Վերջին տարիներուն աւելի եւ աւելի կ՛աճի երկու տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներէն կազմուած ընտանիքներու թիւը եւ խառնածին երեխաներու ծնունդը աշխարհի ամբողջ տարածքին։ Հարցը, բնականաբար, երկու երես ունի։ Համամարդկային իմաստով, մէկ կողմէն գովելի է, երբ ազգային կամ ցեղային տարբերութիւններու եւ խտրականութիւններու հարցը կը թուլանայ եւ առաջնային դեր կ՛ունենայ սիրոյ հիման վրայ ընտրուած զոյքի մը ընտանիք կազմելու գաղափարը, կամ ընդհանրապէս ընտանիքի գաղափարը, միւս կողմէն սակայն՝ եթէ հարցը դիտարկենք հայ ազգի եւ հայապահպանութեան տեսակէտէն, մեր մօտ խառն ամուսնութիւններու երեւոյթը թէեւ նոր չէ, բայց միշտ եղած է տարակարծութիւններու եւ խնդիրներու պատճառ։ Մեր կրօնին ու աւանդութիւններուն հաւատարիմ հայ ծնողները միշտ ալ չեն համակերպած, օրինակի համար, օտարազգի հարս ունենալու պարագային հետ: Կին ընտրելու իրաւունքը տղամարդու մենաշնորհը եղած է միշտ եւ այդ պատճառով օտարազգի փեսացուներ հազուադէպ յայտնուած են ատենին:
Հայ աղջիկը միշտ հնազանդ ու կամակատար եղած է, եղած է հայ օջախի հայ պահապանը, իսկ օտարազգի հարս ունենալը կը նշանակէր վտանգել ազգային աւանդոյթ-սովորութիւնները: Ժողովուրդի ենթագիտակցութեան մէջ, սովորոյթի իրաւունքով կը փոխանցուէր ազգապահպանութեան բնազդը: Բնականաբար ալ՛ աւելի սուր էր վերաբերմունքը օտարազգի փեսայ ըլլալու պարագային, ուր ընտանիքը կը ձեւաւորուէր տղամարդուն ազգային եւ կրօնական պատկանելիութեան համեմատ։ Այս հարցին մէջ իր մեծագոյն դերը ունեցած է նաեւ եկեղեցիին դիրքորոշումը, որ չէր խրախուսէր օտարազի կամ այլ հաւատք դաւանողի եւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիի զաւակի մը ամուսնութիւնը, սակայն, խիստ անհրաժեշտութեան պարագային ստիպուած կ՛օրհնէին այդ պսակը` պայմանով, որ զոյգը ըլլայ հայ եկեղեցուոյ զաւակ ։ Հայ աԱռաքելական եկեղեցին, այլադաւաններու կամ այլազգիներու հետ ամուսնութեան երեւոյթը հայ երիտասարդի կամ երիտասարդուհիի համար գերութիւն համարած է:
Սակայն պատմութեան մէջ քիչ չեն դէպքերը, երբ միջնադարի հայ իշխաններն ու աւատապետերը մերձամուսնական կապեր ստեղծած են ոչ միայն միմյանց, այլեւ օտարազգի մեծամեծներու հետ՝ աւելի յաճախ քաղաքական կամ շահադիտական նկատառումներով: Այս բանէն բացի անցեալ դարու վերջին տասնամեակներուն ընթացքին, սովետական աթեիստական ժամանակաշրջանին հայ տղամարդիկ շատ յաճախ ռուս աղջիկ հարս կը վերցնէին։ Այսօր քիչ թիւ չեն կազմէր նաեւ հայ կնոջ եւ ռուս տղամարդու միութիւնը։ Նոյն է աւանդական Հայ Սփիւռքի պարագան, ուր ժամանակը, միջավայրը եւ համարկումի խնդիրները առիթ հանդիսացած են խառն ամուսնութիւններու: Ընկերահոգեբանական տեսանկիւնէն, խառն ամուսնութիւնները իրենց մէջ կը պարունակեն մեծածաւալ խնդիրներ, սկսեալ տարբեր մշակոյթներու բախումէն մինչեւ զաւակներու դաստիարակութեան ընթացքին ծագած խնդիրները։ Յատկապէս խնդիրը սուր կ՛ըլլայ, երբ զաւակին առջեւ կը ծառանայ ծնողներէն ոեւէ մէկուն մշակոյթի ընտրութիւնը։
Խառն ամուսնութիւնները իրենց մէջ կը պարունակեն վտանգ մը եւս: Փոքր ազգերու՝ մեծին հետ միաձուլման վտանգը։
Կայ նաեւ մարդկային իրաւունքի տեսանկիւնը: Իւրաքանչիւր անհատ ինքը կ՛ընտրէ ընտանիքի եւ երջանկութեան իր բանաձեւը, ընտանիք կազմելու, զաւակ դաստիարակելու՝ իրեն համար ամենաընդունելի եղանակը։
Վերջապէս պատասխանելով այն հարցին, թէ խառն ամուսնութիւնը խնդի՞ր է, թէ՝ ոչ , իրար բախող եւ իրարամերժ կարծիքներ կը գոյանան։ Անձնական տեսանկիւնէ այն ինչ, որ կրնայ խնդիր չերեւիլ, հաւաքական գետնի վրայ եւ ազգապահպանութեան տեսակիւնէն այս երեւոյթը անկասկած հսկայական խնդիր է մեր ժողովուրդին, որպէս ազգ ապահով գոյերթին համար։
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ