Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեր Գաղափարն Ու Գործը. Անդրադարձ «Նոր Օր»ի Անցեալէն

նդրադարձ «Նոր Օր»ի Անցեալէն

Խմբագրականներու Շարք «Նոր Օր»ի

23 Հոկտ. 1951 – 15 Յունուար 1952

 

Դ.- ՀԱՅ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

            Ռամկ. Ազատական Կուսակցութիւնը բաղկացնող երրորդ հոսանքը՝ միւս երկուքին հիմնական իտէալներուն ու յատկութեանց հետ հայ ժողովուրդի կեանքին եւ ըմբռնումներուն մէջ ներմուծեց գաղափարական նոր դաւանանք մը եւ բացաւ ազգային յառաջդիմութեան նոր ու լուսաւոր ճամբայ մը: Անոր ալ երկուքին գալարումները՝ թրքական մահաբեր, գիշատիչ բռնակալութեան լուծին տակ տուայտող արեւմտահայութեան մշտատեւ հալածանքիn ու սպառնացող ջարդերուն սարսափէն կը բխէին: Ստրկութեան կապանքներուն մէջ տառապող ու հիւծող այդ զանգուածները մեր անարգ թշնամիին մէկ եղեռնական ու մահացու հարուածին դէմ պաշտպանելու համար էր, որ 1908, Սեպտեմբեր 15-ին, Եգիպտոսի մէջ իրագործուեցաւ համաձուլումը Արմենական, Միութեան ու Վերակազմեալ Հնչակեան մէկ հատուածին, ծնունդ տալով Միացեալ Հայ Յեղափոխական կազմակերպութեան:

 

            Անոր նպատակը՝ ռազմական նախապատրաստութեամբ՝ յեղափոխական կռիւն էր ինքնապաշտպանութեան որոշ մարզերու վրայ, որոնք կ՛ընդգրկէին թրքահայ գաւառներն ու Կիլիկիան: Եւ մարտական հոսանքներու այդ համադրումը, որ իրականացաւ անոնց վարիչներուն անշահախնդիր հայրենասիրութեան, անխառն անձնուիրութեան եւ հեռատես իմաստութեան շնորհիւ՝ առաջին յաջողած միութիւնն էր հայ քաղաքական կազմակերպութեանց, մինչ ուրիշներ կը շարունակէին իրար մաշեցնող պայքարի աղէտալի մարզանքը: Բայց տարուան յեղափոխական նոր կազմակերպութիւնը՝ շուտով վերափոխութեան մը հարկադրանքը դիմագրաւեց, 1908-ի թրքական սահմանադրութեան հռչակումին եւ Ապտիւլ Համիտի արիւնազանգ գահին կործանման հետեւանքով:

 

            Եւ նոյն տարուան Հոկտ. 31-ին՝ ան վերակոչուեցաւ Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութիւն, իբրեւ օրինակ հոսանք, ձեռնարկելով իր նպատակներու հետապնդումին: Երիտասարդ Թուրքերու իշխանութիւնը ճանչցեր ու արտօներ էր իրաւունքը հայ քաղաքական կազմակերպութեանց գոյութեան ու գործունէութեան. եւ ցուցասէր, ամբոխավար հատուածներ փորձեցին սանձարձակ ինքնալքումով շահագործել այդ պատեհութիւնը, որ խաբուսիկ պատրանք մը ու նենգահիւս ծուղակ մըն էր, պատռելու հայ յեղափոխական շարժումը պարուրող խորհրդաւորութեան քօղը եւ յայտնաբերելու մեր ազատագրական պայքարին ու անոր ուժերուն տարողութիւնը:

 

            Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութիւնը, իր հիմնադրման պահուն իսկ՝ համազգային չափանիշով ու կարեւորութեամբ կազմակերպութիւն մը կը հանդիսանար: Ան արտայայտիչը կը դառնար ազգային-քաղաքական հեռահաս տեսիլիքի մը, որուն մարմնացումը իրագործելու տենչով՝ իրենց ձգտումներն ու ջանքերը կը միաձուլէին համախոհ հոսանքներ ու խմբակցութիւններ, Վանէն մինչեւ Կովկաս, Պոլսէն մինչեւ Պալքաններն ու Ամերիկա: Անոր առաջնորդներուն լուսաւոր փաղանգը կը պարունակէ անունները հմայքի, անձնուրացութեան ու տաղանդի խորհրդանիշ դէմքերու, որոնք հայ յեղափոխական մարտնչումներու, ազատագրական գաղափարախօսութեան, գրական ու հրապարակագրական զարգացման ու հանրային ծառայութեան ասպարէզներուն վրայ՝ փառքի կոթողներ կանգնեցին կամ բարերար ներգործութիւն մը արձանագրեցին: Մ. Տամատեան ու Արմենակ Եկարեան, Միք. Նաթանեան ու Արտակ Դարբինեան, Գ. Պէօզիկեան, Սեպուհ ու Շ. Հովիւեան- Վահան Թէքէեան, Ս. Պարթեւեան ու Վահան Մալէզեան, Համբ. Առաքելեան ու Միք. Պապաճանեան, Վահան Քիւրքճեան ու Ա. Նազար, Արշակ Ալպոյաճեան ու Յովհ. Ասպետ, Տիրան Քէլէկեան ու Ռ. Հերեան, Տոքթ. Ա. Էնֆիէճեան ու Պարոյր Քէչեան եւ անոնց բազմաթիւ զինակիցներն ու գաղափարները՝ իրենց խոր հայրենասիրութեամբ, քաղաքական հեռատեսութեամբ ու կորովի լայնախոհութեամբ յղացան ու երկնեցին Սահմ. Ռամկավար Կուսակցութիւնը եւ վարեցին անոր 13 տարուան անկախ գործունէութիւնը (1908-1921):

 

            Իր անջատ գոյութեան կարճատեւ շրջանին իսկ՝ Ռամկավար կուսակցութիւնը կրցաւ կենսաւորել իր գլխաւոր նպատակները, իր կազմակերպական առաքինութեանց մարմնացեալ ցուցաբերումով: Ազգային ինքնապաշտպանութեան պայքարին մէջ, ան իր մարտիկներով, որոնց ղեկավարն էր անվեհեր յեղափոխական ու ռազմիկ Արմենակ Եկարեան՝ Վանի 1915-ի հերոսամարտը գլխաւորեց,- Վասպուրականի Հայութեան փրկութիւնը ապահովելով թրքական բնաջնջման սպառնալիքէն: Պատերազմի ընթացքին՝ ան իր կամաւորները ունեցաւ, մինչեւ հեռաւոր Ամերիկայէն, հասարակաց թշնամիին դէմ ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն մէջ, Կովկասէն մինչեւ Կիլիկիա, ուր Միհրան Տա մատեան, իր գործակիցներով յանդուգն փորձ մը կը կատարէր, հայկական ինքնավարութեան ծրագիրը իրականացնելու եւ զոր կը փշրէին դաշնակից պետութեանց հակամարտ շահերն ու դաւերը:

 

            Բայց Ռամկավարներ, իրենց քաջ, հերոսատիպ ռազմիկներով ոչ միայն հաւասարեցան հայ ազատագրական պայքարի ու մարտական ոգիի ամենէն պանծալի ու շքեղ արտայայտութեանց: Այլ նաեւ անոնք, Եգիպտոսի մէջ, յղացան, ծրագրեցին ու հետզհետէ զօրաշարժի հանեցին նոր բանակ մը, նուիրուած՝ խաղախ անխտրական ծառայութեանը հայ ժողովուրդին, անոր լուսաւորումին, բարօրութեան, ու միասնականութեան եւ նոր կոչուեցաւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն: Անոնց ձգտումներն ու տենչերը, իրենց համազգային ու համապարփակ տարողութեամբ, կը թանձրանային ու կը խորանային «բարեգործական» բառին մէջ, անոր ընծայելով անսահման նշանակութիւն մը: Պօղոս Նուպար ինք իսկ ճանչցաւ հեռահաս իմաստութիւնն ու արժանիքը այդ նպատակներուն ու որդեգրեց զանոնք իր իրապաշտ հայրենասիրութեամբը: Եւ հակառակ յետագայ սահմանափակիչ ազդեցութեանց, որոնք անտեսիլ մտքերէ ու տխեղծ համոզումներէ կը բղխէին՝ Բարեգործականը մնաց հաւատարիմ իր հիմնական առաքելութեան եւ իր ծառայութիւնը սփռեց հայ ժողովուրդի բոլո՜ր կարիքներուն վրայ,- որբէն ու աղէտեալէն մինչեւ դպրոցն ու դպրոցն ու դարմանատունը, մինչեւ հայրենաշինութիւնն ու ներգաղթը:

 

            Սահմանադիր Ռամկավար Կուսակցութեան ուրիշ մէկ բարերար պարգեւը կեանքին՝ ռամկավարական սկզբունքներու ներմուծումն ու ջատագովումը եղաւ հայ քաղաքական ըմբռնումին մէջ, իբրեւ ազնուագոյն եղանակը գաղափարներու բախումին եւ տարբեր տեսակէտներու, հակամարտ համոզումներու խաղաղ մրցակցութեամբ՝ հանրային գիտակցութեան զարթնումին ու ազգային տենչանքներու բիւրեղացման: Յեղափոխութեան շրջանի շարքերէն գաղտնի որոշումներուն, եւ կուսակցութեանց միջեւ պայքարի որպէս միջոց՝ հրազէնի ու դաշոյնի, խարազանի ու աթոռի ժամանակավրէպ ու վնասակար զէնքերուն կը հակադրուէին ամենէն առաջադէմ ու հզօր սկզբունքները: Ռամկավարական գաղափարականը, որ մեծամասնութեան ձայնին տիրապետումը կը դաւանէր իբրեւ ճամբայ եւ ժողովրդային կամքի գերիշխանութիւնը՝ իբրեւ նշանակէտ՝իր պաշտօնական, կազմակերպուած մուտքը կը գործէր Հայ ազգային-քաղաքական փոխ-յարաբերութեանց ու կեանքին մէջ, Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան ծրագրով ու գործելակերպով:

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ