Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Աշխարհի Տարօրինակութիւններէն

Ինչո՞ւ Մարդիկ կը Փոխարինուին Շուներով . . .

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Հիւսիսային Իռլանտայի մայրաքաղաք Պելֆասթէն։ Հիւսիսային Իռլանտան մաս կը կազմէ Մեծն Բրիտանիոյ՝ Անգլիոյ, Սկովտիոյ եւ Ուէյլզի կողքին։

Ուրեմն, արեւմտեան աշխարհի մէջ՝ սովորութիւն դարձած է որ եկեղեցւոյ պսակադրութեան արարողութեան ընթացքին, փոքրիկ աղջնակ մը (flower girl) հարսէն ընդառաջ քալէ եւ վարդերով զարդարէ անոր ճանապարհը՝ դէպի խորան։ Կայ նաեւ փոքրիկ մանչ մը (ring boy) որ բարձիկի մը վրայ զետեղուած հարսանեկան մատանիները կը տանի դէպի խորան։

Հիմա գանք մեր բուն պատմութեան։ Շան Մըքռօրի եւ Շէրի Աչըսըն պիտի ամուսնանան եւ անշուշտ իրենց պսակադրութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ մէջ։ Բայց սովորական արարողութիւններէն կը տարբերի այս մէկը։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ թէ ի՞նչ ձեւով տարբեր եղած է վերոյիշեալ պսակադրութեան արարողութիւնը։

Ուրեմն վերոյիշեալ պսակադրութեան ring boy-ը մանչուկի մը փոխարէն՝ այս պարագային եղած է ամուսնացող զոյգին եօթ տարեկան շունը (տես նկարը), Ալֆի անունով։ Սակայն ինծի համար գոնէ մութ է շան սերը, արդեօք ան առու է՞ր՝ թէ էգ։ Իսկ եթէ էգ էր ան, թերեւս ring boy-էն՝ ring girl-ի պէտք է փոխուի այդ անունը, չէ՞ք խորհիր!

Մարդիկ կան որոնք տարօրինակութիւններով հանդէս կու գան, որպէսզի խօսուի իրենց մասին։ Խորքին մէջ՝ ոչ ring boy-ի եւ ոչ ալ ring dog-ի պէտքը կայ, հարս ու փէսին մատանիները փոխադրելու։ Այդ մատանիները շատ դիւրաւ կրնայ կնքահայրն ալ տայ իրենց, որ իրարու մատներուն անցնեն, բայց այդ պարագային՝ ոչ մէկը պիտի չխօսի իրենց մասին, այնպէս չէ՞ . . .

Հիմա հետաքրքրական է գիտնալ թէ ուրիշ ի՞նչ պարտականութիւններ պիտի յանձնուին ընտանիքի մը անբան անասուններուն, որպէսզի երթալէն նուազի մարդոց յանձնակատարութիւնները։ Արեւմտեան աշխարհը շատ արագ ձեւով առաջ կ՛ընթանայ եւ մեզի համար դիւրին չէ  ընկալել այդ բոլոր նորութիւնները, գէթ ներկայիս ու վերջ։    

Ինչո՞ւ Դպրոցները՝ Մէկ Օրով պիտի Փակուին . . .

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Միացեալ նահանգներու Վըրճինիա նահանգէն։ Այս նահանգի Ֆէրֆէքս գաւառի հանրային դպրոցները տարին մէկ օր փակ պիտի մնան, 27 Յունուար 2020-էն սկսեալ։ Բայց ինչո՞ւ, հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ եւ դուք ալ ինծի նման ափ ու բերան պիտի մնաք!

Արդարեւ՝ վերոյիշեալ դպրոցներու ուսումնական խորհուրդն է որ առած է այդ որոշումը, որպէսզի ուսանողները ազատ զգան այդ օր՝ բողոքի ցոյցերով (տես նկարը) հանդէս գալու փողոցները։ Իսկ այս խոտոր եւ աննախընթաց որոշման արդարացուցիչ պատճառը՝ ըստ այդ խորհուրդին, հետեւեալն է։

Դպրոցական աշակերտները պէտք է կարենան իրենց ընկերային հարցերը արծարծել եւ ներկայացնեն զանոնք հանրութեան, առ ի գիտութիւն։ Սա՝ կը պնդեն այդ «իմաստուն» խորհրդատուները, իրենց արդար իրաւունքն է եւ մենք պարտինք ընդառաջ երթալ անոնց սահմանադրութեամբ «խօսքի ազատութեան» շնորհուած իրաւունքներուն։

Բայց ինչո՞ւ փակ պահել դպրոցը . . . Թող անոնք դպրոցի ժամերէն դուրս գործադրեն սահմանադրութեամբ իրենց շնորհուած իրաւունքներու հետապնդումը։ Օրինակ՝ Շաբաթ օրերը,  չէ՞ք խորհիր որ սա արդար լուծում է իրենց ոդիսականին!

Սովորական է որ դպրոցները փակ պահուին պետական կամ կրօնական տօներուն եւ նաեւ ամառներն ու ձմեռնային ու գարնանային արձակուրդներուն։ Իսկ այս անսովոր արձակուրդը դիւր պիտի գայ միայն ուսուցիչներուն, որոնք այդ օրը տուն պիտի մնան եւ վայելեն իրենց հանգիստը։ Աշակերտները սակայն պիտի տուժեն միօրեայ դասաւանդութիւններ, սակայն որո՞ւ հոգը։

Միացեալ նահանգներուն մէջ, հանրային դպրոցներ կառավարելը նահանգային պարտաւորութիւն է։ Անանկ որ դաշնակցային (federal) միահամուռ օրէնք չկայ՝ որ նոյն օրէնքով կառավարէ բոլոր դպրոցները։ Նոյնիսկ երբեմն՝ ինչպէս վերոյիշեալ դէպքը ցոյց կու տայ, նոյն նահանգի տարբեր գաւառները (counties) կը որդեգրեն իւրայատուկ օրէնքներ՝ որոնց չեն ենթարկուիր մնացեալը։ Անհաւատալի այո, բայց իրաւ։

Ուրիշ օրինակ մըն ալ կարելի է յիշել Ուաշինկթըն նահանգի Սիաթըլ քաղաքի ուսումնական խորհուրդի վերջերս տակաւին որդեգրած մէկ օրէնքը՝ ըստ որուն անոնք որոնք հարսանիթի (measles) դէմ չեն պատուաստուած, չեն կրնար հանրային դպրոց յաճախել։ Առ քեզի՝ ամերիկա . . .

 

 ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ