Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Խառն Ամուսնութիւններ

Վերջին տարիներուն աւելի եւ աւելի կ՛աճի երկու տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներէն կազմուած ընտանիքներու թիւը եւ խառնածին երեխաներու ծնունդը աշխարհի ամբողջ տարածքին։ Հարցը, բնականաբար, երկու երես ունի։ Համամարդկային իմաստով, մէկ կողմէն գովելի է, երբ ազգային կամ ցեղային տարբերութիւններու եւ  խտրականութիւններու հարցը կը թուլանայ եւ առաջնային դեր   կ՛ունենայ սիրոյ հիման վրայ ընտրուած զոյքի մը  ընտանիք կազմելու գաղափարը, կամ ընդհանրապէս ընտանիքի գաղափարը, միւս կողմէն սակայն՝ եթէ հարցը դիտարկենք հայ ազգի եւ հայապահպանութեան տեսակէտէն, մեր մօտ խառն ամուսնութիւններու երեւոյթը թէեւ նոր չէ, բայց միշտ եղած է տարակարծութիւններու եւ խնդիրներու պատճառ։  Մեր կրօ­նին ու ա­ւանդ­ութիւններուն հաւա­տա­րիմ հայ ծնող­նե­րը միշտ ալ չեն հա­մա­կերպ­ած, օրինակի համար,  օ­տա­րազ­գի հարս ունենալու պարագային հետ: Կին ընտ­րե­լու ի­րա­ւուն­քը տղա­մար­դու մե­նաշ­նորհը ե­ղած է  միշտ եւ­ այդ պատ­ճա­ռով օ­տա­րազ­գի փե­սա­ցու­ներ հազ­ուա­դէպ յայտնուած են ատենին:

Հայ աղ­ջի­կը միշտ հնա­զանդ ու կամակա­տար ե­ղած է, ե­ղած է հայ օ­ջա­խի հայ պա­հա­պա­նը, իսկ օտարազգի  հարս ու­նե­նա­լը կը նշա­նա­կէր վտան­գել ազ­գա­յին աւան­դոյթ-սո­վո­րութ­իւննե­րը: Ժո­ղովուր­դի են­թա­գի­տակ­ցութ­եան մէջ, սո­վո­րոյթի ի­րա­ւուն­քով կը փո­խանց­ուէր ազգապահպանութեան բնազ­դը: Բնականաբար ալ՛ աւելի սուր էր վերաբերմունքը օտարազգի փեսայ ըլլալու պարագային, ուր ընտանիքը կը ձեւաւորուէր տղամարդուն ազգային եւ կրօնական պատկանելիութեան համեմատ։  Այս հարցին մէջ իր մեծագոյն դերը ունեցած է նաեւ ե­կե­ղե­ցիին դիրքորոշումը, որ չէր խրախուսէր  օտարազի կամ այլ հաւատք դաւանողի եւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիի զաւակի մը ամուսնութիւնը, սակայն, խիստ անհրաժեշտութեան պարագային ստիպուած կ՛օրհնէին այդ պսակը` պայմանով, որ զոյգը ըլլայ հայ եկեղեցուոյ զաւակ ։ Հայ աԱռա­քե­լա­կան ե­կե­ղե­ցին, այլադաւան­նե­րու կամ այլազգի­նե­րու հետ ամուսնութեան երեւոյ­թը հայ երիտասարդի կամ երիտասարդուհիի հա­մար գերութ­իւն  համա­րած է:

Սակայն պատմութեան մէջ քիչ չեն դէպքերը, երբ  միջ­նա­դա­րի հայ իշ­խան­ներն ու աւատապետերը մեր­ձա­մուս­նա­կան կա­պեր ստեղ­ծած են ոչ միայն միմ­յանց, այ­լեւ օ­տա­րազ­գի մե­ծա­մեծ­նե­րու հետ՝ ա­ւե­լի յա­ճախ քա­ղա­քա­կան կամ շա­հա­դի­տա­կան նկատառումնե­րով: Այս բանէն բացի անցեալ դարու վերջին տասնամեակներուն ընթացքին, սովետական աթեիստական ժամանակաշրջանին հայ տղամարդիկ շատ յաճախ ռուս աղջիկ հարս կը վերցնէին։ Այսօր քիչ թիւ չեն կազմէր նաեւ հայ կնոջ եւ ռուս տղամարդու միութիւնը։ Նոյն է աւանդական Հայ Սփիւռքի պարագան, ուր ժամանակը, միջավայրը եւ համարկումի խնդիրները առիթ հանդիսացած են խառն ամուսնութիւններու: Ընկերահոգեբանական տեսանկիւնէն, խառն ամուսնութիւնները իրենց մէջ կը պարունակեն մեծածաւալ խնդիրներ, սկսեալ տարբեր մշակոյթներու բախումէն մինչեւ զաւակներու դաստիարակութեան ընթացքին ծագած խնդիրները։ Յատկապէս խնդիրը սուր կ՛ըլլայ, երբ զաւակին առջեւ կը ծառանայ ծնողներէն ոեւէ մէկուն մշակոյթի ընտրութիւնը։

Խառն ամուսնութիւնները իրենց մէջ կը պարունակեն վտանգ մը եւս: Փոքր ազգերու՝ մեծին հետ  միաձուլման վտանգը։

Կայ նաեւ մարդկային իրաւունքի տեսանկիւնը: Իւրաքանչիւր անհատ ինքը կ՛ընտրէ ընտանիքի եւ երջանկութեան իր բանաձեւը, ընտանիք կազմելու, զաւակ դաստիարակելու՝ իրեն համար ամենաընդունելի եղանակը։

Վերջապէս պատասխանելով  այն հարցին,  թէ խառն ամուսնութիւնը խնդի՞ր է,  թէ՝ ոչ , իրար բախող եւ իրարամերժ կարծիքներ կը գոյանան։ Անձնական տեսանկիւնէ այն ինչ, որ կրնայ  խնդիր չերեւիլ,  հաւաքական գետնի վրայ եւ ազգապահպանութեան տեսակիւնէն այս երեւոյթը անկասկած հսկայական խնդիր է մեր ժողովուրդին, որպէս ազգ ապահով գոյերթին համար։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ