Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Մահագրական. Ողբացեալ Մարի Ուզունեանի Մահուան Առիթով

Մի քանի օրեր առաջ Մարի Ուզունեանը, կողակիցը ողբ. Հայկաշէն Ուզունեանին հրաժեշտ տուաւ այս աշխարհին:

            Ողբ Մարի Ուզունեանի մահով սփիւռքահայ ամբողջ սերունդ մը կ՛անհետանայ: Սերունդ մը, որ հասակ առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն, եւ հակառակ անոր ճաշակած անհամար զրկանքներուն, ան բերաւ իր պատուաբեր բաժինը, առհասարակ հայ սփիւռքի կազմաւորման վիթխարի գործին: Բանալով հայ դպրոց, կերտելով հայ մշակոյթ, ստեղծելով երիտասարդական տարեր եւ կառուցելով եկեղեցիներ:

 

Ողբացեալ Հայկաշէն Ուզունեան մեր բոլորին պէս ունէր նաեւ իր թերութիւնները, որոնք թեթեւ կը կշռէին իր ունեցած առաւելութիւններուն բաղդատմամբ։

Այս տողերը հաւանաբար աւելի պատշաճ պիտի ըլլար գրելը տասնամեակ մը եւ աւելի առաջ, Հայկաշէն Ուզունեանի մահուան առիթով: Այս տողերը գրողն ու ողբացեալ Հայկաշէնը՝ երկուքը Մելգոնեան Կրթ. Հաստատութեան շրջանաւարտներ – Մելգոնեան Հաստատութիւնը գոցելու հարցով ունեցեր էինք իրարու հակոտնեայ տեսակէտներ։ Ողբացեալ Հայկաշէնը բուռն ընդդիմացած էր Հաստատութիւնը փակելու Միութեան Կեդրոնական Ժողովի որոշման։ Այսօր հարցերը դիտելով, աւելի քան տասնամեակ մը ետք, կը խորհինք թէ ի՜նչ մեծ դեր խաղացած պէտք է ըլլար ողբ. Հայկաշէնը Հայ սփիւռքի կառոյցներուն զօրացման ինչպէս նաեւ նոյնինքն Բարեգործականի վերին մարմիններուն հայկական դիմագիծի զօրացման, եթէ ան պահած ըլլար իր սերտ յարաբերութիւնները Միութեան օրուայ վարիչներուն հետ։

 

            Ուստի, ողբ. Մարի Ուզունեանի մահուան տխուր առիթով, կը խորհիմ թէ պատշաճ է,  հակիրճ կերպով վեր առնել Ուզունեան ամոլին թողած ազգային-հասարակական ժառանգին մասին:

            Ողբացեալ Մարին, դուստրն էր Եթովպիա հաստատուած, մեծահամբաւ եւ Ճարտարարուեստական մեծ հայուն՝ Մարտիրոս Տարագճեանին: Մարին երբեք չշլացաւ նիւթական հարստութեամբ: Ան մնաց պարզ, համեստ, միշտ ժպտերես, ազնուասիրտ ու ազնուական իր խառնուածքով: Ան իր մէջ պահեց մշտարծարծ բոցը ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան:

            Միւս կողմէ, Հայկաշէնը սուր միտքի տէր, ինքնատիպ, հաղորդական ու մեծ քարիզմա ունեցող անձ մըն էր: Մարիին եւ Հայկաշէնի միջեւ կար զօրեղ կապը սիրոյ եւ փոխադարձ հասկացողութեան ինչպէս նաեւ հասարակաց հետաքրքրութեան: Անոնք կիրքով փարեցան հայ ժողովուրդը ծառայութեան, ՌԱԿ-ի եւ Հ.Բ.Ը. Միութեան զոյգ  խողովակներով: Հայկաշէնը արագօրէն բարձրացաւ վերոգրեալ կազմակերպութիւններու բարձրագոյն դիրքերուն: Ան, իր կարգին, աւելի բարձր հմայք տուաւ իր գրաւած բարձր պաշտօններուն:

            Այժմ  հակիրճ կերպով վեր առնենք Հայկաշէնին ազգային իրագործումները:

            Ան, 1946-ին, Ներգաղթի կոմիտէին անդամներէն էր, Մեթր Հրաչ Սեդրակեանին հետ միատեղ, ՌԱԿ-ը ներկայացնող:

            Ան, կատաղօրէն կը սիրէր հայ գրականութիւնը: Հայկաշէն Ուզունեան գրական մրցանակ հաստատեց աւելի քան կէս դար առաջ: Ան եղաւ հիմնադիրներէն մէկը Թէքէեան Մշակութային Միութեան ինչպէս նաեւ Շիրակ Գրական ամսագրին: Ան հասուն եւ գրական ստեղծագործական շնորհքով օժտուած մտաւորական դէմք մըն էր: Անոր գրչածայրէն շատ  մելան չհոսեցաւ: Սակայն այն յարաբերաբար քիչը որ ան արտադրեց, առանց չափազանցութեան կարելի է բնորոշել որպէս ինքնատիպ, հասուն, եւ ժամանակի աւերին տոկացող:

            Վերջապէս աւելցնենք այն, թէ, Բարեգործականի փոխ-նախագահ Երուանդ Հիւսիսեանի հետ Հայկաշէն եղաւ  բարեգործականի այն ղեկավարը, որ վեր բարձրացուց Միութեան Զուիցերիական դիմագիծը, փրկելու համար Բարեգործականը շատ մը ամերիկեան հաստատութեան մը  վերածուելէն: Հասուն, հեռատես եւ գերազանցապէս հայրենասիրական քայլ:

            Այս է Հայկաշէնին թողած ժառանգը: Նաեւ Մարիին, առանց որուն, Հայկաշէնը երբեք պիտի չունենար թեւերը այդքան բարձրէն թռչելու:

            Ողբացեալ Մարի Ուզունեանին տխուր հրաժեշտի առիթով, մէկ շունչով գրուած այս տողերը կ’ոգեկոչեն ամբողջ անցեալ մը որ միասին ապրեցանք ու գործեցինք, Հայկաշէններու, Թովմասեաններու եւ Հրաչ Սեդրակեաններու նման պայծառ եւ գերազանցապէս հայրենասէր դէմքերու հետ: Անոնք քալեցին Տամատեաններու,  Չօպանեաններու եւ Թէքէեաններու գծած անշեղ ճամբէն: Ուղիղ ճամբէն, չթեքուելով  ձախ կամ աջ: Այդ նեղ օրերուն երբ կար մեծ վտանգ ցուրտ պատերազմի ընթացքին: Այդ դէմքերուն հետ ես եմ գործելակերպի լուրջ տարակարծութիւններ: Այդ տարակարծութիւնները արգելք չհանդիսացան մեր փոխադարձ մտերմութեան եւ յարգանքին:

            Այսօր, անոնք չկան այլեւս: Իրենց վաստակը սակայն պիտի մնայ ընդմիշտ: Վկան՝ ողջմիտ մտածողութեան եւ իսկական հայրենասիրութեան:

ՓԱՆՈՍ ԹԻԹԻԶԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ