Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեր Գաղափարն Ու Գործը. Անդրադարձ «Նոր Օր»ի Անցեալէն Խմբագրականներու Շարք «Նոր Օր»ի 23 Հոկտ. 1951 – 15 Յունուար 1952

 

Բ.- ԱՐՄԵՆԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Պատմական անժխտելի իրողութիւն է, որ հայ ազատագրական շարժումին արիւնոտ երկունքէն ծնած յեղափոխական կազմակերպութիւններէն առաջինը՝ երիցագոյնը եղաւ Արմենականութիւնը: Բայց տակաւին անդրանկութեան այդ վարկէն աւելի գերիվեր առանձնաշնորհումով մը կրնար պարծիլ ան: Որովհետեւ Արմենական հոսանքը, միակ հայ մարտական ու ազգային կուսակցութիւնն էր, որ յղկուած ու կազմուած էր հարազատ հայրենիքի ծոցին մէջ, Վասպուրականի փառաշուք հողէն ու աւանդութիւններէն: Ուրեմն ան կը հանդիսանար միակ ճշմարտապէս հայրենածին քաղաքական կազմակերպութիւնը, մինչ միւսները կուգային արտասահմանի, – Լոնտոնի կամ Ժնեւի մէջ, եւ աւելի ենթակայ էին «գաղութային» սահմանումին:

 

 

  • Մկրտիչ Խրիմեան (Խրիմեան Հայրիկ) Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս

Արմենական շարժումը՝ կազմակերպուած արտայայտութիւնն էր թրքական հալածանքին ու կոտորածներուն դէմ ռազմական ինքնապաշտպանութեան կամքին ու գիտակցութեան: Անիկա՝ հայ ազգային վերազարթնումի ամէնէն ինքնածին, մարտաշունչ ու հեռահաս ժայթքումն էր Հայաստանի ցաւատանջ սրտէն: Անոր Ղեկավարներն ու զինուորները կրեր էին խռովիչ ազդեցութիւնը Խրիմեանի խանդաբորբ, հրեղէն հայրենասիրութեան եւ յետոյ հաղորդուեր էին Մկրտիչ Փորթուգալեան լոյսին ու զօրութեան, մինչեւ 1885: Այդ տարին Թուրք կառավարութիւնը Վանէն աքսորեց ազգանուէր եկեղեցականը եւ ուսուցիչը, յուսալով խորշակահար փճացնել անոնց սերմանած փրկարար գաղափարներուն հասունցած բերքերը:

 

Մկրտիչ Փորթուգալեան

            Փորթուգալեան ապաստանեցաւ Մարսիլիա, ուր 1885-ի Օգոստոս ին հրատարակել սկսաւ «Արմէնիան»ն, որ Հայոց ազգային զարթօնքին ու յեղափոխական խմորումին եւ ընդվզումին առաջին ախոյեանն էր: Այդ թերթին անունով էր եւ անոր ձգտումներն ու իտէալները տարածելու, մարմնացնելու նպատակով, որ գոյութիւն առած կազմակերպութիւնը մկրտուեցաւ Արմենական. Ինչպէս երկու տարի վերջ «Հնչակ»-էն պիտի առաջանային Հնչակեանները եւ աւելի յետոյ՝ «Դրօշակ»-էն պիտի յառնէին Դրօշակեան –դաշնակցականները: Եւ մինչեւ իր եղերական վախճանը, երբ Թուրք – Քիւրտ բազմահազար խաժամուժին դէմ ինկաւ դիւցազնի մահով, Վանի 1896-ի հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելէ ու ղեկավարելէ վերջ՝ Մկրտիչ Թէրլէմէզեան-Աւետիսեան, եղաւ անձնուրաց, ոգեշնչող ու անվեհեր առաջնորդը Արմենական կուսակցութեան:

 

Մկրտիչ Աւետիսեան

Գաղտնի  ու անաղմուկ գործունէութեան կերպն էր Արմենականներու որդեգրած ուղեգիծը: Որովհետեւ կը խորշէին ռազմական ցուցարարութենէ, զանոնք աղէտալի նկատելով հայ զանգուածներուն համար՝ անոնք ծայրայեղ խոնարհութեամբ մը խուսափեցան նաեւ ինքնագովութեան ամէն փորձէ: Եւ մինչ ուրիշ հոսանքներու սարքած փոքր ու վնասակար ցոյցերը շքեղ ներբողներով պանծացուեցան ու դեռ մինչեւ այս ուշ օրերուն կը տօնակատարուին՝ Արմենականներու ծրագրած ու ղեկավարած Վանի ինքնապաշտպանութեան հերոսական կռիւները, 1896-ին եւ 1915-ին, որոնց շնորհիւ հարիւր հազարաւոր հայերու կեանքերը փրկուեցան թրքական եաթաղանի բնաջնջումէն՝ հազիւ պատմուած են արժանի փառքով:

            Հատուածական վարկի ու շահախնդրութեան մունետիկները ջանացեր են ստորագնահատել, յաճախ արհամարհել Արմենականութեան ուժն ու դերը, զայն անծրագիր միութեան մը մակարդակին իջեցնելով: Բայց պատմական անեղծանելի ճշմարտութիւնը կը մնայ, թէ հայ ազգային վերազարթնումի այդ մութ ու դաժան շրջանին, Արմենական ծրագիրը կը յայտարարէ կուսակցութեան նպատակը բացայայտ, անսխալելի յստակութեամբ ու զօրութեամբ.-

            «Արմենական կազմակերպութեանս նպատակն է յեղափոխութեամբ հայ ժողովուրդին համար իրաւունք ձեռք բերել ինքզինք ազատօրէն կառավարելու, որով միայն կարող կը լինի իբրեւ մարդ ապրելու միջոցներ գիտնալ եւ զանոնք գործադրել ժամանակի պահանջմանց համեմատ»: Այն տարիներուն, երբ Թուրք բռնակալութիւնը իր ամէնէն վայրագ, ամէնէն խուժդուժ հալածանքներուն ու ջարդերուն կ’ենթարկէր արեւմտահայութիւնը՝ Արմենականներու այս նշանակէտը, սեփական հայրենիքին մէջ հայ ժողովուրդին ազատ ինքնիշխանութիւնը ապահովելու՝ ամէնէն հեռահաս ու յեղափոխական նպատակը կը հանդիսանար:

            Հետապնդուող այդ հանգրուանին տանող միջոցներու ընտրութեան ու համադրումին մէջ նոյն իրապաշտ հասկացողութիւնը, նոյն իմաստուն հեռատեսութիւնը կ’առաջնորդէր զանոնք: Արմենական ղեկավարներ առաջին անկեղծ ախոյեաններն եղան մարտական շարժումներու մէջ համազգային միասնականութեան:- Անոնք կ’առաջադրէին «ներքին ուժ գոյացնել, միացնելով իրարու հետ միեւնոյն գաղափարի ծառայող հայ հայրենասէրներ… Ժողովուրդը արթնցնել, կազմակերպութեան մղել… առանց բռնի միջոցների, յեղափոխական գրականութեամբ, ընդհանուր դաստիարակութեամբ, գործիչի ազնիւ կենցաղով ու քարոզով գաղափար տարածել… զինակրթութեան ու կարգապահութեան վարժեցնել, ինքնապաշտպանութեան զգացում արծարծել, զէնք եւ դրամ հայթայթել, զինուորական շարժուն խումբեր պատրաստել…»:

            Միջոցներու համապարփակ շարք մը, որոնց փոփոխակի կամ միաժամանակ կիրարկումը ոչ միայն Արմենականները դարձուց հայ յեղափոխութեան անդրանիկ ու միա’կ հայրենածին կուսակցութիւնը, այլ նաեւ զայն վերածեց ամէնէն կեդրոնացեալ ու հզօր մարտական կազմակերպութեան իր շրջանին մէջ, որ յաջողեցաւ պատրաստել ու գլխաւոր հայ ազատագրական պայքարի երկու ամենէն արդիւնաւոր ու պանծալի դիմադրական կռիւները Վանի մէջ:

            Նոյնքան ազատական ու յանդուգն էին նաեւ Արմենականներու քաղաքական-ընկերային ըմբռնումները: Անոնք գաւառային յետամնաց, պահպանողական ու նախապաշարումներէ կաշկանդուած մտքերով մարդիկը չէին, ինչպէս կը փորձեն պատկերացնել զանոնք պատմութեան վարձկան կամ անմիտ խեղաթիւրողները: Աւելի քան 45 տարիներ առաջ, Ռուս Սոցեալ Տեմոկրատներու 1905-ի յեղափոխութեան վաղորդայնին, Արմենական Շրջաբերական մը կը պարզաբանէր կուսակցութեան տեսակէտը անոր մասին.-

            «Ընկերային, սոցիալիստական յեղափոխութիւնը մեր իրականութեան հետ կապ ունեցող հեռաւոր գաղափարն է, որին պէտք է ձգտինք ապագային, երբոր քաղաքական կարգերի եւ տնտեսական պայմանների շնորհիւ առաջ կու գայ մեր մէջ նոր հասարակութիւն՝ նման եւրոպական հասարակութեան, այսինքն երբ սկսի աշխատանքի եւ քաբիթալի պայքարը մեր մէջ»:

            Սակայն անմիջականը՝ ստիպողականն ու փրկարարը հայ ժողովուրդին համար՝ ազգային յեղափոխութեան պատրաստութիւնն էր եւ հայրենիքին ազատագրումը եւ Արմենականներ՝ բիւրեղացած գաղափարներու, ծրագրեալ ու խիզախ գործունէութիւն մը կերտեցին ու զայն կտակեցին, իրենց անձերու հետ՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան:

Դէպի Հարիւրամեակ (ՌԱԿի Հիմնադրութիւն 1921 – 2021)

Արմենականները բիւրեղացած գաղափարներու, ծրագրեալ ու խիզախ գործունէութիւն մը կերտեցին ու զայն կտակեցին, իրենց անձերուն հետ՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան:

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ