Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայկական Տաղասացութիւն – Ե. – Ազնուափայլ Մրմունջներ

 Հայկական տաղասացութեան նուիրուած քառամասն յօդուածաշարս անցեալ շաբաթ յայտարարած էի աւարտած: Սակայն, անկատար պիտի մնար ան, եթէ մեր ականջէն բացակայէր հայկական տաղասացութեան կարեւոր մէկ ձայնը, շնորհալի երաժիշտ-բանաստեղծ հայուհիներու ստեղծած մեղեդիները: Այսօր, յարգելի ընթերցող, իրենց ձայնով՝ միջնադարեան մագաղաթներէն հայկական ժամանակակից մամուլի էջերը կ’ուզեմ փոխադրել չորս հայուհիներու մրմունջը, պատմական անհրաժեշտ բացատրութիւններով եւ կենսագրական հակիրճ տուեալներով:

 

§

 

Խոսրովիդուխտ Գողթնացիի պատմութիւնը, 8րդ դար

 

Քսան հինգ տարի առաջ, 706 թուականին հարաւայինները յարձակեցան հօրս տիրութիւններու վրայ: Ասպատակութիւն էր արիւնալի: Նահատակուեցաւ հայրս, Գողթն գաւառի Խոսրով Մեծ իշխանը: Իսկ մանուկ եղբայրս՝ Վահանը գերեկալուեցաւ: Զայն տարեր են Ասորիք, պարտադրեր են կրօնադարձ ըլլալ: Վերանուաներ են Վահապ: Եղբայրս իր հոգիով եւ սրտով երբեք չդաւաճանեց իր նախնիներու հաւատքին, մնաց բարեպաշտ՝ հայրենի հող վերադառնալու եւ իր իրաւունքին վերատիրանալու ուխտը իր մէջ լուռ պահելով: Իսկ այժմ, ի՜նչ երջանկութիւն ինծի համար, կը դիտեմ անոր քնացող դէմքը քաղցր: Եղբա՛յր իմ, ինչպէ՞ս դիմացար աննկարագրելի վարկաբեկումներու, ինչպէ՞ս վերականգնեցիր քու ազատութիւնդ ու վերադարձար տուն, իսկոյն ծնրադրելով Սուրբ Խաչի առջեւ, վերադարձար նաեւ քրիստոնէական հաւատքը:

 

§

 

Դարձեալ եկան, ժանտ ու ժպիրհ հարաւայինները եկան ու Վահանին տարին: «Դուն եկեղեցի մտար, հնարամիտ ու խորամանկ քայլ, որպէսզի հարկադրուած ըլլանք կոտորել քեզ, ու խայտառակուինք աշխարհի առջեւ, որպէս մարդասպաններ, ասիկա էր քու յետին նպատակդ», ըսին ու ձերբակալեցին:

 

Դիմադրութիւն ցոյց չտուաւ եղբայրս, երբ կրկին գերեկալեցին իրեն… Ճակատը լուսաւոր էր ու վեհ: Ապա խումբ մը քաջարի ասպետներ ապահովութեանս համար զիս հեռացուցին հայրենիքէն շատ հեռու, Անի-Կամախ: Իսկ Վահա՞նը… Պահանջեր են, որ հրաժարի քրիստոնէութենէ: Մերժեր է: Ծանրագոյն չարչարանքներու ենթարկեր են եղբօրս եւ սպաներ են: Վահա’ն, երանելի եղբայր իմ, ահա շարականս, որ յօրինեցի քու ողբերուդ ձայնը հեռուէն լսելով: Այդ հնչիւններդ աւելի հրաշալի էին ինծի համար, քան հրեշտակներու երգը.

«Զարմանալի է ինձ,

Քան զերգս երաժշտականաց,

Ձայնս ողբոց քոց հնչմունք,

Ո՜վ երանելի տէր Վահան, ընտրեալ յաստուծոյ…»:

 

Վահան, ես պիտի չգրեմ ողբագին երգեր, այլ՝ ուրախարար եւ հոգեւոր մեղեդիներ եւ ներբողականներ: Քու նահատակութիւնդ այդպէս կը թելադրէ հոգւոյս մասունքներուն.

«Առաւել յորդորէ այս զհոգւոյս մասունըս,

Յօրինել քեզ երգս ո՛չ զղջականըս,

Այլ հոգեւորըս, եւ ուրախարարըս,

Յորդորականըս, և ներբողեանըս,

Ո՜վ երանելի տէր Վահան, ծառայ Քրիստոսի…»:

 

Արիաբար դուն պատրաստուեցար պատերազմիլ հարաւայիններու դէմ եւ նահատակուիլ ու դասուիլ անմարմնականներու հետ.

«Որպէս քաջ նահատակ,

Պատրաստեալ ի պատերազմ,

Կատարեցեր զընթացըս քոյ,

Արիաբար՝ յազգացն հարաւայնոյ,

Դասաւորեալ ընդ անմարմնականսն.

Ո՜վ երանելի տէր Վահան, Գողթնեացն իշխեցող»:

 

§

 

Սահակդուխտ Սիւնեցիի պատմութիւնը, 8րդ դար

 

Մեր ծննդավայր Դուինէն տարբեր աշխարհ է Գառնին: Անոր ուղղահայեաց ժայռապատերը եւ ատրաշէկ կիրճը կը հոգեշնչեն զիս ու կը մղեն շարականներ, մեղեդիներ յօրինել: Ես զանոնք կը ձօնեմ Մարիամ Աստուածածնին: Եղբայրս, Ստեփանոս Սիւնեցին, որ ինծի նման երաժիշտ է եւ բազմաթիւ շարականներու հեղինակ, կը քաջալերէ, որ այդ արուեստը ուսուցանեմ տաղանդաւոր աշակերտներուն: Սիրով կը կատարեմ այդ ծառայութիւնը, քարանձաւիս մէջ, վարագոյրի ետեւէն, քանզի մանուկ հասակէս ընդունած եմ կուսութեան ուխտը եւ որոշած եմ ցմահ ճգնիլ այս խորհրդաւոր կիրճին մէջ: Իսկ այժմ, քաղցրեղանակ մեղեդի մը երկնատուր՝ զիս կը մղէ Ծննդեան կցուրդ մը յօրինելու ու կրկին փառաբանելու Աստուածամօր: Ծայրակապ կառուցուածք ունենայ ան՝ տուներու սկզբնատառերը կազմեն անունս, ահա այսպէս. «Ս-րբուհի Մարիամ, Ա-նդաստան հոգեւոր, Հ-աստատութիւն երկնի, Ա-ստանօր երկինք, Կ-ենացն փայտիւն, Դ-ո՛ւռն երկնից, Ո-ւրա՛խ լեր, Ւ-իւթական, եղական, Խ-որհուրդ կենաց, Տ-ո՛ւք զփառս»:

 

§

 

Ալիծ Տարսոնացիի պատմութիւնը, 14րդ դար

 

«Սքանչելի գեղագրուհի», «գրագիր յոյժ հմուտ»: Այդպէս կը կոչեն զիս պալատին մէջ…: Իրաւունք ունիք, հազուադէպ է, որ 1288 թուականին ծնած միջնադարեան աղջնակ մը ուսեալ ըլլայ: Սակայն, ես ունիմ արքունի ուսուցիչներ: Սիրելի հայրս, Լեւոն երրորդը, միշտ կը փափաքէր, որ ես բազմաթիւ արուեստներու տիրանամ, ընդ որում գեղագրութեան: Այժմ, այդ «սքանչելի» գրիչովս կը յօրինեմ վեց տող հրաւէր մը՝ փեսացուներուն: Իսկ ի՞նչ պէտք է, որ ունենայ թեկնածուն, որպէսզի արժանանայ իմ տեսոյն…: Գեղեցիկ ձեռագիր, ինչպէս՝ իմ հրաւէրս. «Ով ոք որ սմա նմանեցնէ, նա է իմ տեսոյն արժանի»:

 

Ահա եկաւ երկու թեկնածու: Չհաւնեցայ. «Ծայրն Ձա-ին, ծակն Ծա-ին՝ չի նմանիր գիրն Ալիծին»: Դարձեալ յայտարարեցի ուզողներուն. «Ով որ գրէ զծայրն Ձա-ին, զծակն Ծա-ին՝ նա կու լինայ փեսայ Ալծին»: Ահա եկաւ մէկ այլը: Ի՜նչ շնորհալի ձեւով կը բռնէ փետրագրիչը: Հաւնեցայ. «Ծայրն Ձա-ին, ծակն Ծա-ին՝ կու նմանի գիրն Ալիծին»:

 

§

 

Անանուն տաղասացի պատմութիւնը, 15րդ դար

 

«Անունս այնքան չէ կարեւոր, ոչ ալ ծննդեան թուականս եւ կեանքի պարագաներս: Այդ բոլորը իմաստազուրկ դարձան, երբ սիրելիս զիս լքեց ու որոշեց ըլլալ… աբեղայ: Որոշեր է վալայ հագնիլ ու վարդապետի բակլայ ուտել: Զարմանքը զիս պատեց: Ան չէ՞ր, որ իմ մեղրս կը խմէր, իմ լուսին երեսիս կը զմայլէր ու վարդի վրայ թառած սոխակի նման գիշեր ու ցերեկ կը դայլայլէր: Պատմեմ ձեզի պատմութիւնս, քոյրե’ր ու եղբայրնե’ր, կարդացէք, ինծի իրաւունք տուէք ու վշտակից եղէք.

Եկին ու խաբար բերին,
թէ «Քո եարն եղեր հաբեղայ»:
Փուշ արմատցքն զիս պատեց,
թէ նա ո՞նց եղաւ հաբեղայ:
Բերնիկն էր շաքար սովոր,
աճապ ո՞նց կերաւ նա բակլայ,
Անձիկն էր շապկի սովոր,
աճապ ո՞նց հագաւ նա վալայ:»

 

Ահա հայկական տաղսացութեան իգական ձայնը: Յոյժ սակաւ էին այդ փափկասուն բանաստեղծ-երաժշտուհիներու կենսագրական տուեալները: Ցաւօք սրտի, մեր պատմիչները այսքանն են մեզի աւանդած: Բայց աւելի կարեւոր չէ՞ր անոնց պատմութիւնն ու երգը լսել, անոնց քաղցր ձայնով հարստանալ:

 

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ


 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ