուրիշներ՝«Անհրաժեշտ, բայց անկարելի է» կ’ըսեն ցաւելով. մինչ ոմանք ալ, կուսակցականնե՛ր, որոնց ձեռնհասութիւնն ամէն տարակոյսէ վեր է՝ արգահատանքով կը նային վրադ, առայժմ ներքնապէս կը խնդան միայն, սպասելով որ վաղը զարնեն գլխուդ, երբ տեսնեն որ իրօք գործը լուրջի ես առեր եւ նպատակդ լրագրի յօդուած մը գրել չէ եղեր միայն…:

       Արդ, ես կ’ըսեմ ահա՛, թէ իրօք լուրջի, եւ չափազանց լուրջի առած եմ մեր բոլոր կուսակցութիւններուն միութեան, անոնց ամէնուն մէկ մարմին կազմելուն խնդիրը, որմէ կը սպասեմ ներկայիս հնարաւոր ամէնամեծ օգուտը այս հազար անգամ դժբախտ, բայց դեռ չմեռած, դեռ ապրելու կարող ազգին համար, այդ օգուտը նկատելով ամէնէն առաջ ներքի՛ն օգուտ մը, ազգին իր բարոյականը շտկելու, իր ուժերուն մնացորդն ամփոփելու, իր ոգեւորութիւնն ու հաւատքը վերագտնելու եւ այս ժամանակին պահանջած մեծագոյն զոհողութիւններուն յօժար ու ընդունակ հանդիսանալու գերագո՜յն օգուտը…:

Ուրեմն, առաջիններուն, անո՛նց որ կ’ընդունին անվերապահօրէն թէ «պէտք է ու անհրաժեշտ է», կ’ըսեմ.

– Աշխատեցէ՛ք, աշխատի՛նք միասին: Խօսեցէ՛ք, պնդեցէ՛ք, ստիպեցէ՛ք: Ինքզինքնիդ նկատեցէք առաքեալները ամէնասուրբ գործի մը եւ մի՛ թողուք մէկը մինչեւ որ պէտքին համոզուելէ ետք՝ կարելիութեանն ալ չհամոզուի: Ըսէ՛ք ինքզինքնուդ թէ պիտի չանցընէք օր մը առանց գոնէ մէկ հոգի ձեզի հաւատակից դարձնելու: Ըսէ՛ք ինքզինքնուդ եւ ըսէք ձեր հանդիպած հայերուն, թէ ասիկա միա՛կ միջոցն է փրկութեան, որմէ կրնան ծնիլ, որուն կրնան հետեւիլ բոլոր միւս միջոցները: Ըսէ՛ք թէ մեծ պատճառ մը չկայ զայն արգիլող՝ այլ կան շատ մը պզտիկ պատճառներ, որոնք պիտի տապալին իյնան Ձեր ուժգին մղումին առջեւ: Ըսէ՛ք թէ դուք՝ չէզոքնե՛ր, դուք՝ ժողովու՛րդ, ամէն իրաւունք ունիք այս պահանջքը ա՛յս միջոցիս դնելու յանուն երկրի տառապող հայութեան: Եւ վերջապէս ըսէ՛ք թէ իրենց բազմաթիւ սխալներէն ետք, որոնցմէ ոմանք ոճիրէ աւելի ծանր են՝ ասիկա նուազագոյն պարտականութիւնն է կուսակցութեանց, առանց որուն պիտի չհանդուրժէք այլեւս որ ձեր մէջը երեւնան եւ ձեզի խօսին ձեր պարտականութիւններուն վրայ, երբ իրենք իրենցը չեն կատարեր…:

Իսկ անոնց, որոնք կը յայտնեն թէ «Պէտք է, բայց անիրականանալի է» պահանջուած միութիւնը, անոնց ալ կը պատասխանեմ.

– Եթէ «պէտք» է ազգին համար, ինչպէ՞ս կրնաք «անիրականանալի» բառով մէկդի քաշուիլ ու թողուլ որ չլրացուի այդ պէտքը: Արդեօք մեր կարողութեան սահմաններէն, մեր միջոցներէն դու՞րս բան մըն է ան: Եթէ, ընդհակառակը, մեր ձեռքն է ու մենք չենք ըներ, ի՜նչ ահագին ամօթ մեզի համար, որմէ ամէն հայ պէտք է կարմրի՝ փոխանակ անհոգ անտարբեր մէկ կողմ կենալու..: Բայց ինչու՞ չըլլայ…: Տեսէ՛ք, շատ մը տեղերու հայ բնակչութիւնը, իր կեանքը փրկելու եւ զայն ապագային նորէն հայ ազգին ընծայելու համար, յանձն կ’առնէ կոր թրքութեա՜ն միանալ, եւ մենք, թէպէտ ամօթահար, բայց գոհ կ՛ըլլանք կոր որ ազատե՜ր են անոնք, որովհետեւ տեղեր կան, ուր ատիկա ալ օգուտ չունի…: Ատկէ աւելի դժուա՞ր է միթէ միանալ հայ կուսակցութեան մը համար ուրիշ հայ կուսակցութիւններու հետ, ինչ որ ուրիշ բան չէ վերջապէս մեր իրականութեան համար, բայց եթէ գիւղի մը մէջ ժամանակի ընթացքին զանազան վէճերու հետեւանքով տնկուած մէկ քանի տարբեր մատուռներու ի մի ձուլումը, իրենց քահանաներովն ու տիրացուներովն ու ժողովուրդովը միասին, մանաւանդ ա՛յն ժողովուրդով, որ այդ մատուռներէն ոչ մէկը կը յաճախէր եւ վաղը խանդավառուած թերեւս լեցնէ մեր նոր եկեղեցին…: Ու մի՛ ըսէք թէ մինչեւ հիմա իրականացած չըլլալը՝ անիրականանալի, անկարելի ըլլալը կ’ապացուցանէ: Որչա՜փ բաներ կան որ եղած չէին մինչեւ հիմա եւ կ’ըլլան կոր այսօր: Մեծ ազգերուն վրայ նայեցէ՛ք, որոնք մեզի չափ գէշ վիճակի մէջ չըլլալով հանդերձ, իրենց «սրբազան միութիւնը» կնքելէ ետք՝ ամէն օր նոր ու ծանրագոյն զոհողութիւններու յանձնառու կ’ըլլան յօժարակամ, մի՛միայն դիմադրել կարենալու, ինքզինքնին պաշտպանելու, իրենց ազատութիւնը գնելու համար: Վա՜յ մեզի, եթէ հարիւրապատիկ աւելի մեծ վտանգի մը դէմ գտնուելով հանդերձ, կարելի չենք նկատեր զոհողութիւնը…ի՞նչ բանի.- բառի մը, անունի մը, պիտակի մը…: Բայց անկարելին՝ ատիկա չընելն է. անկարելին՝ այնչափ ծռած միտք մը ու այնչափ չորցած սիրտ մը ունենալն է, որ տակաւին այսօր, այս պահուս, այդ միտքը չկարենա՜յ ըմբռնելու այդ սիրտը, չկարենա՜յ զգալ թէ ազգը, ոգեսպառ ու արիւնլուայ, ապրիլ կարենալու համար իր ողջ զաւակներէն կը սպասէ արտասովոր բաներու, գերագոյն միջոցներու, ամէ՛ն միջոցներու: Եթէ շատ քիչ յոյս, ամէնաչնչին յոյս մըն ալ ունենայինք որ մեր ուժերուն միութենէն կրնայ օգուտ մը ծնիլ, այդ քիչ մը յոյսին համար պէտք էր փութայինք զայն կատարելու, ինչպէս սիրական ծանր հիւանդի մը համար մարդ կ’ընէ ամէն ինչ, ամէնէն հազուագիւտ դեղն ալ կ’աշխատի ճարել ու հասցնել անոր…: Անկարելի՞. բայց կարելին ա՞յն է միթէ՝ որ աւեր ու ամայի Հայաստանի մէջ, վաղը չորս կուսակցութիւն՝ արտասահմանէն ներս մտած իրենց չորսական անդամներովը դէմ դիմաց գան եւ աւերակներու տիրապետութիւնը ուզեն խլել իրարու ձեռքէ…:

       Մեր հին Արտաւազդ թագաւորը, իր գէշ համբաւին հակառակ, չհանդուրժեց այդ գաղափարին, եւ ըսաւ՝ հօրը գերեզմանին վրայ ինկած զոհերը տեսնելով.

       – Դուն կ’երթաս եւ ինծի կը թողուս որ աւերակներու՞ վրայ թագաւորեմ…

Մինչդեռ մեր կուսակցութիւնները, իրենց խե՜ղճ մօրը՝ հոգեվարք Հայաստանին, մէյ մէկ կից ալ իրենք պիտի տային, որպէսզի շուտ մեռնի, եւ պիտի ըսէի՜ն.

       – Կը մեռնիս կոր, մեռի՛ր. մենք քու ոսկորնե՛րդ ալ կրնանք իբրեւ զէնք գործածել եւ իրարու գլխուն զարնել…:

       Այս չէ՞ որ պիտի նշանակէր ձեր «Անկարելին»…:

 


[1] Եռամաս այս խմբագրականը, լոյս տեսած Արեւի 8, 11 եւ 15 Հոկտեմբեր 1915ի թիւերուն մէջ, այստեղ միացած կը հրատարակենք զանոնք:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ