Վերածնունդը
Եւրոպայի մէջ տպագրութեան գիւտով 15¬րդ դարուն վերածնունդ տեղի ունեցաւ որուն արձագանգը Հայ Եկեղեցւոյ եւ ազգի մտաւոր եւ իմացական կեանքին վրայ անջնջելի հետք թողուց։ Գերմանիոյ մէջ Եոհան Կիւթեմպերկ 1450 թուին կատարեց տպագրութեան գիւտը, եւ վաթսունամեակ մը ետք, Յակոբ Մեղապարտ անուն, այլապէս բոլորովին անծանօթ հայորդին, որպէս ռահվիրայ նախակարապետ հայ տպագրիչը, Վենետիկի մէջ հիմնեց առաջին հայ տպարանը։ Տպագրեց առաջին վեց հայերէն գիրքերը 1513 թուականէն սկսեալ, ու 150 տարիներ ետք Ոսկան Վարդապետ Երեւանցի Ամսդերտամի մէջ առաջին Աստուածաշունչ Մատեանը տպագրեց 1666 թուականին։ Յատկանշական պարագան այն էր որ Հայաստան եւ Ս. Էջմիածին չէին կրցած գլուխն անցնիլ վերածնունդի այդ մեծ շարժումին, եւ սակայն հայորդիք անձամբ, ինչպէս Յակոբ, նոյնպէս Աբգար Դպիր Եւդոկիացին ու որդին Սուլթանշահ, Խաչատուր Կեսարացին եւ Գրիգոր Մարզուանցին յաջորդաբար, թէեւ դանդաղ եւ սակայն յառաջընթաց քայլ պահեցին որպէս հետեւորդները Յակոբ Մեղապարտին, ու հայ գրականութեան մեծագոյն երաշխիքը եղող անցեալի մատեանները հետզհետէ տպագրեցին։
Դարակազմիկ անցման այդ շրջանին Բաղեշի (այժմ Պիթլիս) Ամրդոլի Համալսարանը եղաւ հայ գրչագրութեան ամենավերջին եւ ամենէն բեղուն կեդրոնը երբ այլեւս կարիքը չկար գրչագիր հատորներ ընդօրինակելու Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ վանքերուն մէջ, քանի որ տպագրութեան հրաշալի գիւտը անցեալի մատեանները կարգաւ տպագ¬ րութեամբ պիտի յաւերժացնէր։ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի գնահատումով «Հայ տպագրութեան գիւտը հայ միտքի զարգացման նպաստաւոր փաստ մը եղաւ արեւելքի ազգերուն մէջ ուր Հայք յառաջընթաց գտնուեցան»։
Հորիզոնական Գիծը
Անվարան սկիզբէն կրնամ հաստատել որ Ամրդոլէն Արմաշ եւ Արմաշէն Երուսաղէմ, ու ապա Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Դպրեվանք փոխանցումի հորիզո¬ նական գիծը հետեւողական եղաւ, երբ նկատի ունենանք Արմաշական սերունդի պատկառելի դէմքերէն բարձրաստիճան հոգեւորականներ Մաղաքիա Օրմանեանն ու Եղիշէ Դուրեանը, Կիւլէսէրեան Բաբգէնն ու Գուշակեան Թորգոմը, բոլորն ալ նուիրապետական Աթոռներու նուիրեալ գահակալներ, որոնց շունչին տակ ուսանած Փառէն Մելքոնեան եւ Շահէ Գասպարեան արմաշական եպիսկոպոսները, կարգաւ Երուսաղէմն ու Անթիլիասը արժանաւորապէս կնքեցին Ամրդոլի եւ իրենց ուսումնարան Արմաշի անկրկնելի աւանդով։ Երբ այս տողերը կը գրեմ կը հաստատեմ վերեւի ընթացքը որպէս Անթիլիասի Դպրեվանքի միջին սերունդի աւարտականներէն մին թէ անցեալի կամուրջն ու ներկայի արգասիքը որքան հարազատ գնացքով զարգացան ու հասցուցին հոգեւորականներու ընտիր փաղանգ մը։
Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը
Մինչդեռ արեւմտահայութիւնը մշակութային մարզէն ներս հերոսական գործ կը կատարէր տպագիր գիրքերու եւ ուսումնարաններու բարձր մակարդակով, Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը նոյն շրջանին առաջնորդողի դեր կատարելու իր առաքելու¬ թեան մէջ կը ձախողէր 17-րդ դարու սկիզբէն սկսեալ մինչեւ յաջորդող ամբողջ 100 տարիները։ Պատրիարքութիւնը 1600 թուականէն սկսեալ յաջորդող մէկ դարու ընթացքին անկումի մատնուած էր, որովհետեւ Պատրիարքական Աթոռ ելած եւ իջած էին 55 պատրիարքներ, իւրաքանչիւրը միայն երկու կամ երեք տարի պատրիարքութիւն վարելով։ Յոռի եւ քանդիչ սովորութիւն մըն էր եղածը երբ հոգեւոր եւ ազգային իշխանութիւնը, մէկը միւսին ձեռքէն խլելու մոլուցքով, Աթոռին գահավէժ անկումին պատճառ կը դառնար։
Ամրդոլի Համալսարանը
Այդ միջոցին փրկարար լոյս մը կը ծագէր Բաղեշի Ամրդոլի Վանքէն ուր մեծ Վարդապետ Վարդան Բաղիշեցիի ուսուցչապետութեան տակ Չորս Մեծերը կը գրաւէին Հայ Եկեղեցւոյ կեդրոնները ու ձեռք կ՛առնէին անոր ղեկավարութիւնը, նոյն ինքն Վարդան Բաղիշեցին եւ իր երեք աշակերտները՝ Յովհաննէս Կոլոտ, Յակոբ Նալեան եւ Գրիգոր Շղթայակիր պատրիարքները։ Դպրանոցին բուն անունը «Ամլորդի» եղած է Զաքարիա քահանայի կնոջ Եղիսաբէթի ամուլ որովայնէն ծնած իր որդւոյն Ս. Յովհաննէս Մկրտչի անունով որուն մասին Աւետարաններուն մէջ կը կարդանք։ Ամրդոլ աղաւաղուած անունն է Ամլորդիին։
Ամրդոլի վանքը 15-րդ դարուն հայ գրչութեան յատուկ դպրոց մըն էր հիմնուած Գրիգոր Տաթեւացիի աշակերտ Դանիէլ վարդապետին կողմէ ուր դասաւանդած է աստուածաբանութիւն, կրօնագիտութիւն եւ գրչագրական արուեստը։ Դպրոցը համբաւի տիրացաւ Ներսէս Մոկացի եւ ապա Վարդան Բաղիշեցի վարդապետներու ուսուցչա¬ պետութեան տակ, երբ արդէն Ամրդոլ Համալսարանի կոչում ստացաւ իր «45 միաբաններով, 40 կարդացողներով, եւ 5 մշակներով»։ Վարդան Բաղիշեցի վերանորոգեց դպրանոցը, հարստացուց մատենադարանը, եւ բարձր աստիճանի հասցուց գրչութեան արուեստը։ Ձեռագիր մատեաններու հարուստ եւ հաւաստի օրինակներ հոնկէ հասած են մեզի որոնց լիակատար գրացուցակը Վարդան Բաղիշեցի ինք կազմած է որպէս «Ամրդոլու Մատենադարանի Գրացուցակ»։
Վարդան Վարդապետ Բաղիշեցի
Վարդան Բաղիշեցիի սկսած մտաւորական եւ ուսումնական տեսչութեան ներքեւ իր ամենէն յայտնի երեք աշակերտները, Յովհաննէս Կոլոտ, Յակոբ Նալեան, եւ Գրիգոր Շղթայակիր պատրիարքներ, միասին զարգացան ու կազմեցին 18¬րդ դարու արեւմտահայ մտաւորական սերունդին առաջատար փաղանգը, տասնեակ մը եւ աւելի աստուածաբա¬ նական եւ կրօնագիտական ծաւալուն հատորներ հրատարակելով, այս անգամ տպագիր անշուշտ, որոնց տիտղոսաթերթ էջերը կը վկայեն հնադարեան մեր ձեռագիրներու մանրանկարներուն տպագրեալ առաջին ձեռնարկները։
Վարդան Վարդապետի ձեռքով շարք մը պատմագիրներու ձեռագիր վերջին օրինակները գրուեցան, Փաւստոս Բիւզանդ պատմիչէն մինչեւ Թովմա Մեծոփեցի պատմիչ, որոնք այսօր Երեւանի Մատենադարանին մնայուն եւ ամենահաւաստի աղբիւրները կը ներկայացնեն։ Երեսնամեակ մը առաջ երբ 8-րդ դարու Ղեւոնդ Երէց հայ պատմիչի Արաբներու արշաւանքի երկը անգլերէնի կը թարգմանէի որպէս աւարտաճառ, գոյութիւն ունեցող լաւագոյն թիւ 3070 ձեռագիր օրինակը տեսայ եւ օգտագործեցի Երեւանի Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարանին մէջ, ուր հասած էր Ամրդոլի Համալսարանէն՝ Էջմիածնի ճամբով։ Յիշատակարանին մէջ գրուած է թէ մատեանը վերստին նորոգուած էր Վարդան Բաղիշեցիի ձեռքով, նոյն ձեռագրին գրիչներէն մին ինք ըլլալով 1669 թուին։ Այլ օրինակ մը եւս տեսայ, թիւ 1902 մատեանը, որ նոյնպէս կը գտնուէր Ամրդոլի Վանքի ձեռագրատան մէջ Վարդան Բաղիշեցիի հոգածութեան ներքեւ մինչեւ 1690, երբ Վարդան զայն յանձնած է Ս. Էջմիածնի ձեռագրատան։ Ահա հռչականուն մտքի վառարան մը եւս որ մինչեւ հարիւր տարի առաջ կանգուն էր եւ զոհ կ՛երթար ցեղասպանութեան։ Վարդան Բաղիշեցի վախճանած է 1704 թուին։
Ամրդոլի Գրական Արգասիքը
Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարք պիտի փրկէր արեւմտահայոց կացութիւնը իր 26 տարիներու նուիրեալ եւ երկարատեւ գահակալութեան ընթացքին (1715-1741) հրատա¬ րակելով նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան վերաբերեալ հիմնական վեց գիրքեր, որոնք են «Սուրբ Գիրքս որ կոչի Մաշտոց», «Գիրք Պարապմանց Սրբոյն Կիւրղի Աղեքսանդրացւոյ յաղագս մարդանալոյ Միածնին», «Տօնացոյց եւ Աւետարանացոյց», «Պարզաբանութիւն քերականութեան կարճարօտ եւ դիւրիմաց», «Գիրք որ կոչի Հարանց Վարք», եւ «Մեկնութիւն Սրբոյ Աւետարանին որ ըստ Յովհաննու»։
Այդ երկերէն մին Աղեքսանդրիոյ Կիւրեղ Պատրիարքի (+444 թ.) «Գիրք Պարապ¬ մանց»ն է որուն յունարէն բնագրէն լատիներէնի թարգմանութիւնը ծանօթ է որպէս Scholia de incarnatione unigeniti, որուն բնագիրներն ալ լրիւ չեն հասած, բացի հայերէն թարգմանութենէն որ յունարէն բնագրէն թարգմանուած է Դաւիթ Հիւպատոս անուն գրիչին կողմէ, որ ցայսօր կը մնայ միակ ամբողջական բնագիրը բանասիրութեան առջեւ։ Զայն գրաբարէն անգլերէնի թարգմանած է անգլիացի հայագէտ Գոնիբեր 1907 թուին Լոնտոնի մէջ։ Տարիներ առաջ իմ մագիստրոսի աւարտաճառի նիւթը եղաւ սոյն «Գիրք Պարապմանց»ը, որ պարզապէս կը նշանակէ «ուսումնասիրութիւն» եւ կը վերաբերի Քրիստոսի երկու բնութեանց մէկ անձի մէջ միաւորման։ Գիրքին հեղինակ Աղեքսանդրիոյ Կիւրեղ Պատրիարքը ներկայ եղած է Եփեսոսի 431 թուի Տիեզերական Գ Ժողովին եւ տիրապետած անոր։
Ամրդոլէն Արմաշ
Արմաշէն Երուսաղէմ եւ Անթիլիաս
Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան յետագայ դարերը երջանկաբեր եւ արդիւնաւէտ եղան շնորհիւ այդ օրինակելի եւ նուիրեալ երեք պատրիարքներուն՝ Կոլոտի, Նալեանի, եւ Շղթայակիրի, առաջին երկուքը Կ. Պոլսոյ, եւ Շղթայակիրն ալ Երուսաղէմի պատրիար¬ քութեանց համար, որոնք իրաւամբ ստացած են «ամենիմաստ եւ աստուածաբան վարդապետք» տիտղոսը։ Գրիգոր Շղթայակիր (1715-1749) փրկեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը իր ծանրածանր պարտքերէն, իսկ Յովհաննէս Կոլոտն (1715-1741), ու Յակոբ Նալեան (1741-1749) Պատրիարքները իրենց վարչական ու մանաւանդ գրական վաստակով հիմնովին շրջեցին Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան դիմագիծն ու գնացքը, որոնց յաջորդեցին արժանաւոր գահակալներ, միշտ պահելով Ամրդոլի գերազանց վաստակն ու աւանդը, ինչպէս Գէորգ Քերեստէճեան, Մկրտիչ Խրիմեան, Ներսէս Վարժապետեան, Խորէն Աշըգեան, Մատթէոս Իզմիրլեան եւ Մաղաքիա Օրմանեան Պատրիարքները։
Անկասկած անոնք եղան Ամրդոլէն Արմաշ կամրջող պատրիարքները, յատկապէս Գէորգ Պատրիարք որ իսկոյն եղաւ Գէորգ Դ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց ու հիմնեց Մայր Աթոռի Գէորգեան Ճեմարանը, իսկ Աշըգեան Պատրիարքի օրով ալ Օրմանեան Մաղաքիա եպիսկոպոսի աննահանջ ջանքերով բացուեցաւ Արմաշու Դպրեվանքը, երկուքն ալ որպէս Ամրդոլի Համալսարանին հարազատ հետեւորդ ուսման կեդրոնները։ Ամրդոլէն Արմաշ անցքը յիրաւի Օսմանեան պետութեան հովանաւորութիւնն ալ ինքնաբերաբար ապահովեց 1863 թուի Ազգային Սահմանադրութեամբ, դարձնելով զայն օրինական, ճշդուած եւ հաստատ։ Կ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը Ազգային Սահմանադրութեան ուժով առաջնորդողի ընդհանուր դերը վերցուց իր վրայ Հայ Եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը բարձր պահելով եւ լրիւ ստանձնելով Օսմանեան պետութեան ենթակայ նուիրա¬ պետական եւ Առաջնորդական բոլոր հայ կեդրոններու ղեկը, ներառեալ Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը, Սիսի եւ Աղթամարի Կաթողիկոսութիւնները, Եգիպտոսի, Իրաքի եւ Միջին Արեւելքի թեմական հաստատութիւնները։
ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ