Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Մահագրութիւն Ալպէրթ Աղազարեան Ոչ Եւս է…

Ո՞վ է այս բացառիկ հայը՝ մոռցուած իր իսկ ազգին կողմէ…

Երուսաղէմէն կը գուժեն, թէ յետ երկարատեւ հիւանդութեան, Յունուար 30-ին, մահացած է հազիւ եօթանասուն տարեկան դարձած չորք-մարզպանցի ծնողներէ սերած Ալպէր Աղազարեան։ Հանգուցեալը երկրորդական կրթութիւնը աւարտելէ ետք Երուսաղէմի մէջ,  յաճախած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը (AUB)՝ քաղաքագիտութեան մէջ ստանալով Մագիստրոսի (MA) տիտղոսը, ապա քանի մը տարի որպէս թարգման եւ մեկնաբան աշխատելէ ետք մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ՝ ուսումը կատարելագործած է տեղւոյն Ճորճթաուն համալսարանէն ներս՝ վկայուելով դոկտորայի կոչումով։

Երուսաղէմ վերադարձէն ետք պաշտօնավարած է  Պաղեստինի «Ալ քուտս» («Երուսաղէմ») օրաթերթին մէջ որպէս  խմբագիր (1973)։ Երկար տարիներ դասաւանդած է շրջանին մէջ մեծ համբաւ վայելող «Պիրզէյթ» համալսարանէն ներս, որպէս համալսարանի Հանրային Յարաբերութեանց (Public Relations) խօսնակ։ Եղած է Պաղեստինեան «Ինթիֆատայի» ջատագով։

Ա. Աղազարեան հայութեան սիրտերը հպարտութեամբ լեցուց, երբ ան մասնակցեցաւ Մատրիտի արաբա-իսրայէլեան ժողովին Պաղեստինի կողմէ ղրկուած պատուիրակութեան առաջնորդ  Դոկտ. Հանան Աշրաուիին հետ որպէս գլխաւոր օգնական եւ բանագնաց։ Ան փնտռուած դասախօս էր ՝ փնտռուած բազմաթիւ հռչակուած համալսարաններու կողմէ։

Ալպէրթ Աղազարեան ամուսնացած էր սաղիմահայ Մատլէն Շամմասեանի հետ՝ բախտաւորուելով երեք զաւակներով։ Վերջին տարիներուն ան բնակութիւն հաստատած էր Երուսաղէմի Հայոց Վանքին տարածքէն ներս։

Այս տողերը միայն ուրուագիծը կու տան այն անձին, որուն քովէն երբ կը քալէի Երուսաղէմի թէ Ռամալլայի մէջ, կը զգայի թէ ան միայն մտաւորական դրացիս չէր վանքի տարածքէն ներս, թէ ան միայն հաճելի զրուցակից մը չէր, ոչ ալ հեռաւոր զարմիկ մը եւ հայրենակից մը, այլ քայլող հանրագիտարանային զարգացմամբ օժտուած հսկայ մը, որուն մէն մի բառն ու նախադասութիւնը կշիռք ունէր։

Ալպէրթ Աղազարեան Երուսաղէմի, Պաղեստինի եւ արաբական աշխարհի եզակի անձնաւորութիւններէն մէկն էր, ճարտար բանագնաց մը եւ արդարութեան մարտիկ մը, իսկական «քայլող հանրագիտարան» մը։ Պատահական չէր, որ C-Span-ը զինք կ՚ընտրէր որպէս այն գիտակ անձը, որ կրնար 1990-ական թուականներու Երուսաղէմը աշխարհին ներկայացնել՝ առանց վախի ու հաշուենկատութեան եւ յատկապէս առանց վախնալու կամ զգուշանալու իզրայէլեան  հեղինակութիւններէն։ Ան այն անձն էր, որուն կ՚այցելէին Մարկրիթ Թաչըր եւ այլ ԱՄՆ-ի ու Եւրոպայի քաղաքական ասպարէզի ատենի մեծութիւններ։ Կը բաւէր աչք մը նետել իր գրադարանին վրայ, որպէսզի ճանչնայիք իր մեծութիւնը։

Բազմաթիւ լեզուներու տիրապետած էր ան. արաբերէնը իր տարերքն էր, անգլերէնը աշխարհին խօսելու եւ դիւանագիտական ասպարէզներու վրայ իր գիտակութեանը պարտադրելու լեզուն էր, ֆրանսերէնը, թրքերէնը, եբրայերէնը եւ անշուշտ հայերէնը իրեն համար գաղտնիքներ չունէին։

Ալպէրթ Աղազարեան, որպէս տարածաշրջանի ամէնէն լուրջ ու ծանրակշիռ անհատականութիւններէն մէկը, առաջիններէն էր, որ քաջաբար ընդդիմացաւ Իսրայէլեան հեղինակութիւններու կողմէ 1985-ին Զինուորական թիւ 854 hրամանին (Military Order 854) ըստ որուն իզրայէլեան բարձրագոյն ուսումնական եւ կրթական հաստատութիւնները պէտք է անցնէին Իզրայէլի զինուորական կառավարիչին հրամանատարութեան։ Ա. Աղազարեան ամբողջ էութեամբ դէմ ելաւ եւ քննադատեց այս հակաժողովրդական որոշումը՝ պնդելով կաճառականներու (academia) ազատութիւնը։ Ան պաշտպանեց նաեւ միջազգային կաճառականներու Պաղեստինի մէջ աշխատանքային վիզա ստանալու իրաւունքը։

Յորդանանի եւ Իզրայէլի հայութեան սիրտը հպարտութեամբ լեցուեցաւ, երբ անոր շնորհուեցաւ Պելճիքայի Ալպէրթ Բ. Թագաւորի շքանշանը։

Կը մտածեմ, թէ որքա՜ն Ալպէրթ Աղազարեաններ կան արաբական աշխարհի մէջ եւ այլուր, որոնց մասին մեր ազգը տեղեակ չէ, առաւել եւս՝ դժբախտաբար, հայրենի յաջորդական իշխանութիւնները։ Տգիտութեա՞ն վերագրել այս անտեղեակութիւնը, թէ՞ խուսափողականութեան քաղաքական կամ դիւանագիտական ինչ ինչ հաշիւներէ ելլելով։ Ա. Աղազարեան անունը կը ծածանէր Պաղեստինի երկնակամարին վրայ այն տարիներուն, երբ մեր հայրենիքը անցման խառն շրջան մը կ՚ապրէր 1989-1991-ական թուականներուն։ Բայց ճիշդ այս տարիներուն էր, որ կը փայլէր Ա. Աղազարեան եւ ճիշդ այս տարիներուն էր, որ մենք պէտք ունէինք իր մասնագիտական պատրաստուածութեան։ Թող թոյլ տրուի մեզի հարցնել, թէ ու՞ր էին կարգ մը Արաբական երկիրներու մէջ Խորհրդային դեսպանատուներու մէջ ոչ-արհամարհելի պաշտօն ստանձնած մեր հայրենակիցները։ Ու՞ր էին մեր ՀՀ դեսապանատուներու եւ հիւպատոսութիւններու պետական այրերը այն օրերուն, երբ Մատրիտ կը մեկնէր ան Պաղեստինի շահերու պաշտպանութեան առաքելութեամբ։ Կորսուած ոսկի՜ առիթներ…

            Յաւերժական հանգիստ հոգիիդ, սիրելի Ալպէրթ, քու սիրած ու պաշտպանած Երուսաղէմի Հայկական Ս. Փրկիչ գերեզմանատան մէջ։

 

Քեզմով միշտ հիացած հեռաւոր զարմիկդ ու դրացիդ՝

 

Դոկտ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ