Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Հոգեհանգիստ, Մոմավառութիւն Եւ Ոգեկոչում Ողբացեալ Հրանդ Տինքի Յիշատակին

Կիրակի, Յունուար 19, 2020-ին Մոնթեպելլոյի Ցեղասպանութեան Յուշարձանին մօտ տեղի ունեցաւ Պոլսահայ Միութեան կազմակերպած Հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ ի յիշատակ վաղամեռիկ Հրանդ Տինքի մահուան 13-րդ տարելիցին, նաեւ Սարգիս Հացպանեանի, Սեւակ Պալըքճըի եւ Փրօֆ. Վահագն Ն. Տատրեանի յիշատակներուն,

Միութեան անունով ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ Մոնթեպելլոյի յուշարձանին՝ Հրանդ Տինքի յիշատակին համար։

Ներկայ էին Տ. Արշակ Խաչատուրեան եւ Տ. Աշոտ Գամպուրեան քահանաները, ինչպէս նաեւ Միութեան անդամներ եւ բարեկամներ։

Հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին իր ցաւակցական խօսքը արտասանեց Միութեան Հոգաբարձու եւ Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանը: Ան շեշտեց թէ Հրանդ Տինքի սպաննիչները տակաւին անպարտ են եւ եթէ դարեր ալ անցնին Հրանդ Տինքը երբեք պիտի չի մոռցուի: Խօսք առաւ նաեւ Պոլսէն ժամանած հիւր՝ «Ակօս« թերթի հայերէն բաժնի գլխաւոր խմբագիր՝ Բագրատ Էսթուքեանը, ան ըսաւ թէ «Հրանդ իր պայքարով, լայն զանգուածով երկրի մը մէջ հերոսի մը վերածուեցաւ: Ան ջահ մը վառեց եւ այդ ջահը մինչեւ այսօր կը լուսաւորէ. անոր համար ալ մենք պիտի շարունակենք իրեն երախտապարտ ըլլալ, որովհետեւ անձնուիրութիւն, զոհողութիւն եւ նուիրում պահանջող մարտիկ մըն էր Հրանդ, այդպէ՛ս ալ մարտիրոսացաւ»:

Խօսք առաւ նաեւ «Հայրենիք» Միութեան գործօն անդամուհի՝ Տիկ. Շուշան Վարդանեան՝ ըսելով «Այսօր տխուր օր մըն է մեզ համար, որովհետեւ երկու թանկագին անձեր կորսնցնելու դժբախտութիւնը ունեցանք, մին՝ Հրանդ Տինքը, իսկ միւսը՝ Սարգիս Հացպանեանը։

Խօսք առին նաեւ Արժ. Տ. Արշակ Քհնյ. Խաչատուրեանը շեշկելով,  որ ինք մեռած չէ»: Խօսք առաւ նաեւ Պերճ Ճամպազեանի ներկայացուցիչը,  փառաւորեց զԱստուած, Որ այսպիսի անձ մը պարգեւած է Հայ ազգին Նոյն օրը, Կիրակի, Յունուար 19, 2020ին, Պոլսահայ Միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ մը, հանգուցեալ Հրանդ Տինքի նահատակութեան 13րդ տարելիցին առթիւ:

Բացման խօսքը կատարեց Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ եւ հոգաբարձու՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գ. Աւետիքեան, որ իր շնորհակալութիւնները յայտնել ետք ներկաներուն, հրաւիրեց բոլորը յոտնկայս վայրկեան մը յարգանքի տուրք մատուցանելու հանգուցեալ Հրանդ Տինքի, Սարգիս Գէորգի Հացպանեանի եւ Եղեռնի սրբացած մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն հոգւոյն, ապա հրաւիրեց Հոգեւորականաց դասը՝ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելու: Կատարուեցաւ մոմավառութիւն եւ երգուեցաւ Տէրունական աղօթքը։ Ապա Տոքթ. Աւետիքեան շեշտեց թէ Հրանդ Տինքի նահատակութենէն 13 տարիներ անցած են եւ արդարութիւնը տակաւին կը սպասէ։

Խօսք առաւ Թեմիս հոգեշնորհ Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեան, շեշտելով Հրանդ Տինքի անձնաւորութիւնը իբրեւ քաջութեան մէկ խորհրդանիշը, որ յանուն արդարութեան եւ պահանջատիրութեան, զոհաբերեց իր կեանքը, եւ յորդորեց չվախնալ մեր կեանքը զոհելէ։

Տոքթ. Աւետիքեան նշեց թէ ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւորն էին Ճորճ Իգնատիոս Հիմնարկը եւ հոգաբարձուներ՝ իրաւաբան՝ Ուոլթըր Խարապեան, իրաւաբան՝ Ճորճ Ռ. Ֆիլիփս եւ Պատուարժան Դատաւոր Մայքըլ Ռ. Ամիրեան եւ Միութեան Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ իրաւաբան էտվին Մինասեան:

Ձեռնարկին հանդիսավարն էր Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ իրաւաբան Էտվին Մինասեան, որ յայտարարեց, թէ 13 տարիներ անցած են եւ մենք այստեղ չենք մոռցած, եւ թոյլ չենք տար, որ ոեւէ մէկը մոռնայ Հրանդ Տինքը՝ «…յոյս ունինք, Տինքին որոշ տեսլականներուն եւ որոշ երազներուն մէկ մասը կեանքի կոչուած են։» Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Իգնատիոս» հիմնադրամի հոգաբարձուներուն՝ Ուոլթըր Խարապեանին եւ Ճորճ Ֆիլիփսին եւ գերագոյն ատեանի վաստակաւոր դատաւոր՝ Մայքըլ Ամերեանին:

Իրաւաբան Մինասեանը կարդաց Գալիֆորնիոյ երեսփոխան Էտըմ Շիֆի նամակը: Ապա ընթերցեց նաեւ առաջին դասախօս՝ տիկին Թամար Նալճըի կենսագրութիւնը եւ ամպիոն հրաւիրեց զինք:

Տիկ. Նալճը խօսեցաւ Հրանդ Տինքի մահուան, դատավարութեան, սպանութեան վկաներուն եւ այն մարդկանց մասին, որոնք հրաման տուած են եւ որոնք դեռ չեն փոխազդած: Ան խօսեցաւ Սեւակ Պալըքճըի մասին, որ սպաննուեցաւ 2011-ին պարտադիր զինուորական ծառայութեան ընթացքին եւ 17 տարուան ազատազրկման դատապարտուած իր մարդասպանի դատավճռին մասին:

Տիկ. Թամար խօսեցաւ արդարադատութիւն գտնելու մասին, որ շատ դժուար է այս օրերուն Թուրքիոյ մէջ: Ան խօսեցաւ իր վախի մասին, երբ առաջին անգամ հայերէն երգեց փողոցներուն մէջ, քանի որ կը վախնար իր սիրելիները կորսնցնելէ: …Հրանդ Տինքի սպանութիւնը բեկումնային պահ էր իրենց կեանքին մէջ եւ, հաւանաբար, իրենց խիստ զգացմունքները, զորս անոնք փորձարկեցին այնտեղ մինչեւ այդ օր: … Ամէն տարի հաւաքուելով ոգեկոչելու համար Հրանդի ժառանգութիւնը կը նշանակէ, որ երբեք պիտի չմոռցուի սերունդներուն կողմէ»:

Խօսք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսարանի ներկայացուցիչ՝ Գանա Յովհաննիսեան, որ շեշտեց թէ բառերն անբաւ են ցոյց տալու այն ցաւը, որ տասներեք տարի առաջ համակեց բոլորիս սրտերը: Ան դրուատեց հանգուցեալ Հրանդ Տինքը որպէս մեծ Հայ, որ հաւատարիմ մնաց իր հայ ինքնութեանը՝ ըլլալով արդարութեան եւ խաղաղութեան դրօշակակիրը միաժամանակ ըլլալով ատելութեան գաղափարի խիստ ընդդիմադիրը: Բոլորս ալ կը հաւատանք որ ան կ՛ապրի բոլորիս սրտերուն մէջ իր անվախ ու պարզ գաղափարներով:

 

Հրաւիրուեցաւ Ֆրանսահայ Իրաւաբան Ռոյ Առաքելեանը որ խօսեցաւ եւ սահիկներու ցուցադրութեամբ

բացատրութիւններ տուաւ իր հեղինակած «Ատրիանապոլը» գրքին մասին, որ կը պատմէր Թուրքիոյ Եւրոպական հատուածին վրայ՝ Թրակիոյ տարածքին, Պուլկարիոյ եւ Յունաստանի սահմանակից Էտիրնէ (պատմ.՝ Ատրիանապոլիս) քաղաքին մասին։ Սահիկներու ցուցադրութեամբ ան ներկայացուց Էտիրնէի Հայկական Սուրբ Թորոս եկեղեցին, որ 1905ին հրդեհէն այրած էր, ապա ցոյց տուաւ արդի շէնքը, երկրորդ եկեղեցին՝ Ս. Կարապետ եւ Գարատաղի եկեղեցին, Արշակունեան եւ Հռիփսիմեան երկու դպրոցները, գերեզմանոցները, ալիւրի գործարանը, մզկիթները, կամուրջները եւ բաղնիքները (թիւով 50), Ալի Փաշա պազարը, հարուստ հայորդիներուն բնակարանները, «Ճանիկ» պանդոկը Պօմոնթի թաղին մէջ:

Էտիրնէ ծնած երգիծաբան Յակոբ Պարոնեան եւ իր յաճախած Յունական դպրոցը Էտիրնէի մէջ:

Ձեռնարկին ներկայ էր ԱՄՆ-ի Գալիֆորնիոյ Երեսփոխան՝ Brad Sherman, որ յայտարարեց, թէ 23-ամեայ քրտնաջան աշխատանքէ յետոյ Գալիֆորնիոյ Երեսփոխանններու Խորհուրդը վերջնական որոշումով ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Հայ համայնքը ափէ մինչեւ ափ կ՛աշխատի այնքան, որ Ամերիկան կարող է առաջնորդուիլ եւ կանգնիլ ճշմարտութեան եւ արդարութեան համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իր գործընկերներէն շատերուն, որոնք այդքան շատ աշխատեցան: Պրն. Շըրմընը պարգեւատրեց Բագրատ Էսթուքեանին յանձնելով յատուկ մրցանակ (Ուաշինկթըն մայրաքաղաքի Դրօշ) եւ գնահատական վկայագիր:

 

Դահլիճ հրաւիրուած էր Գալիֆորնիոյ Assembly անդամ՝ Ատրին Նազարեանը, որ յայտարարեց, թէ Հրանդի մահը ո՛չ միայն հայկական խնդիր է, այլ նաեւ ինչպէս գոնկրեսականը ըսաւ, հարց մը, որ կ՛օգնէ յարգանքի տուրք մատուցել: Ան թուեց մի քանի հիանալի անհատներ, որոնք կը շարունակեն Հրանդ Տինքի կեանքը եւ կ՛աշխատին իրենց ներդրումները բերել նահանգային ժողովին՝ ճանաչման վկայագիր ներկայացնելու պարոն Բագրատ Էսթուքեանին:

Միութեան Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ իրաւաբան Էտվին Մինասեան հրաւիրեց Միութեանս նախկին ատենապետներ՝ Սիմոն Աճըիլաչը եւ Աւետիս Թէքօլեանը, ներկայ Գործադիր Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Մուրատ Քէօշքէրն ու Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանը եւ իր ձեռամբ՝ մեծարեալը ստացաւ Հրանդ Տինքի Արդարութեան եւ Ազատութեան տարեկան Շքանշանը:

Մեծարեալը ներկայացուց Տիկ. Ռոզալին Մատոյեանը՝ ընթերցելով անոր հակիրճ կենսագրականը:

Յուզումնալից պահ մը եղաւ տուտուկահար Ալպերտ Վարդանեանի «Ատանայի Ողբը» եւ «Սարի աղջիկ»ը մեղեդիներու կատարումը. վերջինս Տինքի ամէնասիրած երգը եղած է։

Բագրատ Էսթուքեան իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն շէնքը տեսնելով եւ ըսելով` «Շատ կարիքն ունինք այս տեսակի հարստութեան, որ իր շքեղութեամբ պարծանք կը պատճառէ բոլորին»: Ան յայտնեց թէ հարազատներու հետ հանդիպիլը շատ հաճելի է եւ թէ բոլորս մէկ արմատի ճիւղերն ենք, բայց ամէնքս մէկ տեղ հասակ առած: Իրեն համար դժուար զինուորութիւն մըն է Հրանդ Տինքը յիշատակելու այս դժուարին պարտականութիւնը կատարել ամէն տեղ հրաւիրուած ըլլալով երթալը՝ առանց նախընտրութիւն բերելու: Միակ նախընտրութիւնը ամէնէն առաջ պայմանաւորուած ըլլալն է: Մենք երկար ժամանակ Հրանդը պիտի յիշատակենք, որովհետեւ ան այնպիսի տպաւորութիւն մը, այնպիսի հեղինակութիւն մը պարզած եղաւ, որ ամէն մէկս զինք յիշատակելով մէկէ աւելի բազում խորհուրդներու արտայայտութեան առիթը տուած կ՛ըլլանք: Բանախօսը Հրանդը որակեց որպէս խաղաղասէր անձ եւ կռիւէ չփախչող, բայց ոչ կռիւ ստեղծող, ամէն գնով հաշտութեան եղանակ գտնել ուզող եւ այդ՝ երկխօսութիւնով որ իրար լսել եւ հասկնալ է: Ան յայտնեց, թէ իր մահէն ետք կազմուած սրահին անունն ալ «Ասուլիս» կոչուած է:

Պրն. Էսթուքեան շեշտեց թէ տակաւին կենսունակութիւն եւ յոյս կայ Պոլսոյ մէջ, դեռ Պոլիսը կրցած է Կարօ Փայլանի նման քաղաքականութեան գործիչ աստղ մը ծնիլ, որ ինքնին դարձեալ յոյս կը ներշնչէ հակառակ բոլոր մտահոգութիւններուն:

Հրաւիրուեցաւ իրաւաբան Կարօ Ղազարեան, որ իր հաւատքը յայտնեց ըսելով՝ թէ այն անձը, որ միայն ապահով քայլերով կ՛առաջնորդուի, ուշ կամ կանուխ այդ անձը տեղի կու տայ վախկոտութեան: Իսկ խելամիտ անձը, երբ խելամտութենէն անդին կ՛առաջնորդուի ճշմարտութեամբ, այն մարդը, որ կը լսէ իր խղճի ձայնը, ա՛ն է որ կը դառնայ առաքեալը արդարութեան: Ան նշեց երեք գլխաւոր պատճառները Հրանդ Տինքի հալածման եւ ահաբեկման: Առաջին՝ «ո՛չ, ես թուրք չեմ, թուրքիացի եմ, սակայն Հայ եմ»: Հրանդ այս նախադասութեան համար դատուեցաւ: Երկրորդ՝ «հայու ներկայ ինքնութեան մէջ թուրքը ին՞չ դեր ունի», սոյն հարցումը հակաթրքական արտայայտութիւն համարուելով դատարան յանձնուեցաւ Հրանդ: Երրորդը՝ «բացի Ցեղասպանութենէն, ուրիշ ոչինչ չի կրնար ըլլալ եւ չորս հազար տարի այս հողին վրայ ապրող ժողովուրդ մը, որ այսօր չկայ եւ ոչ ալ իր մշակոյթը, 301 յօդուածի խախտում համարուելով Հրանդին առաջնորդեց դատարան: Սակայն Հրանդ ըսաւ. «Այստեղ ապրած են իմ նախնիքներս, իմ արմատներս այստեղ իրաւունք ունին մեռնիլ, ուր ես ծնած եմ: Կը հասկնամ իմ ժողովուրդի ապրած ցաւը եւ կը կրեմ այդ մէկը»: Հրանդ գիտէր, որ տեղի ունեցած էր Ցեղասպանութիւն եւ եթէ միայն մէկը, որ պէտք է ճանչնայ 1915ը, այդ մէկը՝ Թուրքիան է: Իրաւաբանը յորդորեց ըլլալ աջակից Հայաստանի եւ Արցախի ամրապնդման, ապա յանուն Հրանդ Տինքի յիշատակին ընթերցեց «Ելէ՛ք» Հայեր» երգին պատգամը:

Նշենք թէ նոյն օրը, Յունուար 19, երեկոյեան ժամը 4:00ին Միութեան «Հրանդ Տինք Դասախօսական» սրահին մէջ տեղի ունեցած էր մամլոյ ասուլիս մը Պրն. Բագրատ Էսթուքեանի հետ՝ մասնակցութեամբ «Մասիս» շաբաթաթերթէն խմբագիր՝ Պրն. Գրիգոր Խոտանեանի, «Նոր Օր» շաբաթաթերթէն՝ Դոկտ. Մինաս Գոճայեանի եւ «Ասպարէզ» օրաթերթէն եւ «Հորիզոն» հեռատեսիլէն՝ Օր. Նանէ Աւագեանի:

 

(Յապաւումներով-«Նոր Օր»)

ՄԱՐԻԷԹ ՕՀԱՆԷՍ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ